Խաղաղութեան խաբկանքը

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ
8 օգոստոսի 2025-ին ստորագրւեցաւ, Վաշինգտոնի մէջ եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահի մասնակցութեամբ, Հայաստանի եւ Ադրբեջանի հանրապետութիւններուն միջեւ փոխըմբռնման յուշագիր մը: Յուշագիրները իրաւական տեսակէտէ պարտաւորեցնող բնոյթ չունին: Յուշագիրը կայացած բանակցութիւններու արդիւնքները ամփոփող հրապարակում է, տեսակ մը ատենագրութիւն: Յուշագիրին տակ, Հայաստանի վարչապետին եւ Ադրբեջանի նախագահին ստորագրութիւններուն կողքին Միացեալ Նահանգներու նախագահին ստորագրութիւնը կը վկայակոչէ ամերիկեան հովանաւորութեան մասին եւ անոր կու տայ որոշ իրաւական օրինաւորութիւն:
Փոխըմբռնման յուշագիրը կը խօսի երկու երկիրներուն միջեւ խաղաղութեան հաստատման մասին, կը վկայէ «Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ադրբեջանի Հանրապետութեան միջեւ խաղաղութեան եւ միջպետական յարաբերութիւններու հաստատման մասին համաձայնագիր»-ի նախաստորագրման մասին, կը հաղորդէ Մինսկի խմբակը լուծելու համատեղ դիմումի մասին եւ կը հաղորդէ Հայաստանի եւ Ադրբեջանի միջեւ հաղորդակցութեան ուղիներու բացման մասին: Յուշագիրի գլխաւոր նիւթը «Զանգեզուրի միջանցք»-ի բացումն է: Կը հաղորդւի, որ Միացեալ Նահանգները յաջողած են համոզել Իլհամ Ալիեւը, որ հրաժարի Ադրբեջանի կողմէ վերահսկւող միջանցքի պահանջէն եւ ընդունի զայն փոխարինել «Թրամփի երթուղի միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման համար» տարանցիկ եւ զարգացման նոր ծրագիրով մը: Թրամփեան նոր ծրագիրը, ըստ հայաստանեան կողմին, կերաշխաւորէ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը, ինքնիշխանութիւնը, իրաւազօրութիւնը եւ փոխադարձութեան սկզբունքը: Յուշագիրը չըսեր, թէ ի՛նչ միջոցներով պիտի իրականանայ ամերիկեան հսկողութեամբ բանող երթուղիի հայկական վերահսկողութիւնը:
Նախաստորագրւած համաձայնագիրը հրապարակւեցաւ: Նախաստորագրումը համաձայնեցւած գրութեան ճշդութիւնը հաստատող միջոցառում է: Ատիկա կը կատարւի առհասարակ փաստաթուղթին տակ միայն` սկզբնատառերով ստորագրութեամբ: Հարց կը յառաջանայ. ինչո՞ւ: Համաձայնագիրը վերջնականապէս չստորագրւեցաւ Հայաստանի վարչապետին եւ Ադրբեջանի նախագահին կողմէ: Ադրբեջան նախապայմաններ ունի, որոնցմէ գլխաւորը Հայաստանի սահմանադրութեան փոփոխութիւնն է: Յուշագիրի կարգ մը կէտերու գործադրութիւնը պայմանաւորւած է համաձայնագիրի ստորագրութեամբ: Համաձայնագիրը պիտի ստորագրւի Հայաստանի կողմէ տնային աշխատանքի կատարումէն ետք: Ապա անիկա պէտք է վաւերացւի խորհրդարաններուն կողմէ (Սահմանադրական դատարանի դրական եզրակացութենէն ետք), պաշտօնապէս փոխանակւի, ապա արձանագրւի ՄԱԿ-ի մօտ:
Հրապարակւած համաձայնագիրը կը պահանջէ կողմերէն (հիմնականօրէն` Հայաստանէն) հրաժարիլ միջազգային կառոյցներուն մէջ բացւած դատական գործընթացներէն: Բարեկամ երկիրներ կը դառնանք. անցեալի բոլոր ոճիրները, անմարդկային արարքները, քանդումները, արցախահայութեան բռնի տեղահանութիւնը, յուշակոթողներու աւերումը, Հայաստանէն տարածքներու գրաւումը եւ այլ յանցագործութիւններ մոռցւած անցեալին կը պատկանին:
Բացի ձեւական խաղաղասիրական ձեւակերպումներէն, թէ՛ համաձայնագիրը, եւ թէ՛ յուշագիրը առկայ խնդիրներէն ոչ մէկուն գործնական լուծումներ կառաջարկեն: Ամէն բան ձգւած է ապագայ բանակցութիւններու, որոնց յաջողութիւնը կախում պիտի ունենայ Ադրբեջանի բարեացակամութենէն: Ամէն գործնական լուծում առ այժմ յետաձգւած է: Ադրբեջան յաջողեցաւ վերացնել 1992-էն ի վեր գոյութիւն ունեցող Ամերիկայէն զինական օգնութեան արգիլման մասին Կոնգրեսի 907-րդ ուղղումը, Հայաստան համաձայնագիրներ ստորագրեց արհեստական բանականութեան, ուժանիւթի եւ «խաղաղութեան խաչմերուկի» կենսաւորման մասին Միացեալ Նահանգներէն օժանդակութիւն ստանալու մասին:
Ստորագրւած յուշագիրին եւ ստորագրելի համաձայնագիրին մասին իշխանութիւններու կողմնակիցներու խանդավառութիւնը անհասկնալի է: Խաղաղութիւնը ցանկալի է անկասկած: Զինեալ ամէն բախումէ ետք, թշնամիներու հաշտութիւնը կիրականանայ արդարութեան եւ փոխադարձ յարգանքի վրայ (իրաւազօրութեան վրայ) հիմնւած բանակցութիւններէ ետք:
Նման բանակցութիւններու ատեն յաղթող կողմը բնականաբար առաւելութիւններ կունենայ, սակայն պարտւած կողմին չի պարտադրեր ամբողջական անձնատուութիւն: Հայաստանի պարագային, անձնատւութիւնը պատմականօրէն լիիրաւ է, քանի որ ոչ միայն կը հռչակէ երկու երկիրներու կողմէ հողային որեւէ պահանջատիրութեան արգելումը, այլ նաեւ… ապագային եւս նման պահանջի բացառումը: Հայ ժողովուրդի անունով կատարւած այս մեծ զիջումը ընթացիկ կառավարութեան մը իրաւունքներուն մաս չի կազմեր:
Յարաբերական խաղաղութեան, ժամանակաւոր հանդարտութեան ժամանակաշրջան մը կը բացւի, երբ հարցերու լուծումը զերծ պիտի մնայ զինական միջոցներով լուծելու սպառնալիքէն: Սա կը նշանակէ, որ ապագայ բանակցութիւններու ընթացքին նոր զիջումներու կարելիութիւնը բացառւած չէ: Ադրբեջան կրնայ գործածել այլ տեսակի ճնշումներ, ի չիք դարձնելով ճշմարիտ խաղաղութիւն եւ համագործակցութիւն ստեղծելու խոստումները: «Իրական Հայաստանի» քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային կենսունակութիւնը կը շարունակեն մնալ հարցականի տակ: