Տորոնտոյի մէջ նշւեցաւ Հ. Յ. Դաշնակցութեան 133-ամեակը
Տորոնտոյի մէջ կայացած ՀՅԴ օրւան տօնակատարութեան ընթացքին պատգամեց ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յովսէփ Տէր-Գէորգեան
60 տարի առաջ, Տորոնտոյի ՀՅԴ «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէութեան դաշնակցական անդամները տեսլական ծրագիր մը յղացան Տորոնտոյի մէջ համայնքային կենտրոն համալիր մը հիմնելու, ուր պիտի համախմբւէր այդ օրերուն նոր կազմակերպւող Տորոնտոյի հայութիւնը։ Տասնամեակներ ետք, այդ տեսլականը արդէն իրականութիւն դարձած է եւ Տորոնտոյի Հայ կենտրոնը վերածւած է Օնաթարիոյի հայութեան հայապահպանման ամրակուռ ամրոցին ու բազկերակին, իր եկեղեցիով, դպրոցով եւ համայնքային կենտրոնով։ Յունւարի 20-ի երեկոյեան, ՀՅԴ «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէի կազմակերպութեամբ նոյն այդ կենտրոնին մէջ նշւեցաւ Դաշնակցութեան 133-ամեայ յոբելեանը։ ՀՅԴ Կանադայի Պատանեկան միութեան «Քրիստափոր» եւ «Ռոստոմ» մասնաճիւղերու պատանիները երգեցին Հայաստանի, Արցախի եւ Հ. Յ. Դաշնակցութեան օրհներգերը, որմէ ետք օրւան հանդիսավար Լորի Արամեան հրաւիրեց ՀՅԴ «Սողոն Թեհլիրեան» կոմիտէութեան երիցագոյն կուսակցական Վրէժ Աւագեան սերնդափոխութեան ջահը փոխանցելու պատանեկանի կրտսերագոյն անդամ Չարենց Հաճիարթինեան։
Տեղի ունեցաւ ՀՅԴ «Քրիստափոր» Պատանեկան միութենէն ՀՅԴ ԳԵՄ-ի «Սիմոն Զաւարեան» մասնաճիւղ փոխանցման արարողութիւն: Խոստման արարողութիւնը վարեց ՀՅԴ ԳԵՄ-ի Կենտրոնական վարչութեան անդամ՝ Վաչէ Այւազեան:
Ուղերձով հանդէս եկաւ ՀՅԴ «Սողոն Թեհլիրեան» կոմիտէի ներկայացուցիչ Վահան Աճեմեան։ «Դաշնակցութիւնը Կանադայի մէջ կը գործէ աւելի քան 120 տարիէ ի վեր: Այսօր, 120 տարի ետք, կը շարունակէ գործել նոյն աշխուժութեամբ եւ թափով: Տակաւին անցեալ տարի մեր կուսակցական շարքերը համալրւեցան 23 նոր անդամներով ՝ Օնթարիոյի 3 կոմիտէութիւններէն, որոնց կէսը երիտասարդական շարքերու անդամներ էին. բան մը՝ որ ցոյց կու տայ կուսակցութեանս պայծառ ապագան», յայտնեց Վահան Աճեմեան եւ նշեց, որ տօնակատարութիւնը պատմական օր է համայնքին համար, որովհետեւ առաջին անգամ ըլլալով, Տորոնտոյի հայ կենտրոնէն ներս հաւաքւած են Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի ներկայացուցիչն ու Բիւրոյի երկու անդամներ, ինչպէս նաեւ Կանադայի տարբեր նահանգներէն ժամանած ՀՅԴ Կենտրոնական կոմիտէի բոլոր անդամները, ՀՅԴ Կանադայի պաշտօնաթերթ՝ «Հորիզոն»-ի խմբագիրը, անգամ մը եւս ցոյց տալով Կանադայի Դաշնակցական կառոյցի միասնականութիւնն ու յանձանռութիւնը՝ պայքարելու Միաւորւած Հայրենիքի տեսլականին ի խնդիր:
Ֆրանսիայէն յատկապէս հրաւիրւած հանդիսութեան գլխաւոր պատգամաբեր Յովսէփ Տէր Գէորգեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Հարաւային Կովկասի աշխարհաքաղաքական ներկայ կացութեան, հայրենի պետութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն եւ Արցախեան վերջին պատերազմէն ու բռնի տեղահանումէն ետք արցախահայութեան առկայ իրավիճակին մասին։ Ան ըսաւ. «Հրաշք լուծումներ չկան. հետեւողական եւ ծրագրւած աշխատանքի շնորհիւ հզօր պետութեան կերտումն է այս տարածաշրջամի մէջ գոյատեւելու եւ ապա զարգանալու միակ գրաւականը: Հզօր պետութիւն, որ հիմնւած ըլլայ հասարակական արդարութեան, բարգաւաճ տնտեսութեան եւ ռազմական կարողութիւններու վրայ: Այդ հզօր պետութիւնն է, որ մեզի թոյլ պիտի տայ ազատագրելու Արցախը թշնամական բռնագրաւումէն։ Հզօր պետութեան մեր պատկերացումը ունի հետեւեալ կարեւորագոյն բաղադրիչները։ Առաջին՝ Արտաքին քաղաքականութիւն, կը հաւատանք, որ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան միակ արեւելումը պէտք է ըլլայ Հայկական»։ Հզօր պետութեան մեր պատկերացումը ունի կարեւորագոյն բաղադրիչներ, որոնցմէ առաջինը՝ արտաքին քաղաքականութիւնն է եւ կը հաւատանք, որ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան միակ արեւելումը պէտք է ըլլայ Հայկական արեւելում»։
Ներազգային գետնի վրայ, պատգամաբերը նշեց, որ կուսակցութեան կիզակենտրոնը առաջիկայ հանգրւանին Արցախի հիմնախնդիրն է։ Ան միաժամանակ հաստատեց այն իրողութիւնը, որ ազգային գաղափարախօսութեան դաւանող հիմնական քաղաքական ուժ հանդիսացող Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան դէմ ՀՀ իշխանութիւններուն կողմէ կը տարւի մոլեգին պայքար, որ կը նպատակադրէ մէկ թիրախ՝ տկարացնել կուսակցութեան կառոյցը, թերահաւատութիւն եւ կասկածամտութիւն սերմանել Դաշնակցութեան նկատմամբ։ Ան յայտնեց, որ ինչպէս հեռու կամ մօտիկ անցեալին, շնորհիւ կուսակցութեան ներուժին եւ միասնականութեան, նման փորձերը դատապարտւած են ձախողութեան: (Պատգամաբերին խօսքը կը հրատարակենք առանձնաբար)։
Ան իր խօսքը եզրափակեց ըսելով. «Հասած ենք այնպիսի օրհասական օրերու, որ ելքեր գտնելու եւ վերոնշեալ ծրագիրները իրագործելու համար անհրաժեշտ է հաւատք եւ հետեւողական աշխատանք։ Ծրագրւած գործ` անխտիր բոլոր ոլորտներու մէջ, որպէսզի ունենանք հզօր պետութիւն, մարտունակ բանակ, ազգային գիտակցութեամբ հայութիւն, ամրակուռ սահմաններ, ու կազմակերպւած Սփիւռք: Երկարաժամկէտ առումով, Հայ ժողովուրդի պայքարելու կամքն ու վճռականութիւնն է, որ պիտի ստեղծեն քաղաքական, տնտեսական ու զինւորական հնարաւորութիւններ որպէսզի ժամանակաւոր պարտութիւնները վերածենք մշտական յաղթանակներու»:
Դաշնակցութեան եւ Արցախեան ազատագրական պայքարին նւիրւած յեղափոխական եւ հարենասիրական երգերով հանդէս եկաւ Սերոբ Յակոբեան, «Կիլիկիա» նւագախումբին հետ։ 133-ամեակի կարկանդակը հատեցին ՀՅԴ «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէի ներկայացուցիչ՝ Վահան Աճեմեան եւ ՀՅԴ Կանադայի Կենտրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ՝ Խորէն Տիմիթեան։
Ասմունքով ելոյթ ունեցաւ Նելլի Թաշճեան եւ ասմունքեց Վահագն Դաւթեանի «Հաւատում եմ քեզ»-ը: Երգիչ Սերոբ Յակոբեանի կողմէ պատրաստւած յատուկ տեսանիւթով յիշատակւեցաւ ՀՅԴ «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէութեան երկարամեայ հաւատարիմ կուսակցական, Արցախի 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին Վարանգաթաղի պաշտպանութեան թէժ մարտերուն նահատակւած Քրիստափոր Արթինը, որուն նւիրւածութեան, հայրենասիրութեան եւ անձնուրացութեան մասին վկայակոչեց իր կուսակցական ընկերը՝ Հրաչ Ճապրայեան։
ՀՅԴ «Սիմոն Զաւարեան» երիտասարդականի եւ «Քրիստափոր» ու «Ռոստոմ» պատանեկանի անդամները կուռ շարքերով ու Արցախի դրօշներով մասնակից դարձան Սերոբ Յակոբեանի եւ «Կիլիկիա» նւագախումբի հայրենաշունչ երգերուն։
Arfd.am