Հաղորդագրութիւն ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի 84-րդ արտահերթ շրջանային ժողովի
ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի 84-րդ արտահերթ շրջանային ժողովը խոր մտահոգութեամբ կանդրադառնայ Բաքւի մէջ տեղի ունեցող Արցախի բարձրաստիճան պատանդ-ռազմագերիներու կեղծ դատավարութեան։
Դատավարութիւն, որ սկսած է յունւարի 17-ին, ուր ոտնակոխւած են մարդու տարրական իրաւունքները։
Դատավարութիւնը տեղի կունենայ ազերիերէն լեզւով։
Միջազգային մամուլը եւ միջազգային ատեանները արտօնւած չեն մասնակցելու այս դատավարութեան։ Արցախի 8 բարձրաստիճան պատասխանատուներու դէմ յարուցւած են բազմատեսակ սուտ մեղադրանքներ անոնց սպառնալով ցմահ բանտարկութիւն։
Կը պահանջենք անյապաղ վերջ տրւի այս դաժան թատերաղախին եւ Արկադի Ղուկասեան, Բակօ Սահակեան, Արայիկ Յարութիւնեան, Ռուբէն Վարդանեան, Դաւիթ Իշխանեան, Դաւիթ Բաբայեան, Լեւոն Մնացականեան, Դաւիթ Մանուկեան եւ բոլոր ռազմաքաղաքական բանտարկեալները շուտով ազատ արձակուին եւ տեղափոխւին Հայաստան։
Կը պահանջենք նաեւ ՀՀ իշխանութիւններէն դիմել միջազգային կառոյցներուն ու դատարաններուն, Ալիեւի բանտերու մէջ ազատազրկւած, 44-օրեայ պատերազմի պատանդ-ռազմագերիները անյապաղ վերադարձնել հայրենիք։
Կը պահանջենք Եւրոմիութեան մաս կազմող բոլոր երկրներէն շուտով միջամտել Բաքւի իշխանութիւններու մօտ, որպէսզի ազատ արձակւին պատանդ-ռազմագերիները եւ պատժամիջոցներ նախատեսեն Ալիեւի բռնակալ ու ցեղասպան ռէժիմի դէմ։
Փարիզ, յունւարի 17, 2025