ԹեհրանՀամայնք

Հ. Մ. Մ. «Նայիրի» միութեան Արւեստից բաժանմունքի նախաձեռնութեամբ նշւեց Վարդանանքի տօնը

Հայ ժողովրդի բազմադարեայ պատմութիւնը լի է պայքարներով, որոնք նա մղել է վասն հաւատի ու հայրենիքի գոյատեւման եւ ահա 450-451 թւականին Աւարայրի ճակատամարտում մղւած Վարդանանց պատերազմը դարձաւ շրջադարձային՝ հայ ժողովրդի ազատագրական պայքարի  պատմութեան էջերում,որը շաշունակւել է առայսօր:

Իւրաքանչիւր տարի Հայ աշխարհը մեծ շուքով ու ակնածանքով է նշում Վարդանանց տօնը թէ՛ եկեղեցական արարողութիւններով, եւ թէ՛ մշակութային միջոցառումներով, որոնց միջոցով Վարդանանց խորհուրդը դարեր շարունակ վառ է մնացել հայ ժողովրդի հոգում:

Թւականիս փետրւարի 28-ի երեկոյեան՝ նախաձեռնութեամբ Հ. Մ. Մ. «Նայիրի» միութեան Արւեստից բաժանմունքի, միութեան կենտրոնատեղի «Սուքերեան» սրահում կազմակերպւել էր բանախօսական- գեղարւեստական յայտագրով յագեցած միջոցառում:

Տէրունական աղօթքով մեկնարկած ծրագրին օրւայ հաղորդավարներ Հերմինէ Օրուջեանը եւ Գամեր Աբնուսեանը համապարփակ գծերով անդրադարձան Վարդանանց պատերազմի պատմական տւեալներին եւ ընթացքում, մերթ ընդ մերթ ներկայացնում էին հայ ժողովրդի ազատագրական պայքարներում Վարդանանց թողած ազդեցութիւնը :

Օրւայ բանախօս էր հրաւիրւած Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Սեպուհ արք. Սարգսեանի  օգնական՝ Տ. Առաքել աբղ. Գատեհճեանը:

Բանախօսը իր ելոյթի ընթացքում անդրադառնալով Վարդանանց ոգուն  եւ համեմատական եզրեր անցկացնելով այդ ժամանակաշրջանի եւ հայ ժողովրդի  ու Հայաստան աշխարհի ներկայի պայմանների միջեւ ընդգծեց . «Այսօր մենք կը վերյիշենք այն անմահ, անձնազոհ, քաջ ու յանդուգն նահատակ սուրբերը, որոնք մեր ազգի հաւատքին ու հայրենասիրութեան յաւերժական վահանները դարձան: Այսօր մենք կը մեծարենք մահէն չվախցող մեր ազգի քաջերն ու առաքինի կտրիճները, որոնք պարսկական հսկայ կայսրութեան դէմ ծառանալով, առանց յաղթանակի պսակը յանձնելու, հերոսաբար ինկան մարտի դաշտին վրայ եւ արժանացան փառաց պսակին՝ սրբութեան թագին:

Ինչպէս գիտէք, 2025 թւականը ազգիս Հայոց Հայրապետին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա կաթողիկոսին կողմէ հռչւած է իբրեւ «Աւանդութիւններու վերակենսաւորման տարի», եւ ես սրտի խորերէն եւ մեծ գոհունակութեամբ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Հայ մարազամշակութային «Նայիրի» միութեան նախագահին, պատասխանատուներուն, միութեան անդամներուն եւ այսօրւան ծրագիրի բոլոր մասնակիցներուն, որոնք անսալով Հայոց Հայրապետի կոչին, այսօր այստեղ եկած են, որպէսզի Հայ ժողուրդի աւանդութեան մաս կազմող Վարդանանց տօնը նշեն:Զարմանալիօրէն Աւարայրի ճակատամարտը մեծ տեղ եւ դեր ունեցած է հայերուս կեանքին մէջ»:

Իր ելոյթի ընթացքում հայր սուրբը անդրադառնալով Վարդանանքի կարեւորութեանը նշեց. «Ինչո՞ւ Վարդանանքը այնքան կարեւորութիւն ստացած է մեր ազգին մօտ, որ նոյնիսկ տեղ գտած է Հայ Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ տօնացոյցին մէջ, եւ մեր եկեղեցին պատերազմի մասնակցները սրբադասած է: Ինչո՞ւ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւնը եւ Երկրորդ Հանրապետութիւնը Վարդանանց տօնը սահմանած են իբրեւ համընդհանուր պետական տօն:  Այս բոլորը պատահած են, որովհետեւ Վարդանանցը իր խորհուրդով յարատեւօրէն այժմէական տօն է: Հայը միշտ դաս եւ պատգամ ունի քաղելիք այս տօնէն»:

Անդրադառնալով Աւարայրի ճակատամարտից մեզ աւանդ հասած կարեւոր հանգամանքներին, բանախօսը նշեց. «Թէ ի՞նչ դասեր կրնանք քաղել Աւարայրի ճակատամարտէն, որպէսզի զանոնք իրագործենք հայ կեանքին մէջ.-

Ա) Եկեղեցւոյ եւ Պետութեան համագործակցութիւն

….Պատմութիւնը մեզի կը սորվեցնէ, թէ երբ մեր ազգի եւ հայրենինքի ճգնաժամային պայմաններուն Հայոց եկեղեցին եւ Հայկական իշխանութիւնը համագործակցած են, անոնք կարողացած են վտանգը կանխել, յաջողութիւն ձեռք բերել եւ երկիրը փրկել:Երբ կը դիտենք մեր այսօրւան կենաքը, կըտեսնեք թէ՝Հայ եկեղեցին Հայրենիքի եւ հայ ժողովրդի շահերը հետապնդելու մտահոգութեամբ պատրաստ է Հայաստանի իշխանութեան հետ սերտ համագործակցութիւն եւ երկխօսութիւն մշակելու:Փաստօրէն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ արժանընտիր գահակալը՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետը, անցնող տարիներուն ընթացքին բազմիցս կոչեր ուղղեց Հայաստանի ներկայ իշխանութիւններուն, որպէսզի համազգային եւ համահայկական օրակարգի մը շուրջ համախմբեն մեր ազգի բոլոր կուսակցութիւնները, տարբեր գաղափարախօսութիւններ ունեցող միութիւնները եւ կազմակերպութիւնները, որպէսզի միասնաբար քննարկեն Հայաստանի դիմագրաւող մարտահրաւէրները եւ զանոնք դարմանելու համար արմատական լուծումներ գտնեն: Սակայն, դժբախտաբար, Հայաստանի իշխանութիւնները մնացին ու տակաւին կը մնան լուռ եւ ժխտական դիրքի վրայ…:

Բ) Անզիջողութեան Գաղափարը

Աւարայրի ճակատամարտին հիմնական դրդապատճառը հայու անզիջողական նկարագիրն էր: 451 թւականին, Հայ եկեղեցականներն ու իշխանաւորները ընտրեցին քաղաքական անզիջողականութիւնը՝ հաւատքի եւ հայրենիքի պաշտպանութեան հարցով: Այդ մէկը չկատարեցին պարզապէս իբրեւ յամառութիւն, այլ իբրեւ գիտակցւած ու խոր գաղափարականութիւն, որ իբրեւ սկզբնակէտ առնւած էր աւետարանական ուսուցումներէն: Անոնք թշնամիին ոչինչ տւին իրենց կտակած սրբութիւններէն ու պապենական ժառանգութենէն, այլ համարձակութիւնն ու յանդգնութիւնը ունեցան Աւարայրի դաշտին վրայ թշնամիին «ոչ» ըսելու…:  Երբեմն մարդիկ զիջողականութիւնը կըշփոթեն դիւանագիտութեան հետ,կարծելով որ իրենց կատարածը սրամիտ եւ խորամանկ դիւանագիտութիւն է,սակայն անոնք իրենց կատարածին ինչ անուն կամ վերնագիր ալ տան ,զիջողականութիւնը կըմնայ տկարութիւն …:Այսօր նոյնն է որ կը կատարւի Հայաստանի մէջ: Զիջողականութիւնը հագած է դիւանագիտութեան զգեստը եւ կը գործէ ճկունութեան անւան տակ: Իմ կարծիքով, պատմութեան գրքերը փոխելու փոխարէն, պէտք է պատմութենէն դասեր քաղենք…:

Գ) Վահանեանքը՝ շարունակութիւնը Վարդանանքին

Մենք ընդհանրապէս Վարդանանքը կը սահմանափակենք Աւարայրի ճակատամարտի սահմաններուն մէջ: Սակայն իրականութիւնը այն է, թէ Վարդանանցը չաւարտեցաւ Աւարայրի ճակատամարտով: Աւարայրի ճակատամարտը պարզապէս դիմադրութեան մէկ արարն էր, որուն յաջորդեց երկրորդ, վերջին եւ յաղթական արարը՝ Վահանեանքը…:Ես անձնապէս կը հաւատամ, որ Արցախեան 44-օրեայ պատերազմին ծանր հետեւանքները այլ բովանդակութեամբ Նոյեմբեր 9-ին հրադադարի յայտարարութեան կրնային վերածւիլ, եթէ Հայաստանի իշխանութիւններուն վարած պարտւողական քաղաքականութեան պատճառով ազգովին չկորսնցնէինք մեր դիմադրելու ոգին եւ հակառակ պարտութեան, անմիջապէս դիմէինք համազգային միաւորման, դերերու բաշխման եւ դիւանագիտական ռազմավարութեան վերամշակման: Սակայն, դժբախտաբար, իշխանութիւնները մերժեցին համախմբւիլ, միաւորւիլ եւ նախընտրեցին յանձնւիլ ու պարտւիլ…: Այսօր մեզի Վահանեանք պէտք է: Պէտք է Վահանեանքին հետեւելով, յաջողինք վերստին ամրացնել դիմադրութեան շունչ, վերականգնենք ազգային մեր արժեհամակարգը, համախմբւինք, ստեղծենք հաւասարակշիռ դիւանագիտութիւն եւ մանաւանդ աշխատինք թշնամիին ստիպել արժանապատիւ եւ խաղաղութեան նոր Նւարսակի համաձայնագիր…:

Դ) Ոգին եւ Մթնոլորտը

Եթէ իրապաշտօրէն եւ իրատեսօրէն դիտենք մեր կեանքը, պիտի տեսնենք, թէ այսօր մենք ազգովին յուսահատութեան մէջ կապրինք: Պէտք է այդ համազգային յուսահատութեան ախտը դուրս վանենք մեր կեանքէն: Պէտք է դաս եւ պատգամ քաղենք մեր պատմութենէն: Տեսնենք թէ Հայոց պատմութեան մէջ միշտ պարտութենէն ետք յաղթանակ ունեցած ենք: Վարդանանքէն ետք վահանեանք ունեցած ենք, Ցեղասպանութենէն ետք Մայիս 28 ունեցած ենք, Շուշիի կորսուտէն ետք քառօրեայ պատերազմ ունեցած ենք եւ տակաւին շարքը կերկարի եւ կերկարի: Պէտք չէ խաբւինք «հայու ճակատագիր» կոչւած շինծու գաղափարէն: Մեր ճակատագիրը մե՛նք է որ կը ճշտենք, մեր ներկան մե՛նք է, որ կը ճշտենք, մեր անկախութիւնը մե՛նք է, որ կիրագործենք, ինչպէս որ Վահանեանքի, Մայիս 28-ի եւ քառօրեայ պատերազմի մեր հերոսները ճշտեցին…»:

Բանախօսի շահեկան ելոյթից յետոյ միութեան «Նայիրի» պարախմբի սաները հանդէս եկան օրւայ մարտական ոգով նախ ներկայացնելով «Զարթօնք» պարը:  «Նայիրի» պարախմբի, գեղարւեստական ղեկավարն է՝ Արտաւազդ Աւետիսեանը, բեմադրիչը՝ Մերի Աւետիսեանը, գլխաւոր պարուսոյցներ՝ Թինա Անտոն եւ Սիւնէ Շահվալադեան: Միջոցառմանը գեղեցիկ համադրութեամբ պարախմբի սաները եւ մեներգիչները, որոնք ներկայացնում էին օրւան յարիր երգեր, համատեղ ներկայացումով էին հանդէս գալիս: Մեներգերով հանդէս եկան Էրիկա Դաւթեանը եւ Ժիլբերտ Կարապետեանը: Իսկ ասմունքային կատարումներով եւ հայկական տարազներով հանդէս եկան Քելին Պետրոսեանը եւ Ռոմէլ Օրուջեանը, ովքեր ասմունքեցին Եղիշէ Չարենցի «Ես իմ անուշ Հայաստանի» բանաստեղծութիւնը, որին զուգորդեց պարախմբի սաների հեզաճկուն նայիրեան պարը: Ասմունքային բաժինը ամփոփւեց Հերմինէ Օրուջեանի կատարմամբ՝ասմունքելով Պարոյր Սեւակի «Եռաձայն պատարագ»-ը: Միջոցառումը զուգորդւած էր փաստավաւերագրական ֆիլմի ցուցադրութեամբ: Վերջում բեմ հրաւիրւեց միութեան վարչութեան նախագահ Սերոժ Օհանեանը:

Իր ելոյթի ընթացքում նա կարեւորեց Վարդանանքի հոգու սերմանումը նոր սերնդի մօտ, որը իր կարեւոր եւ անժխտելի դերն ունի հայ ժողովրդի գոյապայքարի առումով:Նա ընդգծեց որ անհրաժեշտ է դասեր քաղել մեր ազգային հերոսների կերտած սխրանքներից եւ գնահատանքով անդրադարձաւ թէ՛օրւայ բանախօսի համապարփակ ելոյթի եւ թէ՛միջոցառումը իրականացրած բոլոր մասնակիցների ջանքերի համար:Նա բեմ հրաւիրեց Հայր Սուրբին փոխանցելու թեմակալ առաջնորդի յղած պատգամը օրւայ առիթով: Թ. Հ. Թ. առաջնորդ Տ. Սեպուհ արք. Սարգսեանը պատգամի մէջ նշւել էր. «Երբ նշում, տօնում եւ յիշում ենք Վարդանին եւ Վարդանանց սերնդի ինքնաընծայումն ու նւիրաբերումը, մտածում ենք, թէ ի՛նչ էր այդ ուժը նրանց մօտ: Երեւի այս երեք հիմնական ճշմարտութիւնները, որոնք զսպանակիչ ուժն էին իրենց կեանքում՝ առաջինը՝ հաւատարմութիւն Քրիստոսին եւ իր վարդապետութեանը եւ պաշտպանութիւն այդ բոլորին. երկրորդը՝ յանձնառութիւն իրենց ազգային պատականելութեան եւ ինքնուրոյնութեան հանդէպ, որպէս հայեր եւ հայութեան ներկայացուցիչներ. իսկ երրորդը՝ իրենց ամբողջական նւիրւածութեան պատրաստակամութիւնն էր:  Նրանք իրենք իրենց պատարագեցին որպէս զոհ՝ Քրիստոսի խորանի վրայ»:

Պատգամի այլ բաժնում այսպէս էր նշւել. «Սիրելիներ, մեր ժողովրդի կեանքի երկնակամարին վրայ Վարդանանց պատերազմի հոգին եւ ոգին է տիրում, մեր ժողովրդին մղած ամենափոքր ճակատմարտն իսկ պատմութեան ընթացքին իր ներշնչումը առել է Վարդանանց Աւարայրամարտից:Մահու կենաց պատերազմ մղող մեր ժողովուրդը Սարդարապատի , Բաշապարանի եւ Ղարաքիլիսայի ճակատամարտերում իր ներշնչումը առել էր դարձեալ Աւարայրի հերոսների նահատկութեան խորհուրդից, դրա համար զօրավար Սիլիկեանն ու իր ընկերները իրենց զինւորները քաջալերելիս ասում էին .«Որ մենք Վարդանանց ճակատամարտն ենք մղում, մենք մեր հաւատքի եւ մեր հայրենիքի համար երկրորդ Աւարայրն է որ մղում ենք սիրելիներ, եւ այս երկրորդ Աւարայրը պսակւելու է յաղթանակով»:

Պատգամի աւարտին սրբազան հայրը հետեւեալ կոչն էր  ուղղել երիտասարդութեանը. «Սիրելի երիտասարդ-երիտասարդուհիներ, մեր հայրական կոչը եւ թելադրանքը հետեւեալն է, որ ամուր պահելով մեր եկեղեցական եւ ազգային արժէքները ամրացնէք մեր հայրենիքի սահմանները, մեր Արցախի ոտնատակ տւած արդար իրաւունքների պահանջը, որպէսզի ապագայում ամբողջ աշխարհը տեսնելով ձեր պատրաստակամութիւնը եւ պատասխանատւութիւնը, պարտաւորւի մեզ հետ հաշւի նստել եւ մեր կորած իրաւունքները մեզ վերադարձւի»: Միջոցառմանը ներկայ էին «ԱԼԻՔ» հաստատութեան ներկայացուցիչ՝ Ալեքս Կարապետեանը, Իրանի Իսլամական խորհրդարանում Թեհրանի եւ հիւսիսային իրանահայութեան պատգամաւոր Արա Շահվերդեանը, Թ. Հ. Թ. Պատգամաւորական ժողովի ատենապետ Սուրիկ Աբնուսեանը եւ քաղաքամասի պատգամաւորներ, Թ. Հ. Թ. Թեմական խորհրդի ատենապետ Վարուժ Յովհաննիսեանը, Կրթական խորհրդի փոխատենապետ Քլարա Աղախանեանը, ազգային մարմինների ու  միութիւնների ներկայացուցիչներ եւ մեծ թւով հայրենակիցներ:

Միջոցառման աւարտին բեմ հրաւիրւեցին դահլիճում ներկայ այն անհատները, որոնց անւանումը համընկնում էր օրւայ տօնակատարութեանը եւ պարգեւատրւեցին: Յատկանշական է, որ դահլիճի մի հատւածում ներկայացւել էր Վարդանանց ոգով «Շանթ-Մարիամեան» եւ «Արարատ» ազգային դպրոցների սաների նկարչութիւնների ցուցահանդէսը:

Հանդիսութեան աւարտին կազմակերպւել էր ընդունելութիւն:

Թղթակցութիւնը ԿԱՐԻՆԷ ԴԱՒԹԵԱՆԻ

Related Articles

Back to top button