Հ.Մ.Ը.Մ.-ի հանրային կապերու մարմինին կազմակերպութեամբ՝ հանդիպում-ընդունելութիւն հայրենի լրատւամիջոցներու ներկայացուցիչներու համար
Հ.Մ.Ը.Մ.-ի միջդիւանական 11-րդ խորհրդաժողովի մասնակցութեան համար Երեւան ժամանած Հ.Մ.Ը.Մ.-ի աշխարհասփիւռ շրջաններու պատասխանատուներու ներկայութենէն օգտւելով, ուրբաթ, նոյեմբերի 15-ի երեկոյեան ժամը 7-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կենտրոնական վարչութեան հանրային կապերու մարմինը ծանօթացման հանդիպում-ընդունելութիւն մը կազմակերպեց հայրենի լրատւամիջոցներու ներկայացուցիչներու համար։ Հանդիպումը նպակատադրեց 106-ամեայ Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր միութիւնը եւ անոր 35-ամեայ հայաստանեան կազմակերպութիւնը՝ Հ.Մ.Ը.Մ.-ՀԱՍԿ-ը մօտէն ծանօթացնել հայրենի բանաւոր, գրաւոր թէ էլեկտրոնային մամուլին եւ փոխադարձ կապեր հաստատել Հ.Մ.Ը.Մ.-ի մեծ ընտանիքի անդամներուն եւ մամլոյ ներկայացուցիչներուն միջեւ։
Հանդիպում-ընդունելութիւնը տեղի ունեցաւ «Քոնկրէս» հիւրանոցին մէջ, ներկայութեամբ 15 լրատւամիջոցներու ներկայացուցիչներու, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կենտրոնական վարչութեան անդամներու եւ միջդիւանական 11-րդ խորհրդաժողովի մասնակիցներու։
Հանդիպումին կազմակերպիչ մարմինին անունով ներկաները ողջունեց եւ կարճ տեսանիւթով մը Հ.Մ.Ը.Մ.-ի հանրային կապերու համակարգը ներկայացուց Նժդեհ Մկրտիչեան։ Ան իր խօսքին մէջ նշեց, որ սովորականէն տարբեր հաւաք մըն է այս մէկը, որովհետեւ այստեղ հաւաքւած՝ ոչ-աշխատանքային հանդիպում մը կիրականացնենք՝ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի հիմնադրութեան նպատակները ծանօթացնելու եւ առաքելութեան գլխաւոր առաջադրանքները պարզելու համար։ Հանդիպումը առիթ մըն է 106-ամեայ այս միութեան զանազան շրջաններու աշխատանքներու ծանօթացման եւ փոխադարձ գործակցութեան կապերու հաստատման։
Ապա, խօսք առաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ՀԱՍԿ-ի ատենապետ եղբ. Արթիւր Մկրտչեան։ Ան ներկայացուց Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Հայաստանի մէջ վերընձիւղման պատմականը, շեշտելով, որ Հ.Մ.Ը.Մ. Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան օրերուն ունեցաւ կարճատեւ, սակայն երախտաշատ գործունէութիւն, ապա՝ 70 տարւան տարագրութենէ ետք, ան հայրենիքի մէջ վերընձիւղւեցաւ 2 դեկտեմբերի 1989-ին, երբ տակաւին Հայաստան անկախ չէր։
Այսօր, Հ.Մ.Ը.Մ.-ՀԱՍԿ-ը 35 տարեկան է,- հաստատեց Մկրտչեան-, յիշեցնելով որ 1996 թւականէն ի վեր, իբրեւ Հայաստանի Ազգային Սկաուտական կազմակերպութիւն (Հ.Ա.Ս.Կ.), Հ.Մ.Ը.Մ. հայրենի սկաուտութիւնը կը ներկայացնէ Համաշխարհային Սկաուտական շարժումին մօտ։
Եղբ. Մկրտչեան նշեց, որ իբրեւ սկաուտական շարժում, Հ.Մ.Ը.Մ.-ՀԱՍԿ կը նպատակադրէ պատրաստել կիրթ, ազնիւ, բնապահպան, ազգասէր ու հայրենասէր սերունդ մը, որ ըլլայ տէր ու պահապան մարդկային արժանիքներու եւ ազգային արժէքներու։
Այնուհետեւ ցուցադրւեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի գործունէութիւնը եւ պատմական երթը ծանօթացնող տեսանիւթ մը։
Հանդիպում-ընդունելութեան վերջին խօսքը արտասանեց Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կենտրոնական վարչութեան անդամ եւ հանրային կապերու պատասխանատու եղբ. Վիգէն Աւագեան։ Ան անդրադարձաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի եզակի միութիւն մը ըլլալու հանգամանքին, դիտել տալով որ՝
ա. Հ.Մ.Ը.Մ.-ի գործունէութեան վրայ արեւը մար չի մտներ։ Ան կը գործէ աշխարհի հինգ ցամաքամասերու 26 երկիրներու 115 քաղաքներու մէջ։
բ. Ունի 106 տարւան պատմութիւն ու աւանդ։ Նորանկախ Հայաստանի հնագոյն պատանեկան-երիտասարդական միութիւնն է, որ հիմնւած է նախքան անկախութեան հռչակումը եւ այսօր 35 տարիէ ունի անընդմէջ գործունէութիւն։
գ. Ունի տարբեր միջավայրերու մէջ գործելու փորձառութիւն (Պոլսոյ թաղերէն Գիւմրիի որբանոցները, սփիւռքեան հիւղաւաններէն արեւմտեան հսկայական քաղաքներ, հասնելու համար մայրաքաղաքներ Ստեփանակերտ, Երեւան, Թիֆլիս, Մոսկւա եւ այլուր)։
դ. Ունի կամաւոր սկզբունքով գործելու իւրայատկութիւն։
ե. Ունի երեք ճիւղով՝ սկաուտական, մարզական եւ վարչական աշխատանքներու ճամբով սերունդ կերտելու առաքելութիւն։
զ. Ունի միջազգային ճանաչում (Համաշխահարհային Սկաուտական շարժումին մօտ) եւ մեծ վարկ ու հեղինակութիւն (գործող երկիրներու սկաուտական եւ մարզական ֆեդերասիոններուն եւ տեղական շրջանակներուն մօտ)։
Ապա, իր խօսքը ներկայ հիւրերուն ուղղելով, եղբ. Աւագեան յայտնեց, որ Հ.Մ.Ը.Մ. եւ զանգւածային լրատւամիջոցներ նոյն գործը կը կատարեն տարբեր միջոցներով։ Երկուքն ալ կը զբաղին քաղաքացիական դաստիարակութիւն ճամբելու եւ գիտակցական մտածողութիւն կերտելու աշխատանքով։ Երկունքն ալ սերունդ ու միտք կը պատրաստեն, հետեւաբար ան կենսական նկատեց երկուքին գործակցութիւնը, մէկ կողմէ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի աշխատանքներուն արձագանգումի կարելիութիւնները ընդլայնելու, իսկ միւս կողմէ լրատւամիջոցներու աշխատանքին շահագրգռութեան ծիրը ընդարձակելու եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի համակիր լայն զանգւածին հասնելու համար։
Խօսքերուն յաջորդեց ընդունելութիւն-հիւրասիրութիւն եւ զրոյց՝ ներկայ լրատւամիջոցներու ներկայացուցիչներուն եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի պատասխանատուներուն միջեւ։ Հիւրերը հանդիպումէն մեկնեցան Հ.Մ.Ը.Մ.-ի հանրային կապերու մարմինին կողմէ տրամադրւած նւէրներով (Հ.Մ.Ը.Մ.-ի թանգարանին ալպոմ-յուշամատեանը, «Հ.Մ.Ը.Մ.-ի գործունէութեան մասին յաճախ հարցւող հարցում-պատասխաններու բրոշիւրներ եւ յատուկ Իւ.Էս.Բի.-ներ, որոնք ընդգրկեցին Հ.Մ.Ը.Մ.-ական գրականութեան, պատմութեան գիրքերու, միութեան «Մարզիկ» պաշտօնաթերթի PDF օրինակներ, տեսանիւթեր եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի հանրահայմանացման անհրաժեշտ նիւթեր)։