ՆՈՅՆ ՍՏՈՐԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ
Քանի մը դրւագ՝ աշխարհի տարբեր շրջաններէն, որոնց տակ կերեւին նոյն ստորագրութիւնը, նոյն հրէշին ականջները:
Ա. Ամերիկեան համալսարաններու մէջ, իսրայէլեան իշխանութիւններուն կողմէ պաղեստինցիներու սպանդը, ցեղասպանութի՛ւնը դատապարտող, ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆ պահանջող ուասնողներ ոստիկանական բիրտ ուժի դիմաց տեղի տւին եւ դուրս քշւեցան ցոյցի վայրերէն, բայց չպարտւեցան: Ցոյցերը սկսած էին խաղաղ, շարունակւեցան խաղաղ, մինչեւ որ… հակացոյցի անւան տակ, իսրայէլեան դրօշակ պարզած խռովարարներ պատճառ դարձան բախումներու եւ վայրագութեանց: Ոստիկանները, կարգ-կանոն հաստատելու պատճառաբանութեամբ, գործի անցան արդարութիւն պահանջողներո՛ւն դէմ, որովհետեւ Սպիտակ տան պետն ալ (որուն մտային կարողութիւններուն նօսրացման մասին զրոյցները կը բազմանան) յայտարարեց, որ «հակասեմականութիւն ընդունելի չէ»: Արդեօք պաղեստինցիք կամ առհասարակ արաբները սեմական չե՞սն, դեղի՞ն կամ կարմի՞ր ցեղերու կը պատկանին…:
Բ. Տաւուշի սահմանամերձ գիւղերու բնակիչները անընդունելի կը գտնեն իրենց պապենական բնակավայրերը, դարաւոր հայրենիքէն նոր հատւածներ Ադրբեջանին նւէր տալու Նիկոլ Փաշինեանի պատճառաբանութիւնները, բողոքի ելած են, որպէսզի ցոյց տան վարչապետ կոչեցեալին տեսութիւններուն սնանկութիւնը, անհիմն ըլլալը: Ոստիկանական ուժեր բիրտ ուժի կը դիմեն եւ կաշխատին պարտութեան մատնել պահանջատէր, իրաւատէր ժողովուրդը: Մարդիկ սկսած են կասկածիլ, թէ ոստիկանները հայախօս ազերիներ են, որոնք կը գործադրեն բացարձակապէս Ադրբեջանի շահերուն ծառայող վարչախումբին հրամանները: Տաւուշցիք չեն պարտւած, վճռած են չպարտուիլ եւ ցոյց տալ, որ իրենց պահանջատիրութիւնը միայն իրենց շրջանով չէ սահմանափակւած, որովհետեւ Տաւուշը Հայաստանի մէկ մանրանկարն է, ինչպէս որ էր Արցախը՝ մինչեւ երէկ…
Գ. Վրաստանի խորհրդարանը որդեգրեց ըստ էութեան՝ օտարներուն ծառայութիւնը ընողները հակակշիռի տակ պահելու կոչւած ու կառավարութեան կողմէ մշակւած օրէնք մը, որ հաշտ աչքով չի դիտւիր Արեւմուտքին կողմէ: Օրէնքին ընդդիմացողները սկսան քարոզել, որ սա ռուսական արեւելում ցոյց տւող բանաձեւ մըն է եւ մայրաքաղաքը վերածեցին ցոյցերու բեմի: Չմտնենք երկար մեկնաբանութիւններու մէջ, այլ կենտրոնանանք արձագանգներուն վրայ: Արեւմտեան աշխարհը, իր քաղաքական եւ մամլոյ-քարոզչական մեքենաներով, լայն արձագանգ եւ զօրավիգ կը հանդիսանայ իշխանութեան դէմ ցոյցերուն, կը պահանջէ օրէնքին չեղարկումը: Ինչո՞ւ, քանզի անոր մէջ կը տեսնէ «ռուսերուն ի նպաստ բոյր» մը: Հայաստանի մէջ, իշխանութեան մեքենաները աղաղակող բռնարարքներ կը գործադրեն, ժողովրդավարութիւնն ու արդարութիւնը ամէն քայլափոխի ոստատակ կըլլայ, սակայն «քաղաքակի՜րթ եւ ժողովրդավարութեան դրօշակի՜ր» Արեւմուտքը կոյր ու խուլ կը մնայ: Ընդդիմադիր երեսփոխանները բազում խաղքութիւնները ցուցահանող յուշագիր կը յղեն արեւմուտքցի դեսպաններու: նմանապէս ո՛չ մէկ շօշափելի արձագանգ: Ինչո՞ւ, որովհետեւ իշխանախումբը քայլ առ քայլ կը հետեւի իր թելադրած՝ հակառուս վարքագիծին: Մեր նպատակը Ռուսիոյ ի նպաստ կամ անոր դէմ դիրքորոշուելու ընտրանքները քննարկել չէ, այլ ԲԱՆ ՄԸ ցուցահանել:
Դ. Ուկրանիոյ քանդումը կը շարունակուի աւելի քան երկու տարի եւ երկու ամիսէ ի վեր: Արեւմուտքը հսկայածաւալ զէնք եւ նիւթական օժանդակութիւն կը հոսեցնէ դէպի Ուկրանիա, որովհետեւ ան ալ լիարժէքօրէն լծւած է հակառուս արշաւին: Հայաստանի նոյնիմաստ պատրաստակամութիւնը հազիւ թէ փշրանքներու արժանի կը դարձնէ մեր հայրենիքը. յստակօրէն կըսեն մեզի, թէ իրենց նպատակը ո՛չ Հայաստանը պաշտպանելն է Թուրքիոյ եւ Ադրբեջանի դէմ (զարմանալի պիտի ըլլար՝ եթէ նման բան մտածէին, այսինքն՝ Հայաստանը պաշտպանել իրենց… դաշնակիցին եւ շահակիցին դէմ), այլ հիմնական նպատակն է «ռուսերուն ոտքը կտրել Կովկասէն», ի՛նչ գին ալ վճարելու ըլլայ Հայաստան (Ուկրանիոյ վճարածին հաշիւները կը ծանրանան օրէ օր): Չէ՜, չեն մոռնար մեզի զինական օժանդակութիւն խոստանալ: Կայ «ոչ-մահացու զէնք»-ի խոստումը, քանի մը հատ ալ՝ ցուցարարները ճնշելու համար օգտագործելի զրահապատ կառք: Չմոռնանք… հեռադիտակներով օժտւած դէտերը:
Ե. Իսրայէլ կը շարունակէ պաղեստինցիները ջարդել, Նեթանիահու կը սպառնայ հիմնայատակ կործանել նաեւ Ռաֆահը, որ ապաստարան դարձած է բազմահազար գաղթականներու, անտուն մնացած կազացիներու: Վաշինգտոն իբրեւ թէ զգուշացման կոչ կընէ Նեթանիահուի, միւս կողմէ, օժանդակութեան նոր ծրարներ կը քւէարկուին խորհրդարանին մէջ (նաեւ ի նպաստ Ուկրանիոյ եւ Տայւանի, այդ ալ այն պահուն, երբ Բլինքէն Չինաստան գացեր է, պահանջելու որ – չծիծաղի՜ք – Չինաստան չնպաստէ Ռուսիոյ…): Նեթանիահու անպատիժ ու անսանձելի կը մնայ, ինչպէս որ անպատիժ են ու անսանձելի՝ Թուրքիա եւ անոր կրտսեր եղբայրը՝ Ադրբեջան:
***
Այս սիւնակը խորագրեցինք «Նոյն ստորագրութիւնը»: Կրնանք նմանօրինակ դրւագներու ցանկը երկարել: Ընթերցողս վստա՛հաբար հասկցած է, թէ ինչու նոյն խորագիրին տակ հաւաքեցինք այս դրւագները:
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
4 մայիսի 2024