
Յետանկախութեան ժամանակաշրջան՝ գաղափարական պայքարի տարիներ
Լիբանանի անկախութեան յաջորդող տասնամեակները ներգաղութային մակարդակի վրայ հանդիսացան գաղափարական պայքարի տարիներ՝ մէկ կողմէ՝ Հ. Յ. Դաշնակցութեան, իսկ միւս կողմէ՝ խորհրդային իշխանութիւններուն զօրակից հայ քաղաքական ուժերու միջեւ: Պաղ պատերազմի ժամանակաշրջանն էր, որ իր խոր եւ ժխտական ազդեցութիւնը ձգեց լիբանանահայ գաղութին վրայ՝ պառակտելով զայն: Պառակտումի եւ երկփեղկումի այս վիճակը իր գագաթնակէտին հասաւ 1958-ին: Ներհայկական դժբախտ դէպքերը, որոնք այդ թւականին տեղի ունեցան, զուգադիպեցան նոյն Պաղ պատերազմին պատճառով օրւան նախագահ Քամիլ Շամունի իշխանութեան դէմ ծաւալած յեղափոխութեան: Ներգաղութային երկփեղկումի զանազան երեսներէն մէկն էր նաեւ եկեղեցական տագնապը: Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը իր բոլոր կարելիութիւններն ու ամբողջ կշիռը ի սպաս դրաւ՝ պաշտպանելու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան անկախութիւնը՝ խորհրդային իշխանութիւններու եւ գաղտնի սպասարկութիւններու միջամտութիւններէն:

Թէեւ երկփեղկումի այս մթնոլորտը իր բացասական ազդեցութիւնը ձգեց լիբանանահայութեան վրայ, սակայն տարիներու ընթացքին գաղափարական նախկին պայքարին թափը մեղմացաւ, եւ ընդհակառակն, հայ ազգային կուսակցութիւններուն միջեւ համագործակցութեան բացառիկ դրւագներ արձանագրւեցան: Այս բացառիկ դրւագներէն մէկն է Հայոց Ցեղասպանութեան 50-ամեակի նշումը, երբ աւելի քան 85.000 հայորդիներ համախմբւեցան Բէյրութի Մարզական աւանին մէջ՝ հայ հոգեւոր երեք պետերուն եւ հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներուն գլխաւորութեամբ ոգեկոչելու մեր մէկուկէս միլիոն նահատակներուն յիշատակը:
Հայոց Ցեղասպանութեան 50-ամեակը անկիւնադարձ մըն էր, որովհետեւ Երեւանէն սկսեալ մինչեւ Բէյրութ եւ մինչեւ սփիւռքի բոլոր ծագերը այդ թւականէն սկսեալ ապրիլ 24-ը դադրեցաւ լոկ սգատօն ըլլալէ: 50-ամեակը անկիւնադարձ էր այն իմաստով, որ այդ թւականէն սկսեալ հայ քաղաքական միտքին մէջ խարսխւեցաւ հայկական պահանջատիրութեան անժամանցելիութեան գաղափարը:
Արաբական երկիրներուն մէջ այդ թւականներուն տիրած քաղաքական անկայունութեան եւ տագնապներուն պատճառով Լիբանանը հետզհետէ դարձաւ դաշնակցական մտաւորականութեան միախմբման վայրը:
Բէյրութը վերածւեցաւ ՀՅԴ-ի բիւրոյանիստ քաղաքին: Այդ հիման վրայ ալ 1969-ին, երկար դադարէ ետք, Բէյրութի մէջ վերսկսաւ հրատարակւիլ ՀՅԴ-ի կենտրոնական պաշտօնաթերթը՝ «Ազդակ շաբաթօրեակ-Դրօշակ» անւանումով, վարիչ խմբագիր ունենալով դոկտ. Բաբգէն Փափազեանը, իսկ խմբագիր՝ Սարգիս Զէյթլեանը: Անկէ առաջ, 1962 թւականին, սկսաւ հրատարակւիլ «Բագին» գրականութեան եւ արւեստի հանդէսը, որ իր շուրջ համախմբեց սփիւռքահայ եւ հայրենի մտաւորական ընտրանին: Դաշնակցութեան կենտրոնական պաշտօնաթերթին կից ստեղծւեցաւ նաեւ ՀՅԴ Մամլոյ դիւանը, որ բացառիկ դերակատարութիւն ունեցաւ թէ՛ ՀՅԴ պաշտօնաթերթին ու մամուլին գաղափարաբանական ու քաղաքական բնոյթի նիւթ մատակարարելու, եւ թէ՛ մտաւորական մարդուժ պատրաստելու իմաստով: ՀՅԴ Մամլոյ դիւանին շուրջ հաւաքւած տարրերը գլխաւորաբար Դաշնակցութեան Լիբանանի շրջանէն մտաւորական հակումներ ունեցող ընկերներ էին: 1974-ին Լիբանանի մէջ հիմնւեցաւ Համազգայինի Հայագիտական բարձրագոյն հիմնարկը, որ մինչեւ իր փակումը 2005 թւականին՝ պատրաստեց մասնագիտական մարդուժ հայ գրականութեան եւ Հայոց պատմութեան մարզերուն մէջ:
Հայագիտական բարձրագոյն հիմնարկէն շրջանաւարտներուն թիւը հասաւ շուրջ 150-ի: Հետագային ՀՅԴ Մամլոյ դիւանի, Համազգայինի հայագիտական բարձրագոյն հիմնարկի եւ ՀՅԴ Լիբանանի կառոյցի կուսակցական դպրոցի պատրաստած մարդուժը համագաղութային առումով մեծ դերակատարութիւն ունեցաւ, սփիւռքի տարբեր գաղութներուն մէջ այդ մարդուժի ներկայացուցիչները ստանձնեցին ուսուցչական, խմբագրական, հասարակական եւ կուսակցական-կազմակերպական պատասխանատւութիւններ: 1970-ական թւականներէն սկսեալ Հ. Յ. Դաշնակցութեան նախաձեռնութեամբ կուսակցութեան ուղեկից կազմակերպութիւնները՝ ՀՄԸՄ-ը, ՀՕՄ-ը եւ Համազգայինը սկսան օժտւիլ համագաղութային կառոյցով: Այս կազմակերպութիւններուն համագաղութային կառոյցներու վերածւիլը մեծապէս նպաստեց սփիւռքի տարածքին անոնց գործունէութեան մեծ թափ հաղորդելու, ինչպէս նաեւ՝ անոնց միջոցով Հ. Յ. Դաշնակցութեան վարկը բարձրացնելու: Ուղեկից կազմակերպութիւններու համագաղութային կառոյցներու վերածման աշխատանքին մէջ անուրանալի է ՀՅԴ Լիբանանի կառոյցի դերակատարութիւնը, որովհետեւ այդ կառոյցներու կենտրոնական վարչութիւններու անդամներուն զգալի մէկ բաժինը լիբանանահայեր էին, գոնէ՝ ՀՄԸՄ-ի եւ Համազգայինի պարագային, անոնց կենտրոնատեղիները կը գտնւէին եւ տակաւին կը գտնւին Լիբանանի մէջ:
Ներհայկական միասնականութեան եւ համագործակցութեան բացառիկ դրսեւորումներէն մէկը 1970-ին թուրքական կառավարութեան կողմէ ՀՅԴ Լիբանանի Կենտրոնական կոմիտէի պաշտօնաթերթ «Ազդակ»-ի եւ ՌԱԿ-ի պաշտօնաթերթ «Զարթօնք»-ի դէմ բացւած դատն էր, որ ցնցեց ամբողջ լիբանանահայ գաղութը եւ ժողովրդային զօրաշարժ ստեղծեց՝ ի պաշտպանութիւն երկու թերթերուն: Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ երկու թերթերուն դէմ բացւած դատին պատճառն էր 24 ապրիլ 1970-ին, Հայոց Ցեղասպանութեան 55-ամեակին առիթով հակաթուրք յօդւածներ հրատարակելը եւ «Լիբանանի բարեկամ Թուրքիոյ ղեկավարութիւնը անարգելը»:

Դատավարութեան օրը՝ 20 մայիս 1970-ին, բազմահազար լիբանանահայեր հաւաքւեցան դատարանին առջեւ եւ խաղաղ ցոյց մը ըրին: Դատավարութիւնը վերածւեցաւ հայկական պահանջատիրութիւնը Լիբանանի մէջ յառաջ մղելու բացառիկ առիթի, եւ տեղական հասարակական կարծիք ձեւաւորւեցաւ՝ ի նպաստ Հայ Դատին: Այս առիթով «Ազդակ» 20 մայիս 1970-ին կը գրէ. «Արդարութիւնը այսօր պիտի ըսէ իր խօսքը: «Ազդակ» եւ «Զարթօնք» այսօր պիտի ներկայանան Մամլոյ վերաքննիչ ատեանին՝ պատասխանելու համար իրենց դէմ եղած թուրքական ամբաստանութեան: Այս առտու Արդարութեան պալատին մէջ մեզի հետ պիտի ըլլայ ամբողջ հայ ժողովուրդը: Մեզի հետ պիտի ըլլան ո՛չ միայն Լիբանանի մեր հայրենակիցները, այլ նաեւ՝ բովանդակ գաղթաշխարհի հայութիւնը, որովհետեւ հայ մամուլին ընդմէջէն մեր ժողովուրդին ձայնը լռեցնելու այս դաւը ուղղւած է բոլորին, մեր բոլոր արտայայտութիւններուն եւ պահանջատէրի մեր իրաւունքներուն դէմ:
Ընդվզումը խոր է ժողովրդային բոլոր շրջանակներու եւ խաւերու մէջ: Երէկւան եւ այսօրւան մեր թիւերով տրւած նամակները, որոնց տակ ստորագրած է մեր ժողովուրդի ապագայի յոյսը հանդիսացող երիտասարդութիւնը, ինքնին պերճախօս արտայայտութիւնը կը հանդիսանայ այն կորովի եւ գիտակից կեցւածքին, որ մեր ժողովուրդը ունեցաւ այս կարեւոր խնդիրին առիթով»: Երկու օր ետք «Ազդակ» կը հաղորդէ, որ լիբանանեան բոլոր թերթերն ալ լայն կերպով արձագանք հանդիսացան «Ազդակ»-ի եւ «Զարթօնք»-ի դատավարութեան եւ 20.000 հոգիով այն հսկայ ցոյցին, որ տեղի ունեցաւ Արդարութեան պալատին առջեւ՝ ընդգծելով, որ պալատը նման բազմութիւն չէր տեսած մինչ այդ: Թէ՛ արաբատառ եւ թէ՛ ֆրանսատառ թերթերը ընդարձակ հատւածներ հրատարակած էին պաշտպան փաստաբան Մոհսեն Սլիմի պաշտպանողականէն՝ առաւելաբար ծանրանալով Ցեղասպանութեան եւ թրքական ջարդերու մասին անոր կատարած յայտարարութիւններուն վրայ: «Ազդակ» եւ «Զարթօնք» անպարտ յայտարարւեցան դատի աւարտին: Ասիկա լիբանանեան մամուլի պատմութեան մէջ մեծագոյն յաղթական դատերէն մէկն էր:

1972-ին Վիեննայի մէջ գումարւած ՀՅԴ 20-րդ Ընդհանուր ժողովը անկիւնադարձային նշանակութիւն ունեցաւ Հ. Յ. Դաշնակցութեան պատմութեան մէջ՝ իր որդեգրած «Վերադարձ յեղափոխական աւանդներուն» կարգախօսով: Աշխարհի տարածքին ամէնուրեք թափ առած էին ազգային-ազատագրական պայքարներն ու յեղափոխական շարժումները, իսկ Միջին Արեւելքի մէջ պաղեստինեան դատը իր վրայ սեւեռած էր հասարակական կարծիքի ուշադրութիւնը: Այդ ժամանակաշրջանէն սկսեալ հայ քաղաքական մտածողութեան մէջ սկսան ներմուծւիլ յեղափոխականացման եւ քաղաքականացման կարգախօսները: Այլեւս դասական գործելակերպերը չէին հետաքրքրեր հայ յանձնառու երիտասարդութիւնը, որ նորարարութիւն կը փնտրէր Հայ Դատի հետապնդման աշխատանքներուն մէջ: Եւ նորարարութիւն ըսելով՝ այդ երիտասարդութիւնը կը հասկնար ուժական եւ ցուցական պայքարի ձեւերը: Թերեւս այդ ներքին պոռթկումին առաջին արտայայտութիւններէն մէկը հանդիսացաւ 24 ապրիլ 1971-ին ՀՅԴ «Զաւարեան» Ուսանողական միութեան կազմակերպած հուժկու քայլարշաւը՝ Պիքֆայայի Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձանէն մինչեւ Անթիլիասի մայրավանք: Քայլարշաւը իր զուտ պահանջատիրական բնոյթով սկսաւ 30.000 հոգիով, իսկ այդ թիւը Անթիլիասի մէջ բարձրացաւ աւելի քան 50 հազար հոգիի:
Լիբանանահայ երիտասարդը՝ միշտ պատնէշի վրայ
Յեղափոխականացման եւ քաղաքականացման կարգախօսներու ընդհանուր մթնոլորտին մէջ եւ մասնաւորաբար ՀՅԴ-ի համար երիտասարդ մարդուժ պատրաստելու նպատակով, 1973-ին ստեղծւեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի Երիտասարդական միութիւնը: Լիբանանի Դաշնակցական Երիտասարդական միութեան ստեղծումը պարտադրեց, որ վերատեսութեան ենթարկւի երիտասարդական-պատանեկան կառոյցը: Այսպէս, պատանեկան միութիւններու անդամակցութեան առաւելագոյն տարիքը նւազեցաւ 17-ի, իսկ մինչ այդ ՀՅԴ «Զաւարեան» Ուսանողական միութեան զուգահեռ գործող ՀՅԴ «Զաւարեան» աշակերտական միութիւնը, որ կընդգրկէր բարձր կարգերու դպրոցական աշակերտութիւնը, այդ թւականէն սկսեալ գործելէ դադրեցաւ: Այսպիսով, ՀՅԴ Լիբանանի Երիտասարդական միութիւնը համախմբեց աշակերտ եւ աշխատաւոր դաշնակցական երիտասարդները: ՀՅԴ ԼԵՄ-ը տարբեր պարբերականութեամբ հրատարակեց իր պաշտօնաթերթ «Ռազմիկ»-ը:

Յեղափոխականացումի եւ քաղաքականացումի կարգախօսներով տարւած դաշնակցական երիտասարդութիւնը շուտով՝ 1975-էն սկսեալ, ինքզինք գտաւ լիբանանահայութեան ինքնապաշտպանութեան պատնէշներու առաջնագիծին վրայ, լիբանանեան քաղաքացիական 15-ամեայ պատերազմին բռնկումով: Բայց «Յեղափոխական աւանդներուն վերադարձ»-ի գաղափարը աւելի շեշտակիօրէն դրսեւորւեցաւ 1970-ական եւ 1980-ական թւականներուն թափ առած հայկական ուժական-զինեալ պայքարին ընդմէջէն: Հայկական ցեղասպանութեան արդարութեան մարտիկներ եւ Հայ յեղափոխական բանակ գաղտնի կազմակերպութիւնները թուրքական կառոյցներուն դէմ կատարած իրենց գործողութիւններով վերակենդանացուցին հայկական ազգային-ազատագրական պայքարի աւանդները: Այստեղ յիշենք մասնաւորաբար 27 յուլիս 1983-ին Փորթուգալի մայրաքաղաք Լիզբոնի մէջ Հայ Յեղափոխական բանակի մարտիկներու գործողութիւնը՝ թուրքական դեսպանատան դէմ ուղղւած: Այդ գործողութիւնը, մանաւանդ՝ գաղափարական առումով, ներշնչման աղբիւր հանդիսացաւ դաշնակցական յանձնառու երիտասարդութեան համար:
1981-ին Վիեննայի մէջ գումարւած ՀՅԴ 22-րդ Ընդհանուր ժողովը շեշտեց անհրաժեշտութիւնը Դաշնակցութեան ծրագիրին, կազմակերպական կանոններուն եւ պատմութեան վրայ խարսխւած միատեսակ դաստիարակութիւն ճամբելու:
Կամաւորական շարժումէն եւ Սարդարապատէն մինչեւ Արցախեան ազատամարտ՝
դաշնակցութիւնը առաջնորդող ուժ Հայրենիքի ազատութեան
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը միշտ առաջնորդւած է հայրենիքի ազատագրութեան նպատակով:
Առաջին Համաշխարհային պատերազմին՝ 1914-ին, Դաշնակցութիւնը ձեռնամուխ եղաւ կամաւորական շարժման կազմակերպման՝ ռուսական բանակի կողքին կռւելու եւ Արեւմտեան Հայաստանը թուրքական լուծէն ազատագրելու առաջադրանքով:

Սկզբնական շրջանին կազմաւորւեցան կամաւորական չորս գունդեր, որոնց հրամանատարներ եղան Անդրանիկ, Դրօ, Համազասպ եւ Քեռի: Հետագային կազմակերպւեցան երեք այլ գունդեր:
Հայ կամաւորները կռւեցան մեծ քաջութեամբ: Անդրանիկի հրամանատարութեամբ առաջին գունդը Դիլմանի ճակատամարտին գլխովին ջախջախեց թուրքական բանակը եւ կանխեց թուրքերու ներխուժումը Արարատեան դաշտ: Խափանւեցաւ նաեւ կենաց մահու գօտեմարտեր մղող Վանի հայութեան դէմ կռւող թուրքական զօրամասին օգնական ուժեր հասցնելու ցեղասպանական ծրագիրը:
Խանասորայ Վարդանի հրամանատարութեան տակ գործող Արարատեան գունդն էր, որ առաջինը մտաւ Վան: Այսպիսով մէկ ամիսէ ի վեր օրհասական հերոսամարտ մղող Վասպուրականի 200 հազար հայութիւնը փրկւեցաւ բնաջնջւելէ:
Հայ կամաւորները այնուհետեւ շարժեցան դէպի Բաղէշ եւ Մուշ եւ ազատագրեցին ցեղասպանութեան զոհ դարձած ու ամայացած հայրենի բնագաւառները:
Ռուսիոյ մէջ 1917-ի բոլշեւիկեան յեղափոխութենէն եւ ռուսական զօրքերու հեռացումէն ետք հայ կամաւորները՝ արիւնահեղ մարտեր մղելով, Ցեղասպանութենէն վերապրած հայութեան հետ շարժեցան դէպի Արարատեան դաշտ:
Թուրքական զօրքերը մօտեցան Արարատեան դաշտին: Հայութեան գլխուն կախւեցաւ ի սպառ բնաջնջման վտանգը:
Հայրենիքի պաշտպանութեան գործը ստանձնեց Դաշնակցութեան գլխաւորած Երեւանի Ազգային խորհուրդը: Արամ Մանուկեան հռչակւեցաւ դիկտատոր:
Հայ մարտիկները 1918 մայիսին, Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէի հերոսամարտերուն կասեցուցին թուրքական յառաջացող բանակները եւ նահանջի մատնեցին զանոնք:

Մայիսեան յաղթական հերոսամարտերէն ետք կազմաւորւեցաւ անկախ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, եւ Դաշնակցութիւնը եղաւ պետութեան ղեկավար ուժը:
Ցեղասպանութենէ վերապրած մեծաթիւ գաղթականները, սովն ու համաճարակը հազիւ յաղթահարւած, ռուս-թուրքական մերձեցման պայմաններուն տակ, թուրքական յարձակման պատճառով Հայաստան ծանր պարտութիւն կրեց եւ պարտադրաբար խորհրդայնացաւ:
Սփիւռքեան պայմաններուն տակ, տասնամեակներ շարունակ Դաշնակցութիւնը մնաց Հայ Դատի հետապնդման առաջնորդող ուժը:
Արցախեան շարժման եւ Հայաստանի վերանկախացման պայմաններուն տակ Դաշնակցութիւնը վերընձիւղւեցաւ հայրենիքի մէջ եւ գործօն դերակատարութիւն ստանձնեց Արցախի ազատագրական պայքարի յաղթական երթին մէջ:
Հայաստանի, Արցախի թէ սփիւռքի տարբեր գաղութներու մէջ Դաշնակցութիւնը միշտ ալ ազգային արժէքներու պահպանման, հայրենի հողի ազատագրման, հայ ժողովուրդի բարօրութեան եւ հայը հայ պահելու դրօշակը բարձր պահած է: 135 տարիներու հարուստ աւանդով եւ նւիրեալներու կտակով Դաշնակցութիւնը պիտի դիմաւորէ նոր ամեակներ՝ միշտ կանգնելով հայութեան ու հայրենիքի կողքին:
Շնորհաւորութիւններ ՀՅԴ 135-ամեակին առիթով եւ վկայութիւններ՝ ՀՅԴ-ի մասին
Դաշնակցութիւնը վճռորոշ ուժ եղած է հայ ժողովուրդի ինքնորոշման, արդարութեան, ինչպէս նաեւ միջազգային համերաշխութեան բնագաւառին մէջ մղւած պայքարին ընթացքին:
Հայաստանը կայունութեան եւ խաղաղութեան ճամբուն վրայ կարեւոր փուլի մէջ է: Մեր կուսակցութիւնը կը հետեւի այս զարգացումներուն, կը յորդորէ իր կառավարութիւնն ու միջազգային հանրութիւնը՝ աջակցիլ բոլոր քայլերուն, որոնք երկարատեւ եւ արդար խաղաղութեան լուծումը պիտի դարձնեն իրականութիւն: Այս գործընթացին մէջ կարելի չէ մոռնալ Արցախէն բռնի տեղահանւած հայերուն իրաւունքները: Այս գործին մէջ կրնաք յենիլ մեր աջակցութեան վրայ:
ՍԵԹՐԻՔ ՎԵՐՄՈՒԹ
Զւիցերիոյ ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութեան համանախագահ
Հիմնադրութեան 135-ամեայ տարեդարձին առիթով կը մաղթեմ, որ Հայաստանի քոյր ընկերվարական կուսակցութեան պայքարը յաջողութեամբ պսակւի՝ շարունակելու իր հետեւողական պայքարը Հայաստանի ինքնիշխանութիւնն ու հայ ժողովուրդի ընկերային արդարութեան համար:
ՆԻՔՈԼԱՍ ԱՆԱՍԹԱՍԻՈՒ
Կիպրոսի ԷՏԵԿ ընկերվարական կուսակցութեան նախագահ
Բարձր կը գնահատենք ՀՅԴ-ի նւիրւածութիւնն ու անոր երկարամեայ ներդրումը Հայաստանի անցեալի, ներկայի եւ ապագայի ձեւաւորման մէջ: Կը հաւաստիացնենք, որ կրնաք յոյս դնել Եւրոպայի ընկերվարականներու կուսակցութեան վրայ՝ խթանելու եւ պաշտպանելու մեր ընդհանուր ընկերվար-ժողովրդավարական արժէքները:
ՇՏԵՖԱՆ ԼԷՈՎէԱՆ
Եւրոպայի ընկերվարականներու կուսակցութեան նախագահ
Ձեր քաղաքական ուժը հայ իրականութեան հնագոյն քաղաքական ուժերէն է՝ Հայաստանի պետականութեան, անոր ապահովութեան եւ բարեկեցութեան կայացման կարեւոր դերակատար: Մեր միջեւ համագործակցութիւնը միջկուսակցական յարաբերութիւններու լաւագոյն օրինակ է: Վստահ եմ, որ պիտի կարենանք յաղթահարել ներկայ ժամանակաշրջանի բարդութիւնները եւ այսուհետեւ եւս պիտի շարունակենք ծառայել ռուս-հայկական յարաբերութիւններու լիարժէք վերանորոգութեան եւ զարգացման:
ՍԵՐԳԷՅ ՄԻՐՈՆՈՎ
Արդար Ռուսիա ընկերվարական կուսակցութեան նախագահ
Այսօր, երբ Հայաստանը քաղաքական եւ հասարակական մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ, մեր աջակցութիւնը կը յայտնենք ՀՅԴ-ի բոլոր ջանքերուն, որոնք ուղղւած են երկրին մէջ ժողովրդավարական գործիքակազմերու եւ հաստատութիւններու կայացման:
Մենք կը գնահատենք ձեր շարունակական նւիրւածութիւնը այդ սկզբունքներուն եւ կարեւոր կը նկատենք երկրի հանրային կեանքին մէջ Դաշնակցութեան ունեցած դերակատարութիւնը:
ՓԱՈՒԼԱ ՔԱՐՒԱԼԻՕ
Շւէդի Ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութեան միջազգային քարտուղար
Հայաստանի անկախութեան ու անվտանգութեան աջակցութիւնը, Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումն ու անոր ժխտման քրէականացումը, արցախահայութեան՝ իրենց նախնիներու հայրենիքը վերադառնալու իրաւունքը պայքարի այն գործնական ոլորտներն են, զորս մենք պատրաստ ենք կիսել Դաշնակցութեան հետ:
ՕԼԻՒԻԷ ՖՕՐ
Ֆրանսայի ընկերվարական կուսակցութեան առաջին քարտուղար
Այսօր ընկերվար-ժողովրդավարութիւնը, աւելի քան երբեք, պահանջւած է: Մենք՝ իբրեւ ընկերվարական կուսակցութիւն, ժողովրդավարութեան, արդարութեան, հաւասարութեան, կայուն զարգացման, խաղաղութեան եւ մեր քաղաքացիներու բարեկեցութեան պաշտպաններն ենք:
Կը շնորհաւորենք Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը եւ շարունակական յաջողութիւն կը մաղթենք անոր:
ԹԵՐԷ ՇԵՄԷՅՔԱ
Ֆինլանտայի ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութեան միջազգային քարտուղար
Այս նշանակալի յոբելեանը ՀՅԴ-ի պատմական դերակատարութեան, ընկերային արդարութեան եւ ձեր սկզբունքներուն նկատմամբ աներեր յանձնառութեան վկայութիւնն է:
Մենք նաեւ կոչ կուղղենք Բաքւի մէջ պահւող 23 հայ բանտարկեալներու, ներառեալ՝ Ընկերվարական միջազգայնականի 26-րդ կոնգրեսի մասնակից Դաւիթ Իշխանեանի անյապաղ ազատ արձակման:
ՇԱՆԹԱԼ ՔԱՄՊԻՒԱ
Ընկերվար միջազգային գլխաւոր համակարգող
Ազդակ
(Շար. 5 եւ վերջ)



