ՏԱՒՈՒՇԵԱՆ ՇԱՐԺՈՒՄԷՆ ՍՊԱՍՈՒՄԻ ՃՆՇՈՒՄԸ ԿԸ ԲԱՐՁՐԱՆԱՅ
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Բագրատ Սրբազանին՝ Տաւուշէն սկզբնաւորած շարժումը, որ կը հետապնդէ քանի մը նպատակ, մօտաւորապէս մէկ ամսւան ժամանակամիջոցին կտրեց քանի մը հանգրւան, նորագոյնը՝ 28 Մայիսի պատմական օրը: Օղակները պիտի շարունակւին:
Հիմնական նպատակն է ժողովուրդը զգաստութեան հրաւիրել եւ ցոյց տալ, որ այս իշխանութիւնը բանիւ եւ գործով կը շարունակէ հայրենիքը կորուստէ կորուստ տանելու «յաղթարշաւ»-ը: Հիմա ա՛լ շատ չարծարծւիր «հիները տւած են, հիները համաձայնած են» ու նման ցնդաբանութիւններ, որդեգրւած է նոր գիւտ մը. Ադրբեջանին ըստ էութեան նւէր տրւող հողերը «արդէն Ադրբեջանին կը պատկանէին»: Նոյն «տրամաբանութեամբ» Արցախը տրւեցաւ Ադրբեջանին, հիմա կարգը եկած է տաւուշեան սահմանային գիւղերուն, վաղւան ցանկին վրայ են «կղզեակները», իսկ աւելի ուշ՝ մինչեւ իսկ… Երեւանն ու Գիւմրին, իբրեւ լրացում՝ «Զանգեզուրի անցք»-ին:
Շարժումը առաջնորդողները կահազանգեն, որ եթէ այս վարչախումբին վնասարար ընթացքը չկասեցւի, հայրենիք ու պետականութիւն պիտի կորսնցնենք, եւ սակայն, կայ զանգւած մը, որ կը մնայ անտարբեր, կը սպասէ, որ ազերիին քարտէզագրութիւնը բախէ իր սեփական դուռը: Անտարբերը չի տեսներ, չուզեր տեսնել, որ երէկ, Տաւուշէն յանձնւած գիւղերուն ԽԱԲՒԱ՜Ծ բնակիչները հրոյ ճարակ դարձուցին իրենց բնակարաններն ու ստացւածքները, որպէսզի անոնք չանցնին ազերիներու ձեռքը: Նոյնը ըրած էին արցախցիք՝ Աղաւնոյի, Բերձորի, Քարվաճառի եւ այլ աւաններու մէջ, նոյնը ըրած էին սիւնեցիք, վաղը նոյն ճակատագիրը կը սպասէ այլ շէներու:
Այս փաստերն ու ճշմարտութիւնները տեսնողը ալիք առ ալիք կը միանայ Տաւուշէն սկսած ու հայրենիքի փրկութեան ձգտող շարժումին: Մեծ հանրահաւաքներէն ետք, հայրենապաշտպանութեան գործը կը շարունակւի բողոքի խաղաղ ցոյցերով, փողոցներ փակելով ու նման՝ ոչ բիրտ միջոցներով: Իշխանութիւնը, հաւատարիմ իր վարքագիծին, ամենայն բրտութեամբ կը փորձէ ճնշել ու խորտակել իրերայաջորդ ալիքները: Բազմահարիւր ցուցարարներ կը ձերբակալւին, ծեծի կենթարկւին, իբրեւ ապացոյց՝ «ժողովրդարութեան պասթիոն» Հայաստանին, մինչեւ իսկ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին ու հոգեւորականներու «գունդ»-ին դիմաց արգելք կը դրուի Սարդարապատի յուշահամալիր մտնելու եւ Մայիս 28-ի կերտիչներուն յիշատակը ոգեկոչելու…: Եւ սակայն, արդարութեան ձայնը չի՛ մարիր, պիտի չմարի, մինչեւ վախճանական նպատակը՝ մինչեւ այս վարչախումբին վտարումը իշխանութեան ղեկէն:
***
Երբ այս շարժումը սկիզբ առաւ, կար ընդհանուր թերահաւատութիւն մը, թէ՝ այս ալիքն ալ պիտի անցնի ապարդիւն, թէ՝ «Զարթիր լաօ»-ին եւ յաջորդած ալիքներուն համահունչ ա՛յս ծառացումն ալ պիտի մարի շուտով: Թերահաւատութիւնը ըստ բաւականին փարատած է հիմա, «Լաօ»-ն ապացուցած է, որ արթնցած է, բողոքի իր ձայնը բարձրացնելով՝ առաջին հերթին կաշխատի զգաստութեան հրաւիրել իշխանախումբը, որ սակայն կը յամառի չանսալ ժողովուրդի կոչին, աւելին, չի վարանիր բանիւ եւ գործով բախումներ ստեղծել: Բողոքողները բաւարար իմաստութիւն ունին չտարւելու իշխանաւորներու այս ու նման սադրանքներով:
Խորքին մէջ, «անհաւասար» հակամարտութիւն մը տեղի կունենայ Հայաստանի մէջ եւ արձագանգները կը տարածւին հայրենիքի սահմաններէն անդին: Անհաւասար-ը ունի երկու երես. մէկ կողմէ, կայ «ամենազօր» իշխանախումբը, որ բազմահազար ոստիկաններով կը հալածէ ու բռնարարքներու կենթարկէ անզէն, խաղաղ ցուցարարները, որոնք կարծէք թէ կը հետեւին «մէկ երեսիդ զարնողին՝ միւս երեսդ դարձուր» պատգամին (չմոռնանք, որ առաջնորդողը Քրիստոսի մէկ աշխակերտն է): Այս իմաստով, ուժերը անհաւասար են գետնի վրայ, իշխանաւորներն են հզօրը: Կայ, սակայն, միւս երեսը: Ժողովուրդին զայրոյթը կը կուտակուի օրէ օր եւ վաղը պիտի գտնէ «վերջին շիւղը, որ կը կոտրէ ուղտին կռնակը»: Այս իմաստով՝ ժողովուրդն է հզօրը, որուն պիտի պատկանի, պէ՛տք է պատկանի վերջին յաղթանակը:
Սպասողական վիճակը կերկարաձգւի: Շարժումին առաջնորդը կը յորդորէ հետեւորդները՝ գօտեպնդւելու եւ զինւելու համբերութեամբ, յայտարարելով, որ բողոքի ալիքը քայլ առ քայլ յառաջ պիտի շարժի եւ հասնի նպատակին՝ ճշմարտութեան յաղթանակին: Պէտք է տեսնել, սակայն, որ համբերութեան բաժակը գրեթէ լեցւած է եւ պէտք է օր առաջ կառքը հասցնել վախճանակէտին:
***
Այս տողերուն նպատակը՝ շարժումին ընթացքը քննարկել չէ, ո՛չ ալ մանաւանդ՝ քննադատութիւններ նետել (ինչպէս կըլլան աջէն-ձախէն): Այլ պարզապէս կուզենք ըսել, որ համբերութեան պարանը կարճ է, իսկ սկսւած շարժումը կը կարօտի որակական ու քանակական ծաւալումի:
Ի՞նչ կը հասնկնանք որակական եւ քանակական ծաւալում ըսելով:
Նորութիւն ըսած պիտի չըլլանք, եթէ նշենք, որ բողոքի ալիքին միացողներուն թիւի յաւելումը ամէնէն կարեւոր ազդակներէն մէկը պիտի ըլլայ՝ սպասւած բարեշրջումը իրականացնելու համար: Ցարդ հաւաքներն ու քայլերթները սահմանափակւած են Երեւանով (իսկ Մայիսի 28-ին, Սարդարապատի մէջ եղածը աւանդական ուխտագնացութիւն էր, ապա, երեկոյեան, ինքնաշարժներու ճչակներով երթը ձայն բարձրացնելու այլ ձեւ): Թէեւ երկու անգամ կարելի եղաւ հրապարակը յորդեցնող գիտակից բազմութիւն մը հաւաքագրել, սակայն ջրբաժանին սպասման ճնշումը կը բարձրանայ: Գիտակից (ո՛չ խելագարած) զանգուածին սպասումը արդար է, որովհետեւ մարդիկ բաց աչքերով կը տեսնեն, որ իշխանախումբին երկրի ղեկին մնալը ժամ առ ժամ նոր վնասներ կը պատճառէ բոլոր գիծերուն վրայ: Նոր հողերու կորուստը վերահաս է. մինչեւ իսկ իշխանութեան համակիրներ սկսած են տեսնել – եթէ տեսնելու կարողութիւնը անդառնալիօրէն չեն կորսնցուցած – թէ «ընտրեալ»-ին քուէ չէին տւած, որպէսզի հայրենիքը նւիրէ Ադրբեջանին, մոռնայ Արցախը, քաղաքական բանտարկեալներն ու գերիները, ալ ի՜նչ խօսք՝ երկրի տնտեսական ու ընկերային վիճակներուն քայքայումին մասին: Հետեւաբար, սպասելի է, որ բողոքի ալիքը չմնայ Երեւանի մէջ, զուգահեռաբար բազմամարդ հաւաքներ տեղի ունենան միւս մեծ քաղաքներուն մէջ, երկրին անդամալուծուումը (գոնէ քանի մը օրով) ըլլայ աւելի՛ համատարած, որպէսզի իշխանութիւնը պաշտնապող ոստկիկանները գործնապէս անկարողութեան մատնւին: Ի վերջոյ, կարելի՞ է բազմահազար քաղաքացիներ ձերբակալել եւ ոստիկանատուները լեցնել…: Սա նաեւ զգաստութեան գործնական հրաւէր պիտի ըլլայ ոստիկաններուն:
Իսկ որակական ըսելով՝ ի մտի ունինք ազդեցիկ քարոզչութեան ծաւալումը: Այս շարժումը ցարդ բաւարար, գոհացուցիչ արձագանգ չէ գտած արտաքին շրջանակներու մէջ*): Ամէն մարդ դժգոհ է, որովհետեւ բարեկամ երկիրներու դիւանագիտական ներկայացուցչութիւնները «կրաւորական» եւ «անտարբեր» են շարժումին նկատմամբ, հազար ու մէկ մեկնաբանութիւն կըլլայ քաղաքական դրդապատճառներուն մասին: Շարժումին ղեկավարութիւնը պէտք է պահը հասած նկատէ, որպէսզի ձեւը գտնէ փոթորիկ ստեղծելու արտաքին ոլորտին մէջ (փոթորիկը աւերիչ կամ ինքնանպատակ պիտի չըլլայ, այլ իր յայտարարած նպատակներուն նպաստ բերող հոսանքներու, արձագանգներու յառաջացում): Վստահաբար մտածող եղած է որ պահանջները բովանդակող գիրեր հասցւին դեսպանատուներ եւ միջազգային այլ կառոյցներ: Ազդու եւ արդիւնաբեր քարոզչութեան միջոցները անսպառ են, պէտք է գործի լծել բոլոր ձեռքերը, անվերապահ գործակցութիւն ստեղծել մասնաւորաբար Հայաստան-Սփիւռք գիծերու վրայ:
***
Անցեալ շաբաթավերջին, Լորիի եւ Տաւուշի գետափնեայ գիւղերն ու աւանները պատուհասած բնական աղէտը՝ ողողումները, ահաւոր վնասներ պատճառեցին: Ունեցանք մարդկային եւ նիւթական անհաշւելի կորուստներ: Վարչապետ կոչեցեալը յայտնապէս բաւարար նկատած է աղէտեալ շրջաններ «ամբոխահաճ» շրջապտոյտը՝ քանի մը «ուսապարկ»-ի ընկերակցութեամբ: Իշխանութիւնները այս անգամ ալ խոստումներ շռայլած են, եւ սակայն, աղէտէն 2-3 օր ետք, մեկուսացած շրջանները կը մնան անօգնական, բնակիչներուն «աչքը ջուր» կտրած է պետական օժանդակութիւններու սպասումով…
Վաղը, այս կամ այն ձեւով, մարդիկ իրենց «գլխուն ճարին պիտի նային»: Աղէտահար շրջաններու բնակիչները գիտեն, որ բռնագաղթւած արցախցիները ինչպիսի՛ վերաբերմունք գտած են Երեւանի իշխանաւորներուն կողմէ, անոնց տրամադրւածը՝ կիսատ-պռատ օգնութենէ անդին չէ անցած: Այսուհանդերձ, բնական աղէտին հետեւանքները կամաց-կամաց պիտի դարմանուին, ամէնէն ծանրը պիտի մնայ զոհերուն առթած կսկիծը:
Սակայն միւս կորուստները, այսինքն՝ համաթուրանականութեան կառքին լծւած իշխանախումբին պատճառած վնասները ահաւոր են, անմիջական ապագային դարման չի տեսնւիր, մինչեւ իսկ եթէ սպասւած իշխանափոխութիւնը իրականանայ անմիջապէս:
Ահա թէ ինչո՛ւ արդար է ճնշումին բարձրացումը: Ահա թէ ինչո՛ւ պէտք է անյապաղ ընդարձակել արդարատենչութեան եւ հայրենապաշտպանութեան շարժումին հորիզոնները:
28 մայիսի 2024 թ.
(*) Միջազգային լրատու աղբիւներ անցեալ շաբաթ հաղորդեցին, որ «Ադրբեջան վերստացած է» հայկական չորս գիւղեր: Ադրբեջանի բառամթերքն էր «վերստանալ»-ը: Փաշինեան եւս «վերստանալու» ակնարկութիւն կատարեց, յայտնապէս ինքզինք դասելով… ազերիական ճակատին մէջ: