Ակնարկ. «Յաւելեալ համարձակութիւն»
Բաքուն նոր նախապայման դրած է Երեւանի առջեւ. ճանչնալ Խոջալուի «ցեղասպանութիւնը»:
Գրաւելէ ետք հայկական Արցախը, ներխուժելէ ետք հայաստանեան ինքնիշխան տարածքներ, բաքուն անջատած է սահմանազատման օրակարգը խաղաղութեան պայմանագիրէն, իր կանոններով սկսելով հատւածական սահմանազատում, հիմա կը համալրէ իր նախապայմանները:
Սումգայիթի, Բաքւի, Կիրովաբադի, Մարաղայի մէջ ցեղասպանական արարքներ գործադրած, ցեղային զտման ամբողջ քաղաքականութիւն մը հերթական արարներով իրականացուցած եւ Արցախի մէջ ուղղակի Ցեղասպանութիւն կիրարկած Բաքուն այժմ Հայաստանի Հանրապետութենէն կը պահանջէ «ինքնախոստովանութիւն»:
Պահելով ռազմագերիներ Բաքւի բանտերուն մէջ, պատանդելով Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը, Ադրբեջանը կը յոխորտայ, որ Հայաստանի հետ բանակցութիւնները կընթանան ի՛ր կողմէ ճշտւած օրակարգով, որուն կընդառաջէ Երեւանը:
Այս բոլորին հանգիստ ընկալումը միայն պետութեան ղեկը ստանձնողներուն չի վերաբերիր: Յայտնապէս տարիներու վրայ երկարող կազմակերպւած աշխատանքի հիմամբ ժողովրդային որոշ զանգւածի համար խաղաղութեան հասնելու համար անհրաժեշտ են Արցախը Ադրբեջանի տարածքային ամբողջութեան մաս նկատելը, թէկուզ միակողմանի զիջումներով Ադրբեջանի հետ սահմանազատում-սահմանագծում կատարելը:
Ադրբեջանը անպայման կը վերադառնայ Անկախութեան Հռչակագիրին բովանդակութեան եւ մեր օրէնսդրութեան: Նոյն զանգւածը հանգիստ պիտի ընկալէ զինանշանի, պահանջատիրական իրաւադրոյթներու ապասահմանադրականացումը, որուն համար մտային ենթահող կը պատրաստւի Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ:
«Կղերաֆէոդալական» գաղափարաբանութեան վերջակէտ դնելու խոստումով ըստ էութեան վարչապետը կը շարունակէ արժէքափոխութեան իր վարքագիծը: Սահմանները օրինականացնելով անվտանգութիւն ապահովելու յայտարարութիւններուն չեն հետեւիր հարցադրումները: Առնչւած պետութիւնները կամ ընդհանրապէս միջազգային հանրութիւնը ինչպէ՞ս երաշխաւորեց Արցախի հայութեան անվտանգութիւնը, ի՞նչ միջոցներու ձեռնարկեց կանխարգիլելու համար Արցախի մէջ Բաքւի գործադրած ցեղային զտումը: Երեւանը վճռահատած էր. Արցախը ամբողջութեամբ ճանչցած Ադրբեջանի տարածքային ամբողջականութեան մէջ: Արցախը այդ ձեւով սահմանազատուած էր եւ դարձած մաս Ադրբեջանին: Այդ «լեգիդիմութիւն»-ը ինչպէ՞ս ապահովեց Արցախի հայութեան անվտանգութիւնը: Այս փաստարկները կան: Սակայն այս բոլորը կամովին անուշադրութեան կը մատնէ զիջելով խաղաղութիւն ձեռք բերելու կամովին հաւատացող հատւածը:
Կեղծ եւ պայմանական խաղաղութեան մասին կը խօսին Ադրբեջանն ու Թուրքիան միաժամանակ: Թուրքիոյ նախագահը կը յայտարարէ, որ կարելի չէ կորսնցնել Հայաստանի եւ Ադրբեջանի միջեւ խաղաղութեան հաստատման ներկայ կարելիութիւնը. եւ թէ՝ Հայաստանը աւելի կը մօտենայ խաղաղութեան, եթէ ազատւի արտաքին ուժերէն եւ սփիւռքի կախւածութենէն: Թուրքիոյ նախագահը Երեւանէն կակնկալէ յաւելեալ համարձակութիւն այս բոլորը իրագործելու համար:
Ադրբեջանի արտաքին գործոց նախարարը գրեթէ ճիշտ նոյն ատեն, ժամերու տարբերութեամբ կարձագանգէր. «Ադրբեջանը հաւատարիմ է խաղաղութեան գործընթացին, եւ մենք յոյս ունինք, որ անիկա դրական կըլլայ տարածաշրջանի անվտանգութեան եւ բարգաւաճման համար»:
Այսպէս ուրեմն. Ադրբեջանը հաւատարիմ է խաղաղութեան գործընթացին, ցեղասպանութիւն գործելով Արցախի մէջ եւ Խոջալուի ցեղասպանութեան ճանաչում պահանջելով Հայաստանէն:
Հաւատարիմ է խաղաղութեան գործընթացին՝ ներխուժած ըլլալով հայաստանեան ինքնիշխան տարածքներ: Հաւատարիմ է խաղաղութեան գործընթացին՝ Երեւանէն պահանջելով Սահմանադրութեան եւ օրէնսդրութեան փոփոխութիւններ եւ այսպէս շարունակ:
Հայաստանը ընդունելով այս բոլորը խաղաղութիւնը պիտի տեսնէ միակողմանի զիջումներով ապահովելիք անվտանգութեան կամ լեգիդիմութեան մէջ: Գուցէ նաեւ Անկարայէն ակնկալւած յաւելեալ համարձակութեան իրականացումով է, որ Հայաստանի վարչապետը յաւելեալ համարձակ յայտարարութիւններ եւ քայլեր կը կատարէ «իրական» Հայաստան վերադառնալու կամ մինչ այժմ հասկցւած անվտանգութեան վտանգաւորութեան մասին խօսելու կամ անվտանգութեան նոր յղացք ապահովելու:
Թուրքիոյ եւ Ադրբեջանի ակնկալած այս յաւելեալ համարձակութիւնը կասեցնելու համար հրամայական է իշխանափոխութիւնը:
Նոր իշխանութիւն, որ պիտի չդիմէ միակողմանի զիջումներու, տարածքներու յանձնման համար Անկարայէն եւ Բաքուէն ակնկալւած յաւելեալ համարձակ քայլերու:
«Ա.»
Ազդակ