ՀՅԴ Մամուլ

Փոխադարձ զիջումներու տրամաբանութիւնը

Ա. Ա.

 

Քաղաքական սակարկութիւններուն մէջ փոխադարձ զիջում հասկացողութիւնը գործադրելի կըլլայ, երբ կողմերը պատրաստ են զիջումներու, որպէսզի սեղանին դրւած խնդիրները եւ հարցերը լուծւին փոխադարձ զիջումները ծանր գին ունին, որոնք սակայն կը նպաստեն, որ տարակարծութիւններու պատճառ դարձած հարցեր լուծւին եւ ամբողջական հանգուցաքակում տեղի ունենայ՝ նպաստաւոր պայմաններու ստեղծմամբ։ Այս բովանդակութեան մէջ ալ պէտք է շեշտել, որ միակողմանի զիջում կը նշանակէ պարտութիւն եւ անձնատւութիւն, որովհետեւ խնդրին մէկ կողմը կը կատարէ զիջումներ, առանց դիմացը բան մը ստանալու։

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մեթիու Միլլէր յայտարարեց, որ Հայաստանի եւ Ադրբեջանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրը կողմերէն կը պահանջէ ծանր փոխադարձ զիջումներ, որոնց պարագային միայն կարելի կըլլայ խաղաղութեան համաձայնագիր մը կնքել եւ փակել տագնապին էջը։ Ամերիկացի բանբերը սակայն չմանրամասնեց, թէ ծանր փոխադարձ զիջում ձեւակերպումը գործածելով, ինչ ըսել կուզէ։ Հայաստան ինչպիսի զիջում պիտի կատարէ, որ համարւի ծանր։ Հո՞ղ պիտի զիջի, շրջան մը ամբողջ Ադրբեջանի գերիշխանութեան տա՞կ պիտի դնէ, թէ հողէ եւ ինքնիշխան տարածքներէ պիտի զիջի, որպէսզի ադրբեջանցիները ի վերջոյ համաձայն գտնւին խաղաղութեան համաձայնագիր մը կնքելու։

Հայաստանեան խորհրդարանական ընդդիմութիւնը կը հաստատէ, որ հայկական կողմը զիջելու ոչինչ ունի։ Այս հաստատման ետին յստակօրէն կը նկատւին Սիւնիքի շրջանին կապւած մտավախութիւնները, մանաւանդ երբ Թուրքիոյ նախագահ Էրդողան կը յայտարարէր, որ «մենք ամէն ինչ քննարկած ենք Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ։ Մենք պէտք է բարձրացնենք խաղաղութեան առագաստները»։ Թէ ինչ կը նշանակէ ամէն ինչ, քաղաքական փորձագէտներ նկատել կու տան, որ Թուրքիոյ նախագահը նաեւ նկատի ունի այսպէս կոչւած «Զանգեզուրի միջանցք»-ը, որուն մասին ան կը շարունակէր իր յայտարարութիւնը եւ կը շեշտէր, որ միջանցքին բացումը կըլլայ «այս խաղաղութեան համաձայնագրին վերջնական քայլը եւ դրական արդիւնքներ կը բերէ Հարաւային Կովկասի բոլոր երկիրներուն համար»։

Վաշինգտոնէն իր վերադարձի ճամբուն վրայ, օդանաւին մէջ լրագրողներուն հարցումներուն պատասխանելով՝ Էրդողան նաեւ կըսէր. ««Զանգեզուրի միջանցք»-ը ռազմավարական է եւ օգուտ կը բերէ բոլոր կողմերուն՝ Ադրբեջանին, Հայաստանին եւ Իրանին։ Երբ այս միջանցքը գործէ, պիտի հեշտացնէ բոլոր կողմերուն գործը», կաւելցնէր ան, յիշեցնելով, որ Ադրբեջանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ մեծ կարեւորութիւն կու տայ այս միջանցքին։

Հարաւային Կովկասի մէջ ռազմաքաղաքական մեծ ազդեցութիւն եւ շահեր ունեցող Իրանի հակազդեցութիւնը՝ Թուրքիոյ նախագահին յայտարարութիւններուն, թէեւ քիչ մը ուշ, սակայն յստակ պատգամներ կը փոխանցէր։ «Իրանի համար կարեւոր է Սիւնիքի մարզին ապահովութիւնը, որովհետեւ անիկա ռազմավարական շրջան մըն է, որ մեծ դեր ունի ապահովութեան եւ առեւտուրի ապահովման համար՝ Իրանի եւ Հայաստանի միջեւ։ Կապանի մէջ ալ Իրանի հիւպատոսութեան բացումը նպաստեց սահմանային հաղորդակցութեան բարելաւման»,- յայտարարեց Իրանցի դեսպանը SNN լրատու գործակալութեան տւած հարցազրոյցին մէջ՝ յստակօրէն բանաձեւելով «Զանգեզուրի միջանցք»-ին նկատմամբ իրանեան վարչակարգին մերժողական կեցւածքը։

Իրանի դեսպանին այս յայտարարութիւններուն լոյսին տակ Երեւանի իշխանութիւններուն այն պնդումը, թէ Ադրբեջանի պատկերացուցած միջանցքը Երեւանի համար կարմիր գիծ եւ Հայաստանէն տարածքային պահանջ է,առաւել կը շեշտադրէ Հայաստան-Իրան համակարգում մը՝ Սիւնիքի մարզին կապակցաբար եւ կը մերժէ այն բոլոր նկրտումները, զորս ունին ադրբեջանցիները՝ Սիւնիքի մարզին նկատմամբ։ Այս ծիրին մէջ ալ բովանդակութիւն կը ստանայ Հայաստանեան խորհրդարանական ընդդիմութեան այն համոզումը, թէ Միլլէր՝ փոխադարձ զիջում եզրը գործածելով, ի մտի ունի Սիւնիքի մարզը, ուրկէ ամերիկացիներուն հաշւոյն ալ կու գայ ադրբեջանական միջանցքի մը անցումը։ Երեւանի իշխանութիւնները հաստատ պէտք է մնան իրենց կեցւածքին վրայ եւ չկքին ամերիկեան թուրքեւամերիկեան ճնշումներու դիմաց՝ Սիւնիքի մէջ ադրբեջանցիներուն միջանցք մը տրամադրելու խիստ վտանգաւոր ծրագրին կապակցաբար։

Հայրենիք

Related Articles

Back to top button