Հայաստան - ԱրցախՍփիւռք

Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը իր զօրակցութիւնն է յայտնում Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնին

«ԱԼԻՔ» – Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը իր զօրակցութիւնն է յայտնում Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնին: Այս մասին հաղորդագրութիւն է տարածել Պատրիարքութիւնը:

«Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը օրերէ ի վեր ուշադրութեամբ կը հետեւի՝ Մայիսի 28-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան ոստիկանութեան կողմէ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին դէմ կատարւած անարգանքին եւ ցաւալի դէպքի արձագանգներուն։

Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ նւիրապետական աթոռներու զօրակցութեան տրամաբանութեամբ արժեւորումը տարակոյս չի թողուր, որ մտահոգիչ նման դէպքերը պէտք չէ երբեք կրկնւին։

Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի անձին մէջ կը մարմնաւորւի Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին եւ անոր աշխարհացրիւ հօտի խղճի ու պաշտամունքի ազատութիւնը։ Ամէն տեսակ քաղաքական հանգամանքէ անկախ՝ քաղաքակիրթ աշխարհի որդեգրած արժէքներուն դէմ ոտնձգութիւնը, դժբախտաբար, անհեռանկար է Հայաստանի տեսակէտէ։

Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը կը բաժնէ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ բոլոր նւիրապետական աթոռներուն կողմէ արտայայտւած դիրքորոշումը եւ հայ աշխարհին մէջ յառաջացած պոռթկումը՝ կրկնելով իր ամբողջական զօրակցութիւնը ի նպաստ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ անոր Գահակալին։ Կաղօթենք շարականի բառերով. «Թագաւոր Երկնաւոր, զեկեղեցի քո անշարժ պահեա, եւ զերկրպագուս անւանդ քում պահեա ի խաղաղութեան. Ամէն։

31 մայիսի 2024

ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅՈՑ»:

Related Articles

Back to top button