«Հեզբօլլահ»-ի պատւիրակութիւնը այցելեց «Շաղզոյեան» կենտրոն
«Հեզբօլլահ»-ի պատւիրակութիւն մը, բաղկացած՝ կուսակցութեան քրիստոնէական յարաբերութիւններու պատասխանատու Մոհամմադ Խանսայէն, լիբանանեան ազգային կուսակցութիւններու թղթածրարի պատասխանատու Մահմուդ Քումաթիէն եւ պատգամաւոր Ամին Շըրրիէն, 22 յուլիսին այցելել է «Շաղզոյեան» կենտրոն: «Հեզբօլլահ»-ի պատւիրակութիւնը դիմաւորեցին ՀՅԴ Լիբանանի Կենտրոնական կոմիտէի եւ Հայկական պատգամաւորական բլոկի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի, Կենտրոնական կոմիտէի անդամ Ալպեր Պալապանեան եւ Լիբանանեան ազգային կուսակցութիւններու եւ քաղաքական անձնաւորութիւններու համախմբումին մէջ ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչ Պարոյր Տէր Ղուկասեան:
Երկու կողմերը քննարկեցին Լիբանանի եւ շրջանին մէջ տիրող կացութիւնը՝ Գազայի դէմ իսրայէլեան պատերազմի լոյսին տակ: Անոնք դատապարտեցին Իսրայէլի կատարած ջարդերը, ինչպէս նաեւ շեշտեցին դիմադրութեան իրաւունքը պաշտպանելու համար Լիբանանը: Անոնք նաեւ ընդգծեցին լիբանանեան կողմերուն միջեւ երկխօսութեան կարեւորութիւնը եւ հանրապետութեան նոր նախագահի ընտրութեան անհրաժեշտութիւնը՝ առանց սպասելու ամերիկեան նախագահական ընտրութեան աւարտին:
Երկու կողմերը մերժեցին վերջերս Բուրջ Համուդի մէջ տեղի ունեցած դէպքերը եւ ընդգծեցին Բուրջ Համուդի խորհրդանշականութիւնը եւ իւրայատկութիւնը՝ իբրեւ իր բնակիչներուն միջեւ համակեցութեան եւ համագործակցութեան շրջան: Անոնք նաեւ հաստատեցին, որ անհրաժեշտ է վերցնել հովանին որեւէ օրինազանցէ՝ նկատել տալով, որ ապահովական կառոյցները պէտք է ամբողջականօրէն կատարեն իրենց դերը՝ ճնշելու օրինազանցութիւնները եւ գործադրելու օրէնքները:
Կողմերը զգուշացուցին տեղեկատւական մարզին մէջ այդ դէպքերուն պէտք եղածէն աւելի մեծ կշիռ տալէ եւ կոչ ուղղեցին այդ դէպքերուն հետ վարւելու պատասխանատւութեամբ: Անոնք ընդգծեցին մէկզմէկու միջեւ համակարգումը եւ համագործակցութիւնը շարունակելու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ շեշտեցին բոլորին իւրայատկութիւնը յարգելու անհրաժեշտութիւնը եւ դրական մօտեցումը՝ արգիլելու օրինազանցութիւնը եւ թոյլ չտալու անոնց կրկնութիւնը: Անոնք ընդգծեցին նաեւ ապագային ՀՅԴ-ի եւ «Հեզբօլլահ»-ի միջեւ համագործակցութիւնը եւ համակարգումը ամրապնդելու աշխատանքին անհրաժեշտութիւնը: