Պայքարի՛ Վերամուտ
Տարօրինակ էր այս տարեշրջանի դպրոցական վերամուտը։
Դպրոցականին կողքին՝ արտադպրոցական վերամուտ էր։
Արդի աշխարհին մէջ, երբեմն զանգի հնչիւնն ալ հանգստեան կոչւած է, ուրեմն, ճշտւած ժամուն, աշակերտները դասարան մուտք կը գործեն կամ դասապահէն կարձակւին առանց զանգի ազդանշանին։
Մտահոգիչ երեւոյթ է. կարժէ հարց տալ. երբ զանգ չի հնչեր, ուրեմն նաեւ… չի՞ ղօղանչեր։
Պահ մը ցատկենք Հայաստանի դպրոցական վերամուտի օրերուն՝ դասագիրքերու պատրաստ կամ թերի ըլլալու իրողութեան վրայէն, ու հասնինք քաղաքական դաշտ: Վերի հարցումին՝ Բագրատ Սրբազանի պատասխանը յստակ էր՝ մերժողական «ո՛չ» մը։
Ան, թօթափելով ամառնային-զբօսաշրջային արձակուրդներուն ստեղծած պարապութիւնն ու տեղքայլը, նոր մեկնակէտի մը ազդանշանը տւաւ «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժումին:
Այլ խօսքով՝ հայրենիքի փրկութեան պայքարի՛ վերամուտ մը, որ շատ աւելի հետեւողականութիւն, յարատեւութիւն եւ հաւատք կը պահանջէ, հրամայական կը դարձնէ երեւցող ու քողարկեալ կամ վերագրեալ տարակարծութիւններու շրջանցումը։
Այլանդակութիւնը աղաղակող էր դարձեալ: Արդարեւ, երբ 2 Սեպտեմբերին, ի յիշատակ 33 տարի առաջ Արցախի անկախութեան հռչակման, Երեւանի մէջ տեղի կունենար «Վերադարձ» հաւաքը, որուն ժամադրավայրը մութ պատճառներով փոփոխութեան ենթարկւած էր (ՔՊ-ական իշխանութիւնները մերժած էին տրամադրել Կարէն Դեմիրճեան համալիրը), նո՛յն օրը, Հ․Հ․ «ազգընտիր վարչապետ» Փաշինեան, կողակիցը եւ քանի մը «քալողներ», թիկնապահներու բանակի մը ընկերակցութեամբ, կայցելէին Սիւնիքի եւ Տաւուշի սահմանամերձ գիւղերու դպրոցները, որոնց կարգին՝ յատկապէս Կիրանցի «Գագիկ Վարդանեան» անունով դպրոցը։
Ուշագրաւ է, որ հարիւր աշակերտի համար կառուցւած այս կրթօջախին արձանագրւող աշակերտներուն թիւը 36 էր, այսինքն գրեթէ 1/3-րդը։ Իսկ բացման օրը, Երեւանէն հասած՝ վարչապետին շքախումբի անդամներուն թիւը կը գերազանցէր աշակերտներունը․․․։ Չհաղորդւեցաւ, թէ արդեօք Փաշինեան ժամանակ գտա՞ծ է բաղնիքներու եւ մարզադաշտի սարքերը ստուգելու…: Յայտնապէս ամբոխահաճութեան այդ հնարքը ինքզինք մաշեցուցած է:
Ժապաւէնը հատելու պահուն, վարչապետը անվհատ կրկնեց իր նոր յանկերգը, թէ՝ ապահով է դպրոց երթ ու դարձը, որ հազիւ քանի մը քայլ հեռու է վերջերս ստեղծւած «սահմազատւած» գիծէն, հոն՝ ուր… կիսապատ մը բարձրացած է իբրեւ պաշտպանական միջոց: Տարօրինակ անհեթեթութիւնն ալ հասաւ իր գագաթնակէտին, երբ ան առաջարկեց տեղացիներուն՝ որոնք չեն փափաքիր շփում ունենալ ազերիներու հետ, գործի լծւիլ եւ վիթխարի ծառեր տնկել։ «Տրամաբանութիւնը» այն է, որ գիւղացիները, այսօր ճիւղ մը տնկելով եւ սպասելով, որ անիկա դառնայ բարձրահասակ եւ վիթխարի ծառ՝ պաշտպանւած պիտի ըլլան իրենց թշնամիէն։ Քիչ մը կը յիշեցնէ 18-րդ դարուն՝ Ֆրանսայի յեղափոխութեան տաք օրերուն, Մարի Անթուանէթ թագուհիին մէկ այլանդակ թելադրանքը՝ անօթի ցուցարարներուն. «Հաց չկայ, թող կրկնեփուկ ուտեն»։
Պարզ աչքերով դիտողը կը տեսնէ, որ դպրոցին տարածքէն որոշ հատւած մը փշալարով շրջափակւած է, միւս կողմէն՝ ազերի սահմանապահները նոյնքան պարզ աչքով դիւրութեամբ կը տեսնեն թէ՛ դպրոցը, թէ՛ դասարաններն ու բակը։ Եւ որպէսզի զարմանալի տարօրինակութիւններու շարքը քիչ մը աւելի՛ ամբողջական ըլլայ, Փաշինեան յայտարարեց, որ «սահմանէն անդին գտնւող ազերիական գիւղի դպրոցներն ալ ապահով են»: Ուշագրաւ էր քաղաքական մէկէ աւելի անձնաւորութեանց այն նկատողութիւնը, թէ սահմանային այս շրջաններուն բնակիչները ապահովութեան այժմու մտահոգութիւնը չունէին «քալող»-ներու եւ ՔՊ-ական վարչախումբի իշխանութեան հասնելէն առաջ, որովհետեւ սահմանագիծը հարիւրաւոր կիլոմետր հեռու էր, ԱՐՑԱԽԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՎԱՀԱՆՆ ԷՐ, ա՛յն Արցախը, որուն անկախութեան 33-րդ տարեդարձը կը նշւէր այլուր…
Եւ, ի՞նչ կը սպասէիք. վարչապետը ո՛չ մէկ արտայայտութիւն կամ խօսք ունեցաւ նոյն օրը՝ 2 Սեպտեմբերին, Արցախի առնչութեամբ։ Սա այն «ազգընտի՜ր»-ն է, որ մօտաւորապէս երկու տարի առաջ յայտարարեց, թէ Արցախը Ադրբեջանի կը պատկանի եւ «հրաման տւաւ» Ալիեւի բանակներուն, որպէսզի պաշարեն Արցախը, կտրեն Բերձորի ճամբան եւ մօտաւորապէս տարի մը առաջ ալ, կուլ տան 44-օրեայ պատերազմէն ետք Արցախէն մնացած բաժինը, բռնագաղթի ենթարկեն շուրջ 120 հազար հայեր (որոնք աւելցան նախապէս բռնագաղթւած աւելի 30 հազարին վրայ), հիմա ալ նորանոր պահանջներու ցուցակներ կը յղեն Երեւան…
Դաժան ու երկար է այս յորձանուտէն դուրս գալու ճամբան: Օր ըստ օրէ խորացող վէրքը կարելի չէ բուժել ծառ տնկելով, մանաւանդ, որ բազմաթիւ ծառեր արմատախիլ եղած են ու կըլլան, կը կացինահարւի՛ն ամէն օր 19 Բաղրամեան պողոտայի վարձակալներուն եւ թշնամիին ծրագիրները իրականացնող «մեծամասնութեան» ձեռքերով։ Այդ ծառերուն շարքին են բանակը, կրթական համակարգը, դատարանները, եկեղեցին, տնտեսութիւնը եւ, մէկ խօսքով՝ ինչ որ մնացած է Հայաստան կոչւող հանրապետութենէն:
Ահա թէ ինչո՛ւ ՊԱՅՔԱՐԻ ՎԵՐԱՄՈՒՏ-ը կը զատորոշւի այս տարօրինակութիւններու շքերթէն, կը կարօտի հայութեան բոլոր ձեռքերուն՝ Հայաստանի եւ Սփիւռքի ձեռքերուն միացման:
«Հայրենիք» – Բոստոն
Խմբագրական