Դաշնակցական Բեմ

Պարտաւոր ենք բարձրանալ

ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ

 

Պատմութիւնը վկա՛յ, որ կայսրութիւններ անգամ փուլ եկած են ոչ՛ թէ թշնամի յորդաներու հարւածներուն եւ յարձակումներուն դիմաց ընկրկելով, այլ՝ դասալքութեամբ, անմիաբանութեամբ, սեփական յանցագործութեամբ եւ ժողովուրդին ստրկամտութեան առաջնորդելով ու ազգի եւ պետութեան ըմբռնողութենէն պարպւելով, ինչպէս նաեւ՝ արդար իրաւունքներէ զիջելով: Պարիսպները ներսէն փուլ եկած են, երբ թշնամին նախօրoք երկար ժամանակ անկարող մնացած է զանոնք քանդելու ու ներս թափանցելու:

Այսօր հայ կեանքին մէջ ազգային արժէքներու դէմ կազմակերպւած ու անոպայ պայքար յայտարարւած է: Հայու ինքնութեան հաւատամքն է, որ հարւած կը ստանայ, հայ մարդու երազն է, որ կը գունաթափւի, սերունդներու կրթութեան ու կազմաւորման սրբազան առաքելութիւնը կայլափոխւի, մեր ժողովուրդի ազգային նկարագիրին հիմնական բաղադրիչը՝ Հայ եկեղեցին կը թիրախաւորւի ու կը վարկաբեկւի, Հայոց պատմութիւնն է, որ կը խեղաթիւրւի, եւ հայութեան պահանջատիրական ոգին է, որ կը ջլատւի: Եթէ այս իրողութիւնները ունին իրենց սարսափազդու հետեւանքները, ստեղծւած կացութեան դիմաց ցուցաբերւած կրաւորականութիւնը, իր կարգին, համահաւասար մեղսակցութիւն է: Այս բոլորը վերածւած են ազգային ողբերգութեան, որուն հետեւանքներէն անմասն չէ որեւէ հայ անհատ՝ իշխանամէտ կամ իշխանութեանց հակադրւած:

Դժբախտաբար էովին չենք անդրադառնար, որ դարերու ընթացքին կերտւած ազգային մշակոյթը, հայրենի հողով ու ջուրով եւ կամ անոնց կարօտով սնանած գրականութիւնը սկսած են անհաղորդ ու անհարազատ դառնալ մեր ներկայ իրականութեան, որովհետեւ երազն ու տեսլականը, հայապատկան պատմական հողերու իրաւատէր ներկայանալու ազգային ապրումն ու նկարագիրը, հայութեան նւիրական իրաւունքներու պաշտպանութեան համար դարբնւած անձնուրաց պայքարի ոգին, մեր ազգային արժեհամակարգէն դուրս բերելու յստակ ճիգ կայ եւ այդ ճիգը արդիւնաւորելու՝ իշխանապետական գործընթաց: «Քէլէ, լաօ, քէլէ երթանք մըր երկիր»-ը, «Պիտի հասնինք սրբազան լեռ կատարիդ»-ը, «Երթամ ննջել իմ Կիլիկիա»-ն, «Գինի լից»-ը, «Կամաւորի երգ»-ը եւ մասամբ նորին, իմաստազրկելու ու հնամաշ ներկայացնելու փորձ կը կատարւի, մեր ազգը յատկանշող ու անոր ինքնուրոյն նկարագիր տւող խորհրդանիշները երգիծանքի ու խծբծանքի կենթարկւին: Եւ աւելի՛ն. այս բոլոր բաղադրիչները անշուշտ պատանեկան տարիքի զգացական ու զեղումնային հայրենասիրութեան բնորոշումներով կարժեւորւին:

Տակաւին, ի՞նչ ըսել իրական առասպելներ ու դիւցազնական պատմութիւն կերտած եւ իրերայաջորդ սերունդներու ներշնչման աղբիւր հանդիսացած հայ ազգի ընտրեալներու հանդէպ ծաղրի ու անտեսումի օրէ օր արմատացող երեւոյթներուն մասին, երբ հերոսի հասկացողութիւնը նաեւ կաղաւաղւի ու, ի՜նչ հեգնա՛նք, քաղաքացիական իր տարրական պարտականութիւնը կատարող քաղաքացին, որ պետութեան տուրք կը վճարէ, իշխանութիւններու կողմէ կը հռչակւի հերոս:

Այս ծիրին մէջ պէտք է անդրադառնալ նաեւ այն հանգամանքին, որ հայ քաղաքական մտքին համար այսօրւան իրականացւող գործընթացներէն ոմանք, խորքային առումով, նաեւ սոսկ հակադաշնակցական պայքարի արտայայտութիւն չեն, ոչ ալ՝ լոկ քաղաքական ընդդիմութեան հանդէպ հալածանք ու հաշւեյարդար: Թաքնւած հիմնական վտանգը հայութեան արժէքային համակարգի դէմ քանդումի արշաւանքն է: Ահաւասիկ այս է օրհասականը եւ ոչ թէ բոլոր ժամանակներուն փորձւած ու այլեւս հնամաշ դարձած հակադաշնակցական պայքարի ձախողած հիւանդագին մոլուցքը, որ կուսակցութեան տարիքին համահաւասար կեանք ունի: Այս եղելոյթը արդէն շատոնց յստակ համոզումի առանցք է դաշնակցական անհատին համար եւ ոչ մէկ ձեւով ազդեցութիւն ունի անոր տարերքին մէջ:

Անհրաժեշտ է նկատի ունենալ այս ճշմարտութիւնը եւ հարցերը «դաշնակցականացնելու» կամ «հակադաշնակցականացնելու», ինչպէս նաեւ «հին ու նոր»-ի, «բարիի ու չարի» մակերեսային պարունակին մէջ որդեգրելու ու ներկայացնելու իշխանութիւններու լարած քարոզչական թակարդը դուրս շպրտել մեր իրականութենէն: Ճիշտ է, որ Ազգային ժողովի ամբիոնէն ՔՊ-ական պատգամաւորներ ու կառավարական դէմքեր շատ յաճախ նոյնիսկ խնդրոյ առարկայ կը դարձնեն Դաշնակցութեան 135-ամեայ երթը ու անոր անցած ժողովրդանւէր ուղին, այսուհանդերձ, այդ բոլորն անգամ միջոց են, որպէսզի ժողովուրդին ուշադրութիւնը շեղեն իրենց պարտւողական, միակողմանիօրէն զիջողական եւ համակերպումի գործընթացէն:

Արդեօ՞ք երնէկ պէտք է տալ այն օրերուն, երբ Դաշնակցութեան եւ համայնավարութեան միջեւ կընթանար գաղափարական պայքար: Երնէ՞կ տալ այն օրերուն, երբ նոյնիսկ համայնավար վարչակարգը Դաշնակցութիւնը կորակէր Հայաստանի ու հայութեան թիւ մէկ թշնամի: Ընդունինք կամ ո՛չ, ակնյայտ պատմական փաստ է, որ գաղափարական այդ պայքարը հարստացուց ազգային արեւելումն ու արմատացուց քաղաքական միտքն ու մտածողութիւնը հայրենի հողին վրայ՝ ժողովուրդի մէջ վառ պահելով սթափումի տենդը: Այդ պայքարի ընթացքին սփիւռքը աւելի կազմակերպւեցաւ, ու անոր քաղաքական գործօնը աւելի շեշտակի դարձաւ, եւ հայութեան արդար իրաւունքներու ձեռքբերման պայքարը իր հարազատ հունը գտաւ:

Ո՞ւր ենք այսօ՛ր: Քայլարշաւը պարզապէս վերածւած է, հեծելարշաւի, դէմքերու «թրաշւիլը» եւ սափրւիլը փոփոխութեան ու նոր դիմագիծով ներկայանալու սին պատգամի, պետական այրերու խոհանոցային աշխատանքի ցուցադրութիւնը՝ քաղաքակրթութեան նոր չափորոշիչի, ընկերային ուրախ մթնոլորտով կենցաղային ու ապրելակերպային նոր հայու ստեղծումը՝ «Նոր Հայաստանի» քաղաքացիի պատրաստութեան, ցեղասպանին ու թշնամիին հետ՝ ծնկած ու գլխիկոր, երկխօսութիւնը՝ հայրենիքի ու հայութեան անվտանգութիւնն ու երկրի տնտեսական զարգացումը երաշխաւորելու սնափառ գաղափարախօսութեան, Արարատը Արագածով փոխարինելու անբացատրելի ու ամօթալի հնարքը՝ գործնական հայրենասիրութեամբ, «Արցախը Հայաստա՛ն է եւ վե՛րջ» պոռոտախօս բացագանչութիւնը՝ Արցախի յանձնւողական համաձայնագիրի ստորագրութեամբ, կառավարութեան նիստերու թատերականօրէն բեմականացումը, ինչպէս նաեւ՝ մարդուժի եւ պատասխանատու պաշտօններու վերադասաւորումները՝ ժողովրդավարութեան ու պետականաշինութեան, ինչպէս նաեւ՝ համակարգային փոփոխութեան նոր ու շինծու նմուշի: Եւ այս բոլորը ամրագրելու համար այլեւս զարմանք պէտք չէ պատճառէ մեզի, երբ անոնց հեղինակը Ազգային ժողովի ամբիոնէն, արար աշխարհին դիմաց, կը համարձակի Հայաստանի Անկախութեան հռչակագիրի լուծարման իր համոզումը բացատրել, որպէսզի վերջնականապէս հրաժարի Արցախէն ու ամբողջական Հայաստանի իդէալէն եւ պարտաճանաչօրէն գործադրած ըլլայ Էրդողանի եւ Ալիեւի հայակործան ու հայաստանակործան պահանջները: Վերջերս Արեւմտեան Հայաստանի սահմանումը նաեւ իշխանութիւններուն սկսած է խիստ անհանգստութիւն պատճառել: Ցեղասպանւած ժողովուրդի մը մէկուկէս միլիոն սրբադասւած նահատակներու հաշւոյն ի՞նչ վիրաւորանք է այս մտայնութեան արտաբերումը հայ կեանքին մէջ: Արդեօ՞ք Ծիծեռնակաբերդն ալ վաղը պիտի դառնայ ճնշիչ ներկայութիւն ու ստանայ անկանխատեսելի որակում: Վերջը՝ ի՞նչ…

Այս մթնոլորտին մէջ ու արհեստագիտութեան զէնքերը նաեւ օգտագործելով, ընդդիմութեան որեւէ կեցւածք ի յառաջագունէ մերժելի դարձնելու ու զայն «Նոր Հայաստանի» շահերուն, ժողովուրդի բարօրութեան, երկրի զարգացման ու յառաջընթացին հակադրելով՝ պիտակաւորումներու լայն շղթայ մը կը կազմւի: Ամէն ինչ այդ աքցանին մէջ առնելով՝ իրողութիւնները կերպարանափոխելու հսկայական ճիգ կը ներդրւի:

Ստեղծւած այս կացութեան դիմաց, ժամանակակից արհեստագիտութիւնը, որ այսօր կը կիրարկւի պետութիւններու ռազմական մարտավարութեանց ու գործողութիւններուն մէջ եւ անշուշտ իրենց մեծապետական ու կայսերական նպատակներու իրագործման համար, մեր պարագային իր տարրական մասնաբաժինով տակաւին կարելի չէ եղած ընկալել, երբ շատ լաւ կը գիտակցինք, որ հայու հանճարեղ միտքը եւ կարողութիւնը ոչինչով կը զիջին այլ ազգերու եւ ժողովուրդներու կարողականութենէն: Պարզապէս մենք մխրճւած ենք ինքնամաշումի ոլորապտոյտի մը մէջ, եւ շատ յաճախ արհեստագիտութեան թափթփուկներ են, որ դժբախտաբար կօգտագործւին մեր միջավայրին մէջ, եւ այդ մէկն ալ՝ միշտ ներքին ամրութիւնը եւ դիմադրողականութեան խորտակելու առումով եւ ո՛չ թէ մեր ազգի ու հայրենիքի անվտանգութիւնը երաշխաւորելու համար:

Միջազգային ընտանիքի մօտեցումը նաեւ մեր երկրի ու պետականութեան հանդէպ վիրաւորական է, ու յար եւ նման՝ խեղճացած ու անգործութեան եւ անկարողութեան մատնւած մարդու հանդէպ ցուցաբերւած վերաբերմունքին: Բնականաբար այս իրավիճակը կը խոցէ մեր արժանապատւութիւնը, բայց դժբախտաբար չի շարժեր մեր խիղճը: Ափսո՜ս, անմխիթար իրավիճակի ու արագընթաց նահանջի գիտակցական ըմբռնողութիւնը հարկ եղած տարողութեամբ տեսանելի չէ մեր կեանքին մէջ:

Եկէք՝ ընդունինք, որ ընդդիմութիւնը որեւէ պետութեան համար եւ որեւէ փուլի անհրաժեշտութիւն է: Այլընտրանքային ուղղութիւններու ներկայացումը եւ իշխանութեանց հանդէպ կատարւած քննադատութիւնն ու անոնց դէմ նաե՛ւ այլակարծութեան հանրային կարծիքի ձեւաւորումը քաղաքական կեանքի մէջ աշխուժութեան եւ զգաստութեան հիմնական գործօններ են: Համահայկական հիմնախնդիրներու վերաբերեալ՝ մանաւա՛նդ ազգային ընդդիմութեան առկայութիւնը չարիքը կրնայ նւազեցնել ու յաւելեալ կորուստներու առաջքը առնել: «Ո՞վ ըսաւը» պէտք է դառնայ կարեւորը, եւ ո՛չ՝ «ի՞նչ ըսաւը»: Այս է, որ կը սպասւի պետութեան ղեկը ստանձնած ոեւէ անհատէ՝ հարցերը դիտարկելու իր մօտեցումներուն մէջ, եթէ անշուշտ օժտւած է ազգային ու պետական արժանավայել հմտութեամբ:

Միւս կողմէ՝ հարկ է նկատի ունենալ այն հանգամանքը, որ ընդդիմութիւնը, իր կարգին, մեկնելով ընդհանուր անհրաժեշտութիւններէ՝ իր տարազումը ու մարտավարութիւնը մի՛շտ վերանորոգելու պարտաւորութեան դիմաց կը գտնւի: Ընդդիմութիւնը պետական կառոյց չէ, որ ամէն անգամ, երբ գործունէութիւն մը դադրեցնէ եւ նոր ոճ մը որդեգրէ, զայն պէտք է պիտակաւորել ձախողութեամբ: Ընդդիմութիւնը շարժում է, եւ այդ շարժումը կրնայ ունենալ մարտավարական եւ գործելաոճային յարափոփոխ ընթացք եւ, ի պահաջել հարկին, ռազմավարութիւնը վերատեսութեան ենթարկելու պատրաստակամութիւն եւ կամք: Ան նոյնիսկ վերանորոգումի, վերաթարմացման եւ ինքնասրբագրութեան կամք ու ինքնավստահութիւն պէտք է դրսեւորէ: Ընդդիմութիւնը չի գնահատւիր սոսկ ցոյցերու մասնակիցներու թիւով, ոչ ալ՝ դէպքերու հակազդեցութեան տարողութեամբ, այլ՝ իր դաւանած ազգային անշեղ նպատակներով, որոնց իրականացման համար բազմատեսակ գործադաշտեր կան: Այս դիտանկիւնէն մեկնած՝ ընկալելի պիտի դառնայ ընդդիմութեան համար եւ իր իսկ նպատակներուն հասնելու արդիւնաւէտ ու հեռատես ուղիի որդեգրումին համար իր հասցէին հնչած առողջ քննադատութիւնները: Իր որդեգրած նպատակնեներէն հրաժարումը միա՛յն ընդդիմութեան մը ձախողութիւն կը համարւի եւ ո՛չ ուրիշ բան:

Իշխանափոխութիւնը, իր կարգին, իշխանութիւններու կողմէ կը թարգմանւի ու կը ներկայացւի հիներու վերադարձով, կամ անոնց հրէշային ասպատակութեամբ՝ «Ուշադի՛ր, հասէ՛ք, գայլը եկաւ» հեքիաթի հարազատ վերարտաբերութեամբ, երբ այլեւս «հովիւի» հերթական սուտերը սկսած են բացայայտ դառնալ ու հեքիաթի անհեթեթութիւնը՝ ծիծաղելի ու անըմբռնելի: Ընդդիմութեան հաշւոյն հնչած քարոզչական գնահատումները պէտք է նկատի ունենալ իշխանական խաղի ու իշխանութեան ինքնաարտադրումի տարբերակ եւ ոչ՝ առարկայական լուրջ գնահատում:

Վերջապէս, իրերու այս սահմռկեցնող կացութեան մէջ արդարօրէն իրաւունք ունինք հարց տալու, որ արդեօք մտաւորականութիւնը ըսելիք չունի՞ եւ իր գրիչը յանձնած է անգրագէտներու եւ ինքնակոչ պատմաբաններո՞ւ, որոնք զայն չարաչար կը շահագործեն եւ կեղծ ու մեր ազգային էութեան անյարիր պատմութեան նոր հոլովոյթ մը կը փորձեն պարտադրել:

Մտաւորականութիւնը անզգալաբար իր զէնքերը զիջած է ընկերային ցանցերու վրայ տարածւած դիմակաւոր գրոհայիններու եւ մեծաւ մասամբ օտարանուն «լայքականներու»: Այդ դիմակահանդէսի հեղինակները կը փորձեն օր ու գիշեր ներկայ կացութեան պահպանումին համար իշխանամէտ հանրային կարծիք ձեւաւորել եւ ապազգայնական ուղեգիծ շեփորահարել: Անոնք կը փորձեն նաեւ ատելութիւնը, ոխը եւ ներքին թշնամանքը աւելի խորացնել՝ անգիտակցաբար յագուրդ տալով Հայաստանը առանց հայու կամ հայը առանց Հայաստանի երազը փայփայող թշնամիներուն ծաւալապաշտական ու փանթուրանական ախորժակներուն:

Եւ որքա՜ն հարազատ կը հնչեն այսօր Պարոյր Սեւակի այս տողերը՝

«Պարն աւարտւել ու խաղն արդէն վերջանում է: Հանեցէ՛ք ձեր դիմակները:

Իմ վիճակը ձեր փոխարէն լրջանում է, որովհետեւ ինձ է տրւած, դժբախտաբար,

Յիշեցնելու ձեզ վերստին ու վերջապէս, որ ուշացած արթնացումը

Կը նմանի մի պայթիւնի՜, որից յետոյ, լռութիւնն ու փոշին պիտի գօտեմարտեն

Չգոյութեան գահի համար…»

Նման խառնիճաղանճ եւ ապատեղեկատւութիւն ստեղծող վարքագիծին դիմաց, հակազդեցութեանց մէջ հարկ է մնալ զգաստ եւ գաղափարներու ու բառերու կշռոյթը պահել իր հարազատ պատւանդանին վրայ ու այդ ճամբով չվարանիլ տալու հատու եւ յստակ պատասխան: Այո՛, հրամցւած նման անմակարդակ եւ անընդունելի մթնոլորտի մէջ այս չափանիշի որդեգրումը դժւար է եւ յանձնառութիւն կենթադրէ, սակայն ճշմարտութեան պարզաբանումը եւ զայն պայծառութեամբ ու յստկատեսութեամբ փոխանցելը անհրաժեշտ են ժողովուրդի մէջ դիպաշարները հարազատօրէն ըմբռնելու տրամաբանութիւնը վեր բարձրացնելու այդ հայրենավնաս ժխորէն եւ վարկաբեկիչ կացութենէն:

Պէտք է ըլլալ անկեղծ եւ ընդունիլ, որ սփիւռքը այսօր հայրենիքի մէջ տեղի ունեցող գործընթացներուն նկատմամբ եւ, աւելի՛ն, համահայկական հրատապ օրակարգերու վերաբերեալ հարկ եղած աշխուժութիւնը չի ցուցաբերէր, եւ կարծէք իշխանութիւններու ուզածն ալ այս է: Շատ յաճախ ֆէյսբուքեան մակարդակի վրայ, գրառումներու սեղմ պարունակին մէջ կը սահմանափակւի անոր հետաքրքրութեան ոլորտը, ինչ որ անբաւարար է թէ՛ իշխանութեան, եւ թէ՛ ընդդիմութեան տեսակէտներուն իրազեկ դառնալու համար: Սփիւռքի այս թեման անշուշտ հայ քաղաքական մտքին համար կարեւոր օրակարգ է, եւ անոր քննարկումը կը կարօտի փակագիծները լայն բանալու համարձակութիւն, անկեղծութիւն եւ իրապաշտ մօտեցումի ցուցաբերում, երբ մանաւանդ նկատի ունենանք սփիւռքի հայութեան համրանքն ու անոր հսկայական ներուժը եւ այս բոլորի դիմաց՝ իշխանութիւններու կողմէ «ներկայ Հայաստան՝ իր ներկայ սահմաններով» իբրեւ վախճանական հայրենիք ներկայացնելու ու իրաւականացնելու հասկացողութեանց վտանգաւոր ըմբռնողութիւնը:

Սփիւռքի վերասահմանումը, անոր քաղաքական գործօնի բիւրեղացումը, ինքնաճանաչողութիւնը, վերջապէս՝ հայրենիքի հանդէպ իր պարտաւորութիւններու եւ քաղաքական ու այլ գործընթացներու ընդհանուր հոլովոյթին մէջ անոր լիիրաւ մասնակցութիւնը եւ դիտորդական կարգավիճակէն դուրս գալը հրամայական անհրաժեշտութիւններ են: Ժամանակն է, որ այլեւս սփիւռքը շնորհւած խաբուսիկ ու խորհրդանշական «պատւոյ» պաշտօններէն, ժամանակակորուստ խորհրդաժողովներու մասնակցութենէն, շքանշաններու ակնկալումէն անդին՝ տեսնէ իր մասնակցութեան արժեչափերը եւ կշիռը ու ըստ այնմ ինք ճշդէ իր ռազմավարութիւնը: Հայրենիքի իղձերուն եւ տագնապներուն հետ միախառնւիլը եւ անոր նկատմամբ յանձնառութեան դրսեւորումը կենսական են, սփիւռքահայուն համար: Հայրենիքը զբօսաշրջութեան վայր չէ միայն, ուր այցելելով ու անոր գեղատեսիլ վայրերուն եւ մայրաքաղաքի կենտրոնական հրապարակներու շքեղութեամբ հմայւելով ու հպարտանալով՝ մեր հայրենասիրութեամբ շոյւած զգանք ու բաւարարութիւն գտնենք:

Անշուշտ այս բոլորի կողքին պէտք է ընդունիլ, որ սփիւռքի կեանքի տարբեր բնագաւառներու կազմակերպումն ու սփիւռքահայութեան կարողականութեան առաւելագոյն ներդրումը հայ կեանքին մէջ անցեալի ընկալւած մեթոտաբանութեամբ եւ հասկացողութեամբ կարելի չէ առաջ տանիլ: Սփիւռքը նոր անկիւնադարձ մը կատարելու պատմական պահու մը ստեղծման պարտաւորութեան տակ կը գտնւին եւ այդ մէկը կը կարօտի նախապաշարումներէ, ներքին գոյութենական վախի զգացումէ (նաեւ՝ իր թապու դարձած ու տակաւ կծկւող պատիանէն) դուրս գալու եւ բախելու այսօրւան չոր, բայց իրապաշտ իրականութեան:

Պահն է ազգովին բարձրանալու վեր: Այո՛, առաջին հերթին՝ մեր գրականութիւնն ու պատմութիւնը վերադարձնելու իր պատւանդանին, մեր ներկայի խօսոյթը դարձնելու էապէս ազգային ու գաղափարական, քաղաքականութիւնը դուրս բերելու ներկայիս իրեն պարտադրւած սպառողական ու շուկայական ապրանքատեսակի իր այսօրւան ստացած վարկանիշէն ու ներքին ապառողջ իր վիճակէն, եւ այս բոլորը՝ մեր մէջքը շտկելու ու նաեւ մեր մէջ վերագտնելու հայատրոփ կեանք ստեղծելու ներքին ուժ:

Աշխարհաքաղաքական գործընթացները՝ ծաւալապաշտական մեծապետական եւ կայսերական նկրտումները, Հայաստանը վերածած են բախումներու բարդ ու բազմաթիւ հանգոյցներով խաչմերուկի: Այս ճակատագրորոշ փուլը շրջանացնելու համար ազգային քաղաքականութեան, առողջ մարտավարութեան եւ դիւանագիտութեան ու հայրենիքի անվտանգութիւնը երաշխաւորող համակարգին վերակառուցման հրամայական անհրաժեշտութիւններու դիմաց կը գտնւինք: Այս բոլորի իրականացման համար նախապայման է անշուշտ հայ մարդու հայադրոշմ, զգաստ եւ յատկապէս հայրենանւէր կերտւածքն ու աշխատանքը եւ, ի պահանջել հարկին, պայքարի ներքին ամէնօրեայ ապրումը: Արտաքին եւ ներքին հողմերուն դիմաց պէտք է հայ անհատը նախ ինք իր մէջ աճեցնէ դիմադրողականութիւն ու անընկճելի ոգի: Այս հանգամանքը նախապայման է գէթ սկսելու համար պարտութեան անիւը հակառակ կողմ դարձնելու եւ վերափոխման յոյսը տեսնելու համար:

Պահն է հայ անհատին մէջ ազգային անխոցելի արժանապատւութեան բիւրեղացման, հայը հայէն օտարացնելու եւ պառակտումի թունաւոր ախտավարակ իրականութենէն ձերբազատման եւ ծով համբերութեամբ ու վճռակամութեամբ առաջնորդւելու՝ յաղթանակի յոյսը անխորտակ պահած: Մենք ազգովին հաշիւ ունինք տալիք հերոսածին մայրերուն, Արցախի ժողովուրդին եւ մեր ներկայ պատմութեան դիմաց: Կտրւինք ընդհանուր ժխորէն եւ պատկերացնենք, որ տակաւին երէկ հինգ հազար մատղաշ երիտասարդներ զոհասեղանին վրայ դրւած են, հազարաւորներ դարձած են հաշմանդամ ու անկարող, եւ հայրենիքի հսկայական տարածքներ կորսնցուցած ենք ու այս բոլոր աննախընթաց դժբախտութանց ու աղէտին դիմաց, բաց աչքերով տեսնենք մեր պետութեան եւ ժողովուրդին պարզած անմխիթար իրավիճակը: Ասկէ աւելի ծանր, խայտառակ ու վարկաբեկւած ի՛նչ կացութիւն կրնանք պատկերացնել, որ այլեւս ԶԳԱՍՏԱՆԱՆՔ: Վարչակարգերը, իշխանութիւնները եւ նոյնի՛սկ ժողովուրդը պատմութեան դատաստանին դիմաց ուշ կամ կանուխ իրենց գնահատականը կը ստանան, բայց այս պարագային, այդ օրւան սպասելը բաւական ուշ պիտի ըլլայ, երբ կը գտնւինք Հայոց պատմութեան ամենաթէժ ու ճակատագրորոշ փուլին դէմ յանդիման՝ լինել կամ չլինելու վտանգաւոր ու օրհասական կացութեան մէջ:

Մեր լինելութիւնը փրկելու համար պարտաւոր ենք բարձրանալու վեր այս տիղմէն, որուն մէջ սկսած է մխրճւիլ ազգը ամբողջ: Ե՛ւ «հին» ե՛ւ «նոր», նաեւ «իրական Հայաստան», հասկացողութիւններ չեն կրնար գոյութիւն ունենալ հայ կեանքին մէջ: Փոխարէնը, կա՛յ յաւերժական հայրենիքի՝ դարերէն եկող ու դէպի նոր ժամանակներ ընթացող բացարձակ, վաւերական ու անփոխարինելի ճշմարտութիւն, որուն շուրջ պէտք է համախմբել ազգը ամբողջ: Հայաստանի սահմաններու անսասանութիւնը, անվտանգութիւնը եւ բռնազաւթւած տարածքներու վերադարձը պէտք է կազմեն այդ համախմբումի համահայկական հարթակը: Մնացեալ տեսութիւնները մեր իրականութեան մէջ չեն կրնար տեղ ունենալ:

Աշխատանքի եւ պայքարի դաշտը մի՛շտ ալ գոյութիւն ունեցած է տագնապող ու արարող հայ անհատի հոգեկերտւածքին մէջ: Այս պատմական ու անհերքելի փաստը դարերու ընթացքին ինքզինք կենսաւորած է, եւ հայութիւնը յաջողած է մեծ թէ փոքր, նոյնիսկ մահացու ու բնաջնջումի հարւածներէն ետք վերականգնումի ու վերապրումի հարազատ ուղին գտնել:

Բարձրանանք վեր ու վերակերտենք մենք զմեզ ու ապա՝ ամէն բան: Վստահաբար կրնա՛նք: Պատրաւոր ենք վերակերտելու: Ուրիշ ճշմարիտ հայկական ու ազգային ճանապարհ չունինք:

«Ազդակ»

Related Articles

Back to top button