Պատերազմ Հըզպալլայի՞, Թէ՞ Լիբանանի Դէմ
ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ
Շուրջ տարի մը առաջ, երբ սկսան պաղեստինեան Կազայի բախումները, լիբանանեան Հըզպալլա շարժումը ճակատ մը բացաւ հարաւային Լիբանանի մէջ: Հըզպալլան կը վկայէր, որ այս երկրորդական ճակատով զբաղած պիտի պահէր իսրայէլեան քանի մը ջոկատ ու թեթեւցնէր ճնշումը Կազայի ճակատին վրայ: Սկսան սահմանափակ յարձակումներ Իսրայէլի հիւսիսային շրջանին մէջ գտնւող զինւորական դիրքերու, զօրանոցներու կամ զէնքերու արտադրութեան եւ մթերման ենթադրեալ կեդրոններու վրայ: Իսրայէլեան բանակը հակադարձեց իւրաքանչիւր հրթիռակոծումին հետզհետէ աւելի ուժեղ թափով. հակադարձութեան դէմ հակադարձութիւն, յետոյ կրկին հակադարձութիւն եւ այսպէս շարունակաբար` Լիբանանի հարաւային եւ Իսրայէլի հիւսիսային շրջանները դարձան մնայուն բախումի վայրեր: Երկու շրջաններու բնակիչները ստիպողաբար լքեցին իրենց բնակավայրերը եւ ապաստանեցան յարաբերականօրէն աւելի ապահով վայրեր:
Կազայի մէջ քանդումներով եւ ջարդերով անկարող մնալով իրագործել իր ճշդած նպատակները` Համաս շարժումը ոչնչացնել եւ Համասի կողմէ պահւող պատանդները ազատագրել, Իսրայէլ հետզհետէ ընդարձակեց իր ռմբակոծումներու ծիրը եւ Լիբանանի (երբեմն ալ` Սուրիոյ) մէջ հարւածեց թէ՛ Հարաւային Պէյրութի եւ թէ՛ Պեքաայի բազմաթիւ շրջաններ: Իսրայէլ Լիբանանի հարաւը եւ Պէյրութի արւարձաններուն մէջ թիրախաւորեց Հըզպալլայի զինւորական պատասխանատուները եւ փորձեց գլխատել շարժումը: Իսրայէլ նոյնիսկ ամբողջ շէնք մը փլատակեց եւ տասնեակներով բնակիչներ սպաննեց այդ շէնքին ստորգետնեայ յարկին մէջ գտնւող զինուորական ղեկավարները ոչնչացնելու համար:
Հիւսիսային Իսրայէլի բնակիչները իրենց բնակավայրերը (որոնք բնակեցման վայրեր են) վերադարձնելու պատրւակելով, Իսրայէլ ձեռնարկեց լայնածաւալ յարձակումի Լիբանանի այն բոլոր ենթադրեալ շրջաններուն դէմ, ուր Հըզպալլան կրնայ ներկայութիւն ըլլալ: Հըզպալլայի կատարած մասնակի հրթիռակոծումներուն դէմ հակադարձութիւնը վերածւեցաւ Լիբանանի դէմ պատերազմի, հարիւրաւոր զոհերով եւ հազարաւոր վիրաւորներով:
Որեւէ երկրի մէջ, բանակին կողքին զինեալ խմբաւորման մը գոյութիւնը ընդունելի չէ. լիբանանեան բանակը զուրկ է զէնքերէ ու փաստօրէն վերածւած է ներքին խռովութիւնները զսպող ոստիկանութեան: Հըզպալլան, որ քաղաքացիական պատերազմի աւարտին պէտք է զինաթափւէր բոլոր զինեալ կազմաւորումներուն նման, իր զէնքերը պահեց պատճառաբանելով, որ ինք կը հանդիսանայ Իսրայէլի դէմ դիմադրութիւն: Կազմւած ամբողջութեամբ մէկ համայնքի` շիի` անդամներով, ան կը վայելէ շիիներու մեծագոյն պետութեան` Իրանի հովանաւորութիւնը: Շատեր կը պնդեն, որ Հըզպալլան կազմակերպւած ըլլալով իբրեւ թէ՛ մարտական, թէ՛ քաղաքական եւ թէ՛ ընկերային հզօր շարժում, ան փաստօրէն դարձած է լիբանանեան պետութեան գործունէութիւնը հունաւորող գլխաւոր գործօնը:
Արդարացի՞ է այս դերակատարութիւնը: Լիբանանեան պետութեան եւ յատկապէս բանակին անկարողութեան պայմաններուն մէջ, այո՛, Լիբանանը կարիքը ունի օտար ու յատկապէս իսրայէլեան սպառնալիքներուն դէմ պաշտպանող ուժի: Այդ ուժը տրամաբանօրէն պէտք էր հանդիսանար բանակը: Բայց կը թւի, որ բանակին արգիլւած է դառնալ Իսրայէլին ի հարկին սպառնացող ու Լիբանանը պաշտպանող կառոյց: Հըզպալլա կ՛օգտագործէ առիթը եւ հանդէս կու գայ Լիբանանի պաշտպանի դիրքերէն: Լիբանանէն գրաււած շրջանները պահանջողի դիրքէն:
Հըզպալլայի ունեցած վերաբերմունքը, որ վտանգ կը յարուցէ երկրին ու իր բնակչութեան, արտաքնապէս ընդունելի չէ, սակայն անբացատրելի ալ չէ: Ունի իր հիմնաւորումը, որ Իսրայէլի անզիջող վարմունքէն կը բխի: Իսրայէլեան վերջին հարւածները, որոնք պատերազմական ոճիրներ են ու անմարդկային վերաբերմունքի դրսեւորումներ, առ այժմ գործնապէս չեն դատապարտւիր աշխարհին կողմէ: Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները կը պահուըտին «Իսրայէլ իրաւունք ունի ինքնապաշտպանութեան» կեղծ լոզունգին իբրեւ, արեւմտեան միւս պետութիւնները կը գոհանան մաղթելով, որ կռիւը չտարածւի, արաբական աշխարհը դիտորդի դերին մէջ է, ու ամէնէն հետաքրքրականը` Իրան չի հակազդեր: Կը թւի, որ Հըզպալլան տկարացնելու, զինաթափելու համաշխարհային փոխըմբռնում մը կայ, որ կ՛իրագործւի Իսրայէլի ձեռքով եւ ի հաշիւ Լիբանանին ու իր ժողովուրդին:
Անգամ մը եւս Լիբանան մատնւած է ճգնաժամային վիճակի: Երկարատեւ պատերազմէն, սպանութիւններէն, նաւահանգիստի պայթումէն, տնտեսական ահաւոր տագնապէն ետք, պետական խարխլած հիմքերը քանդելու կը միտին վերջին շաբաթներու եղելութիւնները: Լիբանանցիները պէտք է արթննան իրենց թմբիրէն ու վերականգնեն իրենց միասնականութիւնը, վերարժեւորեն Ազգային ուխտը, կործանումէ փրկելու համար մայրիներու գեղեցիկ երկիրը:
Ազդակ