Եկեղեցական տագնապը կը շարունակւի Հայաստանի մէջ

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ
Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան գիշեր մը երազին մէջ տեսած էր, որ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը՝ Գարեգին Բ Ներսիսեան, ժխտած էր իր կուսակրօնութեան ուխտը, հաւանաբար թւականէս առնւազն երեսուն տարիներ առաջ: Արթննալէ ետք, հաւատացեալ քրիստոնեայ վարչապետը քննարկած էր «Կանոնագիրք Հայոց»-ի երկու հատորները եւ գտած, Ե դարուն գումարւած Շահապիւանի ժողովի կանոններուն մէջ կանոն մը, որ աղօտ կերպով կրնար պատշաճիլ տւեալ կացութեան: Ըստ Շահապիւանի ժողովի կանոնին, կաթողիկոսը պէտք է կարգազուրկ հռչակւած ըլլար: Քանի որ կարգազուրկ հռչակելու իրաւունքը վերապահւած է յանցաւոր եկեղեցականին հոգեւոր մեծաւորին, որ գոյութիւն չունի, կամ ազգային եկեղեցական բարձրագոյն ժողովի մը, որ դժւար է արագօրէն գումարել տալ, Նիկոլ Փաշինեան իր սովորութեան համաձայն ինքնուրոյն մեկնաբանելով տւեալ կանոնը, կարգազուրկ հռչակած է կաթողիկոսը եւ սկսած զայն անւանել իր աշխարհական անունով՝ կտրիճ Ներսիսեան: Աշխարհական մը չի կրնար կաթողիկոս ըլլալ բնականաբար: Պետական վարչամեքենան, ըստ Սահմանադրութեան, չի կրնար միջամտել Հայ եկեղեցւոյ կառավարման հարցերուն. վարչապետը որոշած է կաթողիկոսի փոփոխութեան գործը վերցնել անձամբ իր վրայ եւ Գարեգին Բ Ներսիսեան Կաթողիկոսը յայտարարել կարգազուրկ, իսկ կաթողիկոսութիւնը՝ թափուր:
Վարչապետին գործակիցները եւ բարեկամները զինք առանձին պիտի չթողնէին վստահաբար: Այսպէս, նախարարներ, Ազգային ժողովի պատգամաւորներ, մարզպաններ, համայնքապետներ, ոստիկանութիւն, ազգային անվտանգութեան ծառայութիւն, լրագրողներ եւ նոյնիսկ հանրապետութեան նախագահը զօրավիգ կանգնեցան Նիկոլ Փաշինեանին եւ դարձան Հայ եկեղեցին բարեկարգող հաւատացեալ քրիստոնեաներ: Տեղի ունեցան ձերբակալութիւններ. չորս եպիսկոպոսներ բանտարկւած են: Աշխարհականներ եւս փակի տակ առնւած են: Նիկոլ Փաշինեան ամէն կիրակի եկեղեցի մը կերթայ մեծ շքախումբով եւ կը մասնակցի պատարագին, ուր կաթողիկոսի անւան յիշատակումը զանց կառնւի: Յայտարարութիւններ կը հրապարակւին. կըսւի, որ կաթողիկոսը օտար տէրութեան մը գործակալ է (Իմա՛ Ռուսիոյ Դաշնութեան), որ Հայ Եկեղեցին ոչ թէ Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի շահերուն կը ծառայէ, այլ օտար շահեր կը սպասարկէ: Բնականաբար ոչ մէկ փաստ կը ներկայացւի. վարչապետին վկայութիւնը բաւարար է ու համոզիչ:
Զգայացունց նորութիւն մը հանդիսացաւ տասը եպիսկոպոսներու համատեղ յայտարարութիւնը. դժգոհ եպիսկոպոսներու այս խումբը կը պահանջէ կաթողիկոսին հրաժարականը եւ հանգստեան կոչւիլը: Ութ եպիսկոպոսներ հանդիպում ունեցան Նիկոլ Փաշինեանի հետ ու հաւանաբար համաձայնեցան առնւելիք քայլերու շուրջ: Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը հրաւիրեց եպիսկոպոսական ժողովի մը, որ ստիպւած եղաւ յետաձգելու: Ձախողեցաւ նաեւ Հոգեւոր Գերագոյն խորհուրդի նիստը: Կաթողիկոսը պարտաւորւեցաւ փոփոխութեան ենթարկելու Հոգեւոր Գերագոյն խորհուրդի կազմը:
Յայտարարւեցաւ, որ դժգոհ եպիսկոպոսները հինգշաբթի, 18 դեկտեմբերին պիտի երթան Էջմիածին՝ պահանջելու կաթողիկոսին հրաժարականը: Շրջապատւած մեծաթիւ ոստիկաններով եւ ապահովական անտարազ պաշտօնեաներով, եպիսկոպոսները ներկայացան Էջմիածին եւ դիմաւորւեցան բազմահազար մարդոց կողմէ, որոնք եկած էին պաշտպանելու կաթողիկոսն ու կաթողիկոսութիւնը: Քարտուղարութեան յանձնելէ ետք իրենց նամակը, եպիսկոպոսները հեռացան գլխիկոր, բազմութեան կշտամբող աղաղակներուն տակ, շրջապատւած ոստիկաններով:
Յաջորդ զարգացումը կաթողիկոսին եղբօր՝ Եզրաս արքեպիսկոպոսի անդամակցութիւնն է խորհրդային գաղտնի գործակալութեան՝ Քա. Կէ. Պէ.-ին: Հրապարակւած է 1986 թւակիր անդամակցութեան փաստաթուղթ մը, որով կուզեն փաստել, որ Եզրաս Սրբազանը գործակալ է, ուրեմն իր եղբայր կաթողիկոսը եւս… գործակալ է: Այսպէս, իջած ենք անպարկեշտ պարսաւանքի խորխորատին մէջ:
Ափսոսանքով ու խոր ցաւով կը գրենք Հայ եկեղեցին թիրախաւորող խորշակին մասին: Օգտագործւած բառամթերքը եւ կիրարկւած ոճը անպատշաճութեան բոլոր սահմանները անցած են: Ո՛չ պատկառանք կայ, ո՛չ ալ ինքնազսպում: Կը խօսւի հայ ինքնութեան անբաժան մաս հանդիսացող հազար եօթհարիւրամեայ սրբազան հաստատութեան մը մասին ամէնէն հասարակ ու լկտի եղանակով: Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ընդհանրապէս չի հակադարձեր ու կը պահպանէ արժանապատիւ կեցւածք: Երբ առիթներով արտայայտւի, կը բաւարարւի զգաստանալու ու եկեղեցւոյ կանոնական սկզբունքներուն վերադառնալու կոչով:
Պետական իշխանութեան հակադրութիւնը՝ անւանապէս կաթողիկոսին, բայց իրողապէս Հայ եկեղեցւոյ դէմ, նպատակ ունի եկեղեցին հպատակեցնել իշխող վարչակազմին, ինչպէս սովոր էին ընել խորհրդային շրջանին, երկրորդ համաշխարհային պատերազմէն ետք: Եկեղեցին պէտք է մնայ անկախ քաղաքական բոլոր տեսակի կաշկանդումներէ: Անհրաժեշտ բարեփոխումները, կանոնական պատշաճեցումները պէտք է կատարւին ըստ պատմական աւանդութեան, Ազգային եկեղեցական համապարփակ ժողովի միջոցով: Հանրապետութեան իշխանութիւնը ընելիք չունի այնտեղ:


