Հայաստան - ԱրցախՄիջազգայինՔաղաքական

Վարշաւայէն Վատիկան շարունակւող ապիկարութիւնը եւ ինքնադատութեան կողմնացոյցը

ՓՐՈՖ. ԱՐԱ ՍԱՅԵՂ

 

Վարշաւայի Սլաքը

Վարշաւայի սլաքը կը յուշէ եւ կընդգծէ 24 մայիս 2024-ին, Լեհաստանի մայրաքաղաք Վարշաւայի մէջ «Քրիստոնէական ժառանգութիւնը Ադրբեջանի բազմամշակութային ինքնութեան մէջ» խորագիրով լուսանկարներու ցուցահանդէսը որ մինչեւ 7 յունիս շարունակւեցաւ, որուն մասին մանրամասնօրէն անդրադարձանք եւ բոլոր յարակից հանգամանքները մի առ մի բերելով վերծանեցինք բացայայտելով կաթոլիկ եկեղեցւոյ տեղւոյն բարձրաստիճան ներկայացուցիչներու ապիկար ներգրաւումը այդ հակահայ շահարկման մէջ1)։ Բնական է, կաթոլիկ հոգեւորականներու այս անվայելուչ արարքը ոչ միայն խորապէս վիրաւորեց իրաւատէր արցախահայութիւնը, այլեւ տագնապ ու զայրոյթ յառաջացուց համայն հայութեան:

Իրականութեան մէջ Վարշաւայի ցուցահանդէսը կողմնացոյց մըն էր, որմէ կարելի էր գուշակել, դէպի աւելի յանդուգն եւ մշակւած յաջորդ ցուցահանդէսներ, ընդլայնւած միջազգային հերքողական բնոյթով գիտաժողովներ, կլոր ու տարածուն զրոյցի սեղաններ կազմակերպելու կարելիութիւնները։ Վարշաւայի ցուցահանդէսէն այնքան ընկալելի էր Ադրբեջանի կողմէ «ԱՂՒԱՆԱԿԱՆԱՑՄԱՆ» որդեգրած քաղաքականութեան հեռահար նպատակը: Վարշաւայի Ցուցահանդէսը փոքրածաւալ մէկ մանրանկարն էր օրէցօր ընդլայնւող խեղաթիւրումի ծրագրի մը, որուն հիմնական նպատակն է ազերպայճանական քարոզչամեքենայի ամբողջական ուղղւածութեամբ եւ յաջորդական քայլերով՝ հերքել, ուրանալ եւ աղաւաղել հայկական Արցախի հոգեւոր պատկանելիութեան պատմական իրողութիւնը, եւ յատկապէս քարոզչական լայն հողատարածքներ ապահովելու Եւրոպայի մէջ, ժխտելու եւ միջազգայնացնելու պատմական կեղծիքները։

Բոլոր պատեհ առիթներով, մշակութային թէ՛ գեղարւեստական, հնագիտական, թէ՛ ազգագրական եւ նոյնիսկ լեզւաբանական ու կրօնական հակահայ սերտւած յայտագիրներով, ցուցադրական ու քարոզչական արշաւներով աղաւաղելու հայ իրաւատէրն ու անոր կրօնապատմական ժառանգութեան ճշմարտութիւնը, իսկական էութիւնը:

Յիշեցուցած էինք, որ անմեկնաբանելի է կաթոլիկ իշխանաւորներու պատմական կեղծիքի սատարողներն ու այդ կեղծիքները տարածելու մասնակիցները ու մեղսակիցները դառնալու անվայելչութիւնը, մանաւանդ որ խղճալի ու մերժելի նման վարմունք մը խաւիարային գարշահոտութիւն մը կը բուրէ: Ադրբեջան իր նախագծւած անպարկեշտ ու աշխուժ ճիգերով, նենգամիտ ու հեռատես ծրագրերով՝ «Քրիստոնէական մշակոյթ»-ի, հոգեւոր քնքոյշ շղարշին տակ կարողացած է խաւարել, «ուղեղներու լւացում»-ի ենթարկել Կաթոլիկ եկեղեցւոյ վարչական կառոյցի իշխանաւորներու միտքերը, թափանցած է անոնց ողջ կազմերէն ներս եւ սկսած է ներսէն կրծել, չարաշահել Արցախի եւ ընդհանրապէս հայու կրօնամշակութային ինքնութիւնը, հոգեւոր ժառանգութիւնը: Այդ բոլորի դիմաց գերհրամայական էր, որ զգաստ եւ կարող հայ հոգեւոր պետերը իրենց միջկրօնական հանդիպումներուն, հաղորդակցութիւններուն, երկխօսութիւններուն գործնական ծրագրերով1)։

 

1- Անյապաղ բարձրաձայնեն մոլորեցնող նման արարքներ, դատապարտեն կաթոլիկ հոգեւորականներու վատառողջ նման արարքներու ներգրաւումը,

2- Համակարգւած աշխատանքով եւ վճռակամութեամբ հակադարձեն ազերիական կեղծ հրապարակումներուն, սադրիչ պնդումներուն,

3- Յանձնառութեամբ պաշտպանեն հայապատկան հոգեւոր նիւթեղէն դարաւոր ժառանգութիւնը,

4- Աշխատանքային յայտագիրներու վրայ մնայուն հրատապ օրակարգ ունենան արցախահայութեան քրիստոնէական կրօնամշակութային խեղաթիւրումներու առաջնակարգութիւնը,

5- Մանաւանդ հայ հոգեւոր ինքնութեան` սրբազան վայրերու, մշակութային բազմադարեայ պատմութեան, հոգեւոր ժառանգութեան արդարացի պաշտպանութիւնը, կանխելու համար Նախիջեւանի եւ Արցախի մէջ կատարւած նիւթեղէն ժառանգութեան նկատմամբ բարբարոսութիւններու կրկնութիւնը:

Նպատակ չունինք արժեւորելու կամ քննարկելու, թէ որքանով վերոյիշեալ առաջադրանքները իրագործւեցան, կամ ընդհանրապէս ինչպիսի՞ համակարգւած գործնական ծրագրերով մենք կուրծք տւինք կրօնամշակութային եւ պատմական ժխտողականութեան։ Սակայն փաստ է, որ ճիշտ պահուն հակազդելու մեր աշխուժութիւնը թոյլ է, նախագծւած ու բաղձալի ծրագրերով չիրականանար։

Կարելի է յիշել նաեւ, որ առաջին անգամ չէ, Վատիկանի ծառայութիւնը Բաքւի քարոզչամեքենային. 2024 թւականի կիսուն Վատիկանի հովանիին տակ «L’Osservatore Romano» պաշտօնաթերթը յօդւած մը հրատարակած էր՝ «A Khudavang, Ganjasar e Khatiravang Monasteri tra le nuvole» («Խուդավանքը, Խաթրավանքը եւ Գանձասարի վանքը՝ ամպերու մէջ») վերնագրով, ուր հայկական ժառանգութեան կարեւորագոյն յուշարձաններէն՝ Դադիվանքը, Գանձասարը եւ Խաթրավանքը կը ներկայացւէին իբրեւ աղւանական ժառանգութիւն։ Յօդւածին հեղինակ՝ Ռոսելա Ֆապիանի գրութեան մէջ կը բացայայտեր Ադրբեջան կատարած իր այցելութիւններուն մասին, նշելով թէ գացած է «Garabagh», ծանօթացած՝ «աղւանական ժառանգութեան» վեհաշուք վանքերուն։

 

Վատիկանի Սլաքը

Ապրիլ 2025-ին, դարձեալ ազերիական քարոզչամեքենային նախաձեռնութեամբ, քրիստոնէութեան սիրտը համարւող Վատիկանի մէջ, Քրիստոսի Սուրբ Յարութեան տօնի նախօրեակին, մանաւանդ ցեղասպանւած հայ ուխտապահ ժողովուրդին համար, «նորէն ապրելու կամք»-ի Ապրիլ ամիսը, լեցուն խորհուրդով եւ յատկանշական կսկիծով, յորդորիչ յորդ թելադրողականութեամբ, եւ տակաւին մեր բոլորի յիշողութեան մէջ թարմ է Արցախը, իր հոգեւոր պատմական ժառանգութեամբ, երբ առանց հրաժեշտի, առանց խունկի ու մոմի դադրեցաւ ապրելէ։ Հակառակորդը իրավիճակին քաջածանօթ գիտակցութեամբ կատարեց կողմնացոյցի նախատեսւած յաջորդ քայլը։ Հռոմի հեղինակաւոր ու նւիրական Գրիգորեան համալսարանին մէջ Սուրբ Աթոռի՝ Ադրբեջանի դեսպանութեան եւ ադրբեջանական որոշ կազմակերպութիւններու նախաձեռնութեամբ Ապրիլ ամսուն 10 եւ 11 թւականին տեղի ունեցաւ «Քրիստոնէութիւնը Ադրբեջանի մէջ. պատմութիւն եւ արդիականութիւն» վիճայարոյց վերտառութեամբ գիտաժողովը, տարբեր երկիրներու ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ։ Գիտաժողովի յայտագրին մէջ կը կարդանք, թէ 2001 թւականէն սկսեալ 2025 թւականի կազմակերպւած նշեալ գիտաժողովը 12-րդն է, որուն մէջ իբրեւ լոզունգ կը յիշւի նաեւ՝ «Վաղ քրիստոնէութենէն սկսեալ Կովկասեան Ալբանիոյ համայնքները, ուր այդ համայնքներ այսօր կապրին Ադրբեջանի՝ աշխարհիկ եւ բազմամշակութային պետութեան մէջ։ Ադրբեջանը կերաշխաւորէ Քրիստոնէական ժառանգութեան պահպանումն ու զարգացումը՝ միաժամանակ նպաստելով միջկրօնական ներդաշնակութեան»։

Վատիկանի այս գիտաժողովին որպէս անդրադարձ, որոշ ժամանակէ մը հանդարտ ու անաղմուկ մնացող մեր հովւապետական աթոռներու հոգեւոր իշխանաւորները լռութիւնը խզելով, կայծակնային արագութեամբ իրենց լրջախոհ կոչերով հակադարձեցին, սթափած յայտարութիւններով անբաստանեցին, հաղորդագրութիւններով պարսաւեցին, բուռն ձեւով դատապարտեցին Վատիկանի կողմէ նման արարք մը։ Իսկ Վատիկանի ենթակայ հայ հոգեւոր իշխանաւորներ նախընտրեցին աւելի զուսպ մնալ կատարւածին հանդէպ։ Հոս կարելի է հարց տալ՝ ինչո՞ւ այդ բոլոր հոգեւոր իշխանաւորները, հայ աշխարհիկ միաւորները անտարբեր ու անաղմուկ մնացին, յախուռն հակազդեցութիւններ չկատարեցին Մայիս 2024 թւի Վարշաւայի ազերիական ցուցահանդէսի պարագային։

Գաղտնի կազմակերպւած նման գիտաժողով մը քարոզարշաւի անշուք սեմինար մը կարելի է համարել, իր անհեթեթ նօսրութեամբ, իր տարակուսելի մասնակիցներով եւ իրմէ բխող կասկածելի արդիւնքներով:

Բայց եւ այնպէս Բաքւի բռնապետական վարչակազմը կարողութիւնը ունեցաւ հայ ազգային տարբեր հարթակներ փոթորկել, հայկական մամուլի մէջ խայտառակող առատ մելան հոսեցնել, ժխտական անդրադարձներու տարափ մը տեղացնել, ուր բոլորն ալ միաւորւած՝ խոր ցաւ, ընդվզում ու ափսոսանք յայտնեցին մեղսակից Վատիկանին այս անպատասխանատու վարքին համար։

