ՀՅԴ Մամուլ

Խմբագրական. Չարձակւած նետը (գերիներու ազատ արձակման յայտարարութեան մերժումին առիթով)

COP29-ի վեհաժողովը ընթացքի մէջ է։ Տակաւին Երեւանը չէ յստակացուցած իր մասնակցութիւնը։ Պաշտօնական դիրքորոշումը կը բացակայէր՝ անորոշ ձգելով իշխանութիւններուն Բաքու մեկնելու որոշումը։ Խորհրդարանի նախագահին վիճակւած էր յայտնաբար պարտականութիւն՝ յայտարարելու, որ եթէ ռազմագերիներու վերադարձ պիտի չըլլայ, ուրեմն Հայաստանի ներկայացուցիչին Բաքու մեկնիլը իմաստ չունի։

Այս յայտարարութիւնը քաղաքականօրէն ընկալելի էր։ Առաջին փուլի գերիներու ազատ արձակումը Հայաստանի կողմէ COP29-ը Բաքւի մէջ կազմակերպելու համաձայնութիւնն էր։ Երկրորդ փուլը այս յայտարարութեամբ կը պայմանաւորւէր՝ մնացեալ գերիներու ազատ արձակումով։ Ըստ պաշտօնական տւեալներու, Ադրբեջանի մէջ հիմա 23 հայ գերութեան մէջ է, անոնցմէ 8-ն Արցախի ռազմաքաղաքական նախկին ղեկավարութիւնն է:

Քաղաքականօրէն անընկալելին սակայն, խորհրդարանական մեծամասնութեան մերժումն էր Ադրբեջանի մէջ պահւող հայ ռազմագերիներուն մասին ընդդիմութեան կողմէ առաջադրւած յայտարարութեան նախագիծին։ Հոն ընդամէնը կըսւէր, որ միջազգային ընտանիքը պէտք է ճնշում բանեցնէ Ադրբեջանին վրայ, որպէսզի ազատ արձակէ գերիները։

Այս յայտարաութեան ընտրւած պահը պարզ է։ COP29-ը ընթացքի մէջ է, հարւածւած է Բաքւի հեղինակութիւնը, բազմաթիւ տէրութիւններու առաջին դէմքերը այս կամ այն պատճառով կը բացակային առնւազն բացման հանդիսութենէն։ Աւելի՛ն. մարդու իրաւունքներու պաշտպան կազմակերպութիւններ, բնապահպանութեան կողմնակիցներ, լրագրողական շրջանակներ եւ կենսոլորտի, քարիւղի արտադրութեան եղանակի մասնագէտներ, երկրագունդի կլիմայով մտահոգ քաղաքացիական շարժումներու գործիչներ ողողած են COP29-ը Բաքւի մէջ կազմակերպելու որոշումին դէմ ընդդիմադիր դաշտը, պարզապէս ընդգծելու, որ Բաքուն եւ բնապահպանութիւնը հակացուցւած ուղղութիւններ են։

Ուրեմն քաղաքական պահու ընտրութիւնը ընդդիմութեան կողմէ աւելի քան իմաստալից է եւ թիրախայնութեամբ յատկանշւած։ Արցախի ժողովուրդին իրաւունքներու վերականգնման եւ գերիներու ազատ արձակման պահանջը ներկայ պահուն կրնար միջազգային հնչեղութիւն ստանալ։ Քաղաքական իրադրութիւններու մէջ մարտավարական դասագրքային մօտեցում է տարբեր պատճառներով միեւնոյն թիրախին հարւածելու դիրքերու ամրացումը եւ միենոյն պահուն՝ արձակւող նետերու բազմացումը։ Պաշտօնական Երեւանի նետը ցաւօք դուրս չեկաւ կապարճէն։ Աւելի ճիշտ՝ հայրենի իշխանութիւնը չուզեց զայն արձակել Բաքւի ուղղութեամբ եւ համալրել դէպի Բաքու ուղղւող նետերը։ Դառնալ անոնցմէ գուցէ ամէնէն հատուն։

Ոչ համոզիչ պատճառներ կամ պատրւակներ ներկայացւեցան, թէ՝ կառավարութիւնը ամէն օր կաշխատի գերիներու ազատ արձակման համար, թէ՝ ընդդիմութիւնը ոչ թէ գերիներու ազատ արձակումը կառաջադրէ, այլ քաղաքական առաւելներ կուզէ արձանագրել, թէ՝ յայտարարութեան ընդունումը կը վնասէ տարւող աշխատանքներուն, եւ նման պատրւակային հիմնաւորումներ։

Պէտք է լուսարձակի տակ բերել քանի մը առարկութիւն առաջ քշւող պատրւակներուն առիթով։ Նախ այն, որ յայտարարութեան նախագիծը մշակողները եթէ զուտ քաղաքական առաւելներու համար դիմէին այս քայլին, ապա ինչու նախապէս կամ ամէն առիթի այս օրակարգը չէին շահարկեր։ Խնդիրը ներկա՛յ պահն է. COP-ն է եւ COP-ի առիթով ստեղծւած հակաԲաքու մթնոլորտը։

Չկար աւելի յարմար ենթահող ձեւաւորող պահ, քան միջազգային ընտանիքի ներկայացուցիչներուն համախմբումը Բաքւի մէջ եւ անոր դիմաց Բաքւի իսկական դիմագիծը բացայայտող միջազգային շարժումը։ Ծաւալուն բողոքի շարժումը ստեղծւած էր միջազգային համախմբումին կամ համաժողովին առիթով։ Հայկական գործօնը, Հայ Դատի համակարգը այո՛, դժւարութեան կը հանդիպէր, երբ միջազգային ընտանիքի ներկայացուցիչներուն մօտ կարծարծէր Բաքու չմեկնելու պահանջը կամ նման որոշումի պարագային՝ կը պահանջւէր հայ գերիներու ազատ արձակումը։ Այդ ներկայացուցիչները պարզապէս կը յիշեցնէին Երեւանի համաձայնութիւնը՝ այս համաժողովին Բաքւի մէջ կայացման։

Պահ մը ընդունինք, որ կառավարութեան կողմէ կայ լուռ աշխատանք՝ գերիներու ազատ արձակման վերաբերեալ։ Յայտարարութիւնը օրէնսդիր հաստատութեան կողմէ պիտի ըլլար, որ կոչ էր ու պահանջ։ Նւազագոյնը միջազգային ընտանիքին մօտ՝ առեւանգւած գերիներու ազատ արձակման։ Գործադիրէն ակնկալութիւն չկար այս ուղղութեամբ։

Ի վերջոյ խորհրդարանական ինքնահակասութիւնը, անոր նախագահին դրած պայմանը եւ յայտարարութեան մերժումը։ COP-ի Բաքւի մէջ կայացման առումով համաձայնութիւն տալէ ետք, Երեւանի մասնակցիլ կամ չմասնակցիլը այլեւս իր ազդեցութիւնը պիտի չունենար գերիներու ազատ արձակման առաջադրանքի ապահովման աշխատանքներուն վրայ։ Գրաւոր յայտարարութիւնը, սակայն, կրնար յենարան դառնալ տարբեր կազմակերպութիւններու, բնապահպաններու, մարդու իրաւունքներու պաշտպաններու, կլիմայականներու եւ քարիւղի արտադրութեան Ադրբեջանի կիրարկած մեթոտներուն դէմ բողոքողներու իբրեւ յաւելեալ ճնշամիջոց Բաքւի վրայ։

Իսկ հիմա, յայտարարութեան մերժումը կրնայ խաղաթուղթի գործօն դառնալ հակառակ կողմին՝ անոնց, որոնք պիտի չուզեն տեսնել Բաքու-բնապահպանութիւն հակասութիւնը կամ անոնց, որոնք կաշխատին Բաքւի միջազգային վարկաւորման նպատակներուն համար։ Պարզապէս ըսելով, որ Երեւանը պաշտօնապէս չարծարծեր գերիներու ազատ արձակումը, հետեւաբար այլոց ի՞նչ գործն է միջամտել Ադրբեջանի ներքին խնդիրներուն…

Պահը բաց ձգւած է։ Բաքու չմեկնիլը, եթէ նոյնիսկ որոշուի, իր ազդեցութիւնը կորսնցուցած է արդէն։

Ազդակ

Related Articles

Back to top button