ՄիջազգայինՔաղաքական

Ակնարկ. Իսրայէլի աքիլէսեան կրունկները

Լիբանանի կառավարութեան սպասւած նիստը նոյնքան սպասւած արդիւնք ունէր: Շիի համայնքի նախարարները լքած են կառավարութեան նիստերու դահլիճը այն պահուն, որ զինաթափումի օրակարգը քննարկումի հուն մտած է: Դիրքորոշումի քաղաքական տրամաբանութիւնը պարզ է: Զինաթափում կարելի չէ քննել, այնքան ատեն որ Իսրայէլ չի յարգեր իրեն վերապահւած յանձնառութիւնները: Կը շարունակէ վերահսկել լիբանանեան գերիշխան տարածքներ, խախտել հրադադարը, հատել լիբանանեան օդային տարածքները եւ թիրախաւորել ու հարւածել «Հեզբօլլահ»-ի հետ այս կամ այն կերպով կապ ունեցող անձնաւորութիւններ:

Կառավարութեան մօտեցումը այլ է: Զէնքի մենաշնորհումը իրականացնելու առընթեր պահանջել Իսրայէլի կողմէ ոտնձգութիւններու դադրեցումը: Բանակի հրամանատարին ներկայացուցած նախագիծի մանրամասնութիւնները յստակ չեն: Պարզ է, որ գործընթացը փուլային է եւ ամսական զեկուցում պիտի ներկայացւի, ըստ տեղեկատւութեան նախարարութեան պաշտօնական լրատւութեան, զէնքի ստանձնման ուղղութեամբ կատարւող աշխատանքներուն վերաբերեալ: Նախագիծը ողջունւած է կառավարութեան կողմէ:

Իսրայէլի մօտեցումը բոլորովին այլ է: Իր կողմէ որեւէ յանձնառութիւն չի կատարւիր, այնքան ատեն որ չէ զինաթափւած «Հեզբօլլահ»-ն: Ընդ որում ոչ թէ ռազմապաշարը յանձնած լիբանանեան բանակին, այլ ոչնչացուցած զայն: Իսրայէլի պահանջածը ոչ թէ «Հեզբօլլահ»-ի, այլ ընդհանրապէս Լիբանանի անձնատւութիւնն է:

Պաշտօնական Թել Աւիւին ներկայացւած ամերիկեան փաստաթուղթին նկատմամբ չկայ իսրայէլեան համաձայնութիւն: Այսինքն` Իսրայէլ կը մերժէ ոչ միայն ՄԱԿ-ի թիւ 1701-ը, այլ նաեւ ամերիկեան փաստաթուղթը:

Շարունակելով վերահսկել լիբանանեան ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող տարածքներ, արգելակելով Լիբանանի հարաւի վերականգնողական աշխատանքները, «Հեզբօլլահ»-ն լիբանանեան տարածքներու վրայ կիրականացնէ սպանութիւններ, գործողութիւններ: Միջազգային ճնշումը միակողմանի է եւ առանց ագուցելու միւս կէտերուն նախ եւ առաջ կը պահանջւի զէնքի մենաշնորհումը: Ագուցւած փաթեթային կէտերը թուղթի վրայ են: Գետնի վրայ ճնշումը մէկ օրակարգի վրայ է: Յանձնել զէնքերը: Աւելի ճիշտը` ոչնչացնել զինամթերքը:

Այս հանգամանքներով հանդերձ լիբանանեան կառավարութեան նիստը չէ խափանւած: Կառավարութիւնը շարունակած է իր աշխատանքը եւ ողջունելու բանաձեւ արձանագրած ներկայացուած ծրագիրին:

Այս բոլորը պատճառ չդարձան, որ գէթ մինչ այժմ ցնցումնային իրավիճակ ստեղծւի: Անորոշութիւն` այո, բայց կը թւի, որ մեծ բախումնային կացութեան անմիջական շեմին չենք: Հիմա Իսրայէլը կենտրոնացած է ամբողջ Գազան իր վերահսկողութեան տակ առնելու: Այնտեղ եւս գործընթացները կընթանան միակողմանի, Իսրայէլի կողմէ ճշդած խաղի կանոններով: Գազան ամբողջութեամբ վերահսկողութեան տակ առնելու ռազմական որոշումի գործադրութեան թոհուբոհին մէջ եւրոպական երկիրներ պաղեստինեան պետութիւնը ճանչնալու որոշում կը կայացնեն եւ կուղղւին դէպի ՄԱԿ, այդ ճանաչումը միջազգայնացնելու համար: Յանկարծ… Միացեալ Նահանգներ մուտքի արտօնագիր չշնորհելու որոշում կը հրապարակէ պաղեստինցի դիւանագէտներուն:

Երկու պետութեան լուծումը կը թւի, որ կառկախւի այս ձեւով: Չի նշանակեր, որ ընդհանրապէս դուրս կու գայ օրակարգէն, սակայն Թել Աւիւը Վաշինգտոնի ճամբով կարգելակէ այդ գործընթացը մետասաներորդ պահուն: Այսքան ժամանակ ետք Կազայի միայն քառասուն առ հարիւրին կը վերահսկէ Իսրայէլը, հակառակ տասնեակ հազարաւորներով զոհեր խլելուն: Թէկուզ խափանելով, երկու պետութեան լուծումը դամոկլեան սուրի նման կը շարունակէ ճօճւիլ, իսկ լիբանանեան դիմադրութեան զինաթափումը մինչ այժմ իրականացւելու նախադրեալներ չի փոխանցեր:

Այս հանգամանքներն ալ իրականութիւն են եւ կը խօսին Իսրայէլի աքիլէսեան կրունկներուն մասին: Հատւածներ, որոնք Միացեալ Նահանգներու համար խաղադրոյթային են:

«Ազդակ»

Related Articles

Back to top button