Դաշնակցական Բեմ

Վաչէ Բրուտեանի «Երկիրը արտերկրէն» հատորը

Ուշացումով արձագանգ

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

 

Մօտաւորապէս 3 տարի առաջ, 2021-ին, Երեւանի մէջ լոյս տեսաւ մամուլի բազմամեայ ծառայող Վաչէ Բրուտեանի «Երկիրը արտերկէն» հատորը:

392 էջերու վրայ տարածւող հատորը հրապարակագրական-վերլուծական յօդւածներու հաւաքածոյ մըն է, մերթ ընդ մերթ համեմւած՝ յուշագրական էջերով: Լոյս աշխարհ եկած է «Լուսակն» հրատարակչատունէն: Կողքի խորհրդապատկերը յղացումն է ծանօթ արւեստագէտ եւ իր կարգին մամուլի ծառայող Հէրի Որբերեանի: Լոյս տեսած է 500 տպաքանակով, չի վաճառւիր, այլ Վաչէին կողմէ կը տրամադրւի ցանկացողներու:

Հատորին ետեւի կողքին վրայ կայ Վաչէին սեղմ կենսագրութիւնը, որուն մէջ ուշագրաւ են այն տողերը, որոնք լուսարձակի տակ կը բերեն իր կազմաւորման յենքերը, ուսում (Նախնականէն մինչեւ համալսարանական՝ պատմութիւն եւ հայագիտութիւն), կուսակցական կեանքն ու Բէյրութէն, Բոստոնէն մինչեւ Լոս Անջելէս, ապա նաեւ Հայաստան իր տարած գործին համայնապատկերը:

Հատորին լոյս ընծայումէն կարճ ատեն ետք, անոր ողջունահանդէսը տեղի ունցաւ… Պսակաձեւ ժահրի համաճարակի առաջին փուլի մթնոլորտին մէջ, Լոս Անջելէս, նաեւ՝ Երեւանի մէջ: Այս սիւնակով, կուզենք քիչ մը աւելի լոյս սփռել անոր վրայ:

Վաչէ Բրուտեան մեր մամուլին մէջ ներկայութիւն եղած է ուսանողութեան օրերէն, ապա գործած է ՀՅԴ Մամլոյ դիւանին մէջ, Բէյրութ, եղած է «Վանայ ձայն»-ի տնօրէն, աւելի ուշ վարած է «Հայրենիք»-ի (Բոստոն) եւ «Ասպարէզ»-ի (Լոս Անջելէս) խմբագիրի պաշտօնը, տարիներ շարունակ աշխատանք տարած է ՀՅԴ-ի արխիւատան մէջ: Վերջին տարիներուն հաստատւած է Երեւան: Մամուլի մէջ արհեստավարժութեան տարիներէն առաջ, եղած է ուսուցիչ:

Հատորը պատկերազարդ է: Հեղինակին բացատրական-առաջաբանին կողքին, սրտի խօսքեր ունին Վաչէին հետ մամուլի մէջ երկար ճամբայ կտրած՝ Սեդօ Պոյաճեան եւ «Հայրենիք»-ի խմբագիր Զաւէն Թորիկեան: Հեղինակը առանձին էջով երախտիքի արտայայտութիւն ունի թէ՛ զինք կազմաւորողներուն, եւ թէ՛ հատորին լոյս ընծայման մեկենասներուն (թիւով ինը) ու այս քայլը խրախուսողներուն (քոյրն ու հարեննի գրչակից մը):

Ձօնւած է 44-օրեայ պատերազմի զոհերուն: Ձօնագրութեան էջին կայ Եռաբլուրէն պատկեր մը…

ՆԵՐՔԻՆ ԲԱԺԱՆՈՒՄՆԵՐ

Հատորը կընդգրկէ ընդամէնը 95 յօդւած, որոնք դասաւորւած են երեք բաժիններու մէջ: Իւրաքանչիւր բաժինին ծաւալն ու խորագիրը ըստ բաւականին լուսաբանող են.

Ա. Հայաստան, 40 խորագիր, էջ 12-էն 178

Բ. Սփիւռք, 12 խորագիր, էջ 179-էն 230

Գ. Քաղաքական-Գաղափարական, 43 խորագիր, էջ 231-էն 385

Ըստ բաւականին ծանօթ ըլլալով Վաչէի գրիչի վաստակին եւ «պատմութեան», նախ պէտք է ընել հաստատում մը. այս հատորին մէջ հաւաքագրւած նիւթերը միայն մէկ փոքր մասը կը կազմեն ընդհանուրին (արդէն ինք ալ կը հաստատէ ասիկա), որ կերկարի շուրջ 40 տարւան վրայ: Իր իսկ վկայութեամբ, առաջին յօդւածը լոյս տեսած է 1974-ին, «Ազդակ»-ի մէջ: Հոս հաւաքւած նիւթերը կընդգրկեն մեծ մասամբ 2002-էն ասդին գրւած յօդւածներ, թէեւ կան նաեւ մէկ քանի՝ աւելի կանուխ գրւածներ (1983-էն մինչեւ 1993): Բնականաբար 44-օրեայ պատերազմին յաջորդած ժամանակաշրջանը լայն տեղ չունի հատորին մէջ (յիշենք լոյս ընծայման տարին): Այս յօդւածագիրը 70-ականներէն ասդին ունի քաղաքական վերլուծումներու շարքեր, որոնք կը մնան մամուլի մէջ. կը մաղթենք, որ ատոնք ալ հատորով լոյսին վերադարձնելու առիթ ունենայ մեր ընկերը:

ՅԱՏԿԱՆԻՇՆԵՐ

Այս սիւնակին մէջ, պիտի բաւականանաք կանգ առնելով հատորին, հետեւաբար նաեւ հեղինակին մէկ քանի էական յատկանիշներուն վրայ, փորձ պիտի չընենք մտնելու նիւթերուն մանրամասնութիւններուն մէջ, որովհետեւ չենք խօսիր վէպի կամ թատերակի (մէկ խօսքով՝ գրական ստեղծագործութեան) մասին, թէեւ յօդւածները կը կարդացւին վէպ կամ պատմւածք ընթեռնելու հաճոյքով, ո՛չ միայն անոնց հաղորդականութեան, համով հայերէնով մը հիւսւած ըլլալուն եւ զւարթախոհութեամբ կամ հատու խօսքով համեմւած ըլլալուն, այլ նաեւ այդ պատճառով, որ անոնք ընթերցողին առիթ կու տան վերաքաղ մը ընելու մասնաւորաբար Հայ Կեանքի, ինչո՞ւ չէ նաեւ՝ միջազգային ուշագրաւ ու անկիւնադարձային դէպքերու, որոնք մարդուս ապրած առօրեայ հեւքին հետ կը հրւին կեանքի լուսանցքին, կրնան մոռացութեան ալ տրւիլ: Նշենք, որ ընթերցողին վերաքաղքի առիթ տալէ առաջ, Վաչէն ինքն իրեն առիթ տւած է վերաքաղը ընելու… իր վաստակին (այս մասին՝ նաեւ աւելի ուշ):

Կարեւոր կէտ մըն է այն, որ իւրաքանչուր յօդւածի տակ արձանագրւած է գրութեան թւականը: Իւրաքանչիւր բաժինի մէջ, ընդհանրապէս պահւած է ժամանակագրական կարգը, թէեւ կան նաեւ յետ-առաջներ, թելադրւած՝ տուեալ նիւթէն:

Երկրորդ կարեւոր կէտ մըն է՝ իւրաքանչիւր ենթաբաժինը բացող յօդւածին ընտրութիւնը: Այլ խօսքով, պատահական չէ, որ ՀԱՅԱՍՏԱՆ բաժինը կը բացւի հեղինակին Հայաստան առաջին այցելութեան յուշագրումով, բաւական ընդարձակ յօդւած մը, որ նմանօրինակ այլ յօդւածներու եւ յուշագրութիւններու նման, ինքնաբուխ վկայութիւններ կու տան մեր ժողովուրդի պատմութեան եւ աշխարհագրութեան մասին հեղինակին խոր ծանօթութիւններուն (եւ ո՛չ միայն այդ): Այս գրողը խորքին մէջ թարգմանը կըլլայ բոլոր հայրենաբաղձ հայերու, որոնք իրմէ շա՜տ առաջ կամ ետք, առաջին անգամ ըլլալու հայրենիք այցելած են եւ իրենց սորւածն ու երազածը դարձուցած են շօշափելի իրականութիւն: Նոյնը կրնանք ըսել երկրորդ՝ ՍՓԻՒՌՔ բաժինը բացող գրութեան մասին, ուր կը պատմէ յուզիչ դէպք մը, երբ իբրեւ թուրք «ծպտւած»՝ այցելած է (90-ականներու սկիզբը) երիտասարդական բանակավայր մը եւ գրգռիչ արտայայտութիւններով վէճի բռնւած հոն բանակող երիտասարդներու հետ, Ցեղասպանութեան մասին ժխտողական եւ ուրացման յոխորտանքներով՝ մինչեւ իսկ իր վրայ ֆիզիկական յարձակումի մղած է տղաքը, որոնք սակայն ի վերջոյ հասկցած են, որ իրենց խօսակիցը իրենց պէս հայրենասէր եւ Հայ Դատի պաշտպան հայ մըն է (խոստովանիմ, որ ատենին, այս «յուշագրութիւնը» կարդացած էի մամուլի էջերուն, հիմա, մեր ապրած նոր արհաւիրքներուն եւ այլանդակութիւններուն լոյսին տակ, տարբեր համ մը առի այս դրւագէն…): Նմանապէս դիպուկ է ԳԱՂԱՓԱՐԱԿԱՆ բաժինը բացող յօդւածը, որ կը կրէ «Լիսբոնէն Երեւան» ինքնարտայայտող խորագիրը: (բնականաբար մեր նպատակէն դուրս կիյնայ իւրաքանչիւր յօդւածի վրայ կանգ առնելը):

Հատորին արժանիքները աւելի աչքառու կը դառնան, երբ նիւթերը կընթերցենք «ժամանակի հեռաւորութենէն»: Ատիկա գիտէ նաեւ ին՛ք՝ Վաչէն: Ինչպէս ինք ապրած է, նմանապէս ալ ընթերցողը վկան կըլլայ, որ գործ ունի դաշնակցական հրապարակագիրի մը հետ, որ այս ասպարէզը մուտքէն (նաեւ իմացական հասունութեան առաջին օրերէն) ի վեր, իր էութեան մէջ տեղադրած է հայրենասէրի, գաղափարապաշտի եւ հայութեան ու մարդկութեան մեծ խնդիրներով տագնապողի կողմնացոյց մը, եւ տասնամեակներ շարունակ, հաւատարիմ մնացած է անոր, իր նաւուն ղեկը պահած է նոյն փարոսին ուղղութեամբ: Բացառութիւն մը չէ. սա դաշնակցական հրապարակագիրներու հասարակ յայտարարն է, անկախ՝ կեանքին բերած վերիվայրումներէն ու հոսանքներէն: Այս կողմնացոյցը համաչափ կերպով կը բանի բոլոր նիւթերուն համար ալ, անոնք ըլլան օրւան մէկ դէպքը, ինքզինք հեղինակութիւն ճանչցուցած այս կամ այն հայուն անտեղի մէկ արտայայտութեան հակադարձութիւնը թէ այլ հարցեր: Նոյն այդ կողմնացոյցը կը բանի, սկիզբէն մինչեւ վերջ, երբ կարծարծէ գաղափարական հարցեր (Գ բաժին): Իսկ նիւթե՞րը. այլազան են. Լիսբոնի հերոսապատումէն մինչեւ Վարդանանք, «Արաբական գարուն»-էն մինչեւ աշխարհի քարտէզին վրայ աջի-ձախի հակամարտութիւններ եւ գաղափարական խեղաթիւրումներ, ծայրայեղական ահաբեկիչներու ետին Թուրքիոյ մատներուն բացայայտումը (որ ընդհանրապէս փակ աչքով կը դիտւի աշխարհին կողմէ), նոյնինքն Գաղափարին (գլխագիր) նահանջն ու կորուստը՝ մեր ու ամբողջ աշխարհի տարածքին, առանց անտես առնելու հակադաշնակցական դրսեւորումներ ու խեղաթիւրումներ (այսօր ալ այդ ալիքները բաւական տարածուն են):

Նոյն կողմնացոյցին հետեւելով է որ ան կարձագանգէ հայրենի իրադարձութիւններուն, լաւին կըսէ լաւ, իսկ վատին (եւ որքա՜ն շատ են անոնք) վատ, անկախ թէ ո՞վ է իշխանութեան ղեկին կանգնողը. մերօրեայ բառամթերքով՝ «հին»-ն ու «նոր»-ը իր ոսպնեակին դիմաց կը կանգնին հաւասար արդարատենչութեամբ, որովհետեւ, ինչպէս ըսինք, իր կողմնացոյցը կազմաւորւած է մեր պատմութեան, հայրենիքի աշխարհագրութեան եւ գաղափարական աշխարհի հոլովոյթին իմացութեամբ, Արդարութեան (Հայ Դատի թէ ընկերային արդարութեան) հետամտութեան նախանձախնդրութեամբ: Ինչպէս ինք, նմանապէս ընթերցողն ալ կը տեսնէ, որ տւեալ օրին կամ հանգրւանին՝ իր կատարած մէկ դիտարկումը, քննարկումն ու գնահատանք-քննադատութիւնը տեղին էին օրին, անժամանցելի կը մնան նաեւ հատորին լոյս ընծայման օրերուն ու անկէ ետք:

Արժանիքներուն շարքին, պէտք է արձանագրել նաեւ այն, որ Վաչէն իր ընտրած նիւթերուն «պատում»-ը կը կատարէ օրւան դէպքերը զուգորդելով մօտիկ կամ հեռաւոր անցեալի նմանօրինակ երեւոյթներու: Տւեալ օրւան հարցերուն քննարկման համար, եթէ պէտք է, կընտրէ «ժողովրդականութիւն վայելող» նիւթեր, ինչպէս՝ ֆուտբոլի կամ բասկետբոլի մրցում մը, ո՛չ թէ մարզական լրագրողի մը մօտեցումով, այլ անոր մէջ բարոյականութիւն, մարդկայնութիւն տեսնելու ակնոցով, վեհութիւն հետամտելու կամքով:

Ինչպէս նշեցինք, հաւաքագրւած նիւթերը, ինչպէս իր գրիչի արգասիքին մեծագոյն բաժինը՝ թուղթին յանձնւած են օրը օրին, մեկնակէտ ունենալով ՕՐՒԱՆ մէկ դէպքն ու վիճակը, երեւոյթը: Աղւոր բացառութիւններ են Հայաստան առաջին ուղեւորութեան (ակնարկեցինք արդէն), Արցախի Քառօրեայ պատերազմի օրերուն ճակատներուն վրայ ըլլալու փորձառութիւնը, Արեւմտեան Հայաստան ուղեւորութիւնը, տասնամեակներ ետք ծննդավայրը՝ Հալէպ վերադարձն ու այդ այցելութենէն բխած յիշատակները, յուզումներն ու փորձառութիւնները: Աւելորդ չէ կրկնելը, թէ այս բոլորը կը ներկայանան համոզիչ, համակող ու վարակիչ հիւսւածքով, անկախ անկէ, թէ ընթերցողը գաղափարակի՞ց մըն է, թէ իրեն համաձայն չըլլալու իրաւունք ունեցողը…:

Հատորին վերախմբագրումը (ո՛չ ըստ էութեան) կատարւած է բաւական խնամքով, թէեւ կարելի չէ եղած խուսափիլ տպագիր մամուլի մեր օրերու մէկ «ախտ»-էն, մանր-մունր վրիպակներէ, որոնք ո՛չ մէկ ձեւով կազդեն հատորին արժէքին վրայ: Յամենայնդէպս, այս տողերը, ինչպէս նկատեց ընթերցողը, ուրւագծային են, ոչ սպառիչ:

Եզրակացնելու համար պէտք է արձանագրենք նաեւ հետեւեալը: Վաչէ Բրուտեանը մէկ անդամն է դաշնակցական մամուլի ծառայողներու սերունդի մը, որ իր ջահը վառած է 1890-ի սերունդին ու հետնորդներուն ջահէն, որ յամենայնդէպս բոցավառած էր աւելի կանուխ՝ Հայ Յեղափոխութիւնը սկզբնաւորած սերունդին ձեռքերով, վառելանիւթ ստացած էր պայքարի ճամբուն հեղւած արիւնով ու քրտինքով: Որքան ցանկալի պիտի ըլլայ, որ իր ու նմաններու՝ հասակակիցներու, գրչակիցներու եւ զինք կազմաւորող երէցնպերուգրիչի արգասիքներն ալ հաւաքագրուին նման հատորներու մէջ (նման աշխատանք անցեալին աւելի յաճախակի եղած է), դուրս բերուին  մամուլի էջերու փոշիներուն տակէն եւ իրենց արժանի տեղը ունենան դաշնակցական մտքի զարգացումը վաւերագրող գրադարանին մէջ (առանց անտեսելու այլ կուսակցութեանց ծառայողներու վաստակը):

Յունիս 2024

Related Articles

Back to top button