Դաշնակցական Բեմ

Միջազգային Իրաւունքի Մահը

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

 

Համաշխարհային Բ. պատերազմի աւարտին յաղթական դաշնակիցները ստեղծեցին Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւնը (ՄԱԿ) իբրեւ վայր մը, ուր պէտք է լուծւէին ազգամիջեան տագնապները, պատերազմները բացառւէին եւ տարակարծութիւնները վերանային խաղաղ բանակցութիւններու ճամբով: ՄԱԿ-ի 1945 յունիսին ստորագրւած Ուխտագիրը դարձաւ հիմնաքարը միջազգային օրէնքին. անոր վրայ աւելցան բազմաթիւ այլ միջազգային օրէնքներ, հաստատւած ՄԱԿ-ի ընդհանուր համագումարին կողմէ:

Ի՞նչ կը տեսնենք ՄԱԿ-ի հիմնադրութենէն ութսուն տարիներ ետք: Պատերազմները չեն դադրած, տարակարծութիւնները աւելցած են, խաղաղ բանակցութիւններով հարցեր լուծելու դէպքերը հազւագիւտ դարձած: Աւելի քան երբեք, աշխարհի բոլոր ցամաքամասերուն վրայ կը յայտնւին տագնապի բոյներ, որոնց մարումին համար ՄԱԿ-ը անկարողութեան կը մատնւի: Անկարողութեան պատճառը միայն ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ հինգ մնայուն անդամ երկիրներու (Միացեալ Նահանգներ, Ռուսիա, Չինաստան, Մեծն Բրիտանիա եւ Ֆրանսիա) վետոյի իրաւունքը չէ: Իսկական պատճառը համաշխարհային պատերազմէն ետք ազդեցութեան գօտիներու փոփոխութիւնն է, աշխարհի բազմաբեւեռ ղեկավարման մերժումը կարգ մը մեծ տէրութիւններու կողմէ: 51 պետութիւններով ստեղծւած ՄԱԿ-ը այժմ կը հաշւէ 193 անդամ պետութիւններ, որոնք սկզբունքով ինքնիշխան են եւ անկախ, ՄԱԿ-ի Ուխտագիրին համաձայն ունին հաւասար իրաւունքներ եւ պարտաւորութիւններ: Այս սկզբունքը կ՛ենթադրէ ազդեցութեան գօտիներու չգոյութիւնը եւ անխտիր բոլոր երկիրներուն, մեծ ու փոքր, գերիշխանութեան յարգումը:

Գերիշխանութիւններու յարգումին մերժումը կ՛առաջնորդէ տագնապներու բռնկումին: Տնտեսապէս զօրացած երկիրներ, ոմանք կորսնցուցած իրենց երբեմնի գաղութները, ոչ միայն իրենց արտադրութիւններուն համար շուկաներ կը փնտռեն, այլեւ ազգային անվտանգութեան պաշտպանութեան անհրաժեշտութիւն կը յօրինեն, իրենց սահմաններէն հազարաւոր կիլոմետրներով հեռաւոր երկիրներու մէջ: Նման արարքներու կը տրւին պատշաճ պատճառաբանութիւններ, ինչպէս` յարգում մարդկային իրաւունքներու, փոքրամասնութիւններու պաշտպանութիւն, ժողովրդավարութեան հաստատում, նոյնիսկ` համաշխարհային խաղաղութեան պահպանում:

Միջազգային իրաւունքը դադրած է գործելէ: Այժմ կը գործէ զօրաւորին իրաւունքը: ՄԱԿ-ի անդամներուն իրաւահաւասարութենէն նշոյլ չէ մնացած: Ինչպէս Համաշխարհային Ա. պատերազմէն ետք ստեղծւած Ազգերու համադաշնակցութիւնը, նոյնպէս Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւնը վերածւած է անզօրութեան դատապարտւած խօսարանի մը: Լուծումներ կը գտնւին, համաձայնութիւններ կը հրապարակւին, դաշնագիրներ կը կնքւին ՄԱԿ-ի սկզբունքներու ոտնահարումով, այսինքն` ուժեղին կամքին բռնի կատարումով:

ՄԱԿ-ը ստեղծւած էր համաշխարհային գետնի վրայ յառաջացնելու արդարութեան վրայ հիմնւած խաղաղութիւն: Համաշխարհային ահաւոր աղէտի մը ազդեցութեան տակ հռչակւած խաղաղարար ազնիւ նպատակներով սկզբունքները շուտով տեղի տւին տիրապետելու ախորժակներուն դիմաց: Նախկին ժամանակներու նման կայսրութիւններ չեն ստեղծւիր, հեռաւոր գաղութներ չեն նւաճւիր. այժմ ճնշումներու միջոցով ազդեցութեան գօտիներ կը յառաջանան, ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու նիւթական մատակարարմամբ ամբողջ հաւաքականութիւններ կը ստրկացւին, իշխանափոխութիւններ կը կատարւին: Եթէ «խաղաղ միջոցները ապարդիւն մնան, ի հարկին կը դիմուի բիրտ միջոցներու, աւերումի, պատերազմի:

Ընթերցողը չծանրաբեռնելու համար տագնապներու, աղէտներու եւ պատերազմներու թւումով, խուսափեցայ օրինակներ տալէ: Ամէնօրեայ լրահոսը լեցուն է այդ օրինակներով: Քաղաքական հարցերու խորագէտ ըլլալու կարիք ալ չկայ տեսնելու համար, որ աշխարհը կ՛եռայ տագնապներով: Առաջարկւած լուծումները, երբեմն նոյնիսկ կայացած համաձայնութիւնները նոր տագնապներու սերմեր կը պարունակեն: Արդարութեան գաղափարը այլեւս քաղաքական հակամարտութիւններու լուծման սկզբունք չէ: Կացութիւն մը կը ստեղծւի այս կամ այն միջոցով, ապա կատարւած իրողութիւնը վաւերացնելու պարտադրանքը հրամայական կը դառնայ:

Սկզբունքով հաւասարազօր պետութիւններու անտառին մէջ դժնդակ է փոքր պետութիւններու կացութիւնը: Իրենց անկախութիւնը պահպանելու համար անոնք պէտք է խուսանաւեն անարդար աշխարհի խութերուն միջեւ: Այս կամ այն մեծ տէրութեան հաւատարմութիւնը երաշխիք չի հանդիսանար, եթէ ատիկա մեծ տէրութեան այս րոպէական շահերուն չի համապատասխաներ: Չէզոքութիւնն ալ լուծում չէ, եթէ չէ համեմւած ազգային շահերու գիտակցութեամբ եւ այդ շահերը պաշտպանելու անկոտրում կամքով:

Ազդակ

Related Articles

Back to top button