Լեւոն Շանթ 155. Ժողովուրդները կը մեռնեն ապրելու կամք եւ վճռականութիւն չունենալու համար
-Պարտական ենք տեսնելու իրականութիւնը եւ սին երազներով չօրօրելու մեզի: Այսօրը ծնունդ է երէկւան, եւ վաղը պիտի ըլլայ ծնունդը այսօրւան:
-Անկախութեան ձգտումը կրնայ պատճառ դառնալ մեր ազգութեան վերջնական քայքայումին, կրնանք բոլորովին ոչնչանալ այդ անհաւասար կռւին մէջ, իբրեւ ազգութիւն՝ կրնանք մեռնիլ: Կռւի մէջ նետւողը կը վիրաւորւի եւ կրնայ մեռնիլ, բայց մեռնելէն վախցող ժողովուրդը ո՛չ կրնայ ապրիլ ու դիմանալ, ո՛չ ալ իրաւունք ունի ապրելու, իբրեւ ուրոյն գոյութիւն, իբրեւ ջոկ անհատականութիւն: Եւ իր վախովը այն չազատիր մեռնելէ, միայն կը մեռնի քաշքշւելով, հիւծւելով, արհամարհւելով ու ոտքի տակ երթալով:
-Ով ջարդւած է, բնականաբար, կը քաշւի մէջտեղէն, ով յոգնած է կը նստի, բայց ատով ոչինչ չի փոխւիր: Ետ քաշւողներուն տեղը կուգան նորերը, մէկ նստողին տեղը՝ ոտքի կելնեն ուրիշները: Եւ եթէ այսօր մենք բոլորս ալ քաշւինք ասպարէզէն՝ վաղը հրապարակ կուգայ նոր սերունդը հին դրօշակը բարձր պահած իր ձեռքին, որովհետեւ անիկա ալ ապրիլ պիտի ուզէ իր ազգային կեանքովը: Վերջապէս պէտք է հասկնանք, որ ինքն իր տէրը ըլլալու եւ իր անկախութեան հասնելու պահանջը իմ ու քու հնարած խաղը չէ, ո՛չ մեզմով է սկսած, եւ ո՛չ մեզմով կը վերջանայ:
-Ժողովուրդները իրենց անկախութեանը ձգտելուն համար չէ, որ կը մեռնին: Շատ աւելի ճիշտ է հակառակը՝ կը մեռնին ապրելու կամքն ու վճռականութիւնը չունենալուն համար: Եթէ իր անկախութեան համար մաքառիլը մահ բերէր՝ հայութիւնը արդէն տասնեակ անգամներ պէտք է մեռած ըլլար: Կամքը ուժ է, մե՛ծ ուժ, շատ աւելի մեծ ուժ, քան սովորաբար կը կարծւի: Սրե՛նք մեր կամքերը բոլոր միջոցներով՝ ատիկա է այն միակ զէնքը, որ իրապէս կը պշտպանէ մեզի մահէն, ատիկա է այն միակ սուր զէնքը, որ մեր բարձրացման ու մեր զարգացման առջեւը ճամբայ կը բանայ:
-Պիտի մաքառինք, հարկ եղաւ զէնքով, ուրիշ անգամ պասիւ դիմադրութեամբ եւ պատմութեան վայրկեանի ընձեռած բոլոր միջոցներով:
Գուցէ եւ խլեն նաեւ այդ չնչինը եւ ոչնչացնել ուզեն: Պէտք է սկսինք նորէն, պէտք է սկսինք ծայրէն այդ Զիսիֆոսի աշխատանքը, մինչեւ որ ոտքերնիս ամուր դնենք մեր հողին, մինչեւ որ հասնինք ծովուն, մինչեւ որ հասնինք թագին, մեր կատարեալ անկախութեան:
Այսպէս կը շինւին պետութիւնները: Եւ գիտենք, որ դժւար շինւելիք շէնք է մեր պետութիւնը:
155 տարի առաջ, 1869 թւականի ապրիլի 6-ին է ծնւել հայ մեծանուն գրող, դրամատուրգ եւ մանկավարժ, դաշնակցական անւանի գործիչ Լեւոն Շանթը: