ՀՅԴ Մամուլ

«Ի՜նչ գեղեցիկ աշխարհ մը…»

What a Wonderful World

“I see friends shaking hands

Saying, “How do you do?”

They’re really saying

I love you”․

 

«…Կը տեսնեմ բարեկամներ որ իրարու ձեռք կը թօթւեն,

Կըսեն՝ «Ինչպէ՞ս էք»,

Իրականութեան մէջ կըսեն՝

Կը սիրեմ ձեզ»։

 

Լուիս Արմսթրոնկի այս հանրածանօթ երգին մէկ տարբերակով աւարտեցաւ 8 օգոստոսի եռակողմանի Թրամփ-Փաշինեան-Ալիեւ հանդիպումը՝ Վաշինգտոնի մէջ: Երեք իշխանականներու խօսքերէն եւ մամլոյ ներկայացուցիչներու հարց-պատասխաններէն ետք, երբ հանդիպումը աւարտեցաւ, ներկաները լա՜յն ժպիտներով սկսան իրարու ձեռք թօթւել եւ ողջագուրւիլ, այդ ատեն հնչեց «Ի՜նչ գեղեցիկ աշխարհ մը»-ին մէկ լարային տարբերակը:

Կազմակերպող մարմինը հմտօրէն ընտրած էր այս գործը, որ հեռու պատերազմներէ, աղէտներէ եւ փորձանքներէ՝ կը ներկայացնէ Աշխարհի դրական կողմը… եթէ անշուշտ դեռ նման բան գոյութիւն ունի:

Արւեստն ու մշակոյթը յաճախ օգտագործւած են Արեւմուտքին եւ յատկապէս Միացեալ Նահանգներու կողմէ, տպաւորելու, սիրաշահելու եւ ներգրաւելու համար օտար զանգւածները:

…1960-ականներու սկիզբը, նորանկախ Կոնգոյի երիտասարդ ղեկավար Փաթրիս Լումումբա ամենայն ինքնավստահութեամբ կոչ ուղղեց Արեւմուտքին՝ դադրեցնելու իր երկրի նախանիւթերու շահագործումն ու կողոպուտը, եւ շահեցաւ կայծակնային ժողովրդականութիւն: Այդ օրերու Սպիտակ Տան վարձակալ Տուայթ Այզընհաուըր եւ իր արտաքին քաղաքականութեան ղեկավարութիւնը մտայղացումը ունեցան արեւմտամէտ մթնոլորտ մը ստեղծելու, եւ Քինշազա ղրկեցին նոյնինքն Լուիս Արմսթրոնկը, որ սեւամորթ ըլլալով, կը կարծւէր, թէ իր ելոյթներով պիտի խանդավառէր տեղացիները: Կարճ ժամանակ մը ետք, աշխարհահռչակ եւ մեծ ժողովրդականութիւն վայելող փողահարը իրազեկ եղաւ, որ ինկած էր մեծ ծուղակի մը մէջ: Այդ տարիներուն, վերոյիշեալ՝ «Ի՜նչ գեղեցիկ աշխարհ մը» երգը դեռ չէր յօրինւած. կարճ ժամանակ մը ետք, Աֆրիկէի Քասթրօն նկատւած Լումումբան սպանւեցաւ: Անկէ ետք ազգային շահեր հետապնդողներու սպանդը՝ ո՛չ միայն Աֆրիկէի մէջ, երկար հաշւեցոյց կազմած է:

Քանի մը տարի ետք, 1963-ին, միեւնոյն մտասեւեռումով, այս անգամ Մերձաւոր Արեւելք «գործուղւեցան» խումբ մը երաժիշտներ, գլխաւորութեամբ դաշնակահար Տիւք Էլինկթընի, որպէսզի իրենց կարգին Իրանի, Իրաքի, Սիրիոյ, Լիբանանի եւ Եգիպտոսի մէջ ելոյթներ ունենալով՝ խանդավառութիւն ստեղծեն: Արտաքին գործոց նախարարութեան ֆինանսաւորումով կազմակերպւած եւ «ջազի դիւանագիտութիւն» որակումը կրող շրջապտոյտը երկար կեանք չունեցաւ, երբ նախագահ Քենեդի սպանւեցաւ: Սա արդէն այլ երկար պատմութիւն մըն է, որուն մասին կարելի է յատուկ ուսումնասիրութիւն մը պատրաստել: Նշենք նաեւ գէթ փինկ-փոնկի դիւանագիտութիւնն ու… ֆուտբոլային դիւանագիտութիւնը:

Արդ, արդեօք պարզ զուգադիպութենէ աւելին տեսնելով՝ կարելի չէ՞ ենթադրել, թէ 8 օգոստոսի հանդիպումը տեղի ունեցաւ հանրածանօթ երգչուհի Ջենիֆըր Լոփէսի՝ Երեւանի մէջ ունեցած ելոյթէն միայն քանի մը օր ետք (ընթերցողին հայեցողութեան կը ձգենք, թէ մակարդակը որքա՜ն ինկած է, համեմատած վերոյիշեալ արւեստագէտներուն): Դեմոկրատներու հլու կամակատար ճանչցւած՝ «Ջէյ Լօ»-ն հաւանաբար, ինք ալ Արմսթրոնկի եւ այլոց նման, չէր գիտեր, թէ անուղակիօրէն կօգտագործւէր այս անգամ՝ Թրամփեան քարոզչական մեքենային կողմէ: Իսկ խօսի՞լ ներկաներուն եւ յատկապէս հաւաքանիին… մեկնաբանութեան կարիք չկայ:

Հապա ի՞նչ ըսել Վաշինգտոնի հանդիպումի ներկաներուն ու ընդհանրապէս կատարւած «Շօ»-ին մասին, մանաւանդ երբ Նիւ Եօրքի մէջ եւ այլուր բազմաթիւ հողաշերտերու տէր-տիրական Թրամփ աչքերը ուղղած է իրեն ծանօթ տարածքներէ շա՜տ հեռու՝ հազարաւոր մղոններ հեռու՝ մեր Սիւնիքին, ու պիտի տեսնէր, թէ բախտը ուրիշ ձեւով կը ժպտէր իրեն՝ Ադրբեջան-Նախիջեւան ճամբան պիտի կրէր իր անունը, գօտի մը՝ որուն տէրն ու տիրականը պիտի ըլլար 99 տարի (չմոռցաւ ըսելու որ… կարելի է պայմանագիրը երկարաձգել): Իր հանրածանօթ՝ առեւտրականի խօսակցութեան ոճով, ան իր անկեղծ սէրը յայտնեց այս միջանցքին: Իրեն համար ի՜նչ կարեւորութիւն ունի, թէ անիկա համաթուրանականութեան մայրուղին է, եւ ահա ինք (այսինքն՝ ամերիկեան վարչամեքենան) կը հովանաւորէ Թուրքիոյ դարաւոր երազը, որուն կընկերանայ իր երազած՝ առեւտրական համալիրներու ծրագիրը:

Ակներեւ էր, որ Ալիեւ շատ աւելի լաւ պատրաստւած գացած էր Վաշինգտոն եւ ինքնաբաւ վերադարձաւ: Առանց կարդալու, ան ինքնավստահ խօսեցաւ: Չէ՞ որ իր բոլոր պահանջները կը մտնէին իրականացման ճամբու մէջ։ Եւ բնական է որ երբ շահող, յաղթական կողմն է խօսք առնողը, շատ աւելի հանգիստ եւ հանդարտ կարտայայտւի: Մինչդեռ Հայաստանի «ազգընտիր» վարչապետը բաւական կմկմալով կարդաց գրաւոր խօսքը: Ամենէն ողբերգականը, անշուշտ, տեղի ունեցաւ համաձայնագրի ստորագրումէն ետք, երբ լրագրողներու հետ հարց-պատասխանի պահուն, նոյնինքն Փաշինեան ստորին խորամանկութեամբ չպատասխանեց լրագրողի մը այն հարցումին, որ կարծարծէր Արցախն ու արցախահայութեան իրավիճակը: Այդ մէկն ալ լաւապէս պատրաստւած սենարիոյին մէկ արարն էր, իսկ «շեփորներու» շողոքորթ հնչիւնները ի վերջոյ հասցուցին Թրամփի՝ Նոբէլեան մրցանակի թեկնածութեան օրակարգին: Այս հայեցակէտով՝ Մինսկի խմբակի գոյութիւնը ոչ թէ դադրած կը համարւէր գործնական ըլլալէ, այլ խոչընդոտ կը ստեղծէր, հետեւաբար լուծւած կը համարւէր:

Մտահոգիչն այն էր, որ երբ հայրենիքը կործանման սեմին հասած է, գերիշխանութիւնը նահանջի կը մատնւի՝ համաձայնագրի ստորագրումի ժամերուն իսկ, կեր ու խումը կը շարունակւէր Երեւանի մէջ…

«Թրամփեան Միջազգային խաղաղութեան եւ Բարգաւաճման ճամբուն» բացման առաջին ինքնաշարժին մէջ արդեօք պիտի ըլլա՞յ նոյնինքն Թրամփը, իսկ բացման հանդիսութեան՝ այլ ամբոխահաճ երգիչ մը։

․․․Է՜հ, «Ի՜նչ գեղեցիկ աշխարհ մը»:

«Հայրենիք» – Բոստոն

Խմբագրական

Related Articles

Back to top button