Դաշնակցական Բեմ

Աշնանային զարգացումներուն ընդառաջ

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

 

Քանի մը օրեր մեզ կը բաժնեն սեպտեմբերեան վերամուտէն: Սեպտեմբեր 2-ին, երկուշաբթի Հայաստանի եւ շատ մը երկիրներու մէջ դպրոցական վերամուտ է, 2024-2025 տարեշրջանի առաջին օրը: Միաժամանակ, սեպտեմբեր 2-ը Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակման տարեդարձն է: Նախատեսւած էր, որ այդ օրը տեղի ունենայ Արցախի անկախութեան նւիրւած մեծ հանդիսութիւն՝ յիշեցնելու համար Արցախի հարցին այժմէականութիւնը, անոր մոռցւած չըլլալը: Հանդիսութիւնը նախաձեռնած էր Սրբազան շարժումը՝ գործակցութեամբ անոր սատարող բազմաթիւ կազմակերպութիւններու: Դիմում կատարւած էր Երեւանի մարզահամերգային համալիրի տնօրէնութեան՝ ձեռնարկը այնտեղ կայացնելու առաջարկով, համալիրի տնօրէնութիւնը մերժած է դահլիճ տրամադրել սեպտեմբեր 2-ի ձեռնարկին՝ պատճառաբանելով, որ գոյութիւն ունին այլ պայմանաւորւածութիւններ, մինչեւ այսօր ոչ մէկ այլ ձեռնարկի մասին յայտարարւած է: Թւականը փոխելու առաջարկը եւս ոչ մէկ արձագանգի արժանացած է:

Երեւոյթը բարացուցական է: Հայաստանի իշխանութիւնները կը մերժեն վերյիշել, որ գոյութիւն ունեցած է Արցախի Հանրապետութիւն անունով հայկական պետութիւն մը, որուն մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ Նիկոլ Փաշինեան ոգեւորութեամբ յայտարարած էր. «Արցախը Հայաստան է եւ վերջ»: Ոչ միայն չեն ուզեր յիշել, այլ նաեւ կը մերժեն դահլիճ տրամադրել ուրիշներուն, որոնք կը յամառին, ի հեճուկս իշխանութիւններուն, արցախեան հարցը փակւած չհամարել:

Երկուշաբթի, 26 օգոստոսին, Ս. Աննա եկեղեցւոյ բակին մէջ կայացած հերթական հաւաքին աւարտին Բագրատ արք. Գալստանեան Արցախի օրւան առնչութեամբ թելադրանքներ կատարեց: Սեպտեմբեր 1-ի երեկոյեան՝ հաւաք, օրւան ընթացքին՝ այց Եռաբլուր: Սեպտեմբեր 2-ին՝ այցելութիւն Արցախի Հանրապետութեան Երեւանի ներկայացուցչութիւն, երեկոյեան՝ հանդիսութիւն, տակաւին ճշդելի վայրի մը մէջ: Սրբազան պայքարի պատասխանատուներուն ակնկալութիւնն է, որ այս ձեռնարկները կը դառնան ժողովրդային ու մարդաշատ:

Ամիսներ առաջ յայտարարւած էր, որ ամառնային արձակուրդներէն ետք, սեպտեմբերին նոր վերամուտ կունենայ նաեւ Սրբազան պայքարը: Ամառը անցաւ՝ կազմակերպական աշխատանքներով, զանազան համախմբումներով, դասախօսութիւններով, մարզային եւ թաղային այցելութիւններով: Ի՞նչ միջոցներով տեղի պիտի ունենայ պայքարին աշխուժացումը: Յայտնի է, որ Սրբազանը եւ իր շուրջ համախմբւած անձնաւորութիւնները չեն ձգտիր իշխանութեան տիրանալու՝ երեւոյթին քաղաքական ընթացիկ հասկացողութեամբ: Շարժումին նպատակը իշխանութեան տիրանալ չէ, շարժումը կը նպատակադրէ իրագործել Հայաստանի մէջ արժէքներու եւ քաղաքակրթական փոխոխութիւն, ազգային վերարժեւորում: Յանուն Հայաստանի պայքար է: Կարճատեւ փոխանցման կառավարութեան մը միջոցով կը կազմակերպւին ազատ ու անկաշկանդ ընտրութիւններ՝ խաղաղած ու վերամիաւորւած քաղաքացիներուն առիթ տալով արտայայտելու իրենց գերիշխան կամքը: Այն ատեն քաղաքական կուսակցութիւնները, ի մէջ այլոց՝ նաեւ Քաղաքացիական պայմանագիրը, հանդէս կու գան իրենց ծրագիրներով, որոնց մէջէն ժողովուրդը կընտրէ իր ներկայացուցիչները:

Քաղաքական ծրագիրներու ընդհանուր, կարելի է ըսել, համապարփակ յայտագիր մը ներկայացուց Բագրատ Սրբազան 26 օգոստոսի հերթական հաւաքի ընթացքին: 24 կէտերէ բաղկացած այդ յայտագիրը կընդգրկէր քաղաքական ապագայ իշխանութեան գործունէութեան բոլոր բնագաւառներուն վերաբերող ուղենիշներ. կառավարական ծրագիր չէր, այլ հիմնադրոյթ, ազգային ուղեգիծ՝ կառավարական առարկայական ծրագիրի մը համար: Բոլոր հարցերը, որոնք կը տագնապեցնեն մեզ, ներկայ էին այնտեղ. արտաքին եւ ներքին քաղաքականութիւն, կրթութիւն, մշակոյթ, տնտեսութիւն, գիւղատնտեսութիւն, բանակ, ապահովութիւն (անվտանգութիւն), քաղաքացիական հասարակութեան յառաջացում, Արցախի հարց եւ այլն:

Սպասենք աշնանային զարգացումներուն:

Ազդակ

Related Articles

Back to top button