Ալիեւ Թրամփի խորհրդատու, իսկ Փաշինեա՞նը…
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Հայաստանի ՔՊ-ապետը չի կրնար հպարտանալ, որ ժողովուրդը դատարկաբանութիւններով զբաղեցնելու մէջ միակ վարպետ-ծաղրածուն է: Տեսէ՞ք, Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահը, պաշտօնը ստանձնելէ առաջ իսկ, արդէն իր երկիրն ու աշխարհը (սկսելով մօտ ու հեռու դրացիներէ) զբաղ կը պահէ… կայսերական երազանքներով:
Շաբաթէ մը ի վեր, ամերիկեան, քանատական եւ եւրոպական մամուլը իրար է անցեր. ինչո՞ւ. քանզի Թրամփ յայտարարեց, որ Քանատան կը նկատէ իր երկրին 51-րդ նահանգը, պիտի վերատիրանայ Փանամայի ջրանցքին, կուզէ գնել Կրուելանտան (ծանօթ՝ Կրինլէնտ անունով, ճանչցւած է իբրեւ դանիական հող):
Ճիշտ է, որ նման երազանքներ «նարնջագոյն մարդ»-ուն համար նորութիւն չեն, նախորդ պաշտօնավարութեան օրերուն ալ նման ցնդաբանութիւններ նետած էր Ատլանտեանի հիւսիսային սառցակղզիին մասին, հաւանաբար վերյիշելով… Ալասքան գնելու պատմութիւնը (ի՜նչ լաւ օրեր էին): Կանադայի եւ Մեքսիկայի նկատմամբ «ծաւալապաշտական» ձգտումները եւս նորութիւն չեն, բայց լաւատեղեակ դիւանագէտներ քուլիսներու մէջ կը խօսին (եղեր) անոր վեր-ա-ներշնչման աղբիւրներուն մասին:
Ըստ ոչպաշտօնական այդ լուրերուն, Թրամփի ներշնչում տւողը՝ իր մէկ խորհրդականն է (եղեր). ան կը կոչւի… «սուլթան» Էրդողան: Հէրիսի դէմ ընտրապայքարը շահելէ ետք, կըսեն գաղնապահները, Թրամփ հեռաձայներ է Էրդողանին եւ անոր պարզեր է իր հին-նոր ձգտումները:
– Ատկէ դիւրին ի՞նչ կայ,- բացատրեր է Էրդողան:
– Արխատա՛շ, անցեալ անգամ փորձեցի, չյաջողեցայ: Կրնա՞ս ինծի ձեւ մը ցոյց տալ,- հարցուցեր է Թրամփ:
– Արաբները խօսք մը ունին. «Բժիշկին մի՛ հարցներ, փորձառւի՛ն հարցուր»՝ կըսեն: Այս գետնի վրայ ընդունէ՛, որ ես քեզմէ շա՜տ աւելի փորձառու եմ:
– Ի՞նչ ըսել կուզես,- բարկացեր է Թրամփ, որ, ինչպէս ծանօթ է, Փաշինեանէն աւելի եսամոլ մըն է եւ կը յամառի պնդել, թէ ի՛նք հնարած է «աննախընթաց» բառը, ի՛ր բոլոր ըրածներն են աննախընթաց-ը:
– Մի՜ բարկանար, արխատա՛շ, մի՛ բարկանար,- ըսեր է Էրդողան: – Հիմա ես քեզի փաստացի, ապացուցւած օրինակներ կու տամ, միայն գրքունակ տեսութիւններով չեմ խօսիր: Տե՞ս. ես փոքր եղբօրս՝ Ալիեւի ձեռքով-ոտքով մտայ Արցախ եւ բացի թուրանական պահւած ծրագիրիս ճամբան: Մէկը չի խօսիր, թէ իմ հովանաւորած ահաբեկչականները կռւեցան Արցախի մէջ: Յիսուն տարի առաջ խլեր էի Կիպրոսի կէսը եւ հիմա մարդիկ արդէն մոռցած են զայն: Երէկ մտայ Սիրիա, գործնապէս հիւսիսային Իրաքը կը համարեմ իմ հողս, մէկը դէմս կելլէ՞: Դուն շատախօսներուն մտիկ մի՛ ըներ, կարեւորը գործն է: Գրաւէ՛ եւ աշխարհը կատարւած իրողութեան առջեւ դիր: Գիտեմ որ քեզի չէ արտօնւած ինծի եւ Նեթանիահուին պէս ջարդով ու քանդումով խլել, ուրիշ տեսակի ջարդ ու աւերում ալ կայ ձեր քաղաքակիրթ աշխարհին մէջ:
– Բայց ինչպէ՞ս կրնամ ճաշացուցակիս վրայ եղող երկիրները խլել,- հարցուցեր է Թրամփ, առանց անդրադառնալու, որ նման հարցումով՝ կայսերական ծրագիրներու իրականացման մէջ համբակ ըլլալը ի յայտ բերեր է:
– Շա՜տ ձեւեր կան. ամենէն գործնականը եւ դիւրինը՝ Հայաստանի մէջ Ալիեւի հետ իմ քայլերս են: Եթէ Կանադայի Թրուտոն եւ Փանամայի Հոզէ Ռաուլ Մուլինոն համամիտ չեն ու կընդդիմանան, սառնարան կղզեցիներն ալ եթէ կըսեն, որ իրենց երկիրը ծախու ապրանք չէ, կրնաս հետեւիլ իմ օրինակիս: Քիչ մը ժամանակ կուզէ, բայց յաջողութեան կը հասնիս: Ես այդպէս ըրի:
– Ի՞նչ ըրիր, հանելուկի մի՛ վերածեր,- բարկացեր է Թրամփ եւ անհամբերութեան նշաններ ցոյց տւեր է:
– Այդ երկիրներուն մէջ աշխատէ քու մարդիկդ, կամակատարներդ իշխանութեան բերել: Դրամո՞վ կընես, սպառնալիքո՞վ կընես, քարոզչութեա՞մբ կընես, «բարեսիրական կազմակերպութիւննե՞ր» կը ստեղծես եւ անոնց միջոցով գումարներ կը հոսեցնես. մաշալլա՜հ, դո՛ւն ալ, կառավարութեանդ անդամներն ալ ՄԵԾԱՀԱՐՈՒՍՏ էք, իսկ եթէ կողոպտես ժողովուրդդ, ան արդէն քնացած է: Մենք այդպէս ըրինք եւ յաջողեցանք: Գտանք Փաշինեան անունով որկրամոլ-աթոռամոլ մը, օգնեցինք, որ իշխանութեան ղեկը գրաւէ, ինքզինք շրջապատէ իր մանրատիպերով: Տե՞ս, Արցախէն ետք, Հայաստանէն ալ պատառներ կլլած ենք եւ այդ երկրի ժողովուրդը կը զւարճանայ տօնածառով ու մեր արխատաշ Փաշինեանին հնարած ցնդաբանութիւններով: Մեր կամակատարը համակիրներ կը գտնէ ո՛չ միայն Հայաստանի մէջ, այլ իր «կայսրութիւն»-ը տարածած է դէպի հայկական գաղութներ: Եթէ օր մը պէտք ունենաս, քեզի ալ «Պայրաքտար»-ներ կը ղրկեմ,- խոստացեր է Էրդողան:
Հեռաձայնը փակելէ ետք, Էրդողան յանկարծ անդրադարձեր է, որ քանի մը անգամ… Արցախ անունը տւած է իր կուլ տւած Ղարաբաղին: