ԳաղափարականՍփիւռք

ՀՅԴ 134-ամեակի հանդիսաւոր տօնակատարութիւն՝ Լիբանանի մէջ

134 տարեկան միշտ երիտասարդ ու պատնէշի վրայ գտնւող Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Լիբանանի կառոյցը երէկ` ուրբաթ, 31 յունւարի 2025-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Հապթուր» պանդոկի «Էմիրէյց» սրահին մէջ մեծ շուքով տօնեց կուսակցութեան հիմնադրութեան 134-ամեակը` «134 տարիներու անսահման զոհողութիւն» խորագիրը կրող հանդիսութեամբ:

ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին առաջնորդութեամբ եւ Լիբանանի, Հայաստանի, Արցախի եւ ՀՅԴ-ի դրօշակակիր պատանիներու ու ԼԵՄ-ականներու մուտքով ընթացք առած հանդիսութիւնը պաշտօնապէս բացւեցաւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներով:

Մէկ վայրկեան լռութեամբ նահատակ ու մահացած դաշնակցականներուն յիշատակը յարգելէ ետք բացման խօսքը արտասանեց Կարէն Պոյաճեան:

Ողջոյնի ու սրտի խօսք արտասանեց Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան:

Ապա խօսք առաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կենտրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի:

ՀՅԴ Բիւրոյին խօսքը փոխանցեց Յովսէփ Տէր Գէորգեան:

Աւարտին կատարւեցաւ պատանիներու խոստման արարողութիւն:

Գեղարւեստական բաժինին իրենց մասնակցութիւնը բերին «Համազգային»-ի «Գուսան» երգչախումբը եւ Սուրէն Աճեմեան:

Հանդիսութեան ընթացքին ցուցադրւեցան տեսերիզներ` Լիբանանի մէջ ՀՅԴ-ի պատմութիւնը եւ 2024 տարւան ընթացքին գաղութային տարբեր միութիւններու աշխատանքները ներկայացնող:

Related Articles

Back to top button