Լիզբոնի տղոց պատգամը՝ երիտասարդութեան միաւորում

Լիզբոնի սխրագործութենէն անցած 42 տարւան ժամանակաշրջանը մտածել պիտի տար, թէ նոյնիսկ հայ երիտասարդութիւնը առինքնող պատումները, ժամանակի թաւալումին մէջ կը դառնան յուշի եւ յարգանքի սոսկ թւականներ։ Հակառակ ժամանակի կամ ընկերային հոլովոյթներու անխուսափելի երեւումներուն, Լիզբոնի Հինգ հայ երիտասարդներու հերոսական զոհաբերումը կը շարունակէ որպէս ներշնչում եւ ուղեցոյց յուզել գաղափարական երիտասարդութեան շերտ մը, որ հայրենիքի եւ Սփիւռքի տարածքին, պատգամներ կը ստանայ 27 յուլիս 1983-ի արարքէն։
Հերոսապատում մը, որ յետոյ անխուսափելիօրէն դարձաւ «Լիզբոնի յաղթարշաւ», հայոց նորագոյն պատմութեան մէջ վերածւեցաւ համազգային պայքարի եւ ինքնազոհողութեան խորհրդանիշի՝ Արցախի ամրակուռ լեռներուն վրայ։
Այսօր, երբ հայ ժողովուրդը կը դիմագրաւէ ահռելի նոր իրականութիւն մը՝ Արցախի կորուստ, Հայաստանի սահմաններու խախտում, ազգային արժէքներու աղաւաղում եւ իշխանաւոր վերնախաւին կողմէ ազգային գաղափարախօսութեան մերժում, Լիզբոնի հերոսներու պատգամը աւելի քան երբեք կը մնայ հրամայական։ Երբ պետական քարոզչութիւնը կը փորձէ պայքարի ոգին փոխարինել հպատակութեամբ, իսկ պահանջատիրութիւնը՝ «հայ-թուրք բարեկամութեան» անստոյգ պայմաններով, պէտք է յիշել այն երիտասարդները, որոնք ի տես ամէն վտանգի, կանգնեցան ճշմարտութեան ու արդարութեան կողքին, եւ ներշնչւիլ անոնց մաքրամաքուր իդէալի սկզբունքներով։
Հայաստանի եւ Արցախի ներկայ իրավիճակը ահազանգ մըն է։ Եթէ պետականութիւնը կը մոռնայ իր գոյութեան հիմքերը՝ Ցեղասպանութեան ճանաչումը, արդարութեան վերականգնումը եւ հայ ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութիւնը, ապա ժողովուրդն ու յատկապէս երիտասարդութիւնը պէտք է վերառնեն պայքարի դրօշը։
Այսօրւան ժամանակները ենթակայ են ազգային մտածելակերպի եւ գաղափարական սկզբունքներու՝ երբեմն անհակակշռելի երեւցող փոփոխութեանց։
Որքան ժամանակները փոխւին, այնքան աւելի կենսական կը դառնայ Լիզբոնի հերոսներու սխրագործութիւնը որպէս ոգեշնչման աղբիւր՝ Հայաստանի եւ Սփիւռքի երիտասարդութեան համար։ Այլեւս, պայքարը պէտք է տեղափոխւի կրթական, մշակութային, քաղաքական եւ դիւանագիտական դաշտ։ Ներկայ սերունդը պէտք է գիտակցի, թէ առանց ազգային արմատներու, պայքարի ոգիի եւ հայոց հարցի լուծման պահանջատիրութեան՝ անկախ պետութիւն ունենալը եւ պետականաշինութեան ամէն տեսակի պատգամ կը դառնայ դատարկ լոզունգ եւ անիմաստ բառամթերք։
Գիտակից երիտասարդութիւն պատրաստելու համազգային ճիգը կը պահանջէ՝
Վերարժեւորել հայրենասիրական կրթութիւնը – դպրոցներուն եւ համալսարաններուն մէջ ոչ միայն պէտք է դասաւանդել հայ ժողովուրդի փառահեղ անցեալը, այլեւ՝ ազգային արժանապատւութիւնը վերաստեղծելու ազգային ինքնորոշման գաղափարախօսութիւնը։
Սփիւռքի եւ Հայաստանի երիտասարդութեան միաւորում – Սփիւռքը պէտք է դառնայ ոչ միայն զգացական, այլեւ գաղափարական օժանդակութեան ազդակ։
Երիտասարդութեան միաւորման առաջադրանքի հարազատ արտայայտութիւնը այսօր կը մարմնաւորէ ՀՅԴ Համաերիտասարդական բանակումը Հայաստանի մէջ, որ հարիւրաւոր տեղացի եւ սփիռքահայ երիտասարդներու համախմբման եւ գաղափարական մկրտութեան աւազանը կը դառնայ, նոյնիքն հայրենի հողին վրայ։ Առաւել, եթէ հաշւի առնենք համա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական մարզախաղերն ու Համազգայինի Ուսանողական ֆորումը հայրենի ոգեշնչող միջավայրին մէջ, յայտնի կը դառնայ, թէ հայրենիքի եւ սփիւռքահայ երիտասարդութեան մէջ կայ հիմք եւ ենթահող՝ ազգային միաւորման եւ գաղափարական շաղախման համար։
Միայն համախմբումով եւ արժեհամակարգի պահպանումով կարելի է դիմադրել ամէն տեսակի ներքին կամ արտաքին սպառնալիք, շարունակել ազգային պայքարը՝ յարգելով նահատակներու յիշատակը եւ ապահովելով ազգի ապագան։ Լիզբոնի երիտասարդներու արարքը կը շարունակէ իր կոչական ուժգնութեամբ դառնալ հրաւէր հայ երիտասարդութեան։
Լիզբոնի հինգ հերոսները ոչ միայն որպէս յիշատակ կը մնան հայ երիտասարդութեան գիտակցական աշխարհին մէջ, այլեւ ազգի տունը կառուցելու հրաւէր՝ միաւորւած եւ արմատներուն գիտակից սերունդով։
«Ազատ օր»-ի խմբագրական