Մեղադրանքներ, կոչեր, յորդորներ ուղղւեցան քրիստոնէութիւնը ծախու հանող Վատիկանին, որպէսզի պահպանէ պատմական հայկական հոգեւոր ժառանգութեան ճշմարտութեան ամբողջականութիւնը եւ յատկապէս մերժէ ու հրաժարի ամէն տեսակի յօրինւած ու կեղծ կրօնական խաբեբայութիւններու մեղսակից ըլլալէ, հեռու մնայ պատմութիւնը վերաշարադրող նման նախաձեռնութիւններէ եւ հանրային պարզաբանում եւ ներողութիւն պահանջեցին Վատիկանէն։ Բացատրութիւններ պարտադրեցին հայ դասախօսներուն միտումնաւոր բացակայութեան համար, զայն նկատելով միակողմանի եւ գիտական անարդարութիւն մը պատմական բացայայտ ճշմարտութեան դէմ։

Միջյարանւանական բազմազան զօրակցական այցելութիւնները աշխուժացան նման նախաձեռնութիւնները կանխելու, դիմադրելու եւ չարագործ այս արարքին դէմ կանգնելու նպատակով։ Իրականութեան մէջ այդ բոլորը խօսքի փոխարէն շատոնց ծրագրւած եւ գործնական նախագիծերով հակազդելու պատրաստ պէտք է ըլլային, երբ թշնամին հանդարտ ձեւով վաղուց ծրագրած եւ Վատիկանի նման միջազգային հարթակի մը մէջ իրականացուցած էր։

 

Ինքնադատութեան Կողմնացոյցը

Բոլոր նախատեսւած պոռթկումները շատ ողջունելի, արդար ու գնահատելի են։ Քաջ գիտակցելով նաեւ, որ Վարշաւայի եւ Վատիկանի ծրագրւած քարոզչական յայտագիրներու քաղաքական ուղղւածութեան թիրախը կանխատեսելի եւ յստակ էր, երկու իրադարձութիւնները մէկն ու միւսը զիրար կը լրացնեն, այս մէկը առաջին կամ վերջինը պիտի չըլլայ։ Առաջին դասը որ կարելի է քաղել մեր հակառակորդներէն, մե՛ր տկարութիւններուն անդրադարձն է, մեր խոցելի թերիներուն ինքնաքննարկումն է։ Հարցը միայն Վատիկանի այսպէս կոչւած գիտաժողովի մը իրադարձութիւնը չէ, իսկական արժեւորումը այն է, թէ ի՞նչ ճիշտ ծրագրերով կրնայինք իրագործել ու չըրինք, ո՞ւր են մեր թերացումները, բացթողումները եւ կիսատ-պռատ գործիքակազմերը, հաւաքական թերիները, եւ մանաւանդ ինչպէ՞ս պէտք է դիմագրաւել յառաջիկայի նման ծրագրեր։ Ինքնաքննութեան փորձը չընենք զոհի հոգեբանութեամբ, այլ՝ ճշմարտութեան արդարացի ինքնապաշտպանութեամբ, յառաջ երթալու վճռակամութեամբ եւ յաղթայարելու տրամադրութեամբ։ Հոս կարելի է մի քանի նկատողութիւններ ցանկագրել, պարզապէս օրինակներ յիշելու համար։

– Վատիկանը իբրեւ տիեզերական եկեղեցի բազմազգ կղերականներու վարչամեքենայով բանող կառոյց իր գործելաոճին մէջ ազգայինը աննշան է եւ անհրապոյր անհրաժեշտութիւն: Ուստի անխորհուրդ ակնկալութիւն է այդ կառոյցի բոլոր հոգեւորականներէն ակնկալել, որ հայասէրներ ըլլան կամ հայանպաստ ծրագրերուն համակիրներ։ Նոյն ժամանակ վերահասու գիտակցութեամբ, որ Վատիկանի այգիներուն մէջ 5 ապրիլ 2018-ին, տեղի ունեցաւ հայ փիլիսոփայ, աստւածաբան, բանաստեղծ եւ տիեզերական եկեղեցւոյ վարդապետ Գրիգոր Նարեկացիի երկու մեթր հասակով արձանին բացումը։

Վատիկանի մէջ 28 մարտ 2025-ին, վաւերացւեցաւ 1915 թւի Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակ Երանելի Իգնատիոս Շուքրալահ Մալոյեանի սրբադասման ու երանացման գործընթացը։

– Հարց տանք մեր հոգեւոր թէ աշխարհիկ բոլոր միաւորներուն՝ նւազագոյն վերջին հինգ տարիներուն ինչպիսի՞ ստւեր եւ պերճաշուք թիւով քարոզչական ծրագրեր եւ աչքագրաւ վայրերու մէջ բռնագրաււած Արցախի վտանգւած մշակութային ժառանգութեան ցուցադրական արշաւներ նախաձեռնեցինք, շրջուն ցուցահանդէսներ իրականացուցինք, երկխօսութիւններ կազմակերպեցինք։ Նման բազմապիսի քարոզչական բազմազան արշաւներ պէտք էր կազմակերպած ըլլայինք Եւրոպայի զանազան երկիրներու, մայրաքաղաքներու, քաղաքներու, եկեղեցիներու, կրօնամշակութային տարբեր հաստատութիւններու մէջ, հանրայնացնելու հայ հոգեւոր ժառանգութեան յատկաբանութիւնը, արդար ու գիտական լուսաբանութիւններով պարզելու հայ հոգեւոր ժառանգութեան եզականութիւնը, Ադրբեջանի իշխանութիւններու կողմէ ծրագրւած հայկական պատմական փաստերը շահարկելու եւ հայ ժառանգութեան ինքնութեան կեղծումին դէմ։

– Օրինակելի է Արեւելքի քրիստոնեաներու առանցքով իր գործունէութիւնը ծաւալող Ֆրանսայի «L’Œuvre d’Orient» կազմակերպութիւնը, որուն գործնական արձագանգը չուշացաւ Վարշաւայի մէջ, հակադարձելով Ազերիական մայիսեան ցուցահանդէսին, այս անգամ 2024 թւականի հոկտեմբեր 4-18-ը, Լեհահայերու մշակոյթի եւ ժառանգութեան հիմնադրամին հետ՝ «Լեռնային Ղարաբաղ. վտանգւած հայկական ժառանգութիւն մը» խորագրով բացօթեայ ցուցահանդէսը կազմակերպւեցաւ Վարշաւայի մէջ։

– Շրջուն բնոյթով նման քարոզչական ցուցահանդէսներ, յաճախակի շրջագայութեամբ պէտք է իրականանան Եւրոպայի այլ երկիրներուն մէջ։ Անշուշտ հոս բարձր կարելի է գնահատել monumentwatch.org կայքի տարած խղճամիտ, գիտապատմական, հարուստ տեղեկութիւններով եւ լուսանկարներով շտեմարանի հարթակը։

– Միջազգային հարթակներու վրայ աւելի բարձրացնելու անյապաղ կարիքը ունինք Ադրբեջանի կողմէ թիրախ դարձած մշակութային ժառանգութեան աւերւածութիւններուն թիւերու մասին։ «Caucasus Heritage Watch»ը (CHW) 24 յունիս 2024 թւին, հրապարակած բռնագրաււած Արցախի վտանգւած մշակութային ժառանգութեան դիտարկման զեկոյցները կը փաստագրեն, որ 2023 էն ի վեր 75 տոկոսով աւելցած է Արցախի մշակութային ժառանգութեան լայնածաւալ ոչնչացումը, արբանեակային պատկերներու բացայայտումով, որոնք նոյն թափով կը շարունակւին:

– Պէտք է բարձրաձայն հակադարձել «Ադրբեջանը իբրեւ երաշխաւորը Քրիստոնէական ժառանգութեան պահպանումին ու զարգացումին՝ միաժամանակ նպաստողը միջկրօնական ներդաշնակութեան» անհեթեթ լոզունգին, հարց տալով, թէ ինչպէ՞ս կարելի է բացատրել, նոյնինքն ազերիական ծրագրերով, ձեռքերով իրագործւած բարբարոսական ոչնչացումը, ինչո՞ւ տեղի կունենայ այդ «աղւանական» եկեղեցիներուն, կրօնապատմական կոթողներուն, գերեզմաններուն ու գիւղերուն քանդումը, ինչո՞ւ այդ բոլորը ամբողջական քանդումին կենթարկւին։

– Եւրոպայի եկեղեցիներուն եւ հոգեւորականներու, հանրութեան լայնածաւալ ձեւով տարածա՞ծ ենք «Եկեղեցիներու Համաշխարհային խորհուրդի» կոչերը՝ յարգելու Արցախի հայ քրիստոնէական սրբազան վայրերը եւ մշակութային ժառանգութիւնը։

– Արբանեակային փաստագրումներով բացայայտա՞ծ ենք 2020 թւի պատերազմէն ետք, Ադրբեջանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներուն մէջ, երբ օրէ օր կը կործանին հայկական մշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան կոթողներ, հոգեւոր կառոյցները՝ եկեղեցիներ, յուշարձաններ, խաչքարեր, գերեզմանատուներ, արձաններ, կը ջնջւին հայկական արձանագրութիւնները հայկական եկեղեցիներու պատերէն եւ տապանաքարերէն, իսկ որոշ պարագաներուն այդ եկեղեցիները մզկիթներու կը վերածւին:

– Եւրոպայի տարածքին Պապական Աստւածաբանական բարձրագոյն ուսումնարաններ եւ կրօնական հաստատութիւններ այցելա՞ծ ենք, մեր ցուցահանդէսներով, գիտական քարոզարշաւներով եւ սեմինարներով ներկայացուցած ու բացատրա՞ծ ենք հայ եկեղեցւոյ կառոյցը, ինքնութիւնն ու մեր հոգեւոր ժառանգութեան արդարացիութիւնը, գիտական հիմքերով բացայայտա՞ծ ենք պատմական ճշմարտութիւնը։

– Արդար ըլլալու համար քրիստոնեայ արեւմուտքը, Աստւածաբանական ուսումնարանները ընդհանրապէս անտեղեակ են արեւելքի կրօնական հակամարտութիւններէն, քիչ ծանօթ են հայկական պատմական ժառանգութեան մանրամասնութիւններուն, հայ կրօնական մշակոյթի առանձնայատկութիւններու բովանդակութեան։

Ադրբեջանի իշխանութիւններու հայկական պատմական փաստերը շահարկելու, հայ ժառանգութեան ինքնութեան կեղծումը, բռնաիւրացումը եւ սեփականացնելու քաղաքականութիւնը, ծրագրւած չարաշահումներու ուղեծիրը վաղեմի են բոլորիս, ծանօթ են նաեւ նւաստ միտումները՝ Վարշաւա, Վատիկան կամ այլուր հակահայ քարոզչութեան հերթական արգաւանդ շուկաներ դարձնելու նախագիծերը:

Կը մնայ միայն յիշել մեր խոկումի եւ ինքնադատութեան կողմնացոյցը, եւ մանաւանդ յիշեցնել՝ ԽՕՍՔԵՐԷՆ ԱՆԴԻՆ հարկաւոր է համազգային կամքով՝ ԳՈՐԾՆԱԿԱՆ, ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ ՈՒ ՀԱՄԱԿԱՐԳՒԱԾ ԾՐԱԳՐԵՐՈՎ ՀԱՄԱԽՄԲՒԻՆՔ ԵՒ ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ ԼԾՈՒԻՆՔ:

—————

[1] https://hairenikweekly.b-cdn.net/wp-content/uploads/2024/10/Hairenik-special-issue-2024-pdf-2_compressed.pdf էջ (23-27).

Related Articles

Back to top button