Ադրբեջանի հայատեաց քաղաքականութիւնը եւ «խաղաղութեան» գործիքաւորումը
«Ազատ Օր»-ի խմբագրական

Ադրբեջանի պետական քաղաքականութիւնը Արցախի հարցին շուրջ կարելի չէ ընկալել իբրեւ ներկայ պահու զարգացումներէն թելադրւած վարքագիծ։ Հետեւողական եւ տասնամեակներու վրայ կառուցւած ռազմավարութիւն մըն է, որուն հիմքը կը կազմէ հայատեացութիւնը՝ որպէս պետական գաղափարախօսութիւն, եւ անոր զուգահեռ՝ միջազգային հանրութեան ուղղւած «խաղաղասիրական» կեղծ դիմագիծի մը ամրապնդումը։
Վերջին տարիներուն, Բաքւի բռնապետին կողմէ համակարգւած քաղաքականութիւնը հասած է նոր փուլի մը, ուր ռազմական յաղթանակը կը փորձւի հաստատել քաղաքական վերջնագիրով ու պատմական իրականութեան այլափոխումով։
Հետեւողականօրէն հետապնդւող այս ձեւազեղծումին մէջ պատահական չէ նախ եւ առաջ ԵԱՀԿ-ի Մինսկի խումբի լուծարման որոշումը։ Մինսկի խմբակը, իր բոլոր սահմանափակումներով, կը խորհրդանշէր այն իրողութիւնը, որ Արցախի հարցը լուծւած չէ, եւ որ ան կը վերաբերի ժողովուրդի մը իրաւունքներուն, որ տարածքի մը պատկանելիութենէն անդին, կը հետապնդէր արցախահայութեան հազարամեայ լինելութեան իրաւունքի վերահաստատումը։ Միջազգային ատեանի չեղարկումը կը նշանակէ միջնորդութեան վերջ, այլ նաեւ Ադրբեջանի կողմէ հակամարտութեան պատմական վերաշարադրում՝ ուժի ապահոված արդիւնքը իբրեւ իրաւական փաստ ընդունիլ տալու փորձ։
Ադրբեջանի մէջ կայացած կեղծ դատավարութիւնները եւ անցեալ շաբաթ անոնց հրապարակած դատավճիռները պէտք է դիտարկել այս խորապատկերին մէջ եւս։ Անոնք չեն կրնար ընկալւիլ իբրեւ իրաւական գործընթացներ, այլ որպէս քաղաքական գործիքներ, որոնց նպատակը մէկ է՝ վերաձեւել Արցախի հակամարտութեան բնոյթը։ Ինքնորոշման իրաւունքի վրայ հիմնւած ժողովուրդի պայքարը կը վերածւի «անջատողականութեան», բանակցային գործընթացով ընդունւած քաղաքական ենթական կը դատւի որպէս «յանցագործ խմբակ», իսկ տասնամեակներու ընթացքին ձեւաւորւած միջազգային միջնորդութիւնը կանւանւի անիմաստ միջամտութիւն։ Յստակ է, թէ այս դատավարութիւններն ու անոնց որոշումները նոր «խաղաքարտ» պիտի դառնան՝ Ադրբեջանի կողմէ առաւել շահ կործելու միջազգային դիւանագիտական թատերաբեմին վրայ։
Բաքւի ռազմավարութեան միջազգային ընկալումը նոյնքան ուշագրաւ է։ Խաղաղութեան մրցանակներու, տնտեսական համաժողովներու եւ դիւանագիտական հարթակներու մէջ «խաղաղարար» կերպարի կառուցումը կը ծառայէ Ադրբեջանի կատարած ոճրագործութիւններու պատասխանատւութեան վերացման։
Բաքուն կը փորձէ ստեղծել այն պատկերը, թէ հակամարտութիւնը անցեալի հարց է, իսկ ներկայ փուլը տնտեսական գործակցութեան եւ տարածաշրջանային կայունութիւնը հետապնդող «խաղաղասիրական» գործընթաց մըն է։ Նման բեմագրութիւն կը դիւրացնէ ապահովել միջազգային դերակատարներու քաղաքական լռութիւնը՝ բռնի տեղահանութեան, ռազմագերիներու, մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման եւ վերադարձի իրաւունքը ընդմիշտ վերացնելու նկատմամբ։
Պարտադրաբար ստեղծւած իրավիճակին մէջ առանցքային խնդիր կը մնայ Հայաստանի իշխանութիւններու քաղաքական կեցւածքը։ Երեւանի կողմէ վերջին տարիներուն որդեգրւած քաղաքականութիւնը հիմնականօրէն արձագանգող է, հեռու նախաձեռնող ըլլալու ակնկալութենէն։ Բաքւի կողմէ պարտադրւած օրակարգերը կընդունւին իբրեւ անխուսափելի իրողութիւններ, առանց լիարժէք վիճարկելու անոնց քաղաքական եւ իրաւական հետեւանքները։
Հայաստանի իշխանութիւններուն չկամութիւնը միայն արտաքին քաղաքականութեան թերացում չէ։ Անխուսափելիօրէն, իշխանաւորներու վարքագիծը ունի ներպետական հետեւանքներ՝ պետական ամրապնդման եւ արժէքային համակարգի խաթարում, ազգի պատմական յիշողութեան եւ համազգային իրաւունքներու աստիճանական վերացում։ Պետութիւն մը, որ կը հրաժարի պաշտպանելէ իր ժողովուրդի հաւաքական իրաւունքները, կը սահմանափակէ նաեւ իր սեփական ինքնիշխանութեան քաղաքական բովանդակութիւնը։
Ադրբեջանի հայատեաց քաղաքականութեան եւ անոր «խաղաղասիրական» դիմագիծի ստեղծման դիմաց կարելի է հակազդել միայն քաղաքական համախոհութեան ռազմավարութեամբ։
Քաղաքական նոր ուղի մը, հայութեան ուժերու միաւորումով, որ պէտք չէ հիմնւած ըլլայ զիջողութեան, այլ իրաւունքի, պատմական անվիճելի փաստերու եւ միջազգային պարտաւորութիւններու հետեւողական յիշեցումին վրայ։
Ի վերջոյ, ներկայ իրավիճակը միայն Արցախի հիմնահարցին մասին չէ։ Ան կը վերաբերի Հայաստանի ապագային ու անոր շուրջ ստեղծւած անորոշութեան, առանց անցեալէն դասեր քաղած ըլլալու պատմաքաղաքական իմաստութեան, որ պէտք էր յատկանշեր հայրենի քաղաքական միտքը։
Արդեօք կարելի է՞ ուժով ջնջել ժողովուրդի մը պատմական իրաւունքները եւ ապա «խաղաղութեան» անունով պարտադրել այդ վերացումը։
Այս հարցին պատասխանը այսօր կը փորձւի ձեւաւորել Բաքւի հայատեաց գործողութիւններով, բայց նաեւ Երեւանի եւ միջազգային դերակատարներու լռութեամբ ու քաղաքական համաշունչ ընտրանքներով։
Պատմութիւնը, սակայն, միշտ կը յիշէ ոճրագործները. նա՛եւ անոնց դիմաց լռած ժամանակակիցները։



