ՀՅԴ Մամուլ

Ցլամարտիկը, ցուլը, մարտն ու… մարդը

Տաժանակիր աշխատանք է, կամ շատ ծանր պատիժ՝ ՀՀ վարչապետին խօսքերուն, արտայայտութիւններուն եւ մամլոյ ասուլիսներուն հետեւիլը։

Ընդհանրապէս կարելի է կարեւորութիւն չտալ, մոռնալ, ժամավաճառութիւն նկատել այդ բոլորը եւ էջը դարձնել, մանաւանդ որ դիւանագիտական եւ պրոտոկոլային նախադասութիւններու կազմութիւնն անգամ սկսած են կորսւիլ անոր հաստատումներուն մէջ։

Մասնաւորաբար քաղաքականութեան, իշխանաւորներու բեմահարթակի լեզուն աղաւաղւած է։ «Դիմատետր»-եան ծանծաղ, աժան եւ անհեթեթ «գրականութիւն» մը կը հիւսէ վարչապետը, որ դժւարութեան կը մատնէ քննադատը, ո՛չ միայն ի լուր հակասական եւ մէկ օրէն միւսը ինքզինք հերքող արտայայտութիւններուն, այլ մանաւանդ անոր համար, որ կաշխատի խուսափիլ իր կարգին աժան քննադատութենէ եւ յատկապէս անլուրջ քարոզչութենէ, չուզեր իյնալ «Yellow journalism»-ի ծուղակին մէջ (այսինքն տեղեկութիւն մը նկատի ունենալ եւ ծայրայեղօրէն հակադրւելով՝ հակաքարոզչական աշխատանք տանիլ)։

Չէ՛, նման ընթացք կարելի չէ բռնել, սակայն երբ ժամացոյցին սլաքները կը հնչեցնեն մահւան, կործանման եւ ոչնչացման ժամերը, պէտք է արժանապատիւ ոճով հակազդել, ամէն գնով չիյնալ ամբոխահաճութեան թակարդին մէջ։

Վարչապետ Փաշինեան սկսած է խօսիլ ո՛չ միայն Սահմանադրութեան մէջ փոփոխութիւններ մտցնելու, այլ նոյնինքն նոր սահմանադրութիւն մը որդեգրելու հրամայականին մասին։ Եւ թուրքահաճոյ «երգչախումբ»-ը կը ձայնակցի անոր: Իր շրջապատին մէջ չկայ մէկը, որ ըսէ. «Գիտե՞ս ինչի մասին կը խօսիս»:

Ունկնդիրը տեսաւ, որ որքա՜ն թափթփած էին իր խօսքերը։ Աբեղ-ցբեղ վերագրումներ, հակասական ձաբռտուքներ, հաստատումներ, յետոյ ժողովուրդը (ի մտի ունինք ըսածները հալած իւղի պէս կլլող ամբոխը) տպաւորելու – եւ քիչ մը աւելի՛ խաբելու – համար, «սրտի խօսող» եւ տպաւորող օրինակներ տալով, ան փորձեց իր այլանդակ եւ մի՛շտ անհիմն մտածումները արդարացնել։

Եւ յանկարծ… վարչապետը վերապրեցուց «La Corrida»-ն՝ ցլամարտը, որ հակառակ իր դիմաց հետեւողականօրէն բարձրացող բողոքի ալիքներուն՝ կը մնայ սպանացիներուն իւրայատուկ մէկ «մարզախաղ»-ը, աւանդութիւնը։

Փաշինեան իր խօսքերով վիթխարի ցուլն ու ցլամարտը հեռաւոր Իսպանիայէն փոխադրեց Կովկասեան բարձրաւանդակ, Կոստան Զարեանի՝ այնքա՜ն հմայիչ եւ տպաւորիչ ոճով ներկայացուցած Իսպանիոյ մասին յուշերէն եւ փորձառութենէն անջրպետներով հեռու։

Վարչապետը չնաշխարհիկ նոր գաղափար մը նետեց հրապարակ, թէ՝ կարմիր զգեստը հանելով, կարելի պիտի ըլլայ մեր ճամբուն կանգնած ցուլերը հանդարտեցնել, զանոնք հեռու պահելով ծայրայեղութենէ եւ յարձակումէ։

Աւելի՛ն, այս հրաշալի՜ մտայղացումը չէր բաւեր, ու ան շարունակեց նոյն «տրամաբանութիւնը», թէ այդ կարմիր զգեստը պէտք է պահել իբրեւ անցեալի յուշ, արխիւ կամ, աւելի մտերմիկ ու հեքիաթային մթնոլորտ ստեղծելու համար՝ «կար ու չկար»-ի հայոց պատմութիւն մը… նոր մշակւած, խորքին մէջ՝ դասագիրքերուն նման։

Անոնց համար, որ դժւարութիւն ունին Փաշինեանի այս «առակը» հասկնալու կամ երկմտանքի մատնւած են, քիչ մը մանրամասնենք: Ցուլերը մեր թշնամիներն են (ճի՛շտ բնութագրում), իսկ կարմիր զգեստը մեր Սահմանադրութեան այն բաժիններն են, որոնք կը պահպանեն մեր ազգային աւանդութիւններն ու անվիճելի պահանջատիրութիւնը, բաներ՝ որոնց մասին Բոլթոնի այցելութեան օրերէն ի վեր յաճախ հնչած են ու կը հնչեն՝ «կարծրատիպերէ հրաժարելու», «անցեալին պատանդ չմնալու» եւ նմանօրինակ խրատներ, կոչեր, եւ անոնց իսկական նպատակն է Հայը զրկել իր իսկութենէն, խզել պատմութենէն եւ սեփական ձեռքով (իմանալ՝ իշխանաւորներուն ձեռքով) ինքզինք մատնել կորստեան, իրականացնել համաթուրանական ծրագիրը:

Հռչակաւոր է ֆրանսիացի երաժիշտ Ֆրանսիս Քապրէլի «La Corrida» (https://www.youtube.com/watch?v=jtssC13qIsM&ab_channel=FrancisCabrel-Topic) երգը, յօրինւած 1994-ին. երգիչը կարտայայտւի իբրեւ ցուլ, զարմանք յայտնելով, թէ մարդիկ հաւաքւած կը սպասեն, որ ինք դաշտ մուտք գործէ, եւ կարմիր դրօշ ծածանելով՝ ցլամարտիկը զինք զայրացնէ, կենաց-մահու կռիւի մէջ նետէ զինք:

Քապրէլ, իսպանական իւրայատուկ կշռոյթով այս երգին մէջ, բազմիցս կը կրկնէ. «Արդեօք աշխարհը լո՞ւրջ է»։

Պատասխանը յստակ է… Իսկապէս որ աշխարհը լուրջ չէ, իսկ աւելի՛ անլուրջ է Հայաստանի վարչապետը, իր այս ու նմանօրինակ «հնարքներ»-ով: Մխիթարական ալ չէ այն, որ իր կողքին ունի բազմաթիւ գիւտարար ՔՊ-ականներ։ Բանիմացներ մատնացոյց ըրին, թէ ան մինչեւ իսկ տգէտ է, որովհետեւ ցուլին յարձակումը դրօշին կամ զգեստին գոյնին հետ կապ չունի…: Մենք բազմիցս տեսանք, որ թուրք-ադրբեջանցիներին ալ մեր այս կամ այն գոյնի զգեստը տեսնելով չէ, որ կը յարձակի, կը գրաւէ, ցեղասպանութիւն կը կրկնէ:

Մէկ խօսքով, գոյնը երկրորդական է։ Ժամանակն է, որ ողջամիտ հայերու ձեռքերուն միացումով, վերջ տրւի ձախողած, ձախաւեր, կորստաբեր այս ցլամարտիկին ցնդաբանութիւններուն, որոնք հրապարակ կողողեն թաւիշ ծածանելով:

«Հայրենիք»-ի խմբագրական,
Բոստոն

Առնչւող Յօդւածներ

Back to top button