«ԱԼԻՔ» – Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետը հետեւում է Հալէպում տեղի ունեցող իրադարձութիւններին։ Յայտնում են Կաթողիկոսութեան մամուլի ծառայութիւնից:
«Այսօր ամբողջ օրւան ընթացքին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը շարունակեց մօտէն հետեւիլ Հալէպի մէջ զինեալ խմբաւորումներու յարձակումներու հետեւանքով ստեղծւած մտահոգիչ իրավիճակին։
Վեհափառ Հայրապետը մնայուն կապի մէջ ըլլալով առաջնորդ Սրբազանին եւ համայնքի պատասխանատուներուն հետ, իր բարձր գնահատանքը յայտնեց անոնց, որ բարձրագոյն աստիճանի պատասխանատու ոգիով մօտէն կը հետեւին հայ համայնքին բարօրութեան։ Յայտնենք, որ զինեալ բախումները ընդհանրապէս հեռու են հայկական թաղամասերէն։
Ընդդիմադիր զինեալները ներկայացնող անհատներ այցելելով հայ եւ քրիստոնեայ համայնքներու պատկանող բնակարաններ ու կենտրոններ՝ յայտնած են, թէ պասրաստ են առօրեայ կենցաղային կարիքներու ապահովման գծով հարկ եղած օժանդակութիւնը ցուցաբերել կամ որեւէ դժւարութեան պարագային օգտակար դառնալ։
Նշենք նաեւ, որ առաջնորդ Սրբազանը եւ հայ համայնքի պատասխանատուները, թէ՛ Հալէպի եւ թէ՛ Քէսապի մէջ, թելադրած են մեր ժողովուրդի զաւակներուն տուները մնալ եւ անհրաժեշտութեան պարագային կապ հաստատել ազգային առաջնորդարանին կամ համայնքային կեդրոններուն հետ»։