Հանճա՞ր, բանջա՞ր, թէ՞ որոմ…

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
«…Իմ բանջարը քո հանճարին վնաս չէ, վնաս չէ»:
ԱՇՈՒՂ ՋԻՒԱՆԻ
Անմահ Ջիւանիի «Քանքարաւոր ընկեր» երգին հանճար-բանջար տողը յիշեցինք, երբ հինգշաբթի, 27 նոյեմբերին, ականջալուր եղանք քանի մը լուրերու, որոնց հերոսներուն հանճա՞ր, թէ՞ բանջար ըլլալու դատումը պիտի ձգենք ընթերցողին:
Ա. Միացեալ Նահանգներու նախագահ Թրամփ դարձեալ ինքզինք խայտառակեց, օր մը առաջ, Վաշինգտոնի մէջ պատահած ոճրային դէպքի մը մեկնաբանութիւնը սփռելով: Ծանօթ է, որ զինեալ երիտասարդ մը, Սպիտակ տունէն քիչ մը անդին, կրակ բացեր էր ազգային պահակագունդի անդամներու վրայ ու ծանրօրէն վիրաւորած էր երկու մատղաշ զինւորական (20 եւ 24 տարեկան): Չմտնենք այն ոլորապտոյտին մէջ, թէ նախագահը ինչո՞ւ ազգային պահակագունդը արձակած է իր քաղաքացիներուն դէմ (մի՜ հաւատաք, որ Փաշինեանէն դաս կառնէ), այլ աչքի առջեւ ունենանք արձագանգները: Թրամփ «անասուն», «ահաբեկիչ» եւ նման որակումներ «շնորհեց» ոճրագործին, յետոյ ձեռք առաւ «նախկինները»՝ Բայդէնն ու դեմոկրատները ամբաստանելու, դատապարտելու «մուրճը»:
Նման վիճակներու ի տես՝ «Ֆիլմը հի՛մա սկսաւ»՝ կըսենք կատակով: Այսինքն ի՞նչ: Այսինքն այն, որ քննութիւնները ի յայտ բերեր են, թէ կրակողը 29 տարեկան աֆղան երիտասարդ մըն է, որ 2021-ին, Քաբուլի անկումին եւ ամերիկեան ուժերու հեռացման օրերուն, Միացեալ Նահանգներ բերւած է բազմահազար աֆղաններու շարքին: Ամերիկացիք ինչո՞ւ նման բարիք ըրին հեռացողներուն: Քանզի նախորդ շուրջ 20 տարիներուն, այսինքն՝ ամերիկեան ուժերու Աֆղանիստան գտնւելու – դուք ըսէք՝ նաեւ այդ երկիրը քար ու քանդ ընելու – շրջանին, Սի.Այ.Էյ.-ին ճամբով բազմաթիւ գործակալներ ունեցած են տեղացիներէն (նոյնը ըրին նաեւ Իրաքի մէջ, որոնցմէ քիչ ետք ծլարձակւեցան… իսլամական ծայրայեղականներ կոչւած ոճրախումբերը: Այլ տեղեր ալ դո՛ւք յիշեցէք): Կրնայի՞ն նման «բարեգործներ» ետին թողուլ: Եւ ահա, այս երիտասարդն ալ օգտւած է այդ բարիքէն, եւ որպէսզի արտաքսման կամ այլ տեսակի հալածանքներու չենթարկւի՝ 2024-ի վերջերուն, քաղաքական ապաստանեալի իրաւունք խնդրած է: Եւ ո՞վ կը կարծէք թէ անոր շնորհած է ապսատանեալի իրաւունք: Նոյնինքն Թրամփի իշխանութեան պատկան գրասենեակը՝ անցեալ Ապրիլին: Եւ ահա, ամերիկեան լրատւամիջոցները նախկիններուն հասցէին Թրամփի արձակած «աղբը» կը շպրտեն իր երեսին, խայտառակելով զինք:
Այս մարդը խայտառակւելու սովորութիւն ունի (նախորդ իշխանութեան վարիչները ունին իրե՛նց մեղքերը, որոնց շարքին՝ առաջին տեղը կը գրաւեն ԱՆՀԵՌԱՏԵՍՈՒԹԻՒՆԸ, հետեւողական եւ օգտակար քաղաքականութենէ հրաժարումը): Ի դէպ, արհամարհելով նախագահին սպառնալիքներն ու մայրաքաղաքը բանակայիններով խճողելու հեռատե՜ս քայլերը, բազմահազար քաղաքայիններ, մեծ մասամբ երիտասարդներ, հինգշաթբի օր, Գոհաբանութեան տօնը անցուցին Սպիտակ տան դրացնութեան մէջ, պահանջելով, որ Թրամփ հեռացւի իշխանութենէն ու հաշւետւութեան կանչւի: Քանի՞երորդ անգամ ծաւալող արշաւը, կըսեն, պիտի շարունակւի շաբաթավերջին (հաւանաբար շատեր չեն մոռցած, որ նախագահին դէմ անցեալին արձակւած են պաշտօնազրկման երկու վճիռ եւ սակայն, ատիկա արգելք չեղաւ, որ վերընտրւի):
Բ. Արագ թռիչքով մը հասնինք Ֆրանսիա, որուն նախագահին խելապատիկէն նոր գիւտ մը տարածւեցաւ նոյն օրը: Մաքրոն որոշեր է զօրացնել երկրի պաշտպանութիւնը եւ, ի՜՞նչ, ԿԱՄԱՒՈՐ ԶԻՆՒՈՐԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ կը կանչէ 19-20 տարեկան երիտասարդները, 2026-ի կէսերէն սկսեալ: Մակրոն պաշտպանական մտահոգութիւն ունի, քանզի Ռուսիան սպառնալիք կը նկատէ: Առաջին փուլին, 3000 զինւորներ պիտի առնւին զէնքի տակ, պիտի ենթարկւին որոշ մարզումներու, պիտի վճարւին, ՊԻՏԻ ՉԵՐԹԱՆ ԵՐԿՐԻ ՍԱՀՄԱՆՆԵՐԷՆ ԱՆԴԻՆ (ասիկա ամբոխահաճ խոստում չնկատէ՜ք): Կամաւոր զինւորագրեալներուն թիւը մինչեւ 10 տարի պիտի բարձրանայ 50000-ի: Ո՞ւր մնացին ապազինման, խաղաղ գոյակցութիւնը ամրապնդելու, «Պարոն Գորբաչով, քանդէ՛ այս (Բեռլինի) պատը» խոստումներն ու տրամադրութիւնները: Հապա կառավարական տագնապն ու քաղաքական անե՞լը…
Այս հանճարեղ-բանջարեղ որոշումը ծնունդ կու տայ բազմաթիւ հարցումներու: Այս ծրագիրին ֆինանսաւորման համար որքա՞ն գումար պիտի ծախսւի (կը խօսւի միլիառներու մասին) եւ որո՞նց ափերը պիտի իւղոտւին: (Որեւէ երկրի բանակին ամրապնդման գաղափարին դէմ չենք, բայց այս ծրագիրէն տարբեր հոտեր կը տարածւին): Սա կապ ունի՞ ՆԱԹՕ-ի անդամ երկիրներուն պաշտպանական բիւջէն բարձրացնելու… Թրամփի պարտադրանքին հետ: Ռուսիայէն զգացւած վտանգին որքա՞նը իրական է, որքա՞նը կը յիշեցնէ երեւակայական թշնամիներու դէմ նիզակ ճօճող Տոն Քիհոթէն (Տոն Քիշոթը): Այլ հարցումներ ալ կրնան ծագիլ ընթերցողներու մտքին մէջ…
Գ. Թող նոյն օդանաւը մեզ հասցնէ Երեւան: Հոն, ՔՊ-ականները, յայտնապէս ընտրարշաւի տրամաբանութեամբ, անցեալ շաբաթ ճամբայ հանեց բանակին ծառայութեան պայմանաժամը 6 ամիսով կրճատելու ծրագիրը: Ինչո՞ւ: Որովհետեւ… «խաղաղութեան դարաշրջան մտած ենք», «դրկից Ադրբեջանն ու Թուրքիան սպառնալիք չեն» (դո՛ւք չափեցէք, թէ Ֆրանսան Ռուսիայէն որքա՞ն հեռու է), հոգ չէ թէ թրքացեղ եղբայրները ո՛չ միայն ամէ՛ն օր կը խօսին «Զանգեզուրի միջանցք»ի իրենց ծրագրերուն մասին, այլ նաեւ կը գործե՛ն անոր իրականացման համար, իրենց աչքերը ուղղած են ամբողջ Սիւնիքին ու Սեւանի արեւելեան գօտիին, Հայաստանի ամբո՛ղջ տարածքին: Ու երբ ընդդիմադիր իրատեսներ իրերայաջորդ ահազանգեր կը հնչեցնեն, ՔՊ-ականներ կըսեն, որ պէտք չէ հաւատալ նման խօսքերու: Բայց ինչպէ՞ս մոռնալ, որ Արցախի կորուստին, Հայաստանէն հողերու յանձնումին եւ անվտանգութեան կարիքներու աչքաթող մնալուն մասին ընդդիմադիրներու մտավախութիւնները իրականացած են, ինչպէ՞ս չտեսնել, որ ՔՊ-ականներու խօսքն ու գործը լիովին համապատասխան է թշնամիի խօսքին ու գործին:
Անդին, կասկածներ շրջան կընեն, որ Տաւուշի եւ Գեղարքունիքի անտառներուն ու դաշտերուն մէջ տարածւած հրդեհներուն մէջ պէտք է փնտռել ազերիներու մատը: Ասդին, Երեւանի բնակիչները, ձմեռ օրով, կը գանգատին կենսոլորտի ապականումէն…
Այս բոլորը ո՛չ մէկ կապ ունին «ազգընտիր»ին եւ որ պոչիկներուն հետ: Հիմա, անոնք նոր թափ տւած են իրենց հակաեկեղեցական արշաւանքին, ամէն քայլափոխի՝ նոր հնարքներու կը դիմեն, իբրեւ թէ եկեղեցականներու շարքերէն գործակիցներ ապահովելու համար: Ժողովուրդը երկփեղկումի (դուք ըսէք՝ բազմափեղկումի) տանելէ, հայրենիքին եւ Սփիւռքի միջեւ վիհեր փորելէ, Արցախէն ու արցախցիներու իրաւունքներէն ձեռք լւալէ ետք (վնասներու շարքը դուք լրացուցէք), հիմա կարգը եկած է Եկեղեցին բաժանման տանելու, ճի՛շտ այդ ոճով, որ կիրարկւեցաւ ուղի՛ղ դար մը առաջ, անաստւածութիւն քարոզող համայնավարներուն կողմէ (այդ օրերուն ալ գտնւեցան եկեղեցականներ, որոնք կաշառւելով կամ սպառնալիքի տակ դարձան իշխանաւորներուն գործակիցը):
…Հարցումը կը մնայ հարցում. հանճարնե՞ր, բանջարներ թէ… որոմ: Երկրագործը հանճար ըլլալու պէտք չունի, գիտնալու՝ թէ իր դաշտը ինչպէ՛ս պէտք է մաքրէ որոմէն:



