Խմբագրական. Պանք Օթոման եւ խոստումներ (130-ամեակ)

Պանք Օթոմանի գործողութեան 130-ամեակին այժմէական հնչեղութիւն հաղորդելու որեւէ փորձ այսօր ոչ այնքան գործողութեան նախորդած ժամանակահատւածի պայմաններուն, գործողութեան հետապնդած գաղափարական նպատակներուն կամ ընդհանրապէս հետեւանքներուն մասին մտածել կու տայ, որքան դրամատունը գրաւած ազատատենչներուն հետ ռուս եւ եւրոպացի ներկայացուցիչներու վարած բանակցութիւններուն:
Ռուսիոյ եւ Եւրոպայի երկիրներու դիւանագիտական ներկայացուցիչները իրենց շահերէն մեկնած փորձած են դիրքորոշւիլ, բանակցիլ, տարհամոզել եւ ելքեր առաջարկել` խոստումներու տեսքով:
Ա՛յս հանգամանքներէն ամէնէն շատ այսօր լուսարձակի տակ կու գան պատմութեան տարբեր փուլերուն Հայկական հարցին նկատմամբ գերտէրութիւններու շահագրգռւածութեան շարժառիթները, միջամտութիւնները, բանակցութիւնները կամ ընդհանրապէս հարցի շահարկման միտումները:
Ֆրանսացի քաղաքական գործիչ, դիւանագէտ Վիքթոր Պեռարի համաձայն, «վեց ամիս տեւող շարունակական ջարդերէ ետք, երբ Եւրոպան հաւատալ կը ձեւացնէր, թէ հարցը փակւած է, հայերը ուզեցին ցոյց տալ Եւրոպային, որ Հայաստան մը գոյութիւն ունէր, եւ այլեւս թուրք կառավարութիւն գոյութիւն չունէր»: Հաւատալ ձեւացնելը բնորոշիչ է այս ժամանակահատւածի քաղաքականութեան:
Պատմութիւնը կարձանագրէ, որ պետութիւններու դեսպանները եւ դրամատան տնօրէնը` Սըր Էտկար Վենսան ի վերջոյ յաջողեցան շէնքին պարպումը ձեռք բերել, միջամտութիւն մը խոստանալով Հայկական հարցին եւ երաշխաւորելով հայ յեղափոխականներու ազատ մեկնումը: Այստեղ «խոստանալով»-ը եւս կը տեղադրւի նոյն քաղաքականութեան մէջ:
Պատմութեան արձանագրութիւնը կը շարունակւի. Պանք Օթոմանի գրաւման ամէնէն կարեւոր հետեւանքները Ռուսիոյ զինւորական պատրաստութիւնները եղան: Այս դէպքէն ետք Ռուսիա անհրաժեշտ նկատեց զինւորական պատրաստութիւններ տեսնել:
Այս պայմաններուն տակ, իրենց ազգակիցները եւ անոնց շահերը պաշտպանելու համար արեւմտեան պետութեանց միջամտութիւն մը անխուսափելի էր Ռուսիոյ դեսպանի աչքին. միջամտութիւն մը, որ պիտի ստանար միջերկրականեան նաւատորմի թափանցումի ձեւը նեղուցներէն ներս եւ որ Օսմանեան կայսրութեան հաշւեյարդարին ազդանշանը կը սպառնար ըլլալ: Ըստ իրեն, Ռուսիա պէտք չէ ուշանար իր բաժինը վերցնելու եւ պէտք չէ օտար ձեռքերու մէջ ձգէր իր տան բանալին, այսինքն` Վոսփորը:
Դեսպան Նելիտով համոզած էր իր կառավարութիւնը, որպէսզի Սեւ ծովու նաւատորմը զինէ եւ Ղրիմի մէջ սկսի համախմբել ցամաքահանման զօրամաս մը, իր շահերը պաշտպանելու համար այն պարագային, երբ պետութիւնները միջամտէին:
Հարցի աշխարհաքաղաքական սահմաններու հատումին մասին են այս բոլոր վկայութիւնները:
Գործողութիւնը իրականացնողներուն հետ կայացած բանակցութիւններուն ռուսական դեսպանատան թարգման Մաքսիմովը հիմնական դերակատարութիւն ունեցաւ` մէկ կողմէ Սուլթանի կատաղութիւնը սանձելով, իսկ միւս կողմէ բերանացի խոստումներ տալով դրամատունը գրաւած խումբին, որ եւրոպական պետութիւնները հետամուտ պիտի ըլլան բարեկարգումներու ծրագիրի գործադրութեան: Այս ալ ռուս դիւանագիտութեան ներկայացուցիչին բերանացի խոստումը:
Ձեւացնելը, խոստանալը, բնորոշած են թէ՛ եւրոպական, եւ թէ՛ ռուսական կեդրոնները, որոնք հայկական հարցին մօտեցած են իրե՛նց քաղաքականութենէն մեկնելով: Պատմութիւնը նոյնքան ծանօթ է բոլորին, թէ ի՛նչ եղան այդ խոստումները: Յաջորդող ժամանակաշրջանը յատկանշւեցաւ նոր ջարդերով` ռուսական եւ եւրոպական հայեացքներուն ներքոյ:
Պայմանագիրներ, հաղորդուղիներ, անվտանգութեան երաշխիքներ, խաղաղապահ առաքելութիւնները կը յիշեցնեն Պանք Օթոմանի յեղափոխականներուն խոստացւած լուծումները, ձեւացումներն ու բանակցութիւնները:
Մաքսիմովէն Նելիտով, անցնելով Վանսէն հասնելով Բրիւսելի, Վաշինգտոնի թէ Մոսկւայի ներկայացուցիչներ նոյն քաղաքականութիւնն է, որ կը կիրարկւի այսօր: Անվտանգութեան երաշխաւորումները թէ գրաւիչ ներդրումային խոստումները երէկ բանաւոր, այսօր պայմանագրային, ըստ էութեան չեն փոխած միեւնոյն գերտէրութիւններու քաղաքականութիւնը մեր հարցերուն եւ ընդհանրապէս տարածաշրջանին նկատմամբ:
Պանք Օթոմանի բանակցութիւնները 130 տարի ետք, այս հանգամանքներուն մասին կը յուշեն եւ կը թելադրեն աւելի ողջմիտ մօտենալ երաշխիքներուն, առաջարկւող ծրագիրներուն եւ թէկուզ ստորագրւած խոստումներուն:
Ազդակ



