Ի՞նչ մնացած է «եղբայրութենէն»

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
50-60 տարի (թերեւս ալ քիչ մը աւելի) առաջ, խորհրդային Հայաստանէն «հայրենասիրական» երգեր կը հասնէին Սփիւռք: Աշխարհով մէկ ցրւած հայութիւնը կիմանար, որ հոն կայ «Հայր Ստալին» մը, որ փառաբանանքի առարկայ է բանաստեղծներու եւ երգիչներու կողմէ (չխօսինք իշխանութեան ղեկին նստածներուն մասին): Այդ օրերուն, լայն տարածում ունէին նաեւ ժողովուրդներու միջեւ եղբայրութիւն քարոզող երգերը (յստակացնենք. ո՞վ չուզեր, որ ժողովուրդները իրարու հետ այսօ՛ր ալ վարւին եղբայրներու պէս), որոնք դուրս չէին ձգեր… Հայաստան-Ադրբեջան եղբայրութիւնը: Խաչատուր Աբովեանի նւիրւած աղւոր երգին (Հայաստանի վէրքի երգիչ, լուսապայծառ Աբովեան…) մէկ տողն ալ կը խօսէր Հայ եւ Ռուս ժողովուրդներու (քիչ մը հիմնաւորեալ) եղբայրութեան մասին:
Ստորեւ, «Բարեկամութեան երգ» խորագրեալ տաղ մը, որուն մէջ մե՜ծ աւետիս մը կը տրւի. «…Եղբայրացան Հայաստան, Ադրբեջան»: (Երգը քաղած եմ նախակրթարանի աշակերտութեան օրերու երգարանէս): Անիկա կը ձանասփռւէր, կը հնչէր «հայրենասէրներու» տուներուն մէջ…: Իսկ թէ նման «բանաստեղծութիւն» գեղարւեստական ի՞նչ արժէք ունի, արդեօք խնդուք պատճառող բառակոյտէ աւելի բա՞ն մըն է՝ արդէն ուրիշ հարց է:
***
Թշնամիին գործակատարը դարձած ՔՊ-ապետին ու գործակիցներուն վերջին տարիներու «քաղաքականութիւնը» շա՜տ բան կը յիշեցնէ այդ օրերէն, ժամանակաշրջան՝ որուն մասին ամբողջ հայութիւնը շատո՜նց կը խօսի անէծքով ու «թող այդ օրերը չվերադառնան» բաղձանքով, այդ դարաշրջանի կարգ մը վատ իրականութիւնները մինչեւ իսկ համեմատութեան կը դրւին թուրքին ոճրային արարքներուն հետ:
Այսօրւան մեր դժբախտութիւններէն մէկը այն է, որ ստալինականութեան արհաւիրքներն եւ հալածանքները նողկանքով յիշողներէն զանգւած մը ձեռնածալ անտարբերութեամբ կը դիտէ ՔՊ-ականներու նմանօրինակ արարքները, չի տեսներ, չուզեր համոզւիլ, որ ՔՊ-ապետն ու գործակիցները մրցումի ելած են ստալինականութեան հետ, որոշ գիծերու վրայ մինչեւ իսկ կը գերազանցեն Բերիաները, «չեկիստներ»ը եւ անոնց ձեռքերը դարձած կամակատար վարձկանները: Աւելորդ է աղաղակող իրականութիւններէն օրինակներու այստեղ ցանկագրումը:
«Ազգընտիր»ին ու անոր կուրացած համակիրներուն պէտք է հարց տալ՝ գլուխները մրճահարելու ձեւով՝ փոխակերպելով Թէքէեանի մէկ նշանաւոր տողը. «Ի՞նչ մնաց, Հայաստան-Ադրբեջան եղբայրութենէն ի՞նչ մնաց…»: Թէքէեան իր դրած հարցումին պատասխանած է՝ մնաց այն, «Ինչ որ տւի ուրիշի…»: Իսկ մէկը կասկած ունի՞, թէ համայնավարներու քարոզած՝ հայ-ազերի եղբայրակցութենէն ոչինչ մնացած է, իսկ այդ «ոչինչ»ին վրայ գումարւած են բազում ոճիրներ, հայկական հողերու բռնագրաւում, յուշակոթողներու եւ մշակութային ժառանգութեանց փոշիացում: Մէկը կրնա՞յ հակառակը պնդել: Ուրե՞մն… Ի՞նչ բարեկամութեան եւ գործակցութեան մասին է խօսքը:
***
Վաղը պիտի գան օրեր, երբ այսօրւան «բարեկամութեան» եւ «խաղաղութեան, գործակցութեան» քարոզներն ալ պիտի մտնեն նողկալի յիշատակներու ցանկին մէջ. եւ այդ օրերը ուշ չեն, արդէն մտած ենք այդ արահետին մէջ: ՔՊ-ականներու պաղատանքները (պահ մը մոռնանք ընդդիմադիրներու կրկին ու կրկին հնչեցուցած ահազանգերը), թէ՝ «Թրամփի Ուղի»ն պէտք չէ կոչել «Զանգեզուրի միջնացք», մի՛շտ նոյն յոխորտալից պատասխանները կը գտնեն Բաքւի մէջ, նախագահէն մինչեւ ստորադաս պաշտօնեաներ, նոյնինքն մամուլը: Թուրքիոյ մէջ կը հնչեն նոյնիմաստ արձագանգներ: ՔՊ-ականներու այն հաւաստիքները, թէ ազերիներու Հայաստան վերադարձի եւ հայկական ընդարձակ հողերու բռնագրաւման ազերիական ծրագիրները օրակարգի վրայ չեն, շատո՜նց դադրած են իմաստ ունենալէ: Աւելին, յստակ է, որ ՔՊ-ականներն ու համակիրներն ալ սկսած են չհաւատալ իրենց նետած սուտերուն, կեղծիքներուն, սակայն նաեւ յամառօրէն կը շարունակեն քալել նահանջի, անձնատւութեան, առանց ճակատումի՝ պարտութեան երթալու – երկիրն ու ազգն ալ հոն հասցնելու – ուղիէն:
Անցեալի «եղբայրացան»ներէն մնացած իրականութիւնը յստակ է: Անիկա բարձրագոչ հրաւէր է աչքերն ու գիտակցութեան պատուհանները լայն բանալու, որպէսզի օր առաջ վերջ գտնէ կեղծ խաղաղութեան խաբկանքը, մեր հայրենիքը վերագտնէ բնական վիճակը վերականգնելու բանալիները, զանոնք վստահի ընդդիմադիր ճակատին ու անոր շուրջ ձեռքերը միացնող հայրենապաշտպաններուն: Սա հրաւէր է բոլորին, Հայաստանի մէջ թէ Սփիւռքի տարածքին:
Յ. Գ. – Լուր տարածւեցաւ, թէ Փաշինեան փափաք յայտներ է որ պատարագի պահուն, հնչէ Հայաստանի քայլերգը: Արդեօք «Բարեկամութեան երգ»ը այլ «ներշնչումներ» ալ կու տա՞յ իրեն…



