Ակնարկ. 12-րդ խմբագրումը

Բաքուն, ապա Երեւանը պարզ դարձուցին, որ քննարկւող խաղաղութեան պայմանագիրի փաստաթուղթին բոլոր կէտերուն շուրջ կայացած է համաձայնութիւն, եւ այս առումով խմբագրական բանակցութիւնները աւարտած են: Յստակ դարձաւ, որ առաջին վայրկեանէն Բաքուն խախտած է համաձայնութիւնը եւ կանխած համատեղ յայտարարութիւնը:
Այս համաձայնութեան յայտարարութեան նախօրէին եւ ընթացքին Բաքւէն շարունակեցին հնչել նոր նախապայմաններ: Հայաստանը պէտք է դադրի սպառազինւելէ, յանձնէ իր մօտ ապաստանած ռազմական յանցագործները, փոխէ Սահմանադրութիւնը եւ միջազգային ատեաններէ յետս կոչէ իր հայցերը:
Այս նախապայմաններու հրապարակումներէն զատ Ադրբեջանի նախագահը յայտարարեց, որ վստահութեան առումով Հայաստանի պահւածքը զերոյական է եւ թէ մինչեւ որ պայմանագիրը չստորագրւի, կարելի չէ խաղաղութեան մասին խօսիլ: Աւելի մտահոգիչը այն է, որ Ադրբեջանի պաշտօնական խoսափող նկատւող լրատւամիջոցներ կը խօսին այն մասին, որ Երեւան կը պատրաստւի պատերազմի, գործողութիւններու սկսման ժամանակ ճշտած ըլլալով ապրիլ ամիսը:
Մինչեւ այս համաձայնութեան յայտարարութիւնը, Հայաստանի վարչապետը յայտնած էր, որ հաղորդուղիներու ապաշրջափակման համար փաստաթուղթի 12-րդ խմբագրումով Երեւանը այնպիսի նախագիծ առաջարկած էր, որ հարիւր առ հարիւր կը բաւարարէր կողմերուն: Ըսել կուզէր, որ գնդակը ադրբեջանական դաշտին մէջ է եւ կը սպասւի դրական պատասխանի:
Դրական պատասխան եկաւ Ադրբեջանի արտաքին գործոց նախարարին կողմէ զուգորդւած շատ բացասական զուգահեռ յայտարարութիւններով, նոր նախապայմաններով: Վերջինը` Հայաստանը պէտք է փոխհատուցէ Ադրբեջանին հասցուցած իր վնասները:
Ուրեմն 12-րդ խմբագրումը փաստօրէն հանգուցալուծած էր թնճուկը` հաղորդուղիներու շրջափակումը: Իսկ այս առումով Թեհրանի շուտափոյթ ողջունելը անշուշտ նշանակութիւն ունի: Իրանը բազմիցս վերահաստատած էր իր վճռակամութիւնը Սիւնիքի ճանապարհներու կարգավիճակի փոփոխութեան դէմ արտայայտւելով: Յայտնաբար 12-րդ խմբագրումով առաջադրւած ապաշրջափակման նախագիծին համաձայն է Իրանը:
Ողջունողներու շարքին էին Եւրոպական Միութիւնը, Միացեալ Նահանգներն ու ՀԱՊԿ-ը: Իսկ Մոսկւան յղում ընելով եռակողմ համաձայնութիւններուն իր պատրաստակամութիւնը կը յայտնէր ապաշրջափակման գործողութիւններուն աջակցելու եւ եռակողմ համաձայնագիրի ստորագրութեան համար հարթակ տրամադրելու:
Ըստ էութեան նոյեմբերեան յայտարարութեան 9-րդ կէտը այս ձեւով դուրս եկած է բանակցային կէտէ: Ըստ երեւոյթին, կողմերը համաձայնած են առանց երրորդ ուժի սահմաններ ունենալու կէտին: Եւ եթէ նման համաձայնութիւն կենթադրէ մէկ կողմէ ռուս սահմանապահներու հեռացում, միւս կողմէ նաեւ Եւրոպական Միութեան դէտերու առաքելութեան չեղարկում:
Անվտանգային առումով ուրեմն Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը յայտնւի Թուրքիոյ եւ Ադրբեջանի աքցանին մէջ: Թուրքական մուրճին եւ ադրբեջանական սալին:
Համաձայնութիւնը չէ ներառած Բաքւի մէջ առեւանգւած, պատանդառւած եւ սարքովի դատավարութիւններու ենթարկւող Արցախի գերիներու ազատ արձակումը: Երեւանը կը խօսի խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրութենէն ետք Բաքւի մէկ այլ նախապայմանը բաւարարելու մասին` ԵԱՀԿ-ի Մինսկի խումբի լուծարման: Փաստաթուղթը յայտնաբար չէ արձանագրած նաեւ ադրբեջանական զօրքերու հայաստանեան տարածքներէ հեռացման պահանջը:
Ներխուժող-ներխուժւած յարաբերակցութեամբ խմբագրական բանակցութիւններէ ետք կայացած է համաձայնութիւն: Բաքուն նոր նախապայմաններ կարծարծէ, կը շարունակէ վերահսկել Հայաստանի գերիշխան տարածքներ, ազատ չարձակեր Արցախի գերիները, կը հաստատէ, որ կայունութիւն չարձանագրւիր մինչեւ ստորագրութիւն, որուն համար ցուցադրականօրէն չի շտապեր: Գուցէ ստորագրութեան թւականի ճշտումը պայմանաւորելով նոր նախապայմաններու իրականացումով:
«Ազդակ»