Գաղափարական

Ընկ. Յարութիւն Քիւրքճեանի հրաժեշտը

Դեռ ամիս մը առաջ, կրթական մշակ, գրագէտ, դասագիրքերու հեղինակ, յօդւածագիր, դասախօս, հասարակական գործիչ Յարութիւն Քիւրքճեան Լիզբոնի մէջ, գործօն մասնակցութիւն բերած էր «Գիւլբենգեան» Հիմնարկութեան կազմակերպած «Հաւասարում նորոգ/սերունդներու զրոյց մը» գիտաժողովին: Նոյնինքն այս հաւաքը կազմակերպւած էր ներշնչւած Սփիւռքագէտ Քիւրքճեանի 1968-ի գրափորձէն:

Հազիւ ամիս մը ետք, օգոստոսի 9, 2024-ին, ընկեր Յարութիւն Քիւրքճեան զոհ գնաց պսակաձեւ ժահրին (Կովիդ)։

Ծնած 1943-ին՝ Բէյրութ, ան նախնական եւ երկրորդական կրթութիւնը ստացած է «Նշան Փալանճեան» Ճեմարան, 1956-1963։ Ուսումը շարունակած Բէյրութի Ֆրանսական համալսարանին Փիլիսոփայութեան դպրոցին մէջ եւ ապա Փարիզ անցնելով, աւարտած «Սորբոն»-ի համալսարանը, տիրանալով Փիլիսոփայութեան Մագիստրոսութեան տիտղոսին՝ 1978 թւականին։

Մասնագիտացած մանկավարժ եւ ուսուցիչ, ան ուսումի տարիներուն ընթացքին եւ ետք՝ շուրջ քսան տարի՝ 1964-էն 1984, Բէյրութի հայկական կրթական հաստատութիւններու մէջ՝ «Նշան Փալանճեան ճեմարան, «Հայկազեան» համալսարան եւ «Համազգային»-ի Հայագիտական հիմնարկ, դասաւանդած է հայերէն՝ իբր մայրենի կամ երկրորդ լեզու, ֆրանսերէն, հայ գրականութիւն եւ փիլիսոփայութիւն։

Երիտասարդ տարիքէն ՀՅԴ-ի շարքերուն միացած, ընկեր Քիւրքճեան ամենայն բծախնդրութեամբ ՀՅԴ-ի պատմութեան եւ գաղափարաբանութեան խմբագրումը կատարած է:

1982-ին հաստատւած է Աթէնք, ուր տիկնոջ՝ Մարօ Քալայճեանի հետ հրատարակած է մայրենի լեզւի եւ գրականութեան դասագիրքերու «Հայրենի աղբիւր» եւ «Հայ կեանք եւ գրականութիւն» շարքերը։

Հեղինակ է բազմաթիւ ուսումնասիրական յօդւածներու, ինչպէս նաեւ յատկանշական հատորի մը՝ «Փորձ Տարագրութեան մասին» (1978) խորագրով։

Յարութիւն Քիւրքճեան ունի հարուստ մանկավարժական, գրական եւ քաղաքապատմական գործեր։ Բացի իր հեղինակած աշխատանքներէն, ներդրում ունեցած է նաեւ ուրիշ հեղինակներու գրական գործերուն մէջ, իբր սրբագրիչ եւ թարգմանիչ:

Related Articles

Back to top button