Գաղափարական

Շուտով լոյս պիտի տեսնէ Սիմոն Զաւարեանի անտիպ նամակներու հատորը

«ԱԼԻՔ» – Շուտով՝ տարին չաւարտած, լոյս պիտի տեսնէ Հ. Յ. Դաշնակցութեան խիղճը համարւող Սիմոն Զաւարեանի անտիպ նամակներու հատորը, որ կու գայ լրացնելու Քրիստափորի եւ Ռոստոմի անտիպ նամակներու հրատարակութեան շարքը։

Մամուլի տակ գտնւող եւ ՀՅԴ Բիւրոյի հրատարակչական աշխատանքներէն հանդիսացող այս հատորին մասին դեռ անդրադարձ կը կատարւի, սակայն մեր յաջորդ գործը արդէն իսկ ընթացք առած է, շնորհիւ բոլորէն սիրւած ու յարգւած վաստակաշատ պատմաբան եւ այս տիտանական հատորներուն խմբագիր՝ Երւանդ Փամպուքեանի։

Ահա կը թեւակոխենք մեր համատեղ աշխատանքի 19-րդ տարին։ Ընդհանրապէս չեմ անդրադառնար առօրեայ գործերուս մասին, որ ձեռագիրներու, եւ շատ անգամ բարդ ու հանելուկային ձեռագիրներու հետ շփումն է, սակայն անծայրածիր գիտելիքներու եւ նորանոր բացայայտումներու շտեմարան մըն է հաստատ։ Մէկ խօսքով՝ իւրաքանչիւր օր նոր բան մը սորված տուն կը վերադառնամ, անհունօրէն գոհունակ սրտով։ Այս հատորները բարձի գիրք չեն կրնար ըլլալ անշուշտ, եւ միայն քիչեր կը կարդան զանոնք, սակայն ապագայ գիտահետազօտողներու եւ պատմաբաններու հսկայական աղբիւր են անկասկած եւ այդ իսկ պատճառով՝ խիստ անհրաժեշտ։

Մեր յաջորդ՝ նախապատրաստութեան հանգրւանին գտնւող հատորը, այս անգամ պիտի յատկացւի եղերաբախտ գրող, ազգային գործիչ Ռուբէն Զարդարեանի (Ասլան ծածկանունով) նամակներուն։

Ռուբէն Զարդարեանի գրական վաստակը ծանօթ է բոլորին, սակայն այստեղ ան կը ներկայանայ իբրեւ Խարբերդի կոմիտէի գործօն անդամ։ Ուշագրաւ է, որ այս նամակները իրենց պարունակած տեղեկութիւններէն անդին գրական երանգ մը ունին, եւ այդ հանգամանքը ինծի համար շատ հաճելի է։

Հարուստ բառապաշարով, գեղեցիկ ու սահուն ոճով նամակներ, մանաւանդ սկզբնական շրջանին գրւածները, որոնցմէ ոմանք «Դրօշակ»-ի մէջ ալ լոյս տեսած են։ Ըսեմ, որ Զարդարեանի ձեռագիրը ընթեռնելի է. վարժ ըլլալով հանդերձ, ինքս երբեմն ստիպւած եղայ բառարանի օգնութեան դիմելու, կամ հարցնելու, վստահ ըլլալու համար թէ արդեօ՞ք ձեռագիրը ճիշտ կը կարդա՞մ, թէ ոչ։

Ձեզի հետ կը բաժնեմ քանի մը բառեր, որոնք շատ հաւանաբար դատապարտւած են բառարաններու մէջ մնալու։

Ահաւասիկ.

Ջայլ – ողբ, լացուկոծ

Ընչացք – պեխ

Գելարան – մամուլ, տանջանքի գործիք

Գրիւ – ընդեղէն կշռելու հին չափ (այս մէկը այլեւս չի գործածւիր վստահաբար…)։

Ուրեմն ինչպէս չափսոսալ ներհուն մտաւորական, իր կարգին սերունդներ դաստիարակած Ռուբէն Զարդարեանին, որ զոհ գնաց 1915-ի Ցեղասպանութեան… Արդեօք ի՞նչ կըլլար հայ գրականութեան եւ պատմագրութեան ճակատագիրը…

* * *

Սպասենք այս գողտրիկ հատորին, որ անգամ մը եւս պիտի գայ թարմացնելու մեր յիշողութիւնն ու հարստացնելու մեր գրադարանը։

Ուժ ու կորով, երկար ու առողջ օրեր կը մաղթեմ ղեկավարիս՝ Երւանդ Փամպուքեանին։

ԹԱՄԱՐ ՍՆԱՊԵԱՆ-ՍՈՒՐՃԵԱՆ

Related Articles

Back to top button