Դաշնակցական Բեմ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահը աշխարհի նախագահը չէ

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

 

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութիւնը բոլորին ուշադրութիւնը կենտրոնացուցած է իր վրայ: Միացեալ Նահանգներ իրենց ռազմական գերակայութեամբ, տնտեսական ուժով, տոլարին ունեցած դիրքով իբրեւ համաշխարհային ելեւմտական գործողութիւններու տիրապետող միջոց, դարձած են միջազգային քաղաքական ասպարէզին մէջ ուղենիշ որոշող գործօն: Միջազգային ոստիկանութիւն եւ միջազգային դատախազութիւն: Ամերիկացի ժողովուրդի կատարած ընտրութիւնը կը շահագրգռէ աշխարհի շատ պետութիւններ եւ բազմաթիւ աշխարհամասեր: Հոն, ուր տագնապ կայ, Միացեալ Նահանգներ ներկայ են, ուղղակի իրենք կամ իրենց դաշնակիցներուն միջոցով:

Ճի՞շտ է արդեօք, որ ընտրւող նախագահէն կախում ունի այս կամ այն տագնապին լուծումը եւ պատերազմներու աւարտը: Յայտնի է, որ ամերիկացի ընտրող քաղաքացիներու ճնշող մեծամասնութիւնը գաղափար իսկ չունի այդ մահաբեր տագնապներուն մասին: Ամերիկացին իր ընտրութիւնը կը կատարէ տեղական տւեալներէ մեկնելով. աշխատանքի հնարաւորութիւն, նիւթական շահ, ապրանքներու գիներ, սղաճ, բարեկեցութեան բարելաւում եւ այլ նմանատիպ իրողութիւններ: Առաւելագոյնը` քիչ մը ներքին ապահովութիւն եւ վերջերս մտահոգութեան վերածւած սանձարձակ ներգաղթ:

Նախագահի անձնաւորութիւնը կը հետաքրքրէ աւելի շատ արտաքին աշխարհը, քան ներքինը: Ինչո՞վ կը տարբերին իրարմէ Միացեալ Նահանգներու երկու մեծ կուսակցութիւնները, որոնք կը թւի, որ միակն են ամբողջ երկրի տարածքին: Գրեթէ ոչինչով: Կըսեն, որ դեմոկրատականները (Քամալա Հարրիս) աւելի ազատական են, մինչ հանրապետականները (Դոնալդ Թրամփ)` աւելի պահպանողական: Շատ դժւար է, չըսելու համար անկարելի, մէկուն ազատականութեան եւ միւսին պահպանողականութեան միջեւ էական տարբերութիւն նշել: Ով ալ ըլլայ նախագահը, Միացեալ Նահանգներու արտաքին ու ռազմական քաղաքականութիւնը կը հպատակի պետութեան շահերուն վրայ հիմնւած վարքագիծի մը, որ կը սահմանւի «խորքային պետութիւն» կոչւած հիմնարկութեան մը կողմէ: Ճշտւած քաղաքականութեան գործադրութեան ժամանակ, նախագահի անհատականութիւնն ու նախասիրութիւնները կրնան որոշ դեր խաղալ: Այդքան միայն:

Դոնալդ Թրամփ կը հաւաստիացնէ, որ նախագահ ընտրւելու պարագային անմիջականօրէն պիտի դադրեցնէ պատերազմները: Թէ ինչպէ՞ս, ինք միայն գիտէ: Հեռախօսով կը կապւի Արամ Ա կաթողիկոսին ու կը վստահեցնէ, որ զօրավիգ պիտի կանգնի Արցախի գաղթական ժողովուրդին վերադարձի իրաւունքին: Կը մեղադրէ Քամալա Հարրիսը, որ արցախցիներու բռնագաղթը արգիլելու համար քայլերու չէ դիմած: Բայց կը մոռնայ, որ 2020-ի աշնան քառասունչորսօրեայ պատերազմը դադրեցնելու համար ոչինչ ըրած էր եւ յայտարարած` տեսնենք որքան պիտի դիմանայ Հայաստանը:

Քամալա Հարրիս, որ փոխնախագահ է ու գործակից Ջօ Բայդէնի, զգուշացած է հայկական հարցերով որեւէ յայտարարութիւն կատարելէ: Գազայի եւ Լիբանանի գծով կուզէ բախումները դադրեցնել, գերիները ազատագրել, գաղթականները իրենց շրջանները վերադարձնել ու պաղեստինցի ժողովուրդի իրաւունքները ապահովել: Այս բոլորը Բայդէնն ալ ուզած էր, սակայն շարունակած ասոնք ժխտող Իսրայէլի կառավարութեան զօրավիգ կանգնիլ:

Մեր ժողովուրդը կըսէ, որ խօսքով ապուր չեփիր: Խօսքը փուճ է, եթէ անոր չհետեւի համապատասխան գործը: Հայ Դատի Կենտրոնական գրասենեակի հաղորդագրութիւնը յստակօրէն կը բացայայտէ, որ երկու թեկնածուներուն ալ գործունէութիւնը եւ կեցւածքը Հայաստանին, Արցախին ու հայութեան առնչւած հարցերուն գծով գոհացուցիչ չէ եղած: Հայութիւնը ընդհանրապէս, ու ամերիկահայ ընտրողը յատկապէս, մէկը միւսէն աւելի նախընտրելու պատճառ չունի. երկու թեկնածուները Հայաստանով շահագրգռւած են այնքանով, որքանով իրաւազրկւած ու իրաւազրկւող այս երկիրը կրնայ Արեւմուտքի աշխարհաքաղաքական նպատակներուն ծառայել:

Ինչ ալ ըլլայ ընտրութեան արդիւնքը, մենք պէտք չէ կորսնցնենք մեր զգօնութիւնը եւ չմոռնանք, որ մեր բարդ հարցերուն լուծման առաջնորդող հիմնական գործօնը մենք ենք. մենք պիտի որոշենք մեր ուղին, մենք միասնական ու վճռական պիտի քալենք մեր ուղիով:

Ազդակ

Related Articles

Back to top button