ՀՅԴ Մամուլ

Ազատ խոհեր՝ հայու եւ հայկական կացութեան մասին

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

 

Ազգ, Հայ, Հայրենիք, Հայաստան, Պետութիւն, Սփիւռք, լեզու, մշակոյթ, իրաւունք եւ ինքնուրոյնութեան գոյութենական բազմաբնոյթ խնդիրներու դիմաց կանգնած ենք, բայց կը խօսինք եւ կը գործենք այնպէս, որ կարծէք անոնք մեզի չեն վերաբերիր: Դեռ չես գիտեր ինչո՞ւ, մտահոգւիլ չարաբանութիւն կը համարւի, կարծէք Վոլթէրի «Քանտիտ»-ին պէս ենք, եւ ներսը ու դուրսը կը գտնւինք «աշխարհներու լաւագոյնին մէջ» եւ գոհ չըլլալ մեղանչում է կամ թշնամութիւն:

Կը խօսինք, կը գրենք, կը վիճինք, ուղղութիւններ կը ճշտենք, միշտ խորհելով, որ օր աւուր աճող աղմուկներու առարկան եւ առարկաները, ըստ ժամանակի եւ բնակավայրերու նոյն են, անոնք ձեւ, գոյն, բովանդակութիւն, իմաստ եւ նպատակ չեն փոխած, չեն փոխեր, մինչ իւրաքանչիւր հայու հետ, անոնք տարբերակւած են, աճած են եւ կաճին ըստ աշխարհագրութեան, քաղաքակրթութիւններու եւ անոնց մէջ իրականացող տնտեսական կացութիւններու, քաղաքական-գաղափարախօսական ըմբռնումներու եւ կենցաղի: Հետեւանքը այն է, որ խորագրով նշւած ՀԱՐՑ-ի մասին ըսւածներէն անկարելի դարձած է նոյն բաները հասկնալ:

Այնքան խօսւած է, կը խօսւի Հայկական «Սփիւռքներ»-ի մասին, մոռնալով, որ անբնական ընկերաքաղաքական, մշակութային, տնտեսական եւ լինելիական յարափոփոխ եւ անտարազելի ինքզինք վերարտադրող եւ տեւաբար տարբերակւող կացութիւն մըն է ան: Եթէ սովորական լրագրական-դասական «խօսքերով չառաջնորդւինք, ի՞նչ նմանութիւն եւ նոյնութիւն կրնանք գտնել 1940-ի եւ այսօրւան լիբանանեան «սփիւռք» հաւաքականութիւններուն միջեւ: Ի՞նչ նոյնութիւն ունին Գորտոպայի եւ Մանչեսթըրի հայկական համայնքները: Կանադայի եւ Միացեալ Նահանգներու համայնքները ներքին ի՞նչ նոյնութիւն ունին: Հարցումը կարելի է կրկնել փոխելով երկիրներու եւ քաղաքներու անունները: Ծագման նոյնութիւնը, որպէս զգացողութիւն, քանի ամեակները կը գումարւին, կը դառնայ փոքրամասնութեան մը զգացական տեսութիւն, որ կարտայայտուի եկեղեցիով որպէս աւանդութիւն եւ յիշատակ դարձող ինքնութեան հասցէ, պարախումբով, խոհանոցով, հայերէնի այլ լեզուներով փոխարինումով: Խորքի նւազում, լեզւի եւ ինքնուրոյն մշակոյթի բազմադէմ դիմափոխութիւններու հետեւանքով, իրաւ շարունակութիւն ինչպէ՞ս ըլլալ: Ինքնախաբէութեամբ կը կարծենք ըլլալ ազգ, երբ, ոչ միայն իրարմէ հեռու ենք եւ կը հեռանանք աշխարհագրականօրէն, այլ նաեւ լայն առումով մշակութապէս եւ ընկերաքաղաքական ըմբռնումներով:

Հայաստանէն արտագաղթածներու սփիւռքացումը ո՛չ պատմաքաղաքական, եւ ո՛չ մշակութային-արժէքային հասարակ յայտարար ունի հայրենահանւածներու սփիւռք(ներ)ին հետ: Եկեղեցական, քաղաքական, կամ ջոջական ընտրանի(ներ) միշտ փորձած են բազմապատիկ տարբերութիւններէն անդին «մէկութիւն» եւ «նոյնութիւն» տեսնել, աւելի ճիշտ՝ քարոզել: Սփիւռքի «Մէկութիւն»-ը ընտրանիներու (élite) մտածական ենթահողի վրայ զարգացած տեսութիւն է, աւելի ճիշտ՝ ճառ: Իսկ այդ ընտրանին ալ բազմադէմ եւ յոգնակի է, տարբեր աշխարհագրութիւններով, տարբեր ուղղութիւններով նայող տարբեր զիրար մերժող եւ յաճախ դատափետող մարդիկ:

Կա՞յ դասական ջոջականութեան հետ չշփոթւող հայկական ընտրանի, ո՞ւր է այդ հայկական «ընտրանի»-ն, ան ինչպէ՞ս կը սահմանւի: Ան ընթացիկէն եւ ցուցադրականէն անջատւող հեղինակութի՞ւն է, տարբեր՝ դասակարգային, թաղային, ընտանեկան, նիւթական, ժառանգական շահախնդրութիւններէ, սովորութիւններէ եւ ինքնաշնորհւած իրաւունքներէ: Ընտրանիի ըմբռնումը ընդհանրապէս, հայկական իրականութեան մէջ, մանաւանդ յարաճուն սփիւռքացման հետեւանքով, խանգարւած է, չի հպատակիր ազգային, քաղաքական, գաղափարական եւ արժէքային չափանիշներու, խմբակային, տնտեսական, ընտանեկան-ժառանգական է: Երբեմն պէտք է իմանալ խորքը կարգ մը յայտարարութիւններու, ինչպէս՝ «հիմա ժամանակ եւ դրամ ունիմ, եւ աթոռ կուզեմ», աթոռ ունեցողը յաւակնութիւն կը յագեցնէ ուրիշի գրածով բեմ կը բարձրանայ «կողմ»-ի, «դասակարգ»-ի կամ «ընտանիք»-ի իրաւունքով: Այս կարգի նեղմտութիւններու մէջ ինկած ենք եւ հիմնականը մոռացութեան տրւած է: Միշտ քիչ մը աւելի:

Եթէ «ազգային» հիմնաւորումներով ընտրանի ունեցած ըլլայինք,- ոչ սոսկ ծնունդով քաղքենիացած դիրքապաշտ հայերու, հիմնահարցեր լուծելու օրակարգ կունենայինք եւ ըստ այնմ կը գործէինք, ներսը եւ դուրսը չէինք բաւարարւէր զգացական, հայրենասիրական եւ փառասիրութիւններու աղմուկով, Գամառ Քաթիպայի սահմանած «իմ կեդրոնը իմ փորն է»-ի դիպուկ խօսքի վանդակէն դուրս եկած կըլլայինք, հայրենալքում-արտագաղթ տեղի չէր ունենար, կը կազմակերպէինք հայրենադարձութիւն-բնակեցում, հայրենիք կը պաշտպանէինք, «Արցախը Հայաստան է եւ վերջ» քաղաքական-գաղափարական ազգային իմաստութիւնը լուցկիի բոց չէր դառնար:

Ամառ է, արձակուրդային մեկուսացում: Եթէ չտարւինք սովորական ընդհանրացած զբօսներով, խառնիխուռն միտքեր զիրար կը հրմշտկեն: Ներկայ ժամանակի մէջ հայու միտքերը կրնա՞ն այդպէս չըլլալ:

Կը հարցնե՞նք, թէ ՀԱՅՐԵՆԻՔ, ՀԱՅԱՍՏԱՆ, ԱԶԳ, ՀԱՅՈՒԹԻՒՆ, ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ ՄԷ՞Կ ԵՆ: Հայութիւնը, իր Հանրապետութեամբ եւ տեւաբար գերաճող Սփիւռքներով ՄԷ՞Կ է, թէ՝ բազմաթիւ, անոնք մէկ պատմութեան եւ մէկ ու նոյն հայրենիքի ժողովո՞ւրդ են:

Այսօր ի՞նչ կը նշանակէ «հայութիւն» յղացքը. ա՞զգ, պետութի՞ւն, ցրւած հաւաքականութիւններու ենթադրական մէկութեան գումա՞ր :

Ո՞ւր գտնել «հայութիւն»-ը, Քամչաթքա՞, Շանկհա՞յ, Ժընե՞ւ, Վլատիւոսթո՞կ, Տոկօ՞, Քուվէ՞յթ, Պրըթանեը՞, Մոսկւա՞, Լո՞ս, Իռլանդա՞, Հիւսիսային Պողոտայի զբօսաշրջիկնե՞ր: «Ամէն տեղ հայ կայ», դեռ իրենք զիրենք որպէս այդ դաւանող գաղթականնե՞ր, բազմանուն «հայութիւն»-նե՞ր, «որոնք պչրանքով, կը խուսափին իրենք զիրենք «գաղթածներ եւ գաթղողներ, կամ «միկրանտ», պարզապէս գաղթականութիւն» կոչելէ:

Անոնք «հայրենիք» ունի՞ն, թէ, ինչպէս ըսւեցաւ բան չնշնակող «համաշխարհային ազգ» են: Ի՞նչ է անոր հասցէն: «Հայութիւն» ըլլալու համար ծագման մը յիշողութիւնը բաւարա՞ր է՝ միացնելու եւ գաղթականները ազգ դարձնելու: «Ամէն տեղի հայեր»-ը հասարակաց ի՞նչ ունին: Զանազան երկիրներու բազմալեզու եւ այդպէս ըլլալու դատապարտւած «հայեր»ը, ո՞ր պետութեան կը ծառայեն, որ ան ըլլայ իրենց ապահովութեան երաշխաւորը, որո՞ւ կը քւէարկեն զիրենք ներկայացնելու եւ զիրենք առաջնորդելու համար: Գաղթականը կրնայ իր պարտականութիւնը լաւ կատարող բնակիչ-քաղաքացի ըլլալ, գնահատւիլ, դիրքեր գրաւել բայց, իրատես պէտք է ըլլալ եւ ընդունիլ, որ այդ բոլորը կը կատարւին ի հեճուկս ծագման եւ իրաւ պատկանելիութեան գիտակցութեան, եւ ակէ բխած յանձնառութեան:

Բազում բնակութեան հասցէներով «հայեր»-ու ՀԱՅՐԵՆԻՔ-ը ո՞ւր է: Ի՞նչ է անոր անունը:

Բնակութեան վայրը կը շփոթւի՞Հայրենիքի հետ, ե՞րբ այդ շփոթը վերջ կը գտնէ:

Անշրջանցելի իրականութիւն է պատմութեան խառնարանէն պրծած «Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքը», որ, արձանագրութիւններու վկայութեամբ, հայոց հայրենիք Հայաստանի մէկ բեկորն է միայն: Ըսւեցաւ՝ ՀՈՂԱԿՏՈՐ: Ան կը շփոթւի՞ պատմութեան ընթացքին հայ ժողովուրդի բնավայր ՀԱՅՐԵՆԻՔ-ՀԱՅԱՍՏԱՆի հետ: Մասը եւ մասնիկը ամբողջը կը փոխարինե՞ն: Ի՞նչ բարոյական, հոգեբանական, իրաւական, պարտքի, կենսականի եւ կենցաղի, ազգ ըլլալու ինքնահաստատման խարիսխներ կան բիրտ ուժով հայրենազրկւած եւ կամաւոր «գաղթականութիւններ»-ուն համար:

Ազգ, Հայ, Հայրենիք, Հայաստան, Պետութիւն, Սփիւռք, լեզու, մշակոյթ, իրաւունք եւ ինքնուրոյնութեան, գոյութենական բազմաբնոյթ խդիրներ, որոնց մասին կը խօսինք եւ կը գործենք այնպէս, որ կարծէք անոնք մեզի չեն վերաբերիր:

Կը գրենք, կը վիճինք, ուղղութիւններ կը ճշտենք, միշտ խորհելով, որ տարբեր հորիզոնականներու եւ զուգահեռականներու, տակ տեւաբար տարտղնւող, տարբեր քաղաքական-գաղափարախօսական ըմբռնումներու եւ կենցաղներու «հայութիւններ»-ը ՄԷ՞Կ են, ինչպէ՞ս ՆՈՅՆ ԱԶԳ Են, ՄԷԿ ԵՒ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԹԻՒՆ ԵՆ:

Կունենա՞նք հոսանքին դէմ գացող ՄԷԿՈՒԹԻՒՆԸ ՍՏԵՂԾՈՂ ԸՆՏՐԱՆԻ: Խորագրով նշւած ՀԱՐՑ-ի մասին ըսւածներէն անկարելի դարձած է նոյն բաները հասկնալ: Եւ արդէն նոյն ձեւով եւ նոյն հիմնական ըմբռնումներով չենք գործեր:

Ընտրանիները այսքան ճշմարտութիւն պարտք են ըսել ԱՄԷՆ ՏԵՂԻ ՀԱՅԵՐՈՒ եւ զանոնք հայրենատէր դարձնել:

Ազգ եւ հայրենիք եզակիներու անկապ մէկտեղում չէ: Երբ չկայ գաղափարական զօդող կապը, կը մնան բացառութիւնները, որոնք վաղ թէ ուշ կը հարթւին: Ազգը, հայրենիքը որպէս տարածք եւ ժողովուրդը մէկութիւն կենթադրեն: Առանց մէկութեան եւ անոր տեւաբար եւ ամենուրէք կաոռւցման, ազգ, հայրենիք, ժողովուրդ, ինքնութիւն, կըլլան գրական դատարկաբանութիւն, հէքիաթ եւ յուշ, «կազեթ»-ի մրոտւած էջ:

Շաւարշ Նարդունի յաճախ կրկնած է ֆրանսական այն ողջմտութիւնը, որ անվարա՛ն, «կատւին կատու պէտք է ըսել»: Ի՞նչ կը կորսնցնենք, եթէ մենք ալ այդպէս ընենք եւ զիրար լսենք: Լսենք, ճշմարտութիւնը առանց սեփական կալւած համարելու: Մի՛շտ՝ ներսը եւ դուրսը, ի մտի ունենալով այն պարզ իմաստութիւնը, որ «վաղը միշտ ուշ է» եւ չհրաժարիլ առաքինի քննադատութենէ, խորհելով եւ առաջնորդւելով այն ողջախոհութեամբ, որ խօսակից եւ ընդդիմախօս նաեւ կրնան ճիշտ ըլլալ:

Հայրենիք

Related Articles

Back to top button