ԱտրպատականԹեհրանՀամայնքՆոր ՋուղաՍփիւռք

Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական բանակումի մասնակիցները տողանցենք կատարեցին Երեւանի մէջ եւ յարգանքի տուրք ընծայեցին Եռաբլուրի եւ Ծիծեռնակաբերդի մէջ

Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական բանակումին երկրորդ օրը, շաբաթ, 25 յուլիսին, 900 բանակողներ հանդիսաւոր տողանցք կատարեցին Երեւանի մէջ։

Երեկոյեան ժամը 5-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.-ի շեփորախումբին առաջնորդութեամբ, կարգապահ ու տպաւորիչ շարքերով, անոնք տողանցեցին Մաշտոցի անւան մատենադարանէն մինչեւ օպերայի «Ազատութեան» հրապարակ, ուր դիմաւորւեցան Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան ներկայ ու նախկին անդամներու եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.-ի պատասխանատուներու կողմէ։

Հրապարակին վրայ, բանակողները ողջունեց համա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական բանակումի հերթապահ Շահան Աթմաճեան։ Ապա, տողանցքի մասնակիցներուն խօսք արտասանեց բանակումի ընդհանուր խմբապետ եղբ. Ռուբէն Նալպանտեան։ Ան ըսաւ, որ աւելի քան հարիւր տարիներ առաջ եւ Հայոց Ցեղասպանութենէն հազիւ երեք տարի ետք, Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւնը՝ Հ.Մ.Ը.Մ.-ը հիմնւեցաւ համարձակ տեսլականով մը՝ վերակերտել եւ վերակազմակերպել հայ ժողովուրդը՝ դաստիարակելով հայ երիտասարդութիւնը սկաուտական եւ մարզական խումբերով, կազմաւորելով հայորդիներու սերունդներ, որոնք կ’առաջնորդւին լաւ բարքով, կը ծառայեն խոնարհութեամբ եւ իրենց հայրենիքը կը սիրեն անշահախնդրութեամբ։

Եղբ. Նալպանտեան պատմական անցեալը ոգեկոչելով նշեց, որ 1920-ին, Վահան Չերազ Կիւմրի ժամանեց Հ.Մ.Ը.Մ.-ի այս տեսլականը Հայաստան բերելու առաքելութեամբ։ Անոր նպատակը Ցեղասպանութենէն ճողապրած որբերուն սկաուտութիւն սորվեցնել չէր միայն, այլ՝ կերտել սերունդ մը, որ ունենայ կարգապահութիւն, պատասխանատւութիւն, ծառայութեան ոգի, միասնականութիւն եւ հայրենասիրութիւն։ Օրին, դժբախտաբար, պայմանները չարտօնեցին, որ այդ առաքելութիւնը արմատանայ Հայաստանի մէջ։ Բայց եւ այնպէս, այդ առաքելութիւնը երբեք չաւարտեցաւ եւ Հայաստանի անկախութենէն ետք, Հ.Մ.Ը.Մ. հայրենիք վերադարձաւ նոյն նպատակով։

Բանակումի ընդհանուր խմբապետի խօսքէն ետք, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան պատգամը փոխանցեց քոյր Սանտրա Վարդանեան։ Ան ըսաւ, որ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական իւրաքանչիւր ձեռնարկ վերջին տարիներուն եկած է ապացուցելու միութեան մեծագոյն արժէքներուն եւ գաղափարներուն յարատեւութիւնն ու ուժը: Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական 13-րդ բանակումը եւս այս իմաստով բացառութիւն չէ։

Քոյր Վարդանեան հաստատեց, որ «26 երկիրներէ աւելի քան 900 սկաուտներ Երեւանի փողոցներուն մէջ տողանցեցին խրոխտ քայլերով, կրկին փաստելու, որ Հայաստան, Արցախ, Սփիւռք եռամիասնութիւնը, հակառակ բոլոր հոսանքներու եւ ժամանակաւոր իրողութիւններու, անքակտելի ուժ է. վկայ՝ մեր համահայկական կամաւոր բանակի շարքերուն երթը»:

«Այս օրերուն,- շարունակեց քոյր Վարդանեան,- երբ ամբողջ աշխարհի մէջ կը տիրեն անհանգիստ տրամադրութիւններ, պատերազմներ եւ մարդկային ու համամարդկային արժէքներու ոտնահարման ընթացքներ, իսկ մենք ազգովին կ’ապրինք մեր պատմութեան ամէնէն դժւարին եւ յուսահատեցնող շրջաններէն մէկը` պատերազմի ու հայրենազրկման դառն հետեւանքները կրելով, Հ.Մ.Ը.Մ.-ական սկաուտները իրենց քայլերուն զարկով, իրենց մտքին պայծառութեամբ, իրենց գաղափարին մաքրութեամբ ու արդարութեամբ, իրենց գործին ազնւութեամբ հաւաքւած են բանակում կատարելու եւ փաստելու, որ մեր երկրին ու ազգին ընթացքը յարատեւ է ու հաստատուն, որ մեր ապագայի միտքը պայծառ է ու գիտակից, որ մեր երազանքներն ու իղձերը արդար են ու ազնիւ, որ մեր նւիրումը հանդէպ հայրենիքի ու Արցախի անկոտրում է, իսկ մեր բոլորին հայեացքը դէպի Արարատ է, ու մեր ոգին` Արարատի համար` կանգուն»:

Խօսքերէն ետք, տողանցքը փակւեցաւ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական 13-րդ բանակումի երգով։

ԵՌԱԲԼՈՒՐԻ ՄԷՋ

Նախքան Երեւանի տողանցքը, կէսօրէ առաջ ժամը 11-ին, համա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական 13-րդ բանակումի մասնակիցները այցելեցին Եռաբլուրի նահատակաց պանթէոն՝ յարգանքի տուրք ընծայելու Արցախեան ազատամարտի, քառօրեայ եւ 44-օրեայ պատերազմներու նահատակներուն։

Եռաբլուր հասնելով, 26 շրջաններու եւ Իրանի սկաուտական չորս միութիւններու բանակողները նախ նկարւեցան միասնականութեան յիշատակի նկար մը, ապա Դադիվանքի նախկին վանահայր եւ Եռաբլուրի Սրբոց Նահատակաց մատրան հոգեւոր հայր Յովհաննէս Քհնյ. Յովհաննէսեան ներկաները հրաւիրեց Տէրունական աղօթքը արտասանելու։ Արտասանեց նաեւ «Պահպանիչ» եւ բաւարարւեցաւ կարճ ու բովանդակալից մէկ տողնոց պատգամով՝ «Որքան ձեզի նման սկաուտներ տեսնենք՝ այնքան կ’աւելնայ Արցախ վերադարձի մեր յոյսը»։

Աղօթքէն ետք, բանակող սկաուտներ դրօշակակիրներու, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան եւ բանակումի խմբապետական կազմի առաջնորդութեամբ ուղղւեցան նահատակաց պանթէոնի յուշապատին մօտ, ուր Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ընտանիքին անունով ծաղկեպսակ մը զետեղեց Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ եղբ. Յակոբ Խաչերեան։

Բանակումի խմբապետական կազմին անունով կարճ խօսք մը արտասանեց համա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական բանակումի փոխ խմբապետ եղբ. Սեւակ Նազարեան։

«Եռաբլուրի մէջ կը հանգչին ոչ միայն մեր հազարաւոր նահատակներուն մարմինները, այլեւ՝ այստեղ ամփոփւած են մեր ազգային իտէալներուն եւ ազգային գաղափարներուն համար իրենց ամէնէն թանկը՝ կեանքը չխնայած եղբայրներուն մարմինները,- նշեց եղբ. Նազարեան եւ աւելցուց. եթէ Եռաբլուրը մեր նահատակներու մարմինները կրողն է, ապա մեր ամբողջ հայրենիքը իր ամբողջականութեան եւ միասնականութեան մէջ, կրողն է մեր նահատակներու եւ նւիրեալներու հոգիներուն։ Մեր բոլոր նահատակներուն՝ թէ՛ 1990-ականներու Արցախեան ազատամարտի, թէ՛ քառօրեայ եւ թէ՛ 44-օրեայ պատերազմներու մեր բոլոր նահատակներուն հոգիները կը թեւածեն մեր հայրենիքի իւրաքանչիւր անկիւնը։

Եղբ. Նազարեան նաեւ շեշտեց, որ Եռաբլուրը խօսքի տեղ չէ եւ այս պարագային խօսքերը երկարելու եւ աւելի բան ըսելու կարիքը չկայ։

Հիմա կը գտնւինք Եռաբլուր, ուր իւրաքանչիւր մեթրը, իւրաքանչիւր քարը իր մէջ կը կրէ մէկ ամբողջ ազգային գաղափարախօսութիւն եւ դաստիարակութիւն։ Պէտք է հաւատանք, որ ինչպէս 1990-ականներուն մեր հայրերը, մեր աւագ եղբայրներն ու ընկերները ազատագրեցին Արցախը, իրենց մտքին մէջ ունենալով Մուշի, Վանի, Սասունի ազատագրումը, ինչպէս քառօրեայ եւ 44-օրեայ պատերազմներուն մեր եղբայրները պաշտպանեցին մեր ազգային իտէալներու հաւաքակայան դարձած Արցախը, այդպէս ալ մենք այսօր, Եռաբլուրի մէջ գտնւելով, պէտք է շարունակենք եւ կրողը դառնանք Արարատի համար կանգուն ուխտին, որ մեզի պէտք է տանի դէպի ազգային մեր իտէալներու ամբողջական իրականացում։ Վստահ եղէք, որ Եռաբլուրի տւած դաստիարակութեամբ կանցնի ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստան ունենալու նպատակին հասնելու ճանապարհը, հաստատեց եղբ. Նազարեան։

Այնուհետեւ, բանակող սկաուտները երգեցին «Յառաջ նահատակ» քայլերգը, որմէ ետք խումբերու բաժնւած՝ շրջեցան նահատակաց պանթէոնին զանազան բաժինները եւ ծաղիկներ խոնարհեցին ազգային նւիրեալներու (Զօր. Անդրանիկ, Զօր. Սեպուհ, Սօսէ մայրիկ….) եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ական հերոսներու շիրիմներուն։

ԾԻԾԵՌՆԱԿԱԲԵՐԴԻ ՄԷՋ

Երեկոյեան, տողանցքէն ետք, բանակողները այցելեցին Հայոց Ցեղասպանութեան 1.5 միլիոն Սրբադասւած զոհերու Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր եւ յուշարձանին առջեւ շարքեր կազմած՝ կատարեցին կարճ հանդիսութիւն մը։

Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետը եւ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական բանակումի ընդհանուր խմբապետը նախ ծաղկեպսակ մը զետեղեցին՝ յիշելով ու ոգեկոչելով 1915-ի անմեռ նահատակները։ Ապա, Տէրունական աղօթքէն ետք, խօսքեր արտասանեցին բանակումի խմբապետական գործադիր կազմի անդամ եղբ. Րաֆֆի Դաւիթեան եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ եղբ. Աւետիս Տէրվիշեան։

Եղբ. Րաֆֆի Դաւիթեան նշեց, որ բանակողներուն համար յիշատակելի օր մըն է այսօր։ Օրը սկսաւ Եռաբլուր այցելութեամբ եւ այժմ կը գտնւինք այս սրբազան վայրին մէջ՝ յիշելու եւ յարգանք մատուցելու մեր 1.5 միլիոն հայրենակիցներուն, որոնք նահատակւեցան 111 տարիներ առաջ։

«Բոլորս ունինք այն գիտակցութիւնը, որ յիշելը առանձինն բաւարար չէ, ծաղիկ մը դնելը շիրիմի մը առջեւ կամ յուշարձանի մը առջեւ բաւարար չէ։ Մեր նահատակները կը յարգենք ու կը պատւենք՝ մեր կարգին զոհւելով ու ծառայելով», ըսաւ եղբ. Դաւիթեան եւ շարունակեց. «Իւրաքանչիւրիս ծառայութիւնը տարբեր ձեւ մը ունի կամ տարբեր ձեւ մը պիտի ունենայ, բայց բոլորս կը ծառայենք մէ՛կ նպատակի համար՝ մեր ազգին ու հայրենիքին համար, հայուն անունը բարձր պահելու համար»։

