Խմբագրական. Չներքաշւիլ կեղծ բանավէճին մէջ

Շւէյցերիահայ գաղութի ներկայացուցիչներու հետ հանդիպման ընթացքին Նիկոլ Փաշինեանի հնչեցուցած միտքերը կը փշրւին հակափաստարկներով: Կենտրոնանանք Ցեղասպանութեան յղացքի վերանայման ուղղութեամբ իր կատարած առաջարկին. աւելի ճիշտը` իր առաջադրած բանավէճին:
Սկսինք երկրորդ բաժինէն, որ կը վերաբերի խորհրդային տարիներու որոշ ժամանակահատւածներու հարցի արծարծման, այլ ժամանակներու հարցի շրջանցման: Քաղաքական այբուբենական իրականութիւն է, որ այլ պետութիւններ, եւ` ոչ միայն Խորհրդային Միութիւնը, Ցեղասպանութեան թեման օգտագործած են Թուրքիոյ հետ իրենց յարաբերութիւններու վերիվայրումներուն ընթացքին: Այստեղ նոր գիւտ հնարելու կարիք չկայ:
Առաջադրւածը, այս պարագային, Արեւմուտքին ուղերձ յղելն է հակախորհրդային, այժմու ընկալումով` հակառուս, եւ փոխանցել պատրաստակամութիւն` մերժելու Խորհրդային Միութեան ժառանգորդներուն ներկայ խուսանաւումները: Այս բաժինին մէջ անհեթեթութեան կը հասնի այն միտքը, թէ ինչո՛ւ 30-ական թւականներուն առաջ չէ մղւած Ցեղասպանութեան հարցը խորհրդային վարիչներուն կողմէ: Անգրագիտութեան պէտք է վերագրել այն, որ այդ տարիներուն տակաւին ցեղասպանութիւն եզրը չէր յղացած Լեմկինը:
Ներազգային ճեղքեր, պառակտումներ ստեղծելու միտող առաջին բաժինն է խնդրայարոյցը, որ կը հարցադրէ, թէ ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս տեղի ունեցաւ Ցեղասպանութիւնը: Հեղինակաւոր ցեղասպանագէտներ փութացին արձանագրելու, որ ոչ միայն հայկական, այլ նաեւ միջազգային ցեղասպանագիտութիւնը վաղուց տւած է անվիճարկելի պատասխաններ «ինչո՞ւ»-ին եւ «ինչպէ՞ս»-ին: Նւազ տրամաբանական կը հնչէ այստեղ անգրագիտութիւնը: Այստեղ, արդէն, հետապնդւածը իբր թէ «թապու» նիւթեր արծարծելն է, կեղծ օրակարգ ձեւաւորելը եւ հանրային քննարկումի դուռ բանալը:
Ահա այստեղ է, որ ծուղակ պէտք չէ ներքաշւի հայ քաղաքական եւ ցեղասպանագիտական միտքը: Այն, ինչ որ հաշտեցման յանձնախումբերով փորձւեցաւ, այն, ինչ որ միացեալ պատմաբաններու համատեղ յանձնաժողով ստեղծելու առաջարկով ներկայացւեցաւ, այն, ինչ որ պրոթոգոլներուն մէջ սպրդեցաւ, եւ այն, ինչ որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց իրերայաջորդ իշխանութիւններ եւ զանոնք ներկայացնող արտաքին գործոց գերատեսչութիւններ փորձեցին իրականացնել եւ ձախողեցան, հիմա Հայաստանի վարչապետը ի՛նք կը նախաձեռնէ: Հարցականի տակ առնել, քննարկումի տակ դնել Ցեղասպանութեան կանխամտածւած ծրագրումի փաստը եւ Օսմանեան կայսրութենէն դուրս այլ պատասխանատուներ գտնել կատարւածին համար: Եթէ` տակաւին «ինչո՞ւ»-ի բացատրութիւններուն իբրեւ եզրակացութիւն ընդունւի այդ փաստը…:
Բանավէճի առաջարկը ուրեմն պէտք է անտեսել, չներքաշւիլ Անկարայի կողմէ տասնամեակներու վրայ փորձւած, բայց ձախողած եւ հիմա Երեւանէն վարչապետական մակարդակով առաջ քշւող այս թակարդին մէջ: Թակարդ, որ լիարժէք յագուրդ կու տայ Երեւան-Անկարա յարաբերութիւններու հաստատման գլխաւոր նախապայմանին:
Ցեղասպանութեան իրողութեան քննարկումի այս կեղծ օրակարգը կապւած է նաեւ ինքնութեան, իրական Հայաստանի արհեստական տեսութեան հետ: Հայաստանի Հանրապետութենէն դուրս ապրող այն հայը, որուն նախահայրերը ցեղասպանւած են ու տեղահանւած, կրնայ փափագիլ վերադառնալ իր բնօրրանը: Այս փափագը ի՞նչ կապ ունի, ըստ Փաշինեանին, Հայաստանի Հանրապետութեան հետ: «Էթնիկ հայեր»-ու այս իղձերը իրենց հարցն է եւ պետութեան օրակարգներուն հետ որեւէ աղերս չունի:
Այս իղձերը կրնային պետութեան կամ հանրապետութեան հետ կապ չունենալ, եթէ Անկախութեան հռչակագիրը ամրագրած չըլլար համայն հայութեան իղձերու կենսագործման կամ պատմական իրաւունքներու վերականգման մասին հիմնադրոյթներ: Վարչապետին տրամաբանութեամբ, բնօրրան վերադառնալու առաջադրանքը այնքան մը կապ չունի պետութեան հետ, որքան Անկախութեան հռչակագիրը` Հայաստանի Հանրապետութեան:
Վերադառնանք Ցեղասպանութեան քննարկելիութեան գաղափարին եւ արձանագրենք, որ վարչապետին առաջարկը պէտք չէ դուրս գայ զուիցերիահայերու լսարանի դահլիճի դռնէն: Կեղծ բանավէճի օրակարգը կրնայ իրականացնել Անկարայի առաջադրած եւ մինչեւ Փաշինեանի իշխանութիւն ստանձնելը հայրենիքի եւ սփիւռքի կողմէ տապալւած ժխտողական թեզը:
«Ազդակ»