ՀՅԴ Մամուլ

Խմբագրական. Հարւածները չշեղել թիրախէն

Վատիկանի Գրիգորեան համալսարանին մէջ, տեղւոյն ադրբեջանական դեսպանութեան կազմակերպած «գիտաժողով»-ը փոթորկեց հայկական աշխարհը: Պէտք է արձանագրել, որ ընտրւած թէ՛ նիւթով, եւ թէ՛ վայրով Բաքւի համապատասխան իշխանութիւնները նպատակաուղղւած թիրախաւորումներ կատարած էին: Այս թիրախները կարելի է ըսել խփւած էին Բաքւի կողմէ, մանաւանդ որ անոնք լրիւ կը տեղաւորւէին Ադրբեջանի կողմէ կիրարկւող մշակութային ցեղասպանութեան ընդհանուր ծրագիրին մէջ:

Արցախի մշակութային ցեղասպանութիւնը երեք հիմնական ուղղութիւն կընդգրկէ: Առաջինը հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան որոշ կառոյցներու ճարտարապետական վերափոխումն է: Երկրորդը առանց հպելու կառոյցներուն, զանոնք իբրեւ աղւանական կամ ուտիական ներկայացնելն է եւ երրորդը ամբողջական բնաջնջումն է: Երեքն ալ մաս կը կազմեն հայկական հետքերու ջնջման ընդհանուր քաղաքականութեան:

Կը թւի, որ գիտաժողովի ընտրւած նիւթը եւ ներկայացւած զեկուցումները կենտրոնացած էին երկրորդ ուղղութեան վրայ: Իբրեւ թէ փաստել, որ այսօրւան Ադրբեջանի նախկին բնակիչներուն մէջ կային քրիստոնեաներ, որոնք հայ չէին եւ որոնք քրիստոնէական մշակոյթին եւ քաղաքակրթութեան ձեւաւորման մէջ կարեւոր աւանդ ունեցած են: Պատմութեան նենգափոխման այս քաղաքականութիւնը նուրբ մարտավարութեամբ տեղի կունենայ: Նպատակը՝ հայկական տարածքներու վրայ գտնւող հայկական ճարտարապետական կառոյցներու ապահայացումն է քրիստոնէութեան շահագործումով: Աւելի հեռահար կտրւածքով՝ քրիստոնէադաւան աշխարհի սիրաշահումով հայ-քրիստոնեայ աշխարհ հակասութիւններու ստեղծումը:

Այս հանգամանքներով ալ կը բացատրւի վայրի ընտրութիւնը: Համաքրիստոնէական կենտրոն նկատւող Վատիկան թափանցելու համար, նախ տեղացնել նաւթատոլարներ, ստանալ շքանշաններ, յետոյ ներկայանալ իբրեւ քրիստոնեայ նախկիններու իրաւաժառանգորդներ:

Բացայայտելն ու իրազեկելը այս բոլորը ճիշտ պիտի ըլլար անշուշտ հայկական կողմին համար: Այս նախաձեռնութեան բուն շարժառիթներուն մասին խօսիլն ու մանաւանդ այս աշխատանքին բազմապատիկը՝ բուն պատմութիւնը լուսաբանելը աւելի հզօր ազդեցութիւն պիտի ունենար անշուշտ:

Սակայն հրամայական է ադրբեջանական թակարդին ներքաշւելէ հեռու մնալը: Բաքուն այս ձեւով նպատակադրած է, որ հայկական կողմը իր քարոզչաքաղաքական թնդանօթները լարէ Վատիկանի եւ առ այդ քրիստոնէական կենտրոններու դէմ, որպէսզի ստեղծէ վիհ եւ այդ վիհին մէջ ինք կարենայ աւելի լայն կարելիութիւններ ունենալ պատմութիւնը նենգափոխելու եւ իբրեւ քրիստոնեայ նախկիններու իրաւաժառանգորդ ներկայանալու քրիստոնեայ աշխարհին:

Կրօնական հանգամանքի հակառակ կողմի շահարկումն է, որ տեղի կունենայ այս ձեւով: Եթէ մէկ կողմէ իսլամական կրօնի օգտագործումով իսլամական աշխարհին մէջ Ադրբեջան հակահայաստանեան եւ հակահայկական դիրքորոշումներ կապահովէ եւ որոշումներու ու բանաձեւերու մշակման գործընթացին վրայ կազդէ, հիմա քրիստոնէական քաղաքակրթութիւնը կապահայացնէ եւ իբրեւ նախաադրբեջան կը հրամցնէ այս անգամ քրիստոնեայ աշխարհին:

Այս հակագիտականութիւնը գիտական աշխարհին մէջ արդիւնք չի տար: Քաղաքականին մէջ սակայն կրնայ կարճաժամկէտ առաւելներ ապահովել: Մանաւանդ եթէ մենք ներքաշւինք ծուղակին եւ շարունակենք յարձակիլ Վատիկանի կամ քրիստոնէական այլ հաստատութիւններու վրայ՝ զանոնք մեղադրելով այս կարելիութեան տրամադրման համար:

Վատիկանը զուտ կրօնական կենտրոն չէ: Պետութիւն է եւ ունի պետական քաղաքականութիւն: Տնտեսութիւն է նաեւ, ուր Ադրբեջանը ունի գերակայութիւն հայկական կողմին վրայ:

Այս բոլոր հանգամանքները նկատելով, հայկական կողմը պիտի շարունակէ արծարծել Վատիկանի անհերքելի արխիւներուն հազարաւոր նիւթերը, Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին Վատիկանի մէջ մատուցւած Սուրբ Պատարագի ընթացքին հնչած խօսքերը կամ քահանայապետին ուխտագնացութիւնը դէպի առաջին քրիստոնեայ երկիր:

Հայկական կողմը այս ոլորտին մէջ ունի գերակայութիւն: Պետութեան ղեկին վրայ յայտնւածները պիտի անդրադառնան, որ այս բոլորը կարդիւնաւորւին եւ կը տապալեն Բաքւի փորձերը պետութիւն-եկեղեցի համակարգումով եւ դերերու բաշխումով միայն:

«Ազդակ»

Related Articles

Back to top button