Հետեւաբար, եղբ. Դաւիթեան թելադրեց՝ «Եկէք այս սրբազան վայրին մէջ վերանորոգենք մեր խոստումը՝ ծառայելու մեր ազգին ու հայրենիքին։ Եկէք հոսկէ մեկնինք այն գիտակցութեամբ ու այն խոստումով, որ յաւերժ պիտի մնանք մեր նահատակներուն համար կանգուն, մեր հայ լեզւին ու հայ մշակոյթին համար կանգուն, մեր Հայ Դատին համար կանգուն եւ մեր Արարատին համար կանգուն։

Իր կարգին, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եղբ. Աւետիս Տէրվիշեան յայտնեց, որ Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակաց յուշարձանին առջեւ համախմբւելով, յուզումնախառն զգացումներով մեր մտահորիզոնը կը թեւածէ դէպի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի հիմնադրութեան տարիները, այն դժւարին օրերը, երբ Հ.Մ.Ը.Մ.-ը իր հիմնադիրներուն տեսլականով մէկ դրօշի տակ համախմբեց 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութեան զոհ դարձած հայ ժողովուրդի գաղթական եւ տարագիր զաւակները եւ ապահովեց անոնց հայեցի եւ ազգային դաստիարակութիւնը, հիմնական նպատակ ունենալով՝ «Ըլլալ հաւատարիմ Աստուծոյ եւ ծառայել Ազգին ու Հայրենիքին»:

Հայոց Ցեղասպանութենէն 111 տարիներ անցած են,- դիտել տւաւ եղբ. Տէրվիշեան,- սակայն Հայ Դատը տակաւին կը մնայ անլոյծ: Իբրեւ նահատակ ցեղի ժառանգորդ Հ.Մ.Ը.Մ.-ականներ, այսօր Ծիծեռնակաբերդի անմար կրակին առջեւ կ՚ուխտենք շարունակել մեր պահանջատիրական երթը եւ բարձրացնել արդարութեան ձայնը, մինչեւ մեզմէ խլւած իրաւունքներուն վերատիացումը: Իսկ յուշահամալիրին վերասլաց սիւնը մեզի կը պատգամէ մեր նշանաբանը՝ չընկճւիլ, բարձրանալ եւ մեր ետեւէն բարձրացնել ամբողջ ազգը, նշեց ան:

Շարունակելով, եղբ. Տէրվիշեան հաստատեց, որ «Հ.Մ.Ը.Մ.-ը իր սկաուտական եւ մարզական շարքերով, նաեւ գիտակից երիտասարդութեամբ, այսօր կը շարունակէ հայապահպանման իր երթը, կեդրոնական եւ առաջնահերթ տեղ տալով մայր Հայրենիքին՝ Հայաստանին, նպաստելով անոր հզօրացումին եւ մաքառելով հայրենիքի շահերու պաշտպանութեան համար: Թէեւ վիրաւոր ենք Արցախի կորուստով, սակայն մեր յոյսը չենք կտրած, ընդհակառակը, Դեր Զորի անապատներէն Փիւնիկի նման յառնելով, առաւել պայքարունակ ոգիով եւ ազգային արժէքներու կառչելով կը շարունակենք մեր գոյապայքարը»,-շեշտեց ան։

Հանդիսութեան աւարտին, բանակող սկաուտները երգեցին Հ.Մ.Ը.Մ.-ի «Յառաջ նահատակ» քայլերգը եւ Ծիծեռնակաբերդին հրաժեշտ տւին մէկական ծաղիկ խոնարհելով յուշահամալիրի անմար կրակին շուրջ։

ԱՅՍՕՐ

Յայտնենք, որ, երկուշաբթի երեկոյեան, բանակողները Բիւրականի «Գառնիկ Մկրտիչեան» բանակավայրին մէջ կը նշեն Լիզպոնի հերոսական գործողութեան 43-ամեակը։ Բանակումին մասնակից պատւիրակութիւնները կը ներկայացնեն պատշաճ յայտագիր, որուն եզրափակումը կը կատարւի ազգային-յեղափոխական երգերու երեկոյով։

Related Articles

Back to top button