Հայաստան - ԱրցախՀՅԴ Մամուլ

Խմբագրական. 88-ի շարժման ոգիով պահպանել սահմանադրութիւնը

(Արցախեան շարժման 36-ամեակ)

88-ի շարժումը` Արցախի միաւորումը առաջադրող, ըստ էութեան նաեւ համազգային համախմբում էր: Ստեփանակերտէն Հայաստան եւ ապա սփիւռքեան իւրաքանչիւր համայնք` ամբողջ հայկական աշխարհը համախմբւեցաւ մէկ նպատակի շուրջ: Փրկել Արցախը եւ այդ փրկութիւնը իրականացնելու համար պահանջել անոր վերամիաւորումը մայր հայրենիքին:

Շարժումը վերափոխւեցաւ ինքնապաշտպանութեան մարտերու, ազատամարտի, ազատագրութեան եւ ի վերջոյ ինքնորոշման իրաւունքի հիման վրայ երկրորդ հանրապետութեան հիմնադրութեան: Վերջնանպատակը մնաց նոյնը` վերամիաւորում Հայաստանի Հանրապետութեան: Վերամիաւորումը գաղափարաքաղաքական իմաստ ունի: Վերստին միացումը հայրենիքին կենթադրէ, որ Արցախը նախապէս մաս կազմած է Հայաստանին: Եւ պատմական արդարութեան վերականգնման համար պէտք է վերստին միանայ մայր Հայաստանին:

Այս առաջադրանքները բանաձեււեցան Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան Հռչակագիրին մէջ: Այսպէս` «կենսագործելով ազգերի ազատ ինքնորոշման իրաւունքը, հիմնւելով 1989 թւականի դեկտեմբերի 1-ի, «Հայկական ԽՍՀ-ի եւ Լեռնային Ղարաբաղի վերամիաւորման մասին» Հայկական ԽՍՀ Գերագոյն խորհրդի եւ Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային խորհրդի համատեղ որոշման վրայ»:

Մեր արդի պետութիւնը անկախացած է ուրեմն ըստ էութեան Հայաստանի Գերագոյն խորհուրդի եւ Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային խորհուրդի համատեղ որոշումին հիման վրայ, որ վերամիաւորումն է: Եւ դարձեալ շեշտենք. պատահականօրէն չէ, որ օգտագործւած չէ միաւորում բառը, այլ` վերամիաւորումը, իրաւականօրէն ամրագրելու համար նախապէս արձանագրւած ամբողջականութիւնը:

Այսօր ի սպառ կը բացակային 88-ի մթնոլորտը, իրականացուցած համախմբումը, առաջացուցած համահայկական օրակարգը եւ բոլոր հատւածներով նպատակաուղղւած աշխատանքը: Ճիշտ հակառակը, փլուզւած է ներհասարակական համերաշխութիւնը, հարւածւած է այդ ամբողջութիւնը պահպանող հիմնական երաշխիք բանակը, գլխիվայր շրջւած է արժէքային համակարգը: Սասանւած է անկախ պետականութեան հիմքը կազմող վերամիաւորումի սկզբունքը:

88-ի շարժումի գաղափարախօսութիւնը վերաիմաստաւորելու առաջին գործողութիւնը աներկբայօրէն պէտք է ըլլայ այս իրաւադրոյթի սահմանադրականութիւնը պահպանելը: Մերժել` սահմանադրութեան նախաբանային յղումի վերացումը:

Պետականութեան առումով գոյաբանական իմաստ ստացած այս առաջադրանքին շուրջ պէտք է վերստեղծել 88-ի մթնոլորտը: Հայաստանի մէջ ազգային ուժեր, Հայաստանի մէջ գոյութիւն ունեցող արցախեան կազմակերպութիւններ եւ Սփիւռքի քաղաքական գործօնի անխտիր բոլոր բաղադրիչները անպայման պիտի գան այն եզրակացութեան, որ նոր շարժում պէտք է նախ վերամիաւորման գաղափարին շուրջ համախմբելու եւ այդ ուղղութեամբ աշխատանքները համակարգելու:

Առաջին քայլը ուրեմն հայկական եռանկիւնին վերականգնումն է: Վերականգնւած եռանկիւնը, հռետորական հնչեղութեամբ եռամիասնութիւնը առաջնային համակարգ պիտի ունենայ Սահմանադրութեան փոփոխութեան «Ո՛չ» ըսելը: «Ո՛չ»-ի շարժումը հայրենի ժողովուրդին կողմէ, որ պիտի զգայ նեցուկը Արցախի վտարանդի դարձած ժողովուրդին եւ սփիւռքեան բոլո՛ր ուժերուն:

Ցիւրիխեան արձանագրութիւներէն շատ աւելի հեռուները գացող իրավիճակի շեմին ենք ազգովին: Փրկութեան առաջին քայլը պիտի ըլլայ Սահմանադրութեան փոփոխութեան մերժումի սկզբունքին շուրջ համահայկական համաձայնութիւնը:

Ցիւրիխեան արձանագրութիւններուն դէմ միաւորւեցաւ հայրենի, Արցախի եւ հայկական Սփիւռքի ժողովուրդը: Օրին, Երեւանի ներկայացուցիչները զգացին ժողովրդային ճնշումը: Գծւեցան կարմիր գիծերը Սահմանադրական դատարանին կողմէ, որովհետեւ գործող Սահմանադրութիւնը յղում կատարած էր Անկախութեան հռչակագիրին, ուր ամրագրւած էին համայն հայութեան իղձերու կենսագործման, պատմական իրաւունքներու վերականգնման, մայիսքսանութեան աւանդներու շարունակման, Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման սատար կանգնելու եւ Հայաստան-Արցախ վերամիաւորումը առաջադրելու ձեւակերպումները:

Հիմա պահն է անկախ պետականութեան ակունքներու իրաւականութիւնը պահպանելու: Պահն է 88-ի շարժման ոգին վերականգնելու:

«Ազդակ»

Related Articles

Back to top button