Բելգրադի ցոյցերուն մէջ ուսանելի կէտեր

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Մարտի 15-ը նոր եւ ուշագրաւ բարձրակէտ մը նշեց Սերբիոյ մէջ, ուր հարիւր-հազարաւոր ցուցարարներ ողողեցին Բելգրադի փողոցները եւ համախմբւեցան խորհրդարանի շէնքին առջեւ, պահանջելով նախագահ Ալեքսանտր Վուչիչի հրաժարականը: Ոստիկանութիւնը ձեռք առաւ պաշտպանական միջոցներ, շարժումը ընդհանուր առմամբ մնաց բողոքի խաղաղ արտայայտութիւններու ծիրին մէջ (ցարդ), թէեւ տեղի ունեցան «մանր դէպքեր», օրինակի համար, մէկը ինքնաշարժը քշած է ցուցարարներու վրայ եւ 3 հոգի վիրաւորած, տեղի ունեցած են սահմանափակ բախումներ՝ ընդդիմադիր ցուցարարներու եւ իշխանութեան կողքին հրապարակ եկողներու միջեւ: Ուժայինները կը մնան իշխանաւորներու պաշտպան-պատնէշի դերին մէջ:
Բողոքի շարժումը մէկ օրէն միւսը ստեղծւած ըմբոստացում չէ: Այս ալիքին ազդանշանը ծնաւ աւելի քան 4 ամիս առաջ, երբ Նովի Սատ քաղաքի մէկ կայարանին մէջ, 1 նոյեմբերի 2024-ին, հովանոց-առաստաղ մը փուլ եկաւ ճամբորդներու վրայ, խլեց 15 զոհ: Շուտով բողոք պայթեցաւ՝ ընդդէմ իշխանաւորներու անփութութեան, կաշառակերութեան, եւ փտածութեան այլ դրսեւորումներու: Իբրեւ անմիջական արդիւնք՝ իշխանաւորները ետքայլեր ըրին: Վարչապետն ու երկու նախարար հրաժարեցան, աւելի քան տասնեակ մը պաշտօնատարներ դատական հետապնդման տակ են, սակայն ժողովուրդը արդիւնք չի տեսներ եւ ահա, հրապարակ եկած է նախագահին հրաժարականին պահանջով: (Չմտնենք յետին ծալքերու բաւիղներուն մէջ):
ՈՒՇԱԳՐԱՒ ԿԷՏԵՐ
Հպանցիկ մանրամասնութիւններ արձանագրելէ առաջ, ընթերցողին ուշադրութիւնը կուզենք հրաւիրել Հայաստանի հետ կարգ մը զուգահեռներու եւ նմանութիւններու վրայ, առանց անտեսելու ակներեւ տարբերութիւններ եւ իւրայատկութիւններ:
- Ցոյցերուն մասնակցած են մեծ թիւով քաղաքացիներ, որոնցմէ մաս մը եկած է հեռու շրջաններէ: Ոստիկանութեան գնահատումով, ցուցարարներուն թիւը 107000 է, այլ աղբիւրներ կու տան աւելի մեծ թիւեր:
- Մասնակից են աշխատաւորներ, ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆՆԵՐ, ուսուցիչներ, ԱՐՒԵՍՏԱԳԷՏՆԵՐ, բանակային վեթերաններ եւ մեծ թիւով ՈՒՍԱՆՈՂՆԵՐ:
- Բացայայտ է, որ ուսանողները ունին առաջնորդողի դեր: Անոնք հրապարակ եկած են դեղին բաճկոններով (Ֆրանսայի մէջ ալ մօտիկ անցեալին առաջ դեղին բաճկոնաւորներ ցոյցի ելած էին…), մարդկային պատւար ստեղծած են ցուցարարներու եւ ապահովութեան ուժերու միջեւ. անոնց բանբերները կը գրաւեն արեւմտեան լրատւամիջոցներու ոսպնեակները, եւ կը հաւաստեն, որ եղածը «իշխանութեան վախճանին սկիզբն է»:
- Նովի Սատի արկածը, կը պնդեն ընդդիմադիրները, պարզապէս մէկ ցուցանիշն է իշխանութիւններու անտարբերութեան, անատակութեան եւ կաշառակերութեան, որ լայնատարած է: Անոնք բողոք ունին նաեւ իշխանաւորներու ստապատիր քարոզչութեան, կեղծիքներուն, մամլոյ ազատութեան սեղմումին եւ ընդդիմադիրներու հանդէպ հալածանքներուն դէմ:
- Նախագահը, իր կողմէ, կը պնդէ, որ իշխանութիւնը ցուցարարներու եւ ընդդիմադիրներու պահանջներուն ընդառաջ գացած է (հրաժարականները եւ պաշտօնատարներու դատական հետապնդումը), պատրաստ է աւելին ընելու եւ մինչեւ իսկ կանխահաս ընտրութիւններ կազմակերպելու, սակայն կաւելցնէ, թէ «ասոնք չեն բաւարարւիր, կուզեն գունաւոր յեղափոխութիւն սարքել», եւ արեւմտեան ու դրացի երկիրներու (Ալբանիա, Խրւաթիա) գաղտնի սպասարկութիւնները կը մեղադրէ՝ ցոյցերը հրահրելու յանցանքով:
- Իշխանութիւնները կասեցուցած են կարգ մը փոխադրամիջոցներ, յայտնապէս հեռաւոր շրջաններէ բողոքողներու հոսանքը սանձելու նպատակով:
ՃՕՃԱՆԱԿ
Դէպքերուն հետեւող կարգ մը դէտեր կը նշեն, որ Բելգրադի այս ցոյցերը՝ Իւգոսլաւիոյ տարանջատումէն ասդին ամէնէն ուշագրաւ իրադարձութիւններու շարքին են եւ ի յայտ կը բերեն Արեւելքին եւ Արեւմուտքին միջեւ տեսակ մը ճօճանակի վերածւած ըլլալու վիճակ, որ յամենայնդէպս առանձնայատուկ չէ այս երկրին, ուրիշներ ալ իրենք զիրենք գտած են – կամ մատնած – նման կացութիւններու: (Նախկին Իւգոսլաւիայէն ծնած երկիրներուն արիւնալի եւ այլատեսակ երկար պատմութիւն ունին յետ-խորհրդային Եւրոպային մէջ):
Նախագահ Վուչիչ ընդդիմադիրներու եւ արեւմտեան որոշ դէտերու կողմէ կը նկատւի Մոսկւայի յարող ղեկավար, որ մօտաւորապէս 12 տարիէ ի վեր նստած է երկրի ղեկին: Ան իր կապերը չէ թուլացուցած Արեւմուտքին հետ, մինչեւ իսկ համաձայն գտնւած է, որ Դոնալդ Թրամփ… պանդոկ մը կառուցէ Բելգրադի մէջ: Այսուամենայնիւ, իշխանութեան դէմ բողոքի այս ալիքը ընդհանրապէս դրական արձագանգներ գտաւ Արեւմուտքի մէջ, եւ սա բաւական բան կը նշանակէ:
ՈՒՍԱՆՈՂՆԵՐՈՒ ԴԵՐԸ
Արեւմտեան աղբիւրներ եւ դիտողներ նկատած են, որ շարժումին իրողական ղեկավարները՝ ուսանողները, յիշատակութեան արժանի են քանի մը «բարեմասնութիւններով»: Անոնք որդեգրած են խմբային ղեկավարութեան գործելաձեւը, անհատներ կամ որոշ խմբակ մը յառաջ չեն բերւած: Աւելի՛ն, անոնք ցարդ որդեգրած են «միջին ճամբու» գիծ մը, իրենք զիրենք հեռու կը պահեն շեշտւած ընդդիմադիրներէ: Մտաւորականներու, արւեստագէտներու եւ այլ «խաւերէ» ներկայացուցիչներու ստւարաթիւ հաւաքագրումը՝ անոնց շուրջ, այլապէս ուսանելի է:
Շարժումին տարողութիւնն ու ծաւալը աչքի առջեւ ունենալով, կը նախատեսւի, որ անիկա կրնայ երկարիլ շաբաթավերջէն անդին: Յառաջիկայ օրերը աւելի յստակ պիտի դարձնեն, թէ անոր ետին արդեօք ինչպիսի՞ արտաքին ձեռքեր կան, կամ ժողովուրդին՝ տեղական ընդվզումը ի՞նչ նկարագիր պիտի առնէ եւ որքա՞ն ճիշդ է ուսանողներուն այն հաւաստիքը, թէ «իշխանութեան աւարտին սկիզբն է»: Իսկ եթէ իշխանութեան պնդումները արդարանան, թէ՝ «դրսեցիք կը խառնեն երկիրը», դէպքերը կրնա՞ն մտնել դէպի ներքին բախումներ տանող ուղի մը (Վրաստանի հետ զուգահեռ մըն ալ անտեսելի չէ):
Մասնաւորապէս Եւրոպայի ընդհանուր պատկերը եւ անոր բեմին վրայ հին-նոր մրցավազքերը այլապէս կը մնան «աներեւոյթ շարժողներու» ձեռքերուն մէջ:
…Հայ մը կրնայ հարց տալ ցուցարարներուն, թէ արդեօք իրենց իշխանութեան պետը երկիրը դրացիներուն «ծախելու» մրցավազքի մէ՞ջ է, պետութեան հիմերը սասանող քայլեր կառնէ՞: Պատասխանը հաւանաբար պիտի ըլլայ. «Ինչի՞ մասին է ձեր խօսքը…»: