ԵՓՐԱՏԵԱՆ ՄԵՂԵԴԻՆԵՐ
ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ
ՋՈՒՐԸ ՏԵՍՆԵԼ ԿՈՒԶԵՆ
24 մարտի 2010… Հայոց Ցեղասպանութեան 95-ամեակէն ճիշտ ամիս մը առաջ. Հայաստանի
նախագահ Սերժ Սարգսեան Դեր Զոր պիտի այցելէ, հոն ապահովական արտակարգ կացութիւն է, բոլոր ճամբաները փակւած են գրեթէ, ապահովական ուժերը ամէն տեղ են։ Նախատեսւածէն կանուխ կը հասնինք Դեր Զոր եւ կուզենք Եփրատին մօտենալ։ Զինւորէն կը խնդրենք արտօնութիւն տալ՝ բացատրելով, որ Լիբանանէն եկած լրագրողներ ենք եւ կուզենք Եփրատը տեսնել ու նկարել։
– Ի՞նչ կուզեն,- կը հարցնէր աւելի անդին կանգնած զինւոր մը։
– Ջուրը կուզեն տեսնել… ու նկարել։
– Ջո՞ւրը։
– Այո՛, այդ ջուրը,- կըլլայ պատասխանը ձեռքին ուղղութիւնը դէպի Եփրատ երկարող զինւորին։
– Ձգէ՛, թող երթան։
… Ջուրը կուզեն տեսնել, ջուրը…
Անոնք չէին կրնար հասկնալ այդ ջուրին արժէքը մեզի համար, անոր փոխանցած խորհուրդն ու պատգամը, Եփրատը հոսող ջուր մըն էր պարզապէս, տեղացիները անոր կողքին նոյնիսկ ճաշարաններ հաստատած են՝ Եփրատին գեղեցկութեան եւ հմայքին վայելքը իրենց յաճախորդներուն տրամադրութեան տակ դնելով։ Բայց ատիկա ջուր չէ մեզի համար, ատիկա արեան ծով էր 95 տարի առաջ, վերապրողները հաստատած են, որ կարմիրով ներկւած էր Եփրատը ամբողջ, անիկա մեր նահատակներուն գերեզմանն էր եւ այդ պատճառով ալ տխուր է ան, տարբեր հանդարտութիւն ու խաղաղութիւն մը ունի։ Ջուր չէ անիկա, այլ՝ վկայ մահւան, նաեւ աղբիւր կեանքի եւ միւռոն՝ ազգի մկրտութեան։ Ջուր չէ, հաւատացէ՛ք մեզի, անիկա Եփրատն է պարզապէս, մեր պատմութեան ամէնէն ահաւոր էջերէն վազող եւ մեր վերապրումը յուշող գետն է։
ՎԵՐՋԱՊԷՍ
Վերջապէս աչքերովս տեսայ քեզ, ի՛մ ուրոյն աչքերովս, սակայն ոչ միայն իմ հայեացքով, այլ՝ հայեացքով այն բոլոր մամիկներուն ու պապիկներուն, որոնք պատմած են քու մասիդ, որոնց արցունքները եթէ քու մէջդ թափէին, պիտի բարձրանայիր, շա՜տ բարձրանայիր. իսկ եթէ այդ վերապրողները կարենային գալ հոս, քու ալիքներուդ հետ տխուր պար բռնած մեր նահատակները պիտի ցնծային՝ ի տես իրենց հարազատներուն, իրենց մայրերուն թերեւս, իրենց զաւակներուն հաւանաբար…
Վերջապէս ականջներովս, ի՛մ ականջներովս կը լսեմ արդէն ալեակներուդ հանդիպումէն ծնող նւագն ու անոնց ընկերացող երգը… Կերգեն գիրկդ ննջող կոյսերը անարատ, կերգեն մայրերը անմխիթար, կերգեն մանուկները անմեղ։ Կոյսերը կը հնչեցնեն նւագը իրենց պատիւի փրկութեան, մայրերը՝ ազատագրումը իրենց խղճին, իսկ մանուկները… հայ մանուկները կերգեն բիւրեղութիւնը իրենց հոգիներուն, կերգեն արեամբ ողողւած իրենց աչքերուն փակման աւետիսը, որովհետեւ անոնք անզօր էին, անկարող՝ դիմանալու ցաւին ահեղ, չարչարանքին բազմազան, արհաւիրքին աննկարագրելի։ Մանուկ էին տակաւին, չունէին կարողութիւնը հասկնալու եւ ընկալելու այս բոլորը, սակայն իրենց աչքերով տեսան խողխողումը զիրենք դիեցնող մայրերուն, գլխատումը իրենց հայրերուն, հողին հետ գիրկընդխառնումը փոքրիկ քոյր-եղբայրներուն եւ յամեցող, շարունակել չկարողացող մեծ մայրիկներուն անհետացումը իրենց տեսադաշտէն։
ԵՓՐԱ՛Տ…
Կո՞ւլ տւիր մեր հարազատները, թէ՞ փրկեցիր զանոնք…
ԵՓՐԱ՛Տ…
Քնքուշ եղա՞ր անոնց հետ, ալիքներդ գէթ անոնց կեանքի վերջին վայրկեաններուն նրբութեամբ գրկեցի՞ն մեր մայրերը, մանուկները, զաւակները մեր ազգին…
ԵՓՐԱ՛Տ…
Գութ ունեցա՞ր երազներով, ապագային տեսլականով, փափաքներով ու յոյսերով զինւած, սակայն մէկ երկվայրկեանի մէջ այդ բոլորէն զրկւած մեր ժողովուրդին հետ…
Երանի զանոնք հանդարտութեամբ առաջնորդէիր յատակդ՝ առանց հարւածելու կամ տանջելու, առանց ցնցելու կամ վիրաւորելու, որովհետեւ անոնք բաւարարւած էին ցաւէն, վէրքէն, կսկիծէն ու տառապանքէն, լիացած էին անոնց մարմինները՝ հարւածներէն շուն թուրքին։ Անոնք կուզէին հանգչիլ, թուրքին պիղծ գիրկին փոխարէն, քու ջինջ գրկիդ մէջ, գտնել վերջին ապաստան, թուրքին ձեռքը իյնալու փոխարէն՝ իյնալ քու ջուրերուդ մէջ…
Եփրա՛տ, որքա՛ն կուզեմ գրկել քեզ այս պահուն, զգալ ջերմութիւնը հայ մայրերուն, քնքշութիւնը կոյսերուն, անմեղութիւնը մանուկներուն։ Կուզեմ իյնալ գիրկդ, գտնել մեր նահատակները եւ պատմել, պատմել, թէ իրենց հարազատներուն, մայրերուն կամ հայրերուն, զաւակներուն ու թոռներուն հետ կապրիմ, պատմել, թէ անոնք բոլորը երբեք չեն մոռցած զիրենք, այլ ապրած են իրենց անուններով նորեր ծնելու համար, որպէսզի շարունակւի ազգը, որպէսզի վրէժի ու պահանջատիրութեան ձայնը բարձրանայ, որպէսզի աշխարհը իմանայ, որ հոս՝ քու ջուրերուդ մէջ ինչե՜ր տեղի ունեցած են, որ դուն քու աչքերովդ ինչե՜ր տեսած ես, որպէսզի ես գամ հոս, նստիմ կողքիդ ու զրուցեմ հետդ, մեր նահատակներուն հետ, որոնք իւրաքանչիւր հայու էութեան մէկ հիմնական մասնիկն են, որոնց մասին լսած եմ շա՜տ ու շա՜տ վերապրողներէն, որոնց արցունքի կաթիլները թրջած են ձեռքերս՝ անոնց ափերը սեղմած, իսկ այսօր, քեզմով կը թրջւին ձեռքերս, զորս կը սեղմեն նահատակները…
ԿԸ ԿԱՆՉԵՆ ԱՆՈՆՔ
Հանդարտ է գետը, անոր մեղմ ընթացքին հետ կուրւագծուին դէմքերը նահատակներուն, պատկերները Հայոց Ցեղասպանութեան, խեղդամահ եղողները մեր… Տխրութիւնն ու ուրախութիւնը կը միանան հոն, Եփրատը կը պատմէ կարծէք ու կը շշնջայ ականջիս, թէ երանելի եմ իմ գիրկը նետւելու յանդգնութիւնը ունեցածներուն ազգին մէկ անդամը ըլլալուս համար, լսել կու տայ կոչը նահատակներուն, անոնք չեն լար ա՛լ, այլ կը հպարտանան, չեն ողբար, այլ կը պահանջեն, չեն տրտմիր, այլ իրենց համար Արարատի լանջերուն շիրմաքարի մը զետեղումը կը խնդրեն…
Այդ ջուրերուն մէջ կերեւի բաժանումը մայրերուն ու զաւակներուն, քոյր-եղբայրներուն, մահւան հետ կերեւի կեանքը, կուրւագծւի պատկերը այն աստւածային վերապրողներուն, որոնք Եփրատին յանձնելով իրենց սրտին մէկ մասը՝ շարունակեցին երթը, քալեցի՛ն ու քալեցի՛ն…
Աստւա՛ծ իմ, այդքան հսկայական տարածք, այդքան անջրդի ու հրկիզող անապատ, այդքան հեռո՜ւ մարդկութենէն, ինչպէ՞ս քալած են հերոսները մեր, ինչպէ՞ս կրցած են գոյատեւել, ինչպէ՞ս կրցած են այդքան ծանր ցաւերու բեռան տակ տակաւին շնչել, տակաւին տոկալ, տակաւին յառաջանալ… Մարդ չէին անոնք վստահաբար, այլ՝ աստւածներու համազօր, հերոսներ իսկական, ապրելու եւ ապրեցնելու կամքի ներկայացուցիչներ, այլապէս պիտի չկարենային ծանր հարւածը տալ թուրքին՝ հայ ազգին կրկին շունչ ու հոգի տալով, կրկին ծնելով սերունդներ ու սերունդներ։ Փա՜ռք ձեզի, փառք ու պատիւ ձեր բոպիկ ոտքերուն, արեւէն հրկիզւած ձեր մատներուն։ Սպանդն ու ցեղասպանութիւնը տեսած ձեր աչքերով՝ դուք կրցաք շարունակել, հակառակ այս բոլորին՝ դուք կրցաք ձեր ոտքերը դուրս բերել զանոնք ներս քաշող աւազէն, կրցաք ցաւը վրէժի փոխել ու շարունակել, շարունակել, որպէսզի այսօր Հայաստանի նախագահը Դեր Զոր բերէք, որպէսզի ձեր ոտքերէն վազած արեան հետքերով առաջանայ իւրաքանչիւր հայորդի, այդ հետքերը միայն արժանապատիւին կը տանին, միայն դէպի յաղթանակ կառաջնորդեն՝ կեանքին յաղթանակը…
ԻՆՉՊԷ՞Ս ՀԵՌԱՆԱՄ
Արդէն պէտք է հեռանալ, ժամը հասած է, որքան ալ երկարի պահը, կրկին բաժանումի ժամը պիտի հնչէ անպայման եւ Եփրատի եզերքը խրած ոտքերս ձեւով մը պէտք է շարժին։ Հեռանալ… Սակայն տակաւին չկշտացայ Եփրատին նայելէ, չյագեցայ նւագէն, կանչերէն ու զրոյցէն, տակաւին մեր բոլոր նահատակները չտեսայ, անոնց բարեւներ ու համբոյրներ չփոխանցեցի իրենց ընտանիքներէն։ Ինչպէ՞ս հեռանամ, աչքերս չեն շարժիր, ոտքերս անշարժացած են, կուզեմ հոն մնալ երկա՜ր, շա՜տ երկար գիրկընդխառնուիլ նահատակներուն հետ, որոնց կտակով կը բաբախէ սիրտս, կը փոթորկի միտքս ու կը դողայ ամբողջ էութիւնս։ Սակայն պէտք էր հեռանալ ու վերադառնալ վերապրողներուն ուղիով, վերադառնալ Եփրատին մէջ վերամկրտւած ըլլալու զգացումով, վերադառնալ աւելի բարձր կոչերով ու պահանջներով՝ մեր նահատակներուն կտակը երբեք չմոռնալու, անոնց արեան մինչեւ վերջին կաթիլին գինը պահանջելու եւ համայն աշխարհին երեսին գոռալու, որ Եփրատը ջուր չէ, Դեր Զորը անապատ չէ, այլ՝ անոնք պատմութիւնն են հայութեան, վկաներն են մարդկութեան դէմ գործւած ամէնէն ահաւոր ցեղասպանութեան, դատաւորներն են բոլոր անոնց, որոնք կը փորձեն խեղաթիւրել պատմութիւնը, մոռացութեան գիրկը նետել իրաւունքը եւ անտեսել հեռուէն եկող, սակայն ամէն մէկ հայու ականջին մէջ հնչող կտակը նահատակներուն։
Կը հեռանամ ֆիզիկապէս, կրկին կը դառնամ դէպի Եփրատ, հայեացքս չի հեռանար, իմ աչքերով Եփրատին կը նային այն բոլոր վերապրողները, որոնք այս գետին մասին պատմած են ինծի, անոնց ձայնը կը հնչէ ականջիս մէջ, անոնց արցունքով կը լեցւին աչքերս ու անոնց օրհնութեամբ վերջին աղօթք մը կը մրմնջեմ։
– Եփրա՜տ… լա՛ւ պահէ մեր նահատակներուն աճիւնները, փափուկ տեղ տուր անոնց, մենք անպայման կրկին պիտի գանք, պիտի գանք զանոնք տանելու Վան, Մուշ, Սասուն… տանելու Արեւմտահայաստան, ուր միայն կրնան իրենց վերջին հանգիստը գտնել…