Բաքւի մէջ կը դատւի Հայաստանը

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ
31 հոկտեմբեր 2025-ին Բաքւի մէջ աւարտեցաւ Արցախի Հանրապետութեան ռազմաքաղաքական ղեկավարներու եւ այլ գերիներու դատավարութեան նախնական բաժինը: Այս բաժինը, որ տեւեց մօտաւորապէս մէկ տարի եւ ունեցաւ 100 նիստեր, կընդգրկէր մեղադրեալներու հարցաքննութիւնը, «տուժածներու» եւ վկաներու ունկնդրութիւնները: Մեղադրեալները, 15 հոգի, իրաւունք չունէին եւ տակաւին չունին փաստաբաններ վարձելու արտասահմանէն եւ կը պաշտպանւին Ադրբեջանի պետութեան կողմէ տրամադրւած փաստաբաններով: Իրենց 20 սեպտեմբեր 2023-ին ձերբակալութիւնը կայացաւ, երբ Արցախը դատարկւած էր եւ բոլորին բռնի տեղահանութիւնը ապահովելէ ետք, իրենք եւս կը պատրաստւէին դուրս գալ Արցախէն եւ ապաստանիլ Հայաստանի Հանրապետութիւն:
Դատւող խումբէն անջատւած է Արցախի նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանը: Այս վերջինը կը նկատւի Ադրբեջանի սահմանը ապօրինաբար անցած յանցագործ օտարական մը. Ռուբէն Վարդանեան կը դատւի զինւորական յատուկ դատարանի մը կողմէ:
Դատավարութիւնները տեղի կունենան անկախ լրատւամիջոցներու եւ միջազգային կառոյցներու բացակայութեան: Մեղադրեալներուն եւ անոնց ընտանիքներուն միջեւ կապը կը պահպանւէր Միջազգային կարմիր խաչին միջոցով: Այս կապը խափանւեցաւ Միջազգային կարմիր խաչի Բաքւի գրասենեակի փակումով: Մեղադրեալները իրաւունք ունին միայն ամիսը անգամ մը, հսկողութեան տակ իրենց ընտանիքներուն հետ ունենալու հեռաձայնային կարճատեւ խօսակցութիւն մը:
Ի՞նչ բանի մէջ կը մեղադրւին Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարները: Ադրբեջան զանոնք կը մեղադրէ Ադրբեջանի դէմ պատերազմ սկսելու եւ իրականացնելու, ահաբեկչութիւն կատարելու, ցեղասպանութիւն իրականացնելու, իշխանութիւնը բռնազաւթելու եւ այլ ծանր յանցագործութիւններ կատարելու մէջ:
3 նոյեմբերին պետական մեղադրողը` Ադրբեջանի ընդհանուր դատախազի օգնական Վիուսալ Ալիեւ յայտնած է, որ դատարանին առջեւ կանգնած են բազմաթիւ յանցագործութիւններ կատարած անձերուն միայն մէկ մասը: Աւելի՛ն. մեղադրեալները անուղղակի մասնակցած են «այն յանցագործութիւններուն, զորս Հայաստանի պետութիւնը գործած է սկսեալ 1998-էն մինչեւ 2023 սեպտեմբեր»:
Բաքւի զինւորական դատարանին մէջ ընդհանուր դատախազի օգնականը յայտարարած է, թէ մեղադրեալներուն կը վերագրւին յանցագործութիւններ, որոնք գործւած են 1998-էն 20 սեպտեմբերի 2023: Ան եզրակացուցած է, որ Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան մեղքը ապացուցւած է:
Տակաւին յայտնի չէ, թէ դատախազութիւնը ի՛նչ պատժամիջոց կը պահանջէ մեղադրեալներուն նկատմամբ:
Այս դատական ներկայացման նմանող դատավարութեան յաջորդ փուլին պիտի լսւին պաշտպան փաստաբաններուն ելոյթները: Մեղադրեալներու շահերը պաշտպանող անկախ փաստաբաններու բացակայութիւնը շատ թէական կը դարձնէ ազերի փաստաբաններու պաշտպանութիւնը:
Կատարւող այս բեմադրութեան նկատմամբ Հայաստանի իշխանութիւնները լուռ են: Ադրբեջանի հետ ստորագրւած խաղաղութեան յուշագիրը չի յիշատակեր Բաքւի մէջ կայացող ապօրինի դատավարութիւնը, ուր Ադրբեջանի դատախազութիւնը մեղադրեալի աթոռին կը նստեցնէ նաեւ Հայաստանի պետութիւնը:
Հայաստանի իշխանութիւնները յայտնապէս ընդունած են իրենց մեղքը, ճանչցած են Ադրբեջանի հողային ամբողջականութիւնը, Արցախը ներառեալ, մեղայի եկած ու քաշւած մէկ կողմ, իսկ միջազգային հանրութիւնը, Հայաստանի ու Ադրբեջանի միջեւ հաստատւող խաղաղութիւնը ողջունող արեւմուտքն ու արեւելքը ինչո՞ւ պիտի հետաքրքրւին դատւող Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան ճակատագիրով ու գաղթական դարձած արցախահայերով: Չէ՞ որ Հայաստան պահանջ չունի. Հայաստանի հռչակած խաղաղութեան խաչմերուկին մէջ Արցախն ու արցախահայերը չեն տեղաւորւիր: Արցախ եւ արցախահայեր պետական պաշտպանութիւն չեն վայելեր, ո՛չ հայաստանեան, ո՛չ ալ օտար:
Ադրբեջանի բնութագրումով, Հայաստան ներխուժած է ադրբեջանական հողամաս եւ Ղարաբաղ կոչւած վայրին մէջ, տեղացի հայերու մասնակցութեամբ, ստեղծած է ապօրինի իշխանութիւն մը: Արցախցիներու ինքնորոշման իրաւունքի գործադրութեամբ ազգային ազատագրական պայքարը եղած է պարզապէս ապստամբութիւն մը: Հայաստան սխալած է օգնելով ապստամբութեան կայացման:
Բաքւի դատավարութիւնը կը մօտենայ աւարտին: Մեղադրեալները պաշտպան պիտի ունենա՞ն ի վերջոյ:
Ազդակ



