Դաշնակցական Բեմ

«Կովկասի Փանամայի ջրանցքը». Գարլոս Անթարամեանի դիպուկ վերլուծումը եռակողմանի հռչակագրին. Ի՞նչ կրնայ յուշել Ռուսիոյ հակազդեցութեան մասին

Խ. ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

 

Վաշինգտոնի մէջ 8 օգոստոսին ստորագրւած ԱՄՆ, Հայաստան, Ադրբեջան հռչակագրի մեկնաբանական վերլուծումներու շարքին իւրայատուկ է Գարլոս Անթարամեանի սպաներէն յօդւածը, «Կովկասի Փանամայի ջրանցքը», որ լոյս տեսաւ Պուէնոս Այրէս հրատարակւող ԱՐՄԵՆԻԱ թերթին կայքէջին վրայ իրադարձութեան յաջորդ օրը: Անթարամեան կըսէ, թէ հռչակագրով աւետւող խաղաղութեան մասին իրեն շնորհաւորողներուն կը բացատրէր, թէ հայերուն համար շնորհաւորանքի ոչ մէկ առիթ կար, ընդհակառակը, հայոց պատմութեան իրերայաջորդ ողբերգական թւականներուն վրայ աւելցող թւական մըն էր, որ կաւելնար:

«Իրենց կը բացատրէի, որ նման համաձայնութիւններ, արդար եւ մնայուն խաղաղութիւն մը հաստատելու փոխարէն կամրագրեն ուժով պարտադրւած իրականութիւններ, որոնք խոր վէրքերու եւ անհաւասարութիւններու կնիքը պիտի ձգեն ապագայ սերունդներուն վրայ: Ըսածս պատկերաւոր բացատրելու համար կը բերէի Փանամայի ջրանցքը բանալու ԱՄՆ-ի որոշումին օրինակը: Այդ նախաձեռնութիւնը օրին արժանացաւ միջազգային ողջոյնին որպէս հմուտ դիւանագիտութեան յաղթանակ, միեւնոյն ժամանակ, սակայն, Կոլոմպիայի համար եղաւ արտաքին պարտադրանք եւ իր հողատարածքի վերահսկողութեան կորուստ, իսկ Փանամային համար նշանակեց տասնամեակներ տեւած սահմանափակ գերիշխանութիւն»:

Կը յիշեցնէ, թէ գրեթէ ամբողջ քսաներորդ դարուն ընթացքին, ջրանցքին մօտակայ տարածութիւնները եղած էին «գաղութատիրական անկլաւի նման բան մը, վերապահւած ջրանցքի ամերիկացի գործաւորներու եւ պաշտօնեաներու ընտանիքներուն, եւ անոր ապահովութեան վերահսկող ուժերուն: Այդ տարածքները նաեւ հանրածանօթ դարձան որպէս Լատին Ամերիկեան ցամաքամասի վրայ հակայեղափոխական խմբաւորումներու մարզումի կենտրոններ՝ տխրահռչակ Ամերիկաներու Վարժարանը»: Նշենք, որ հոն ԱՄՆ-ի գաղտնի սպասարկութիւնները կը պատրաստէին բարձրաստիճան զինւորականներ, որոնք իրենց երկիրներուն մէջ պետական հարւածով իշխանութիւնը պիտի վերցնէին եւ հաստատէին բռնատիրական վարչակարգեր «ներքին թշնամիին դէմ» պայքարելու համար: «Շանորդի է, բայց մե՛ր շանորդին է», անոնց մասին ըսած է ԱՄՆ-ի նախագահ մը…

Փանաման ի վերջոյ իր գերիշխանութիւնը վերահաստատեց ջրանցքին վրայ: Ճիշտ հակառակը կը պատահի Սիւնիքի մէջ, կըսէ Անթարամեան, նշելով Ռուսիոյ համար ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող այն միջանցքը, որ պիտի բացւի, համաշխարհային մարքէթինկի կարժանանայ որպէս կոսմոպոլիտ ծրագիր, հնչուն անունով մը, որ «աւելի շուտ կը յուշէ Միամիի մէջ պերճագին «րիզորդ» մը, աւելի քան Կովկասի ամենալարւած շրջաններէն մէկուն համար ծրագիր մը»:

«Դոնալդի կառավարութիւնը, Փոքերի երեսով, այն կը ներկայացնէ որպէս բացառապէս առեւտրական նախաձեռնութիւն, հեռու ռազմական թէ ապահովական նկատառումներէ: Կարծես թէ մեր ժամանակներու պատմութեան մէջ շատ ըլլային տագնապալի տարածաշրջաններու մէջ միջանցքներ, ուրկէ բացառապէս առեւտրական փոխանակման եւ ժպտուն զբօսաշրջիկներ կերթեւեկեն», կը հեգնէ Անթարամեան, եւ յօդւածը կաւարտէ շատ կտրուկ.

«Ներողութիւն, միայն կրնամ ըսել՝ «անիծեալ օր»»:

Գարլոս Անթարամեան Մեքսիքոյի հայ փոքրաթիւ բայց աշխոյժ համայնքի առաջատար դէմքերէն է, մարդաբան, համալսարանի դասախօս եւ գիտաշխատող, քաջածանօթ ե՛ւ հայ Սփիւռքին, ե՛ւ Հայաստանին: Պատահական չէ, որ Զանգեզուրի միջանցքի եւ Փանամայի ջրանցքի այս իւրայատուկ բաղդատական վերլուծումը իրմէ եկած ըլլայ. Լատին Ամերիկան հայկական վերլուծաբանական շրջանակին մէջ հազիւ թէ հետաքրքրութիւն կը ստեղծէ… Ի դէպ, Փանամայի ջրանցքին մասին Անթարամեանի յօդւածի ընկալման հաւանաբար օգնէ Ճոն Լը Քարրէի «Փանամայի Դերձակը» վէպը (John Le Carré, The Tailor of Panama, 1996) եւ համանուն ֆիլմը Ջոն Պուրմանի բեմադրութեամբ (2001):

Անթարամեանի յօդւածը նաեւ դուռ կը բանայ ռուսական հակազդեցութեան մասին խորհրդածութիւններու: Թէ ստորագրւած փաստաթուղթը աւելի քան խորհրդաշնական է Կովկասի մէջ ռուսական ներկայութեան յետընթացի մը, գոնէ քարոզչական իմաստով, կասկածի տեղի չի տար: Ատով հանդերձ, Մոսկւայի հակազդեցութիւնը շատ հեռու է ահազանգային ըլլալէ ինչպէս կենթադրէին Կովկասի մէջ ռուսական ներկայութեան դէմ «Հաւաքական Արեւմուտք»ի կամ ՆԱՏՕ-ի յառաջխաղացքով մտահոգ հայ վերլուծաբաններ, որոնք այնպէս ալ անցնող հինգ տարիներուն չեն յաջողած համոզիչ բացատրութիւն տալ Ռուսիոյ կողմէ տարածաշրջանին մէջ իր միակ դաշնակիցի լքումի հետեւողական փաստերուն: Կրնայ ըլլալ որ Ռուսիա որդեգրած է սպասումի ռազմավարութիւն մը, թերեւս ճիշտ հաշւարկելով որ ստորագրւած փաստաթուղթի գործնականացումը, դեռ «շատ ջուր կը վերցնէ», թերեւս աւելի քան Թրամփին Նոբէլեան Մրցանակի տիրանալը, որ առանձնաբար ոչ մէկ հետաքրքրութիւն կը ներկայացնէ Քրեմլինին համար:

Բայց նաեւ կրնայ ըլլալ որ Ռուսիա այս եռակողմանի հռչակագրի քիչ մը անհասկնալի «նախաստորագրութիւնը», հետեւաբար՝ Զանգեզուրի միջանցքը կամ Թրամփի Ուղին, ընկալէ որպէս ԱՄՆ-ի հետ բանակցային գործօն: Եւ այդ տրամաբանութեամբ է, որ միացաւ միջազգային համայնքին՝ ողջունելով Կովկասի Փանամայի ջրանցքը, որ հինգ տարի առաջ ինք ուզած էր իրականացնել եւ վերահսկել… 8 օգոստոսէն մէկ շաբաթ յետոյ, Թրամփ եւ Պուտին պիտի ունենան իրենց առաջին հանդիպումը Ալասկայի մէջ, քննելու համար Ուկրաինոյ պատերազմը աւարտելու ձեւը: Հանդիպման վայրը խորհրդանշական է. այն հողատարածքն է, որ մաս կը կազմէր Ցարական Կայսրութեան եւ Ալեքսանտր Բ. ԱՄՆ-ին վաճառեց 1867-ին՝ տասնամեակ մը առաջ Ղրիմի պատերազմով պարպւած իր գանձարկղին եկամուտ (7,2 միլիոն դոլար) ապահովելու համար: Ճիշտ է, որ ատենին ռուս ազգայնականներ ընդդիմացան եւ երկար ժամանակ երազեցին վերատիրանալ տարածաշրջանին, բայց վերջին հաշւով հողատարածքներու, յաճախ իրենց բնակչութեամբ, առուծախը վերապահւած էր կայացած բայց սնանկացած կայսրութիւններու, գաղութատէր մեծ տէրութիւններու, թէ ծնունդ առնող բայց արդէն ծաւալապաշտական ախորժակներով յատկանշւող կարողական գերուժերու:

Թէ ի՞նչ արդիւնք պիտի տայ 15 օգոստոսի Թրամփ-Պուտին հանդիպումը, կամ ինչպէս Ռուսիոյ ողջունումը 8 օգոստոսի ԱՄՆ, Հայաստան, Ադրբեջան եռակողմանի հռչակագրին կրնայ առնչւիլ Ուկրաինոյ մասին այս բանակցութիւններուն՝ թերեւս կարելի ըլլայ մեկնաբանել հանդիպումէն յետոյ միայն: Կը մնայ, որ Պուտին հասկցած է, որ Թրամփին հետ պէտք է խօսիլ իր, անշարժ գոյքի բիզնեսմէնի լեզւով, ինչպէս կը գրէ Նիւ Եօրք Թայմզ-ի լուրերու մեկնաբանը (Paul Sonne, «After Almost Losing Trump, Putin Gets His Ideal Summit», New York Times, August 10, 2025), եւ միջազգային բանակցութիւններու մէջ տիրապետող է նոյն այդ տրամաբանութիւնը՝ Զանգեզուրի միջանցք ըլլայ այդ թէ Ուկրաինոյ մէջ հազւագիւտ մետաղներու հանքեր: Այսինքն՝ բիզնէս փոխանակումներու շահոյթի տրամաբանութեան մէջ է, որ ռազմավարական շահերը պիտի բանաձեւել, ոչ թէ հակառակը, ինչպէս կենթադրէ դասական աշխարհաքաղաքականութիւնը՝ պատմական յիշողութեան, դաշինքներու հաւատարմութեան, ազգային, կրօնական թէ ցեղային հաւասարումներու եւ նմանօրինակ այլ հաշւարկներու բարդացումներով:

Ջուլիանօ Դա Էմփոլի «գիշատիչներ» կորակէ միջազգային յարաբերութիւններու մէջ մերօրեայ խաղարկուները, մեծպետական ղեկավարներ ըլլան անոնք թէ մեծ կապիտալի եւ գերհարուստներու դասակարգի ներկայացուցիչներ (Giuliano Da Empoli, L’heure Des Prédateurs, Paris: Gallimard, 2025): Գիշատիչները իրենց սեղանին կը հրաւիրեն զանոնք, որոնց պիտի բզկտեն, եւ, երբեմն, պատառ մը իրենց տան: Կը մնայ, որ գիշատիչներուն զոհերը նոյնանման վերաբերմունք չունին: Ոմանք պատրաստ են ամէն ինչ զիջելու եւ աւելին, ինչպէս Նիկոլ Փաշինեանը, որ հակառակ Թրամփի պատրաստակամութեան չուզեց Բաքւի մէջ հայ քաղաքական բանտարկեալներու ազատ արձակումը ներառել փաստաթուղթին մէջ: Ի տարբերութիւն Զելենսկիի, որ առնւազն կը փորձէ փրկել իր արժանապատւութիւնը եւ ի սկզբանէ յայտարարած է, որ կը մերժէ որեւէ հողային զիջում, կը մերժէ 15 օգոստոսը վերածել «անիծեալ օր»-ի:

Հորիզոն

Related Articles

Back to top button