Մեր առաջնահերթութիւնները

ԽԱԺԱԿ ՄԿՐՏՉԵԱՆ
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ
ՀՅԴ 35-րդ Ընդհանուր ժողովը աւարտեց իր աշխատանքները: Բայց այդ աւարտը լոկ ռազմավարական ճշգրտումներու աւարտ էր եւ սկիզբ մարտավարական ծրագրաւորումի, աշխատանքի, իրագործումներու եւ մեր ազգին ու հայրենիքին կրած պարտութիւններուն շղթան շրջելու եւ զայն յաղթանակներու շղթայով փոխարինելու յոյս:
Այդ սկիզբն է, որ կրնայ իմաստաւորել որեւէ ժողովի մը աւարտը, իսկ այդ իմաստաւորումը համադաշնակցական պարտաւորութիւն է, որ կրնայ դրսեւորւիլ կազմակերպական կուռ կառուցւածքի, անհրաժեշտ միջոցներու ապահովումի եւ արմատներէն եկած սկզբունքներով զինւած՝ ժամանակակից միտքով դէպի ապագայ նայելու վճռակամութեամբ:
Առաջին այս յօդւածով թւենք այսօրւան ռազմավարական առաջնահերթութիւններուն շարքը, ապա յաջորդական յօդւածներով պիտի անդրադառնանք իւրաքանչիւրին մարտավարական պահանջներուն: Բնականաբար, ռազմավարական առաջնահերթութիւններ ճշտելու տրամաբանութիւնը պիտի բխի մեր առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներէն ու անցեալի սխալները առարկայականօրէն արժեւորելու ունակութենէն:
– Արցախի բռնագրաւումը, հայաթափումը եւ արցախահայութեան նկատմամբ իրագործւած ցեղասպանութիւնը առաջնահերթութիւն կը դարձնեն Հայաստանի մէջ արցախահայութեան հաւաքական կեցութիւնը:
– Արցախահայութեան հաւաքական կեցութիւնը անպայմանօրէն պիտի ունենայ հաւաքական երաշխաւորւած վերադարձի հեռանկար ու նպատակ:
Արցախահայութեան հաւաքական կեցութիւնը եւ երաշխաւորւած վերադարձի իրաւունքի հետապնդումը միայն մէկ մասնիկ են Արցախի ազատագրման սեւեռակէտին:
– Արցախի ազատագրութեան եւ պաշտպանութեան մէջ իրենց անուրանալի աւանդը ունեցած՝ գերեվարւած ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան ու այլ գերիներու կեղծ դատավարութիւնը, լոկ անձերու նկատմամբ ի գործ դրւած ոտնակոխում չէ, այլ ազատ ապրելու կամքն ու վճիռը հարւածելու լկտի փորձ:
Հայաստանի անվտանգութեան ամրապնդումը խիստ կարեւոր երաշխիք է պարտութիւններու շղթան կասեցնելու եւ ապագայ պարտութիւններ կանխելու:
– Հայաստանի հողային ամբողջականութեան վերականգնումը հայոց պետականութեան պահպանման ու հզօրացման առաջին հրամայականն է:
Հայաստանն ու Արցախը տարածաշրջանային դերակատար դարձնելու նպատակի իրագործումը կարելի չէ հակազգային մտայնութեամբ: Ազգային գաղափարախօսութեան ու արժէքներու պաշտպանութիւնը անհրաժեշտ հրամայական է հայկական արեւելում ունեցող ազդու քաղաքականութեան համար:
– Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութիւնը կիսատ ու անբովանդակ կը դառնայ, եթէ Սփիւռքը չդիտւի իբրեւ ռազմավարական լծակ ու գործակից: Անհրաժեշտ է ամրապնդել Սփիւռքի ոչ-ինքնանպատակ ռազմավարական նշանակութիւնն ու ներուժը:
– Հայկական ազգային արեւելումը չի կրնար մեզ առաջնորդել միջազգային քաղաքական մեկուսացման: Այդ արեւելումի թելադրանքը այն է, որ դերակատար երկիրներու հետ պէտք է յարաբերութիւնները խորացնել, ազգային մեր շահերուն ու նպատակներուն հետ համընկնելու չափով:
Ահա այն առաջնահերթութիւնները, որոնք պէտք է հունաւորեն մեր ճամբան եւ որոնք կը կարծենք, թէ կրնան համախմբել ազգային գաղափարախօսութեամբ գործող ու կեղծ արեւելումի օրակարգով չառաջնորդւող հայրենիքի ու Սփիւռքի բոլոր ուժերը: