Պաշտօնական կողոպուտը որքա՞ն կրնայ շարունակւիլ

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Միացեալ Նահանգներու քաղաքատնտեսական բեմին վրայ վերջին շաբաթներու զարգացումները ծալք առ ծալք քողազերծեցին այն խոր տագնապը, որուն մատնւած է այս գերհարուստ գերտէրութիւնը եւ անոր տնտեսական-ընկերային կեանքը:
Նախ ընենք ճշտում մը, որպէսզի սովորական բառամթերքները մեզ սխալ տեղ չտանին: Միացեալ Նահանգները հռչակւած են իբրեւ աշխարհի ամէնէն հարուստ եւ բարգաւաճ երկիրը, սակայն հոս կայ նրբութիւն մը. երկիր ըսելով՝ կը հասկցւի, հիմա պէտք է հասկնալ նիւթական հսկայական կարողութիւններ իւրացուցած փոքր դասակարգ մը, եւ ո՛չ թէ ամերիկեան կառավարութիւնն ու անոր ժողովուրդը, զանգուա՛ծը: Նորագոյն պաշտօնական տեղեկագիրներու համաձայն, կառավարութեան պարտքը հասած է 38 թրիլիոն դոլարի (այս թիւը ունենալու համար, պէտք է գրել 38 եւ քովը շարել 12 հատ զերօ), որուն մեծագոյն մասը՝ 35 թրիլիոնը կը կազմէ անհատներէ եւ որոշ հիմնակներէ փոխառութիւնները (պարտքը պարտք ըլլալէ չի դադրիր, անկախ թէ ո՞վ է պարտատէրը): Եթէ այս գումարը բաժնենք բնակչութեան վրայ (մօտաւորապէս 348 միլիոն բնակիչ), իւրաքանչիւրին պարտքը կըլլայ մօտաւորապէս… 109,200 դոլար: Այլ խօսքով, զանգւածը տարւէ տարի, եւ առանց ուղղակի զգալու, ինկած է ահաւոր պարտքերու տակ: Երկիրը իրողապէս սնանկ է, կամ հասած է անոր սեմին (միակ չէ). շահո՞ղը… Չմանրամասնենք:
Սխալ է մտածել, թէ այս պարտքը – կամ տնտեսութեան իրողական նահանջը – գոյացած է այս կամ այն նախագահի պաշտօնավարութեան ժամանակաշրջանին: Պատմութեան վրայ արագ ակնարկ մը ցոյց կու տայ, որ ամերիկեան կառավարութիւնը պարտքէ զերծ եղած է միայն մէկ նախագահի շրջանին, մօտաւորապէս 190 տարի առաջ: Պարտքերու վերելք արձանագրւած է մասնաւորաբար աշխարհամարտերու եւ յաջորդող տարիներուն, սակայն անկէ ետք, թիւերը եղած են «տանելի»: Վերջին տասնամեակներուն, եւ յատկանշականօրէն «Պաղ պատերազմ»ի աւարտին զուգահեռ՝ պարքի կուտակում տեղի ունեցած է եւ յետոյ, աճած է աւելի արագ թափով:
Կայ նաեւ միւս ճշմարտութիւնը. կառավարութեան մը պարքը անպայման աղէտ չի նշանակեր, եթէ արտադրողականութիւնը եւ ընդհանրապէս տնտեսութիւնը իմաստուն կերպով կը կառավարւին, ղեկավարները չեն կորսնցներ ձիրերուն սանձերը: Միացեալ Նահանգներու պարագային, նաեւ՝ անոր նման հզօր դասւող երկիրներու՝ «աղէտ»ը կը մեղմանայ այլ ազդեցութեան մը՝ զինւորական հզօրանքին շնորհիւ, այսինքն, երկրի բանակներուն տիրապետելու, պարզ խօսքով՝ աշխարհակալական տարածքով. ասոնք տւեալ երկիրն – եւ ո՛չ միայն Միացեալ Նահանգներուն – կընծայեն նաեւ տնտեսական հզօրանքի լծակներ, որոնք կրնան ուշ կամ կանուխ խախտիլ, երբ տնտեսութեան հիմերուն հասնող հարւածները դառնան նւազ կառավարելի: Գաղթատիրութիւններու պատմութիւնը այլապէս բարացուցական է:
Քիչ առաջ, նշեցինք, որ տնտեսութեան տատանումները հակակշռելի կրնան պահւիլ, եթէ երկիրը ունի իմաստուն վարիչներ, սկսելով նախագահէն, հասնելու տնտեսութեան եւ անմիջականօրէն յարակից՝ ընկերային մարզերուն (տնտեսութիւն հասկացութիւնը, աւելորդ է ըսել, կը ներառէ երկրագործութիւնը, ճարտարարւեստը, առեւտուրը եւ բազմաթիւ նման դաշտերը):
Բացայայտ է, որ նախորդ քանի մը նախագահներու օրերուն շրջանին, տնտեսութիւնը զանազան հարւածներ կրած է, սակայն ընդհանուր գնահատումները այն են եղած, որ անկառավարելիի սահմանները չեն անցած: Ի՞նչ կը պատահի հիմա, երբ Դոնալդ Թրամփ վերադարձած է Սպիտակ Տուն: Կը պատահի այն, որ անոր եւ տհաս գործակիցներու «կառավարում»ով, տնտեսութիւնը, հետեւաբար նաեւ ժողովուրդին, ըսել կուզենք՝ զանգւածին ընկերային վիճակը տարբեր «Դամոկլեան սուր»երու տակ կիյնան:
Մեր նպատակը տնտեսական մանրամասն քննարկում կամ վերլուծում ընել չէ, անիկա կը թողունք մասնագէտներու: Ինչ որ սակայն տեսանելի է եւ մորթի վրայ զգալի՝ չի կարօտիր մեծ մասնագէտ ըլլալու: Արձանագրենք քանի մը իրականութիւն, որոնցմէ կը ծնին բնական հետեւութիւններ:
- Թրամփի ստեղծած առաջին «երկրաշարժներէն» մէկն էր դաշնակիցներու եւ հակառակորդներու հետ տուրքերու պատերազմի շղթայազերծումը: Սա կատարւեցաւ – եւ կը շարունակւի – այն պատճառաբանութեամբ, որ այլոց հետ առեւտրական գործակցութիւնը «հաւասարակշռւած չէ» (հաւանաբար ճշմարտութեան բաժին կայ հոն): Սակայն երբ մէկ օրէն միւսը կարձակւին կամայական եւ միակողմանի որոշումներ, յետոյ, քանի մը օր, շաբաթ կամ ամիս ետք անոնք վերատեսութեան կենթարկւին նո՛յն կամայականութեամբ (քիչ ետք ենթադրութիւն մը պիտի արձանագրենք), ո՛չ միայն ամերիկեան, այլ ամբողջ աշխարհի տնտեսութիւնը կիյնայ ահաւոր վերիվայրումներու մէջ, սակարաններ վեր-վար կը ցատկեն, բարեկամութիւններ կը վերածւին թշնամութեան: Ենթադրութի՞ւնը. նման խաղերու ետին պէտք է փնտրել տնտեսական այն ուժերը, որոնք ո՛չ միայն կառավարութիւններէ գերհզօր են եւ անոնց կարողականութիւնը աւելի՛ն է, քան անհատ կառավարութիւններունը, այլ նաեւ տեսնել, որ կառավարութիւններ, հետեւաբար նաեւ զանգւածներ դարձած են անոնց անհակակշիռ կամայականութեանց, խաղերուն շահոյթի աղբիւրը: Խորքին մէջ, այդ գերհզօրնե՛րն են որ կը թելադրեն նախագահի մը կամ վարչապետի մը ընելիքն ու չընելիքը (շեշտենք՝ նա՛եւ չընելիքը): Հետեւանքը կըլլայ այն, որ զանգւածը ի՛նք կը կրէ նման խաղերու ամէնէն ծանր բեռը: Հիմա, ա՛լ բացայայտօրէն կը խօսւի այն մասին, որ ներածման-արտածման տուրքերու բարձրացման անմիջական հետեւանքներէն մէկն է ապրուստի սղութիւնը, որ չի խնայեր որեւէ մէկուն, կը հարւածէ բոլոր դասակարգերուն, իսկ երբ որոշ փոքրամասնութիւն մը նիւթական հսկայական կարողութիւններ ունի, անոր համար ի՜նչ փոյթ, թէ սպառողական այսինչ կամ այնինչ ապրանքին սակը կրկնապատկւած է կամ եռապատկւած՝ կարճ ժամանակի մէջ, մինչդեռ եկամուտները (ամսական կամ այլ) նոյն համեմատութեամբ չեն աւելցած: Եւ ասոր անունը… սղաճ է, անմիջական կարիքներու սակերուն անհամեմատ բարձրացումը, մինչեւ իսկ անհասանելի դառնալը:
- Կառավարութեան բիւջէի վաւերացման շուրջ ստեղծւած տագնապը աւելի նոր է եւ յուսալի է, որ շուտով իր վախճանին կը հասնի, սակայն անիկա միայն ստորակէտ մըն է ընդհանուր եւ յարաճուն տագնապի երթին մէջ: Աւելի քան ամիս մը առաջ, երբ բիւջէի վաւերացման պայմանաժամը սպառեցաւ, հանրապետականներու եւ դեմոկրատներու տարակարծութիւնները երկիրը դրին «Գորդեան հանգոյց»ի մը դէմ յանդիման, եւ մինչեւ հիմա չէ գտնւած Աղեքսանդր Մակեդոնացի մը, որ վճռէ հանգոյցին ճակատագիրը: Ըստ իր սովորութեան, Թրամփ կը կրկնէ իր հին-նոր յանկերգը, թէ դեմոկրատներն են կառավարութիւնը «փակողը» (ան ալ ունի «հիները-նախկինները» դատապարտելու եւ ինքզինք անմեղ ցոյց տալու սին քարոզչութիւն մը…): Հարցին խորքը, սակայն, սոսկական, մակերեսային բանավէճ մը չէ, այլ տնտեսական-ընկերային վարքագիծի մը շուրջ ԽՈՐՔԱՅԻՆ, շա՜տ խորունկ հակամարտութիւն մը: Փաստօրէն, թրամփեան «տրամաբանութիւնը» (կրկնենք՝ անոր ետին կանգնողները) կը սպառնայ սասանել երկրի ընկերային ամբողջ կարգ ու սարքը, ընթացք՝ որ դժգոհութիւն յառաջացուցած է մինչեւ իսկ հանրապետականներու, նաեւ դատական իշխանութիւններու շրջանակին մէջ: Բանավէճի նիւթերուն շարքին են, օրինակի համար, Ընկերային ապահովութեան սպասարկութեան հասնելիք հարւածը, դրութիւն մը, որ դրամատիրական այս երկրին մէջ քիչ թէ շատ յենարաններ կապահովէ սահմանափակ եկամուտով մարդոց, մանաւանդ հանգստեան կոչւածներու, պարտադրաբար (արկածի, հիւանդութեան կամ այլ պատճառներով) անգործութեան մատնւածներու: Կառավարութեան «փակումէն» ամիս մը ետք, հսկայ զանգւած մը ահաւոր խոց մը զգաց իր մորթին վրայ. մօտաւորապէս 44 միլիոն ամերիկացիներ (ընդհանուր բնակչութեան աւելի քան 12.5 առ հարիւրը), նախագահին քմահաճոյքին հետեւանքով, զրկւած հռչակւեցան պետական նպաստէ (Թրամփ այս որոշումին դիմեց, որպէսզի դեմոկրատներուն պարտադրէ ենթարկւիլ իր սարքելիք՝ հակաժողովրդային երկրաշարժներուն): Անտեսելի չէ նաեւ ստւար թիւը այն պետական եւ յարակից կալւածներու աշխատողներուն, որոնք աւելի քան մէկ ամիսէ ի վեր ամսական չեն ստանար կամ կը վարձատրւին մասնակիօրէն (անշուշտ կայ այն յոյսը, որ անոնք վաղը կրնան փոխհատուցւիլ, սակայն մինչ այդ, ոմանք մատնւած են առւի ջուրին սպասող գորտի ճակատագիրին): Ո՜վ կը մտածէ երկարաշունչ կամայականութեանց եւ չարաշահութիւններու հետեւանքով տնազուրկ դարձած բազմութեան մասին: Մէկ խօսքով, կրկնենք, զանգւածները խաղալիք դարձած են գերհզօրներու քմայքին ենթակայ պետական մարդոց ձեռքին, աշխարհը ականատես է դրամատիրութեան ամէնէն դաժան կիրարկման (կան տեսաբաններ, որոնք կաշխատին դրամատիրութեան որոշ բարիքները տեսնել): Երկիրներու եւ ժողովրդային զանգւածներու ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԿՈՂՈՊՈՒՏԻ, հարստահարման թափը հազւադէպօրէն այսքան անսանձ ու վայրենի է եղած նորագոյն պատմութեան մէջ: «Ապրէ՛, եւ թոյլ տուր որ ուրիշն ալ ապրի» (Live and let live) սկզբունքը իրողապէս կը վերնայ աշխարհի երեսէն…
ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐԷ ԱՆԴԻՆ
Քիչ առաջ ակնարկութիւն ըրինք, որ այս վիճակը, այսինքն՝ զանգւածներու ապրուստին հետ խաղերը, ՍԱՆՁԱՐՁԱԿ ՉԱՐԱՇԱՀՈՒԹԻՒՆԸ միայն ամերիկեան երեւոյթ չեն, այլ տարբեր կիրարկումներուն եւ քովընտի արտայայտութիւններուն ականատես ենք քիչ մը ամէն տեղ: Փաստօրէն, եւրոպական երկիրներ, որոնք բազմաթիւ չւաններով կախեալ են ամերիկեան տնտեսութենէն, Թրամփի խաղերուն ուղղակի եւ անուղղակի հետեւանքները կը կրեն շատոնց (արձանագրենք նաեւ քաղաքական գործօնը): Հոն կան Ուկրաինոյ պատերազմին մասնակից ըլլալու-չըլլալու ընտրանքները՝ այդ պատերազմը ֆինասաւորելու, զէնքի մատակարարում կատարելու ճամբով: Ինչպէս Միացեալ Նահանգներու մէջ, նոյնպէս ալ եւրոպական բազմաթիւ երկիրներու՝ ժողովրդային բողոքի ցոյցեր եւ պայքարի արտայայտութիւնները հրապարակ կու գան, թէեւ ցարդ սպասւած արդիւնքը չենք տեսներ (պարզ օրինակ մըն է ֆրանսական իրերայաջորդ կառավարութիւններու փլուզումները, իսկ Ֆրանսան ընդվզումի միակ օրրանը չէ): Ամերիկեան ցամաքամասին վրայ, նոյն կամայականութիւնը Վաշինգտոնը հակադրութեան տարած է Մեկսիքայի, Կանադայի եւ լատին ամերիկեան երկիրներու հետ (վերջիններու պարագային, կան այլ գործօններ, ինչպէս՝ Վենեզուէլլայի պէս երկիրներ կողոպտելու վերանորոգւած ծրագիրները):
Ռուսիոյ եւ Չինաստանի հետ տնտեսական ճակատումները ունին իրենց պատմութիւնը, որ երբեմն կը կէտկիտւի միջանկեալ սիրաբանութիւններով: Կան բարեկամ հռչակւած Ճափոնն ու Կորէան, նաեւ ասիական այլ երկիրներ, մասնաւորապէս Հնդկաստանը, որուն հետ սիրաբանութիւնն ու հակադրութիւնը հապճէպ յաջորդականութիւններ կ’ապրին:
Ի՞նչ կարելի է ըսել մեր հայրենիքին՝ Հայաստանի մասին:
Տարակոյս չկայ, որ աշխարհը տատանող յիշեալ վերիվայրումներէն, կամայականութիւններէն եւ իրողական կողոպուտնէ կազդւի նաեւ Հայաստան, ուր սակայն տնտեսական-ընկերային տագնապը ունի իւրայատուկ դրդապատճառներ եւ շարժակներ: Հայաստանի պէս փոքր երկիր մը, եւ անոր տնտեսութիւնը՝ կապրին իրե՛նց դաժան վերիվայրումները (ընդհարնապէս «վայրում»ները), որոնք եթէ որոշ թելերով կապւած են արտաքին գործօններու, առաւելաբար ունին «տեղական» ազդակներ: Հոն, տնտեսութիւնն ու ընկերային կեանքը կառավարելու բացայայտ անատակութիւն մը կայ (չգործածենք աւելի ծանր եզր): Եթէ Թրամփ մը, ժողովուրդի դիմագրաւած ահաւոր դժւարութիւններուն անհաղորդ մնալով, մէյ մը Սպիտակ տան պարտէզը, ուրիշ օր մը մէկ շէնքը կը վերանորոգէ եւ հսկայական գումարներ կը մսխէ, Հայաստանի մէջ ալ ՔՊ-ական իշխանութեան վարիչները հեռակայ մրցումի մէջ են ամերիկացի – եւ այլ երկիրներու – մսխողներուն հետ: Ապրուստի սղութեան մասին ահազանգերը օր ըստ օրէ աւելի հնչեղ կը դառնան, իշխանաւորներու զեխութիւնները աչք կը ծակեն, ալ ի՜նչ խօսք՝ հայրենազուրկ արցախցիներուն վիճակւած դժբախտութիւններուն մասին: Տնտեսագէտ մը դեռ այսօր կը բացատրէր, որ որոշ ընտանիքներու եկամուտը կը տարուբերի 50 հազար դրամի սահմաններուն մէջ, մինչդեռ ապրուստի նւազագոյն պահանջները կարելի է բաւարարել գոնէ 70-75 հազար դրամով, իսկ տարեց կին մը կը խոստովանէր, որ եթէ զաւակները օգնութեան ձեռք չերկարեն՝ իրեն տրամադրւած յատկացումը չապրեցներ զինք:
Մէկ բան յստակ է. աշխարհը, նաեւ Հայաստան չեն կրնար երկար խաղալիք մնալ իշխանաւորներու – եւ անոնց տէրերուն, հովանաւորներուն – կամայականութեանց: Պայթումը պիտի հասնի ուշ կամ կանուխ: Կարեւորը այն է, որ այդ պայթումը նման չըլլայ խաբուսիկ յեղափոխութիւններու, որոնց շարքին էին ռուսական-համայնավար յեղափոխութիւնն ու «Արաբական գարուն»ը, տարբեր երկիրներու մէջ գունաւոր յեղափոխութիւնները:



