ՀՅԴ Մամուլ

Մե՛նք, ո՛չ իրենք․․․ մե՛ր, ո՛չ թէ իրե՛նց սարերը

Սպասելի՞ էր այս ահաւոր պատկերը։ Այն ալ ինչպէ՜ս…

Եւ ահա՛, Արցախի ամբողջական պարպումէն գրեթէ տարի մը ետք,

Բազմաթիւ սրբատեղիներու, վանքերու, եկեղեցիներու, յուշարձաններու եւ խաչքարերու կանոնաւոր ու ծրագրւած քանդումէն ետք,

Կարգը եկաւ կոթողական կառոյցին՝ Արցախի «Մե՛նք ենք, մեր սարերը» կամ «Տատիկ-Պապիկ» անունով յայտնի յուշարձանի «դիմափոխման», փաստացի սրբապղծման։

Խոր իմաստ ունի վիթխարի կողոթը, որ քանդակւած է հայկական կարմիր տուֆով, քար մը՝ որ ինքնին հայկականութեան վկայական է:

Ստեփանակերտի հիւսիսային մուտքին կառուցւած կոթողը կանգնած է 1967-ին։ Անիկա կը խորհրդանշէ Արցախի բնակիչներուն կառչածութիւնը իր հողին եւ արմատներուն։

Մասնագէտներ այս գործը որակած են տարեցներու, այսինքն՝ մեր պապերուն ու տատերուն ձօնւած յուշակոթող մը։

Բնական է այս բնութագրումը, մանաւանդ, երբ այցելուն իր դիմաց կը տեսնէ խրոխտ ու հպարտ տարեց զոյգ մը՝ արցախցի ամուսինների` ուս-ուսի, հպարտ հայեացքով եւ վրիժառու կեցւածքով։ Անոնց մարմինը մխրճւած է Արցախի հողին մէջ:

Հողին կառչած զոյգ մը, որ պատրաստ է դիմագրաւելու ամէն դժւարութիւն, տանջանք ու զրկանք։

Եւ յանկարծ… Ադրբեջանի պետական մշակութային հիմնարկը զայն կանւանէ ադրբեջանական արւեստի գործ մը, որ իբր թէ կառուցւած է Խանքենդի (Ստեփանակերտի ազերիական անւանումը) քաղաքին մէջ, 1967 թւականին, իբր թէ ցայտուն օրինակ Ադրբեջանի բազմամշակութային եւ ազգային-կրօնական հանդուրժողականութեան։ Եւ իբրեւ ապացոյց, ազերիներ հաւաքւած են կոթողին շուրջ եւ ուրախ-զւարթ կը պարեն, մէկն ալ կը բարբաջէ. Արցախը Ադրբեջանի կը պատկանի…

Ապատեղեկատւութիւնը յայտնապէս յօրինւած ու տարածւած է համբակներու կողմէ. այս մշակութային հիմնարկը մինչեւ իսկ «խապար» չունի, թէ այս գործին մէկ փոքրատիպը իբրեւ հայկական յուշարձան ներկայացւած է Իտալիոյ մէջ կազմակերպւած ցուցահանդէսի մը եւ մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծած է։

Ադրբեջանի մշակոյթի պաշտպան այդ հիմնարկը վստա՛հաբար քաջատեղեակ է, որ այդ կոթողական գործին հեղինակն է Հայաստանի ժողովրդական նկարիչ, պետական մրցանակի դափնեկիր եւ հանրահռչակ քանդակագործ Սարգիս Պաղտասարեան։

Ճարտարապետն է Իւրի Յակոբեան, իսկ «Մե՛նք ենք, մեր սարերը» անւանակոչումն ալ կատարած է Բագրատ Ուլուպապեանը, որ այդ օրերուն սերտօրէն գործակցելով եւ խորհրդակցելով Արցախի մարզային խորհուրդի նախագահ Մուշեղ Օհանջանեանի հետ, որոշած է Ստեփանակերտի մօտակայ բլրակին վրայ կանգնեցնել այդ «զոյգ»-ը։

Ազերիները ունին իրենց խեղաթիւրող «վարկած»-ը: Բաքու կը փորձէ աշխարհը համոզել, թէ յուշարձանը կառուցւած ու տեղադրւած է խորհրդային տարիներուն, երբ Արցախի Ինքնավար Մարզը Ադրբեջանի մաս կը կազմէր, եւ թէ՝ Խորհրդային Միութեան անդամ Ադրբեջանի բիւջէն յատկացւած գումարներով իրականացած է այս աշխատանքը։

Եւ… ջարդը, մշակութայի՛ն ցեղասպանութիւնը կը շարունակւի։ Միացեալ Ազգերու կազմակերպութի՜ւն, «ԻՒՆԵՍԿՕ՜» եւ այլ կառոյցներ կը մնան անկարող, անարդար ու անտարբեր։ Վստահաբար, հոն ալ գործի լծւած են ազերիական քարիւղի «փեթրօ-տոլարները», որպէսզի «Մենք»-ն ու «մեր սարեր»-ը եղծւին եւ վերածւին «Իրենք եւ իրենք սարեր»-ու։ Իսկ եթէ «հանդուրժողութիւն» կը նշանակէ Արցախի հայ բնակչութեան բռնագաղթը, դարաւոր ժառանգութեանց փոշիացումը…:

Մեր առաջին տողին մէջ հարց տւինք. «Սպասելի՞ էր այս ահաւոր պատկերը», ու պատասխանեցինք՝ «Այն ալ ինչպէ՜ս…»:

Այս ակնարկութիւնը կատարեցինք՝ աչքի առջեւ ունենալով Երեւանի ՔՊ-ականներու ԱՀԱՒՈՐ վարքագիծը, որ ո՛չ միայն անվիճելի՛օրէն ու պատմականօրէն հայկակա՛ն Արցախը ճանչցաւ իբրեւ ազերիապատկան, այլ այդ կեցւածքով իսկ ի սկզբանէ անպարտութեան վկայագիր տւաւ Արցախը հայաթափող Ադրբեջանին, որ կը կործանէ ու կը փոշիացնէ հայկական կոթողներն ու հետքերը (ո՜վ կը յիշէ Նախիջեւանի խաչքարերը, Թուրքիոյ մէջ հայկական մշակութային ժառանգութեանց փոշիացումը), նոյնքան անվիճելի հայկական եկեղեցիները կը հռչակէ աղւանական կամ… «քրիստոնեայ ազերիներու» ժառանգութիւն, իսկ այդ բոլորին դիմաց, պաշտօնական Երեւանը կը մնայ լուռ …եւ հլու կամակատար, կը փորձէ մեր ժողովուրդն ալ համոզել, թէ ա՛յս Թուրքիոյ եւ ա՛յս Ադրբեջանի հետ խաղաղութեան դարաշրջանի մը սեմին ենք:

Անընդհատ ահազանգ պէտք է հնչեցնել պետական ու ոչ կառավարական հիմնարկներու ճամբով, հայկական Սփիւռքին հետ միաձայն, այլապէս, ազերիները Նախիջեւանի խաչքարերու ճակատագիրին պիտի մատնեն Արցախի բոլոր հայկական կոթողները։ Հայութեան իրաւունքներուն պաշտպանութիւնը հեծիկով կամ լողալով տեղ չի հասնիր…

Գործնապէս վկայենք. «Տատիկ-Պապիկ»-ը մենք ենք․․․ Սարերն ալ մենք ենք։

Հայրենիք» Բոստոն

Խմբագրական

Related Articles

Back to top button