Հայաստան - ԱրցախՔաղաքական

Արմէն Ռուստամեան. «Հայաստան` իբրեւ պետութիւն չկայ, կայ Նիկոլ Փաշինեանի տնօրինած կալւածը»

Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի ներկայացուցիչ եւ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արմէն Ռուստամեան, Ազգային ժողովին մէջ, լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ այսօր Հայաստան` իբրեւ պետութիւն չկայ, կայ Նիկոլ Փաշինեանի տնօրինած կալւածը:

Ռուստամեան անդրադարձաւ «Թրամփի ճամբուն» վերաբերեալ համատեղ յայտարարութեան մէջ կատարւած այն նշումին, որ անխոչընդոտ կապ պէտք է ապահովւի Ադրբեջանի երկու մասերուն միջեւ: «Այսինքն` այդ անխոչընդոտ կապը իրենք հիմա կը մեկնաբանեն, կ՛ըսեն` մենք խնդիր ունինք, եւ այդ անխոչընդոտութիւնը պէտք է ապահովւի: Ատոր հետ կապւած մանրամասնութիւններ կան եւ դեռ պիտի ըլլան։ Դժբախտաբար, այն, ինչ որ կը լսենք մեր դրացիներէն` թուրք-ադրբեջանական լծակից զոյգին կողմէ, անոնք կ՛իրականացւին, այն, ինչ որ կը լսենք հայկական կողմէն, ատոր հակառակը տեղի կ՛ունենայ», ըսաւ Ռուստամեան` նշելով, որ մենք այսօր Հայաստանի շահի պաշտպանութեան մասին չենք կրնար խօսիլ այն պարագային, երբ այդ բոլոր բանակցութիւններուն Հայաստանը ներկայացնողը կայ, բայց Հայաստան չկայ: «Կայ Հայաստանը ներկայացնող վարչապետ մը, որ բնականաբար իր խնդիրը կը լուծէ, իր իշխանութիւնը պահպանելու հարցը կը լուծէ: Երբ այդ տեսանկիւնէն կը նայիս, ամէն ինչ տրամաբանական է: Բնականաբար, ինք կ՛ուզէ իր իշխանութիւնը պահպանել, եւ ատիկա միայն մէկ ձեւով կրնայ ընել` ստանալ այսպիսի գովասանքներ տարբեր կողմերէ, սա փորձելով օգտագործել նախընտրական քարոզչութեան մէջ: Այսինքն` ժողովուրդը անգամ մը եւս խաբել, համոզել, որ ինք անգամ մը եւս դարակազմիկ խաղաղութիւն բերած է: 2021 թւականին ալ նոյն բաները կ՛ըսէր` իբրեւ թէ մենք պատերազմ կը բերենք, ինք եկած է, խաղաղութիւն կը բերէ: Տեսանք` ինչ բերաւ. 2021-էն ետք ամէն տարի զիջելով եկած ենք: Այսինքն` խաղաղութիւն կոչւածը հերթական փուչիկն էր, եւ մեր ժողովուրդը ճիշդ չգնահատելով` 2021 թւականին նորէն ձայն տւաւ այս իշխանութեան: Հիմա ինք նոյն հնարքը նորէն կ՛ուզէ իրականացնել», ըսաւ Ռուստամեան:»:

Related Articles

Back to top button